ՄԱՐԴԸ՝ ԻՆՔՆ ԻՐԵՆ ԱՆԾԱՆՕԹ

Մարդ շատ բան կրնայ սորվիլ, շատ բաներ գիտնալ, շատ բաներու մասին տեղեկութիւն ունենալ, ծանօթ ըլլալ, թէեւ անկարելի, բայց կրնայ «ամենագէտ» ըլլալ, բայց արդեօք ինքզինք ո՞րքան կրնայ ճանչնալ, ինքն իրեն հետ, իր իսկ «ես»ին հետ ծանօթանալ։ Խնդրական է, քանի որ ինքզինք ճանչնալ, ինքն իրեն ծանօթ ըլլալ գրեթէ անկարելի՛ է։

Արդարեւ, մարդ եթէ ինքզինք ճանչնար, աշխարհի վրայ շատ մը հարցեր արդէն կը լուծուէին, ամէն մարդ ինքն իրեն պէս, անկեղծ եւ առանց դիմակի կը վարուէր։ Կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, կը ծագին հարցեր, մարդոց կեղծ եւ «դիմակաւոր» վարուելէն։ Այս իմաստով, ընդհանրապէս, մա՛րդ անկեղծ չի վարուիր «ուրիշ»ներու հետ, եւ ինքզինք կը ներկայացնէ իր եղածէն տարբեր մարդ՝ նկարագրով, ըմբռնումներով, գաղափարներով, համոզումներով եւ ամէն ինչով։

Յարգելով հազուագիւտ ազնիւ բացառութիւնները, ո՛չ ոք խորհածին պէս չի՛ խօսիր եւ խօսածին համաձայն չի՛ գործեր։ Զոր օրինակ, մտքին մէջ կ՚ատէ, բայց խօսքով «կը սիրէ», եւ կամ

խօսքով կը սիրէ բայց վարուելակերպով եւ գործով կ՚ատէ, կը ստորադասէ։ Այլապէս, կատարեալ եւ անշեղ մարդը այն է՝ որուն մտածումները, խօսքը եւ գործերը իրարու համապատասխան եւ համընթաց են։ Եւ այսպէս ըլլալու համար մարդ պէտք է նա՛խ ինքզինք ճանչնայ, ինքզինքին հետ ծանօթանայ եւ յետոյ ծանօթանալ եւ ճանչնալ փորձէ «ուրիշ»ները։ Արդարեւ, «ուրիշ»ը մարդու մը հայելին է՝ ինքը ի՛նչ որ է, ուրիշն ալ նո՛յնն է։ Պղատոնեան տեսութեամբ՝ «ուրիշ»ը մարդուն շուքն է։ Այս ուղղութեամբ, մարդ պէտք է նախ եւ առաջ ինքզինք ճանչնայ, իր «ես»ին տէրը դառնայ եւ ապա իր շուրջը դիտէ, շրջապատին հետ հետաքրքրուի…։

Հարց տանք մենք մեզի. ի՞նչ կ՚ընենք որ ապացոյց կրէ, թէ ագռաւէ մը աւելի խելք, աւելի զգայնութիւն ունինք։ Պատասխանը բնականաբար չ՚ուշանար. կ՚ըսեն որ մարդը բանաւոր էակ է, իսկ ագռաւը՝ անասուն, անբան…։ Ագռաւը անասո՞ւն, ագռաւը անբա՞ն։ Բնութեան մէջ չէ՞ք լսած ագռաւներու ձայնը, եւ ուշադրութիւն չէ՞ք դարձուցած, թէ անոնք ինչպէ՞ս «կը խօսին» եւ թէ անոնց «անասնական» խօսակցութեան մէջ որքա՜ն խելք կայ, այս ուղղութեամբ անոնց «անբան» ըսելով, եւ անոնք «անասուն» եւ «անբան» որակելով մարդ որքա՜ն անիրաւութեամբ եւ անարդար կը վարուի եւ անարդար վճիռ կ՚արձակէ անոնց նկատմամբ։ Հապա միւս «անասուն», «անբան» կենդանիները՞։ Մարդ անոնց «լեզուն» չի հասկնար եւ կը վճռէ. անոնք «անասուն» են եւ անոնց մտքին չի թափանցեր եւ կու տայ իր որոշումը. անոնք «անբան» են։

Արդարեւ անոնք ալ հոգի ունին, բայց անոնց «հոգին» մարդ էակին հոգիէն տարբեր է, եւ ահաւասի՛կ այս կէտին է, որ կը տարբերին «մարդ»էն, եւ այս իսկ պատճառով է, որ մարդը կը գերազանցէ անոնք։

Մարդը կարգ մը «անբան» եւ «անասուն» կենդանիներու միսը կ՚ուտէ, այս իմաստով, անոնք ալ եթէ անօթի են մարդու միսը չե՞ն ուտեր։ Աւելին՝ «մարդը մարդու միս ալ կ՚ուտէ» իր փոխաբերական իմաստով, կ՚ատէ, կը բամբասէ, կը զրպարտէ, մինչեւ իսկ մահուան կ՚ենթարկէ, ինչ որ չեն ըներ «անբան» եւ «անասուն» կենդանիները։ Անոնք, որովհետեւ չեն մտածեր, չեն խորհիր, կեղծիք ալ չեն գիտեր, այն են ի՛նչ որ են, ինչ որ կ՚երեւին. անկեղծ եւ բացայա՛յտ։ Մինչդեռ մարդ այդպէ՞ս է. կը խաբէ, կը կեղծէ, երկերես է, չի հասկցուիր թէ ի՞նչ կը խորհի, չի գիտցուիր որ երբ ի՛նչ պիտի խօսի եւ երբ ինչպէս պիտի գործէ։

«Անբան» եւ «անասուն» կենդանին ընդհանրապէս ծանօթ է իր յատկութիւններով եւ նկարագրով, գիտես թէ ո՛ր «անասուն» եւ «անբան» կենդանին ի՛նչպէս պիտի վարուի, հապա մարդ արարա՞ծը. միշտ անծանօթ կը մնայ։ Ո՞վ կրնայ պատասխանել «ո՞վ եմ ես» հարցումին, պարզ բայց նոյնքան անպատասխան մնալու դատապարտուած հարցում մը։

Փորձենք անգամ մը սիրելի՜ներ եւ հարցնենք մենք մեզի. «ո՞վ եմ ես» կամ «ի՞նչ եմ ես»։ Այս հարցումը կարելի է փոխել եւ սապէս հարցնել. ինչո՞ւ հոս եմ. ի՞նչու աշխարհ եկած եմ. ի՞նչու կ՚ապրիմ այս կեանքը. ի՞նչ է նպատակս. ինչպէ՞ս պէտք է ապրիմ այս կեանքը. ինչո՞ւ ես «ես» եմ։ Եւ բոլոր այս հարցումները հաւանաբար, չըսելու համար անպայմա՛ն, անպատասխան կը մնան, քանի որ մարդ ինքզինք չի ճանչնար, իր «ես»ին հետ չէ ծանօթացած եւ ամէն ինչ կ՚ընթանայ մշուշապատ ճամբու մը մէջ՝ որուն սովորութիւնն է եղած անուանել «կեա՛նք»։

Ի՞նչու այդ ուղին, ի՞նչու այդ ճամբան, ի՞նչու կեանքը։

Կրօնը կը պատասխանէ այդ բոլոր հարցումներուն, բայց իմաստասէրը կը շարունակէ հարցնել. «ի՞նչ», «ի՞նչու», «ի՞նչպէս»։

Թէեւ կրօնը կը պատասխանէ, բայց ո՛չ երբեք հրամայականոն դրութեամբ մը, այլ՝ հասկցնելով, բացատրելով եւ ինչպէս ըսած է Սուրբ Օգոստինոս, հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ հաւատալով։ Արդարեւ հրամայականոն դրութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ խաւարամտութեան, նախապաշարումներու, կանխակալութեան, կը տկարացնէ մարդուն բանականութիւնը, կը սահմանափակէ անոր ազատութիւնը, ազատ կամքը անգործածելի կը դարձնէ եւ մարդը իսկական իմաստով «անբան» եւ «անասուն» կենդանիի մը կը վերածէ։

Աստուած «սիրտ» է դրած մարդուն հոգիին մէջ, որ կ՚անուանուի «խիղճ», բայց մարդ հրաժարելով սիրոյ այդ լուսաւոր մթնոլորտէն, կը մտնէ խաւարի մէջ՝ դժոխքի մը մէջ, ուր ատելութեան կրակները կը ճարճատին, փոխանակ Աստուծոյ հետ ապրելու, Սատանան կ՚ընեն մարդիկ իրենց բարեկամ եւ առաջնորդ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ մարդ չի ճանչնար ինքզինք, ծանօթ չէ ինքն իրեն, այլապէս ան օտար է ինքն իրեն։ «Ներքին մարդ»ը եւ «արտաքին մարդ»ը չեն ծանօթացած եւ ծանօթանալու ալ ջանք չեն ըրած։

Ի՜նչ ողբերգութիւն. մարդ կամովին կը հեռանայ ինքն իրմէ, անծանօթ մը կը դառնայ ինքն իրեն…։

Յիսուս Քրիստոս եկաւ, որպէսզի փրկէ մարդը իր խաւարամտութենէն, անգիտութենէն եւ անծանօթութենէն ինքն իրեն նկատմամբ, բայց աւա՜ղ մարդը չհեռացաւ հոգեւոր տգիտութենէ։

Աստուած մարդուս իմաստութիւն է տուած լաւագոյն արժէքները ընտրելու. փորձենք ընդունիլ եւ իւրացնել անոնք եւ «մարդ»ու արժանապատուութիւնը փրկե՛նք…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 30, 2022, Իսթանպուլ

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2022