ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՀԱՍԿՆԱԼԻՆ

Վերջերս «Արեւելք» լրատուականի հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցայ. զրուցավարը՝ Սարգիսը ուզեց պաշտօնականէն դուրս ելլենք եւ խօսինք այնպէս՝ ինչպէս պիտի խօսէինք մեր անձնական ընկերային զրոյցներու ժամանակ. այս առաջարկը ընդունելով որոշեցի հեռու մնալ պաշտօնական բոլոր ձեւակերպութիւններէ եւ ըլլալ այն՝ ինչ եմ սովորական առօրեայի ընթացքին: Խօսեցանք այնպէս՝ ինչպէս միշտ կը խօսէինք մեր մտերմիկ հանդիպումներու ընթացքին. առանց աւելորդաբնութեան եւ Հայկազեան բառարանին մէջէն հին ու փոշիացած բառեր դուրս բերելու: Խօսեցանք այնպէս՝ ինչպէս կը խօսի մեր ժողովուրդը՝ յաճախ «կոր»ով, յաճախ աշխարհաբար լեզուի ոչ-գրական դարձուածքներով: Ակնդիրներէն մէկը ուշադրութեամբ նկատած էր այդ մէկը եւ քննադատած այդ պարզ խօսելաոճը, պնդելով, որ իսկական գրող մը իր խօսակցականին մէջ եւս պէտք է մաքուր պահէ մայրենին ու հայերէնը:

Այս քննադատութիւնը տեղին կը տեսնենք, որովհետեւ այս մէկը մեզի առիթ կու տայ խօսելու այն կարեւոր հարցին մասին, որ ազգային ախտի մը արդիւնքն է. մեզի համար յաճախ ինչպէսը աւելի կարեւոր կը դառնայ քան ինչը. մարդիկ ինչ ըսածէդ աւելի ուշադրութիւն կը դարձնեն ինչպէ՞ս ըսելուդ եւ ինչն ու ըսուածին արժէքը ձգած ինչպէսը կը քննադատեն, հաւատալով այն աղքատ համոզումին, որ մաքուր ըսուած ոչինչը, ժողովրդական ըսուած ինչէն աւելի կարեւոր է: Այս հարցը ուսումնասիրելու համար նախ կարեւոր է հասկնալ, թէ մարդիկ գրողն ու գրուածը ինչպէս կ՚ընդունին. օրինակ՝ կայ խումբ մը, որ գրականութիւնը կ՚ընդունի որպէս հայ լեզուի մշակման յարմարագոյն վայր, սակայն, ուրիշի մը համար այդ մէկը լեզուէն աւելի աղերս ունի դաստիարակութեան եւ ընկերային կեանքի բարելաւման հետ. օրինակ՝ հրապարակախօս մը կ՚ուզէ քննադատել այս կամ այն յոռի արարքը. այդ հրապարակախօսին համար կարեւոր է այդ արարքի սրբագրութիւնն ու յոռի երեւոյթներու բարձրաձայնումը՝ քան այդ բոլորը բարձրաձայնելու ոճն ու ձեւը. թէեւ կը հաւատանք, որ ոճն ու ձեւը մեծ դեր ունի այդ բոլորը դրական ձեւով բարեփոխելու: Օրինակ՝ կ՚ուզենք խօսիլ «վէրք»ի մասին. ի՞նչ իմաստ ունի բառարանին մէջէն յարութիւն տալ «կեղ» բառին ու «կեղ»ով խօսիլ վէրքի մասին, երբ մեր նպատակը արդիւնքն է եւ ո՛չ ըսուած ձեւը: Մենք կը հաւատանք, որ հայութիւնն ու մեր հայրենասիրութիւնը կենդանի պահողը լեզուն չի՛ կրնար ըլլալ եւ ո՛չ ալ խօսելու ոճը. բացէ՛ք հին գրողները եւ տեսէք այդտեղ ժողովուրդի լեզուն. հոն պիտի գտնէ՛ք ռամիկ ժողովուրդի բարբառը, որովհետեւ այդտեղ նպատակը այդ կեանքն ու միջավայրը ներկայացնել է. այդ ռամիկ ոճն է, որ կը պահէ գրողի մը պարզութիւնը. այսօր կարելի չէ՛ խօսիլ ռամիկ ժողովուրդին մասին եւ անոնց բերանը դնել մաքուր հայերէն լեզու մը՝ որ խոտոր է ճշմարտութեան: «Կոր»ով եւ այլ ռամիկ ոճաբանութեամբ խօսիլը կարելի չէ սխալ նկատել, որովհետեւ այդ բոլորը կը կատարուի, կը գրուի ու կը խօսի ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդին հետ պէտք է շփուիլ հասկնալի լեզուով: Այսօր մեր յօդուածը կարդացողներ պիտի նկատեն, թէ կը փորձենք երեւոյթներու եւ եղելութիւններու մասին խօսիլ ամենէն պարզ ու հասարակ բառերով, որովհետեւ ըսուածին նպատակը աւելի առաջնահերթ կը նկատենք՝ քան ոճը: Հաւատացէ՛ք, որ այսօր ունինք պարզապէս մեռած բառերուն յարութիւն տալով «հրապարակախօս» կամ «գրող» դարձողներ, որոնք կը կարծեն մեռած բառ մը յիշելը ընթերցողին մօտ յատուկ հիացմունք պիտի յառաջացնէ. գրուածին ձեւն ու ոճը կարելի է նմանեցնել հետեւեալին. կայ առողջ ձի մը, կը վազէ, սակայն, իր վրայ չունի ոսկեզօծ զարդեր. անդին կայ ձի մը՝ արդէն գրեթէ մահամերձ, սակայն, ունի իր վրան ոսկեզօծ նստատեղի մը. առջեւ երթալու համար ո՞ր մէկը պէտք է ընտրել տրամաբանականօրէն. նոյնն է պարագան հրապարակախօսութեան. եթէ մեր յօդուածները այսօր որոշ տեղեր արձագանգ կը գտնեն, կը հաւատանք, որ պարզ ու յստակ ոճին պատճառով է, որովհետեւ այլապէս հրապարակախօսութիւն ըլլալէ դուրս գալով պիտի դառնան հայոց լեզուի փառաբանութիւն: Մենք այսօր չե՛նք ուզեր այդ սուտ զարդերով խաբուիլ. չե՛նք ուզեր ո՛չ բեմերէն եւ ո՛չ խորաններէն անհասկնալի դարձուածքներով հայերէն մը լսել՝ մանաւանդ երբ այդ բոլորը ուղղուած է հասարակ ժողովուրդին՝ որուն մեծամասնութիւնը հեռու եղած է դպրոցէն եւ գրասեղաններէն. այսօր եթէ ժողովուրդը կը հասկնայ ինչ է «հանքային»ը, ապա պէտք չկայ անդադար գրել «հանածոյ» բառը. գրականութիւնն ու լեզուն մշակելը ունի իր տեղը, որ կրնայ ըլլալ վիպասանութիւնը, ուսումնասիրական աշխատանք մը, սակայն, հրապարակախօսութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր բան է. զննեցէք բառը. հրապարակ եւ խօսք... պէտք է խօսիլ այնպէս՝ ինչպէս կը խօսինք հրապարակին վրայ՝ պարզ ու հասկնալի. այդ է հրապարակախօսութիւնը գրութեան միւս ճիւղերէն տարբերողը:

Հետեւաբար պէտք է նայիլ, թէ ի՞նչ է մարդոց ուզածը. եթէ ուզուածը անհասկնալի հայերէնով մը ժողովուրդին դիմելն է.... շատ պարզ ու դիւրին է. հաւատացէ՛ք, որ հայերէն ամէ՛ն բառ գրեթէ ունի իր մոռցուած հոմանիշը եւ այդ բառերը կարելի է փոխարինել այդ մեռեալներով. այսօր մայր մը իր զաւակին չ՚ըսեր. «գնա՛ խանութէն նկանակ» մը բեր... ունինք հասկնալի հացը. պարզապէս պէտք է գիտնալ, թէ մեզի համար ինչն է առաջնահերթը. հասկնալի ըլլա՞լը, թէ անհասկնալի մաքուր հայերէնով խօսիլը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Երրորդ համաշխարհային պատերազմը ե՞րբ տեղի կ՚ունենայ։

Պատասխան. Երրորդ համաշխարհային պատերազմի ճշգրիտ ժամկէտը կանխատեսելը ենթադրական է եւ անորոշ: Մինչ աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը եւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի համաշխարհային մակարդակով, երկիրներ դիւանագիտական միջոցներով կը խուսափին լայնածաւալ պատերազմներէն: Աշխարհի առաջնորդներ լաւապէս կը հասկնան համաշխարհային պատերազմի աղէտալի հետեւանքները, յատկապէս միջուկային զէնքի գործածութեան պարագային: Շատեր կը վախնան, որ հզօր պետութիւններու միջեւ աճող լարուածութիւնը կրնայ սրել պատերազմի հաւանականութիւնը, սակայն ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, կանխելու համար աւերիչ իրադարձութիւնները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024