ԳԵՐԶԳԱՅՈՒՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔԸ ԵՒ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ - Ա -
Մարդիկ տարբեր հակազդեցութիւններ ցոյց կու տան դէպքերու։ Այս, արդարեւ, «խառնուածք»ի խնդիր մըն է եւ բնական պէտք է դիմաւորուի։ Ոմանք դիւրազգաց են՝ դիւրաւ վիրաւորուող, փափկասիրտ եւ պատուազգաց՝ որոնք գերզգայուն կամ գերյուզական խառնուածք մը ունին։ «Գերյուզական խառնուածք» ըսելով կը հասկցուի շեշտուած կերպով «շուտ յուզուող», «ազդուող», «տպաւորուող» բնութիւն մը։ Այս բնաւորութեան տէր անձեր՝ ամենափոքր եւ աննշան խօսք մը կամ ակնարկութիւն մը, եւ ինչո՞ւ չէ՝ դիտողութիւն մը «արժանապատուութեան խնդիր» կ՚ընեն, վիրաւորուած կը նկատեն իրենք զիրենք եւ այդ կ՚ազդէ իրենց ամբողջ կեանքին վրայ։ Փոքր դէպք մը կը բաւէ որ խանգարուի իրենց ամբողջ տրամադրութիւնը, տակնուվրայ ըլլայ իրենց կեանքի ընթացքը։ Այս բնաւորութեան տէր անձեր ամէն ինչ իրենց կը վերագրեն, այն ամէն աննպաստ ու բացասական, քննադատական խօսք եւ իրենք զիրենք կը չարչարեն, կը տանջուին ի զուր։ Բոլորովին իրենց չվերաբերուող արդար, իրաւացի խօսքերը իրենց կը վերագրեն, կ՚ազդուին, կը տպաւորուին ու իրենք իրենց կեանքը դժոխքի կը վերածեն, կը մթագնեն։ Եւ դժբախտաբար շատ անգամ իրաւացիներ եւ արդարներ կարծես իրենք զիրենք կը մատնեն եւ կեանքը կը դժուարացնեն, իրենց մաքուր անունը կ՚արատաւորեն եւ ակամայ պատճառ կ՚ըլլան տարակուսանքներու եւ կասկածներու։ Մինչդեռ ինքնավստահ, զօրաւոր եւ հաստատ նկարագրի նշան մըն է՝ չազդուիլ եւ չտպաւորուիլ այն խօսքերէն կամ վարմունքներէն՝ որ իրենց չի՛ պատկանիր։ Անոնք եթէ փոքր կասկած մը ունին իրենց անարատութենէն, իրենց ընդհանուր կեցուածքով, կենցաղով ու ապրելակերպով արդէն փաստած, ապացուցած են իրենք զիրենք, ուրեմն պէտք չէ որ մտահոգուին եւ իրենց վերագրեն որեւէ քննադատական խօսք, որեւէ դիտողութիւն։ Անոնք պէտք է մնան իրենց պատնէշին վրայ այնպէս՝ ինչպէս որ ճանչցուած են հասարակութեան մէջ՝ որպէս պարտաճանաչ անդամներ՝ ընկերութեան, հասարակութեան եւ համայն մարդկութեան։
Եւ այս տրուպ գրիչը հաճոյքը եւ պատիւը ունի միշտ վայելելու հաւատարիմ, պարտաճանաչ, ծառայասէր եւ բարեմիտ ծառայակիցներ, մանաւանդ Եկեղեցիին մէջ, ամէն աստիճանի, ամէն պաշտօնի տէր արժէք ներկայացնող անձերու շնորհիւ։ Արդէն եթէ այդ «արժէք»ները չըլլային, անխտրօրէն, կարելի չէր ըլլար այս ծանր լուծը, պատասխանատուութիւնը տանիլ մինչեւ այսօր։ Երանի՜ որ բոլորն ալ, անխտի՛ր, ծառայակիցներ, գիտակից սպասարկուներ եղան եւ կը շարունկեն իրենց նուիրական ու սրբազան ծառայութիւնը։
Երբ կը խօսինք «գերզգայուն կամ գերյուզական խառնուածք»ի վրայ կը փափաքինք նիւթը անգամ մըն ալ լսել մասնագէտի մը կողմէ, քանի որ միշտ կ՚ըսենք չափ ու սահման, իրաւասութեան գիծը պէտք է լա՛ւ որոշել։ Ուստի լսենք ջղային եւ մտային հիւանդութիւններու մասնագէտ Տքթ. Գ. Ամատեանի խօսքերը՝ քաղուած իր մասնագիտական ուսումնասիրութենէն։
«Գերյուզական կամ գերզգայուն խառնուածք ըսելով պէ՛տք է հասկնալ շեշտուած կերպով շուտ յուզուող, ազդուող եւ տպաւորուող բնութիւն մը։
«Գերյուզական խառնուածքը այս կերպով բնականէն կը շեղի եւ անբնական եւ չափով մը ախտաւոր վիճակ մը, ձեւ մը կը ստանան։ Այս խառնուածքը երբեմն ի ծնէ կազմական կ՚ըլլայ, երբեմն ալ ստացական։ Առաջին պարագային՝ ենթակաները իրենց ծնողներէն կը ժառանգեն գերյուզական խառնուածքը, քանի որ շատ կանուխէն ի յայտ կը բերեն անոր նշանները եւ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան կը պահեն զայն։ Ստացական գերյուզական խառնուածքը սովորաբար բարոյական կամ ֆիզիքական խոշոր ցնցումի մը կամ տակն ու վրայութեան մը հետեւանքով մէջտեղ կ՚ելնէ, եւ ենթական ատեն մը կամ ընդմիշտ գերյուզական-գերզգայուն կը դարձնէ։
«Առաջին պարագային, այսինքն երբ ժառանգական է ան, արդէն իրենց ծնողները կամ ջլագարային խառնուածք կ՚ունենան, կամ ալ գերյուզական կ՚ըլլան։ («Ջլագարային խառնուածք»=ջղային հիւանդութիւն, ջլախտաւոր, վատառողջ)։
«Տղաք թէ՛ այդ խառնուածքին հակամիտութիւնը կը ժառանգեն թէ՛ ալ աննպաստ միջավայրը զիրենք հոն կը մղէ։
«Գերյուզական խառնուածք ունեցողները չափէ դուրս երկչոտ եւ վախկոտ կ՚ըլլան։ Այս վախը երբեմն կասկածի, երբեմն ալ տարտամ անստուգութեան ձեւ մը կ՚առնէ եւ ծաւալուն բնոյթ մը ունի։ Այսպիսի տղաքը, զոր օրինակ, ամէն բանէ կը վախնան եւ ո՛չինչ միջադէպ մը զիրենք սարսափահար կ՚ընէ։
«Մեծերը կամ անծանօթ մը երբ իրենց հետ խօսի, կը շուարին, կը կարմրին, երբեմն յուզումը զիրենք դողդղալու կը մղէ, կը կակազեն, կը շուարին եւ մինչեւ անգամ լեզունին կը բռնուի։ (Ծանօթագրութիւն. «կակազել»=թոթովել, խօսած ատեն կմկմալ)։
«Գերյուզական խառնուածքի ենթակայ եղողները սովորաբար հոգեկան թէ՛ ֆիզիքական-մարմնական նշաններով իրենք զիրենք կը մատնեն։ Յայտնի է որ իրենց ջղային եւ հոգեկան վիճակին մէջ խանգարում մը, անկանոնութիւն մը կայ, որ չեն կրնար իրենք զիրենք զսպել եւ կառավարել։
«Ա՛յդ է պատճառը՝ որ սովորական պատահար մը, դէպք մը, որ բնական մէկը անտարբեր պիտի թողուր, առողջ եւ լաւ տրամադրութիւն ունեցողը պիտի չտպաւորէր, գերյուզականները տակն ու վրայ կ՚ընէ, բոլորովին կը խանգարէ։
«Այս վերջինները, զոր օրինակ, նման պարագայի մը, կամ կասկածամիտ կ՚ըլլան կամ կը գունաթափին, երբեմն կու լան իսկոյն, երբեմն ամբողջ մարմնով կը սկսին դողդղալ կամ ալ ոտքէն գլուխը կը քրտնին, եւայն։
«Այս խառնուածքը իր զանազան աստիճանները կ՚ունենայ եւ այլեւայլ սաստկութիւններով ի յայտ կու գայ։ Կրնայ ըլլալ թեթեւ, շեշտուած եւ զօրեղ տեսակէն։ Տղայութեան շրջանը շատ աւելի հակամէտ կ՚ընէ փոքրերը այս խառնուածքին։
«Մեծերուն քով նուազ յաճախադէպ կ՚ըլլայ այս խառնուածքը եւ սովորաբար աւելի՛ մեղմացած…»։
- Յաջորդով կը շարունակուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 14, 2016, Իսթանպուլ