ՕԴԱՅԻՆ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

Օդի նպաստաւոր պայմաններու տակ՝ հաճոյքի եւ զմայլանքի պահեր են օդային ճամբորդութիւնները՝ մանաւանդ երբ այն ճամբորդութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի իր սիրելիները՝ նպատակ ունի ժամ առաջ տեսնել եւ միանալ անոնց։ Վախի զգացում մը բնականաբար կը սպրդի մարդուն սրտին մէջ պահ մը, երբ կը խորհի, թէ ի վերջոյ «օդին մէջ» է, բայց երբ ան կը դիտէ վարի անսովոր եւ հմայիչ տեսարանները եւ կը խորհի իր նպատակը՝ որուն համար կ՚ընէ այդ «արկածալից» ճամբորդութիւնը, հաճոյքի կը վերածուին վախը, մտահոգութիւնը։

Կարծես տարբե՜ր աշխարհ մը, խորհրդաւոր պահեր են օդային ճամբորդութիւնը, միջավայրին հանդարտ խաղաղութիւնը, անապակ մաքրութիւնը, ճամբորդներու բարոյական կապով մը միութիւն մը կազմած ըլլալու զգացումը վստահութիւն կը ներշնչէ ճամբորդներուն եւ կը հանդարտեցնէ զանոնք, դարձեալ բարոյական գոհացումով մը կը սկսի ըմբոշխնել օդային ճամբորդութեան բարիքները։

Եւ մարդ կը սկսի խորհիլ…

Նախ բարձրութիւնը, ուր կը գտնուի մարդ, կը ջնջէ երկրի բնական եւ արուեստական բոլոր ելեւէջները. բարձր շէնքեր, աշտարակներ, երկաբերձ կառոյցներ, գործարաններու երկնակարկառ ծխնելոյզներ, գմբէթներ, սլացիկ զանգակատուններ կամ աշտարակներ, բարձրաբերձ տարածուած ծառեր, անտառներ, բլուրներ, կարծես բոլորն ալ երկրին փակած հաւասար բարձրութեամբ գաճաճներ են։ Տարածութիւն միայն գոյութիւն ունի, բայց ո՛չ բարձրութիւն եւ ո՛չ խորութի՛ւն։

Բարձրութիւնը օդային ճամբորդութիւն կատարողին ուրիշ հիացում մը, բարոյական գոհացում մըն ալ կը պատճառէ. բարձրութեան յարդարիչ, գեղեցկացուցիչ ազդեցութիւնն է այն։ Ոչինչ այնքան զմայլելի կը թուի քան բարձրէն դիտել ընդարձակածաւալ երկրամասը իր բազմապիսի տեսարաններով, երանգներով եւ զանազանութիւններով։

Ուստի մերձաւորութեան ցոյց տուած ամէն խորթութիւն, ամէն անյարդութիւն եւ ամէն կոշտութիւն ջնջուած են՝ հեռուէն դիտուած գեղեցիկ եւ հմայիչ իւղանկարի մը պէս՝ որ մօտէն դիտելու պարագային նրբութեան եւ գեղեցկութեան տեղ կոշտ գիծերու եւ աններդաշնակ գոյներու խառնուրդ մը կը ցուցադրէ։

Հոն՝ բարձրութեան մէջ կարծես մարդիկ եւ անոնց շարժումները անտեսանելի են եւ ամէն մարդկային փոխյարաբերութիւն՝ սառա՛ծ։

Բարձրէն դիտուած բնական տեսարաններ՝ կորսնցնելով ամէն տգեղութիւն եւ թերութիւն, փափկութեամբ, ներդաշնակութեամբ եւ նրբութեամբ օժտուած կատարեալ եւ զմայլելի նկարի մը հաճելի տպաւորութիւնը կը թողուն։

Բարոյական գոհացումի մը տիպար տպաւորութիւնն է, որ կը գործէ օդային ճամբորդութեան այդ խորհրդաւոր բարձրութիւնը։

Բարձրութիւնը, եզական տեսարաններու մատուցած հաճոյքին եւ գոհացումին հետ, լուրջ խորհուրդներ ալ կը թելադրէ մարդուս։

Արդարեւ, մարդ չի կրնար մտածել թէ՝ բնական բարձրութեան մատուցած կարգ մը առաւելութիւններ եւ փոխակերպիչ հանգամանքը գոյութիւն ունին մանաւանդ «բարոյական կամ հոգեկան բարձրութեան» վրայ։ Բարոյական կամ հոգեկան բարձրութիւններու վրայ, ահաւասիկ կարելի կ՚ըլլայ ամէն ինչ յստակ տեսնել, իրենց իսկական էութիւնը հասկնալ։

Բարձրութեան վրայէն դիտել կը նշանակէ «վերէն նայիլ», անշուշտ «վերէն նայիլ», պէտք չէ՛ իր բացասական-վատ իմաստով հասկնալ այստեղ, քանի որ «վերէն նայիլ» խօսքը, ընդհանրապէս կը գործածուի «ինքնահաւան», «մեծամիտ» կամ «ինքն իրմով հպարտ» իմաստներով, եւ ուրեմն բարձրէն, բարձունքներու վրայէն դիտել՝ մարդս առարկայական հայեցողութեան կը վարժեցնէ, այսինքն հաւասար դիտելու եւ տեսնելու ամէն իր եւ ամէն իրողութիւն։ Զոր օրինակ, դատաւորներ կամ դասախօսներ կը բազմին բարձր տեղ մը՝ ամպիոնի վրայ։ Ո՛չ թէ իրենք զիրենք գերադասեն, իրենց բարձրութիւնը ապացուցանեն իրենց դիմացիններուն նկատմամբ, այլ մանաւանդ, որպէսզի իրենք բարձրէն դիտելով՝ հաւասար տեսնեն իրենց դիմացինները, հաւասար կերպով արդարութիւն բաշխելու կամ դաս աւանդելու համար բոլորին։ Ուրեմն, բարձրութիւնը հաւասարութիւն, անաչառութիւն եւ անշուշտ, արդարութիւն կ՚ենթադրէ, բարձրութիւնն է դիտել, այսինքն դրական իմաստով, վերէն նայիլ՝ արդար ըլլալու շարժառիթներէն մին է եւ կարեւորագո՛յնը։ Եւ փոխադարձաբար այն որ արդար է եւ անաչառ, առանց որեւէ խտրութեան, հաւասար կերպով կը դատէ, բա՛րձր է…։

Բա՛րձր է Աստուած՝ վերը՝ երկինքը, քանի որ բացարձակ «արդար» է Ան, Իրեն համար հաւասար են բոլոր մարդիկ։

Բարձր ըլլալ կը նշանակէ նաեւ հաւասար հեռաւորութեան վրայ ըլլալ ամէնքին հետ, ինչ որ անհրաժեշտ է անաչառ եւ արդար ըլլալու համար։

Ահաւասիկ, այս բարձունքներուն վրայ է, որ ենթական կենսունակ, մաքուր եւ խաղաղ մթնոլորտ մը կը վայելէ, զերծ՝ միտքը, սիրտը եւ հոգին վարակող ախտաժէտ աշխարհային ազդեցութիւններէ։ Հոս ալ մարդիկ եսամոլ եւ նիւթապաշտ ձգտումներու, փառասիրական տենչանքներու, կիրքերու աղմկայարոյց իրարանցումներէն եւ կատաղի պայքարներէն եւ երկրաքաշ կիրքերու ժխորէն միշտ վե՛ր կը գտնուին։

Հոգիով ե՛ւ միտքով սաւառնողներն ալ տարբեր ստուգանիշ եւ տարբեր տեսակէտ ունենալով՝ աշխարհի մեծամեծները, մեծահամբաւները, բարձրաստիճանները իրենց ունեցած դիրքին, փառքին կամ բարձրութեան աստիճանով չեն դատեր, այլ կը չափեն զանոնք իրենց սրտի եւ հոգիի լայնութեամբ, խորութեամբ եւ բարձրութեամբ՝ արդարութեա՛մբ։

Հոգեկան եւ մտային բարձրութիւնն է նաեւ որ տկարութիւնները, անկատարութիւնները եւ թերութիւնները կը քօղարկէ, կը չքացնէ եւ խեղճուկ եւ աննշան հոգիներու մէջ ալ թաքնուած՝ ծածկուած շնորհներ, գեղեցկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ կը տեսնէ։ Բարձրէն դիտել՝ ամէն ինչ յստակ տեսնելու համար անհրաժեշտ պայման մըն է։

Եւ միայն այդ բարձունքէն դիտուած ատեն է, որ մարդկութեան հնարած արուեստական սահմանները, արգելքները կը սրբուին եւ համոզումներու, հաւատալիքներու, դաւանանքի, ազգութեան, փոքրամասնութեան նման խրամատները՝ անջատող եւ բաժնող երեւոյթները կը վերցուին, ցեղի, կրօնքի, գոյնի տարբերութիւններ մարդոց միջեւ անհաւասարութիւններու պատճառ ըլլալէ կը դադրին, քանի որ հոտկէ դիտողը ազգութենէ վեր մարդկութիւնը, տիեզերքէն վեր Արարիչ մը կը նշմարէ։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, կ՚արժէ երբեմն երկրէն վե՛ր բարձրանալ եւ վերը՝ այդ անսահման տարածութեան մէջ ինքզինք կորսուած եւ խառնուած զգալով այդ անսահման բարձրութեան՝ լայնատարածութեան մէջ զգալով՝ իր իսկ փոքրութիւնը տեսնել եւ ըմբռնել, եւ աւելի մօտէն եւ ա՛լ աւելի հզօր կերպով ազդուիլ եւ տպաւոր-ւիլ տիեզերքի անհո՜ւն մեծութենէն, բարձրութիւններու հրապոյրէն…։

Բայց, սիրելի՜ներ, շատ աւելի կ՚արժէ սաւառնիլ, թեւածել հոգեկան եւ մտաւոր բարձրութիւններու մէջ՝ ուր կը յայտնուին, ի տես կու գան գեղեցկութեան, բարութեան, ճշմարտութեան, կատարելութեան եւ վսեմութեան նորանոր բարձունքներ։

Փորձե՛նք սիրելի՜ներ, միտքով եւ հոգիով վե՛ր բարձրանալ, քանի որ հո՛ն է երջանկութեան գաղտնիքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 11, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018