ԳԱՐԵԳԻՆ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ

Մշակոյթի շաբաթուան պատշաճ «վերջաբան» մը կ՚ուզենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ գրասէր ընթերցող բարեկամներուն՝ Գարեգին Ա Կաթողիկոսի այն սքանչելի՜ տողերը՝ որոնք թարգմանաբար կ՚արտայայտեն ամէն գրասէր-մշակութասէր անհատի անկեղծ զգացումները։

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

ԵՒ ՄԵՆՔ ՉԿԱՆՔ ԱՌԱՆՑ ՔԵԶ…

(Իրեն հետ Դէմ առ դէմ)

Եւ ահա քու մօտդ եմ, քեզի հետ, քու կողքին…։

Բայց -մեղա՜յ- ե՞րբ էի հեռու քեզմէ, անջատ ու մինակ։

Կեանքս ամբողջ լեցուցիր քու գիրովդ։ Ինչ որ էութիւնս կը կազմէ, ինչ որ զիս՝ զի՛ս կ՚ընէ, ինչ որ, չըլլալու պարագային, ես այլ անձ պիտի ըլլայի քան ինչ որ եղայ եւ ինչ որ եմ եւ դեռ ինչ որ լինելոց եմ մինչեւ վերջին շունչը կուրծքիս, վերջին տրոփը սրտիս, վերջին բառը լեզուիս, վերջին խոհը միտքիս, դո՛ւն կազմեցիր զայն «ի մանուկ տիոց», մօրս օրօրուն երգերով, գիւղի եկեղեցիէս քահանային աղօթասացութեամբ, գիւղական վարժարանիս խեղճ գրասեղանէս, առաջին ուսուցիչներուս դասաւանդութեամբ եւ քու գիրով մարմին առած գիրքերէն, քու յարաշարան «աշակերտ»ներուդ հոգեգրութեամբ։

Եւ այս բոլորը, սակայն, «օտար ամայի ճամբէքի վրայ…»։

Եղար ինծի ուղեցոյց, ուղեկից, քայլերուս ճրագ, լուսասփիւռ փարոս, խիղճի ձայն։ Նոյնիսկ երբ հարկադրուեցայ քու լեզուէդ ու գիրէդ զատ ուրիշ բարբառ եւ ուրիշ տառ փոխադրել շրթներուս եւ մատներուս, դուն մնացիր անբաժան ինձմէ։ Քու գիրովդ մարմին առած գրականութիւնը եղաւ զգացումներուս, մտածումներուս, տագնապներուս, տեսիլքներուս, հեռանկարներուս, աշխատանքիս ջուր մատակարարող աւազանը.

Բայց…

Բայց այսօր կ՚ապրիմ քու կողքին, Օշականէ ոչ հեռու եւ երբեմն Օշականի մէջ, շիրմիդ կողքին, քու շունչով կենսաւորուած մթնոլորտին եւ քու անունովդ կնքուած Դպրութեան Տանդ մէջ։ Կը քալեմ այն հողերուն վրայէն, ուր ոտքերուդ հետքերը կան անջնջելի։ Գոյութենական ներկայութիւն է այլեւս քու ներկայութիւնդ, ոչ սոսկ յիշատակային, զգացական, իմացական, երեւակայական, մտապատկերային։

Ս. Էջմիածնի մէջ, ուր ապրեցար Կաթողիկոսին ու Արքային հետ, ուրկէ սկիզբ առաւ առաքելական ուղեւորութիւնդ յորոնումն եւ ի գիւտ Հայ Գիրին եւ ուր Հաւատքի Հօրդ՝ Լուսաւորչի տեսիլքով Աստուած իջեր էր յերկիրն Հայոց։

- Օշականի մէջ, ուր շիրիմդ պարզ ու անպաճոյճ, մութ ու լոյս, մոմ ու աղօթք, այսօր մարմինն է քու տեսիլքին, ուր նոյն Լուսաւորչի Աստուածը Գիրը խորհրդագրեց աչքերուդ մէջ։

Այսօր փակուած են այդ աչքերը, քայքայուած է նիւթեղէն շինուածքն անոնց։ Բայց տեսիլը կը ճառագայթէ գերեզմանէդ բոլոր այն ապրող ու տեսնելու ատակ աչքերուն մէջ, որոնք գիտեն գերեզմանէդ անդին տեսնել անգերեզմանելին՝ քու Գիրդ անմահ, քու Գիրդ կենդանի, քու Գիրդ կենդանարար։

Ով կու գայ Օշական՝ չի կրնար մեկնիլ Օշականէն այնպէս ինչպէս է եկեր…։

Որովհետեւ դուն կ՚ապրիս այնտեղ, կը խօսիս յաւերժաբարբառ, շիրմովդ ներշնչական, «Դպրութեան Տուն»ովդ վարդապետական։

Որովհետեւ դուն կա՛ս յՕշական,

Եւ մենք չկանք առանց քեզ…։

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

11 դեկտեմբեր 1997

Ս. Էջմիածին

- Գարեգին Ա «ՄԱՇՏՈՑԱՇՈՒՆՉ», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1997

***

Երբ կը կարդանք այս տողերը, անգամ մը եւս կ՚անդրադառնանք Հայ Գիրին, գրականութեան կարեւորութեան եւ Հայ Գիրը յօրինող Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Թարգմանիչներու անմրցելի արժէքին։

Արդարեւ Թարգմանիչները միայն գրիչ սուրբեր չեն, այլ նաեւ միջնորդներ, դեսպաններ են Աստուծոյ եւ մարդոց, եւ ասիկա լաւագոյն կերպով կատարողներ եւ իրականացնողներ։

Առած մը կ՚ըսէ.- Եթէ մեծ եւ օգտակար գործ մը ընել կ՚ուզես, աննախընթաց եւ անսովոր գործ մը ըրէ, իսկ եթէ չես կրնար անսովոր գործ մը ընել՝ սովորական գործ մը ըրէ, բայց լաւագոյն կերպով ըրէ՛։ Ահաւասիկ, առածին մէջ յիշուած աննախընթաց եւ անսովոր գործ մը կատարեցին Սրբոց Թարգմանիչները եւ անոնց առաջնորդը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ թէ լաւագոյնը կատարեցին. թէ՛ աննախընթաց եւ թէ լաւագոյնը իրականացուցին։ Եւ այս պատճառով անոնք Հայ ժողովուրդին մտային եւ հոգեւոր աշխարհին լեռնագագաթները կոչուելու արժանացան։

Այս իմաստով աստուածահաճոյ է գիրը, քանի որ եկաւ Աստուծմէ. աստուածատուր պարգեւ մըն է Հայ Գիրը Հայ ժողովուրդին համար։

Թարգմանիչներու գործը ո՛չ միայն սուրբ, այլ նաեւ մեծ է եւ նուիրական՝ ժողովուրդին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Ուստի Թարգմանիչներու, գիրին, լեզուին անհաւատարմութիւնը գոյութեան եւ յաւերժացման ամենավտանգաւոր թշնամին եղած է միշտ՝ դարերու ընթացքին։

Այս իմաստով, Թարգմանչաց տօնը Հայ մտքի եւ մշակոյթի տօնն է, տօնը բոլոր անոնց՝ որոնք հետեւորդներ եղած են Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ գրչով, գիրքով կը ծառայեն ժողովուրդին, եւ տօնը անոնց՝ որոնք անտարբեր չեն Հայ մշակոյթի նկատմամբ՝ կը սիրեն գիրը, գիրքը, լեզուն։

Եւ դարձեալ կրկնենք. սիրելու համար պէտք է ծանօթանալ, այլապէս մարդ ինչպէ՞ս կը սիրէ բան մը՝ որուն մասին բնաւ տեղեկութիւն չունի, չի ճանչնար, չէ ծանօթացած։ Դժբախտաբար կան ոմանք որ իր իսկ լեզուին՝ հայերէնի համար անպէտ լեզու, անշահ լեզու կ՚ըսեն եւ մենք վկայած ենք այդպիսի դժբախտ արտայայտութիւններու եւ տեսած ենք այնպիսիներ՝ անհաւատարիմներ իրենց լեզուին, գիրին։ Բայց անոնք բոլորն ալ բառ մը իսկ չէին գիտեր իրենց ատած, անպէտ կոչած լեզուէն՝ իրե՛նց լեզուէն։

Հետաքրքրականը այն է որ իրենց «անծանօթ» լեզուի մը մասին ի՞նչպէս այսպիսի որոշում մը կրցած են տալ եւ ըսել.- Հայերէնը անպէտ, անշահ լեզու մըն է, սորվիլը ժամանակի վատնում է։ Մարդ երբ իրեն պատկանածը, իրը կամ արժէքը կը մերժէ, կ՚ուրանայ, ի՞նչ դիրքի կը մատնուի, արդեօք խորհա՞ծ են անոնք։ Չեմ կարծեր, որովհետեւ եթէ խորհելու կարողութիւն ունենային, այդ խօսքերը չէին ըսեր արդէն իրե՛նցը եղածին համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 12, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020