ԺՊԻՏԸ ՕԳՏԱԿԱ՛Ր Է
Յաճախ կը յիշենք երջանկայիշատակ Գարեգին Ս. Պատրիարք Խաչատուրեանի (Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան. 1951-1961) անմոռանալի խօսքը, թէ՝ ժպիտը մաքուր սրտի եւ հանդարտ խղճի մը արտայայտութիւնն է։ Արդարեւ, մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ՝ ժպիտը, այսինքն՝ թեթեւ խնդուկը այտի, դէմքի մկանները կը զօրացնէ։ Ժպիտի այս մարմնական օգուտէն զատ, հոգեբաններ ալ կը յանձնարարեն յաճախ ժպտիլ՝ քանի որ ան կը նպաստէ լաւատես ըլլալու, լաւ տրամադրութիւն ունենալու։ Այս կերպով ժպտիլը կը կազդուրէ հոգին, կը թեթեւցնէ անոր բեռը եւ կը զօրացնէ զայն։ Երեւակայեցէ՛ք սիրելի՜ներ, ձեր տրտում մէկ պահուն երբ դիպաւորուիք ժպտող դէմքի մը, չի՞ փոխուիր ձեր տրամադրութիւնը եւ կը քաջալերուիք, կը նորոգուիք…
Ուրեմն, սիրելի՜ներ, եկէ՛ք քիչ մը ժպտինք, կարդալով միասին անեկդոտներ, ստեղծուած՝ հայ մտքով եւ հայու սրամտութեամբ սրախօսութիւններ, որոնք կը պատկանին հայ ժողովուրդին, եւ ուրեմն՝ հայ մշակո՛յթին։
Երիտասարդը՝ ընկերուհիին հետ կ՚երթայ օփերայի համար տոմսակ գնելու. ծախողը կը հարցնէ.
-Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթի՞ համար։
-Ո՛չ, կը պատասխանէ երիտասարդը, ինծի եւ ընկերուհիիս համար։
*
Սիրահար երիտասարդը կ՚ուզէ ամուսնանալ, սակայն աղջիկը պայման կը դնէ ըսելով.
-Կ՚ամուսնանամ հետդ եթէ ինծի զոյգ մը կոկորդիլոսի կաշիով մոյկ առնես։
Տղան, սիրտը դող ելած կ՚ըսէ.
-Իսկ ո՞ւրտեղէն գտնեմ կոկորդիլոսի կաշիով մոյկ։
-Ափրիկէէն, կ՚ըլլայ աղջկան անտարբեր պատասխանը։
Խեղճ երիտասարդը, խթանուած իր սէրէն կ՚երթայ Ափրիկէ եւ երկու տարի չի վերադառնար։ Ասոր եղբայրը մտահոգուած, ինք եւս կ՚երթայ Ափրիկէ եւ քիչ մը թափառելէ ետք կը գտնէ իր սիրահար եղբայրը լիճի մը ափին նստած, կը հարցնէ.
-Ա՜յ մարդ, տարի մըն է ո՞ւր ես, ձայնդ չելաւ, տակաւին կոկորդիլո՞ս կը փնտռես։
-Չէ՛, կոկորդիլոսը գտայ, բայց ոտքերուն մոյկ չկար։
-Ծօ՛, իսկապէս շատ էշ ես եղեր. ո՞ր մէկ կոկորդիլոսը ամառուայ կէսին մոյկ կը հագնի…
*
Օր մը տղան լալով տուն կու գայ։ Հայրը մտահոգ կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պատահած էր։
Տղան կը պատասխանէ.
-Դպրոցը, բոլոր տղաքը ինծի «մեծ-գլուխ» կանչելով վրաս կը խնդան։
-Լա՛ւ, ինչո՞ւ դուն ալ զիրենք չես ծեծեր, հարց կու տայ հայրը։
-Կ՚ուզեմ ծեծել, կը պատասխանէ տղան, սակայն ամէն անգամ երբ ետեւնէն վազեմ, շունշանորդները բոլորն ալ նեղ-նեղ փողոցներ կը մտնեն…
*
Ոմանք ինչպէ՞ս դանակ կը սրեն։
Լերան վրայէն ժայռ մը կը գլորեն եւ դանակները բռնած հետը կը վազեն։
*
Տղամարդը ամէն ինչի մէջ իր կնոջմէն առաջ է։
Օրինակ, միշտ առաջինը կու գայ իրենց ժամադրավայրը, ինք կ՚ըլլայ առաջին անգամ իր սէրը յայտնողը, առաջին անգամ՝ ամուսնութիւն առաջարկողը, եւ… առաջի՛ն քնացողը։
*
Երկու տարեց հանրաշարժով կը ճամբորդեն։
Առաջինը կը հարցնէ քովը նստողին.
-Ո՞ւր կ՚երթաս։
-Երեւան, կը պատասխանէ երկրորդը. իսկ դո՞ւն ուր կ՚երթաս։
-Ես ալ Երեւանէն կու գամ, կը պատասխանէ առաջինը։
*
Մարդիկ սովորաբար առաջին անգամ կ՚ամուսնանան սիրելով, երկրորդ անգամ՝ հաշիւով, իսկ երրորդ անգամ՝ արդէն սովորութիւն դարձած կ՚ըլլայ…
*
Դրամը նման է երեխային. երբ փոքր է՝ պահանջներն ալ փոքր են։
*
Օդանաւը պիտի իյնայ։ Ճամբորդները սարսափահար իրար անցած են, միայն երիտասարդ մը՝ որ հանգիստ եւ անտարբեր տեղը նստած է։
Մէկը մօտենալով կը հարցնէ.
-Ծօ՛ էշ, հոգդ չէ՞. չե՞ս տեսներ որ օդանաւը իյնալու վրայ է։
-Ինծի ի՜նչ, հանգիստ կը պատասխանէ երիտասարդը, ինչու հօրս օդանա՞ւն է…
*
Ժպիտը երբեք չպակսի՛ ձեր դէմքերէն սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 17, 2024, Իսթանպուլ