ԼԵԶՈՒՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՅ
Ազգի մը, ժողովուրդի մը լեզուն իր ինքնութի՛ւնն է՝ անբաժան իր էութենէն։ Արդարեւ, լեզուն որքան հասարակական, նո՛յնքան կարեւոր է անհատներու համար, քանի որ անոնց ալ ինքնութեան որոշիչ տարրերէն մէկն է լեզուն, յատկապէս «մայրենի լեզուն»։ Ուստի մէկու մը խօսած լեզուէն կարելի է մօտաւորապէս հասկնալ եւ որոշել անոր ազգութիւնը, իսկ եթէ խօսած լեզուն իր «մայրենի լեզու»ն է, այդ որոշապէս ցոյց կու տայ անոր ինքնութիւնը, բնիկ էութիւնը, պատկանելիութիւնը։
Լեզուն, անշուշտ ուրիշ արժէքներով միասին, առաջնակարգ դեր մը կը խաղայ անձին ո՜վ ըլլալը որոշելու նկատմամբ։ Լեզուն անհատականութեան վկայագի՛ր մըն է. լեզուին տէրը ժողովուրդը ի՛նք է եւ պէտք է ան պաշտպանէ լեզուն, ինչպէս կը պահէ, կը պաշտպանէ մարդ իրեն պատկանած թանկագին իր մը, արժէք ներկայացնող առարկայ մը։
Լեզուն աւանդական արժէք մըն է՝ սեփական, ինքնօրինակ, մշտակայուն արմատներու վրայ հաստատուած։ Իսկ եթէ այդպէս չէ լեզու մը՝ «մայրենի լեզու» կարելի չէ կոչել անիկա, թերեւս «օտար լեզու», որ սեփականացուած է։
Եւ ինչպէս որ մարդիկ ունին զանազան ընդհանուր յատկանիշներ, եւ անոնց հետ, ունին նաեւ միայն իրենց բնորոշ յատկութիւններ, որոնցմով տարբեր են միւսներէն, ճիշդ այդպէս ալ լեզուներէն իւրաքանչիւրը ունի իր «անհատականութեան վկայագիր»ը, որ անայլայլելի է եւ մշտնջենաւոր՝ միշտ պիտի մնայ «ինքնատիպ», եւ ձեւափոխման ո՛չ ենթակայ։
Այնուամենայնիւ, պատմական-հասարակական առաջընթացի համաձայն՝ լեզուն միշտ կը հարստանայ՝ կ՚աճի եւ կը զարգանայ։ Բայց եւ երբեք չի փոխուիր այբուբենը։ Արդարեւ այբուբենը հի՛մն է լեզուին, եւ լեզուն որքան ալ բարեշրջուի, բարեփոխուի, անփոփոխ կը մնայ այբուբենը, ապա թէ ոչ՝ լեզուն կը կորսնցնէ իր անհատականութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Այբուբենը կերպով մը փոխուած լեզուն այլեւս նախկին լեզուն չի՛ կրնար ըլլալ։
Լեզուի մը պահպանումը եւ վերականգնումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ժողովուրդի մը գոյապահպանմանը եւ գոյատեւմանը համար։
Լեզուն է որ ժողովուրդը վեր կը պահէ, կը պահպանէ անոր արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։ Ժողովրդական իմաստութեան ցոլացումն է այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Քաղաքը կ՚անցնի, բայց անկէ կը մնայ արձանիկը»։ Քանի որ անձանը հոգեղինացած նիւթն է՝ ազատուած անցաւորութեան ահաւոր չարիքէն։
Եւ լեզուն ալ ահաւասիկ այն «արձան»ն է, որ անցաւորութեան, ժամանակաւոր ըլլալու ահաւոր չարիքէն փրկուած՝ կը շարունակէ միշտ ապրիլ, տոկալ ամէն դիմադրանքի, հարուածի եւ մանաւանդ մարդկային ամենամեծ տկարութեան՝ անտարբերութեան եւ դարձեալ վտանգաւոր թերութեան՝ մոռացութեան։ Արդարեւ, լեզուի պահպանման եւ գոյատեւման արգելքներն են անտարբերութիւնը եւ անգիտակցութիւնը, անզգամութիւնը։
Լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը ամենավտանգաւոր եւ վնասակար դիրքն է, որ կրնայ ունենալ մէկը։ Իր այս անտարբերութիւնը ո՛չ միայն զինք, այլ ամբողջ ապագայ սերունդը կրնայ վնասել։ Ուստի կան անհատական յանցանքներ, որոնց պատճառած վնասն ալ անհատական է, միայն ենթական կ՚ազդուի։ Բայց կան նաեւ անհատական կարծուած յանցանքներ՝ որ ամբողջ ժողովուրդի մը վնաս կրնան պատճառել ո՛չ միայն ներկային այլ նաեւ՝ ապագային ալ։
Անհատը ինք իր կեանքը ունի եւ իր կեանքին պատասխանատո՛ւն է, բայց կան այնպիսի պարագաներ՝ որ ո՛չ միայն իր կեանքին, այլ ամբողջ ժողովուրդին կեանքին պատասխանատու է, եւ ո՛չ միայն ներկային, այլ՝ ապագայի՛ն ալ։
Եւ ահաւասիկ, լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը, լեզուի նկատմամբ թերացումները պատասխանատո՛ւ կը դարձնեն ենթական բոլոր հաւաքականութեան մը հանդէպ եւ նոյնիսկ ապագայ սերունդներու նկատմամբ։ Մարդ կրնայ անկարեւոր նկատել իր սեփական լեզուն, մարդ կրնայ անտարբեր մնալ իր մայրենի լեզուին, բայց պէտք է գիտնայ, որ այդ անտարբերութեան պատճառով պիտի վնասուին նաեւ իր ընտանիքը եւ յաջորդաբար ընկերութիւնը եւ ժողովուրդը, եւ ասիկա պիտի փոխանցուի հետզհետէ սերունդէ՜ սերունդ, մինչեւ որ մէկը արթնցնէ զիրենք իրենց թմրութենէն կամ այդ հոսանքին դէ՛մ կանգնելու քաջութիւնը ունենայ…։
Թէեւ կրկնութիւն պիտի ըլլայ, սակայն այս մասին ամենէն շատ վնասուող ժողովուրդը Հայ ժողովուրդն է եղած, քանի որ ամենէն շատ մեր մէջ կը տեսնուի մայրենի լեզուի հանդէպ անտարբերութիւն, անհոգութիւն, եւ օտարութիւն։
Գարեգին Ա. Կաթողիկոս այս մասին սապէս կ՚ըսէ. «Այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հայոց լեզուն վիրաւոր է»։ Եւ կը շարունակէ. «Օր մը Չըրչիլը հետեւեալ տողերը գրեց իր ինքնակենսագրութեան հատորին մէջ.- Եթէ անգլիացի մը, անգլիացի ուսանող մը Լատիներէնի մէջ տկար ըլլայ, կամ բնագիտութեան կամ բնալուծութեան մէջ տկար մնայ, ես այնքան չեմ նեղուիր։ Բայց խարազանը կ՚առնեմ, կը խարազանեմ մտրակով այն անգլիացին, որ անգլերէնի մէջ տկար կը մնայ։ Քաղաքական մարդ, վարչապետ եւ սակայն իր ազգի հոգին իր ազգի լեզուին մէջ կը տեսնէ…»։
Զարմանալի՜ է. օտարներ կը սորվին հայերէնը, բայց հայը իր լեզուին հանդէպ օտար կը մնայ, օտարներ կը ճանչնան հայը եւ հայը ինքնիրեն օտար եւ անծանօթ կը մնայ։
Օրինակներ շա՜տ են։
Օր մը երբ եկեղեցւոյ շրջափակին հանդիպեցայ երիտասարդ Ճաբոն զբօսաշրջիկ աղջկան մը, հետաքրքրութեամբ եկեղեցին կը դիտէր, մօտեցայ, եւ փորձեցի անգերէնով տեղեկութիւն տալ եկեղեցւոյ մասին։ Եւ այդ պահուն հրաշքը պատահեցաւ. զբօսաշրջիկ ճաբոնացի աղջիկը, ժպտաշուրթն նայուածքով մը հայերէն պատասխանեց. այո՛ հայերէն, ճաբոնացի այդ աղջիկը։ Եւ տեսնելով զարմանքս, ըսաւ, թէ ինք Հայաստան, հայերէն սորված եւ Կոմիտաս Վարդապետի վրայ ուսումնասիրութիւն կատարած եւ այդ նիւթով տոքթորայի աստիճան է ստացած։ Եւ մեր զարմանքը վերածուեցաւ հիացումի՝ օտար մը, հայերէն սորված եւ Կոմիտաս Վարդապետի մասին ուսումնասիրութիւն կատարած եւ մինչեւ իսկ այդ մասին տոքթորայի աստիճան է ստացած։
Եւ ահաւասիկ կենդանի փա՛ստը՝ թէ հայը օտար է իր լեզուին, օտարը ծանօթ՝ հայերէնին, եւ հայը անտարբեր է ընդհանրապէս իր արժէքներուն, եւ օտարը ծանօթ եւ հետաքրքի՛ր անոնց։
Ըսելիք ի՞նչ կը մնայ այլեւս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 10, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024