ԽՈԿՈՒՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Խոկում» (=meditation), իր լայն առումով կը նշանակէ՝ խորհիլ, մտածել, որ կու գայ «խոկ» արմատէն, որ է մտածութիւն, խորհուրդ։ Արդարեւ, մարդկային մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքին մէջ որքան կարեւոր, նոյնքան անհրաժեշտ տեղ մը կը գրաւէ խոկումը, որ ներհայեցողութեան կ՚առաջնորդէ մարդս, քանի որ ան որքան մարմնաւոր էակ մըն է, բայց նոյնքան ալ բանական, այսինքն «մտաւոր եւ հոգեւոր ներքին աշխարհ» մը ունի։ Մարդ եթէ միայն մարմնաւոր էակ մը ըլլար, անիկա պիտի դասուէր բնականաբար միւս բոլոր անբան-անասուն կենդանի էակներու կարգին։ Բայց մարդ բանաւոր եւ ասուն էակ մըն է, եւ միա՛կը ապրող էակներու մէջ որ խորհելու, մտածելու, դատելու եւ որոշելու կարողութիւնը եւ շնորհը ունի։

Այս պատճառով, մարդուս մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքը սերտօրէն առընչուած է «խորհրդածական պահեր»ու։ Արդարեւ, մարդուն համար անհրաժեշտ է խորհիլ, մտածել եւ ըստ այնմ շարժիլ։ Եւ ահաւասիկ «ազատ կամք»ի վարդապետութեան սկզբնակէտն ալ պէտք է համարուի անոր այս կարողութիւնը՝ խոկալու, մտածելու եւ դատելու առաւելութիւնը, որ «մարդ» ըլլալու հանգամանքը կու տայ իրեն։

Այս իսկ պատճառով դարձեալ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, իր «Ձեռնարկ Հովուական Աստուածաբանութեան» (Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին 1995) գիրքին մէջ, մարդուս հոգեւոր կեանքին մէջ, «աղօթքին սերտօրէն կապուած, առընչուած միջոցներէն մէկն է խորհրդածական պահերու ստեղծումը իր կեանքի ընթացքին մէջ»։

Եւ մանաւանդ անոնք որ նուիրուած են հոգեւոր կեանք ապրելու, ներդաշնակելու աշխարհայինը եւ հոգեւորը, հաւասարակշռելու մարմնաւոր կեանքը եւ բարոյական աշխարհի կեանքի ապրումները, կապուած ըլլալով արտաքին աշխարհին, ներաշխարհի մըն  ալ գոյութեան եւ ճշմարտութեան անդրադարձած ըլլալով, խճողուած են մտահոգութիւններով, նեղութիւններով եւ դժուարութիւններով, անհրաժեշտ պահանջք մը կ՚ունենան երբեմն առանձնանալու, խոկալու, իրենքզիրենք ինքնաքննութեան ենթարկելու։ Ինքնաքննութիւնը՝ որուն սկզբնակէտն է ներհայեցողութիւնը, առիթ կ՚ընծայէ, որ մարդ անդրադառնայ եւ տեսնէ իր տկարութիւնները, թերութիւնները եւ անկատարութիւնները եւ քննէ անոնց պատճառները եւ անշուշտ սրբագրէ զանոնք։

Ուրեմն մարդ պէտք ունի յաճախ ինքնամփոփուելու, աղօթելու, խորհելու՝ խոկալու եւ խորհրդածելու, ներհայեցողութեան միջոցով «ծանօթանալ»ու իր իսկ «Ես»ին հետ, ճանչնալու ինքզինք եւ մտերմանալու իրեն հետ։

Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ յաճախ կ՚անդրադառնանք այն իրողութեան, թէ պէտք է զանազանել «մինակ մնալ»ու վիճակը «առանձին» ըլլալու վիճակէն։ Մարդ երբ առանձին է ինքն իրեն հետ է, իր անձին, իր «Ես»ին հետ։ Բայց «մինակ ըլլալ» կը նշանակէ ամուլ ըլլալ, եթէ կարելի է ըսել՝ «պարապութեան մէջ ըլլալ», ոչնչութեան մէջ ինքզինք բոլորովին կորսնցնել…։

Գարեգին Ա. Կաթողիկոս այս մասին կ՚ըսէ.

«Հայաստանեայց Եկեղեցին, հետեւողութեամբ Քրիստոսեան օրինակին եւ աւետարանական աւանդին, քահանայական ձեռնադրութեան առիթով սահմանած է ձեռնադրութեան անմիջապէս հետեւող քառասնօրեայ պահեցողութեան, ինքնահայեցողութեան, աղօթքի, խոկումի, ընթերցումի շրջան մը, հոգեւոր հովիւին տալու համար գեղեցիկ կարելիութիւնը ինքզինք զօրացնելու, հոգեպէս պատրաստելու, ձեռքը մահիճին դնելէ առաջ։

«Հովիւի կեանքին մէջ երկու տեսակ փորձութեանց առաջքն առնելու ազնուագոյն միջոցներն են առանձնացումի եւ խոկումի այս պահերը։

«Նախ՝ տկարացումներուն, թերացումներուն, ձախողութիւններուն պարագային զոհ չերթալու համար յուսահատութեան ջլատիչ զգացումին, որ վստահաբար ծանրօրէն կ՚ազդէ հովիւին գործունէութեան եւ կը կտրէ անոր թափը։ Ինքնահայեցողութեան մէջէն ան առիթ կ՚ունենայ գտնելու, վերլուծելու պատճառները եւ ինքնավերականգնումի վճռականութեամբ կը վերագտնէ իր ոյժերը եւ վերանորոգիչ կամքով ու յստակատես մտքով կը շարունակէ ու կը բարեկարգէ իր գործունէութիւնը։

«Երկրորդ, յաջողութիւններու, նուաճումներու պարագային զոհ չերթալու համար, չենթարկուելու համար յանձնապաստանութեան ինքնագոհ այն զգացումին, որ նոյնքան կը կասեցնէ ստեղծագործ աշխատանքի թափը, եթէ այդ յաջողութիւնները ինքնաքննութեան մէջէն չնկատուին որպէս գրգիռ նորանոր իրագործումներու, առաւել արդիւնաւոր ծառայութեան մը ի խնդիր։

«Խորհրդածութեան առանձնական մտասեւեռեալ ինքնահայեցողութեան այդ պահերը կրնան դժուար իրագործելի ըլլալ ամէն օր գործադրուելու համար։ Կրնան ձեւականութեան վերածուիլ յաճախակիօրէն կրկնուելու պարագային։ Բայց շաբթուան, ամսուան կամ տարուան ընթացքին մասնաւոր կերպով ընտրուած ժամերով, օրերով պահեր պէտք է ըլլան անոնք, որոնք պէտք է հեռացնեն քահանան իր առօրեայ անմիջական աշխատանքի վայրերէն ու զբաղումներէն եւ առիթ տան իրեն կտրուելու այն բոլորէն որ կը խճողեն իր կեանքը։ Եկեղեցիի մը մեկուսացեալ եւ լուռ մթնոլորտին կամ վանքի մը մենութեան թելադրական միջավայրին, կամ գրադարանի մը միտքի հարստութեամբ օծուն սրահի մը մէջ եւ կամ պարտէզի մը կանաչաւէտ ու հովասուն աշխարհին մէջ ան պէտք է իր աչքերը սեւեռէ իր անձին ու գործին վրայ…»։

Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի այս թելադրական եւ ուսուցանողական այս խօսքերը որքան ուղղուած է հոգեւորականներու, բայց անոնք կը վերաբերին նաեւ աշխարհականներու, քանի որ ինչպէս յաճախ կը յիշենք, մարդ ո՛չ միայն մարմին, այլ նաեւ հոգի է եւ միտք, ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ մարդ որքան ալ աշխարհի վրայ մարմնական կեանք մը ունի, ունի՛ նաեւ բարոյական՝ հոգեւոր եւ մտաւոր կեանք մըն ալ։ Եւ ուրեմն, այն որ հոգեւորականներու համար է, կը հետաքրքրէ բնականաբար նաեւ աշխարհականները։

Արդարեւ խոկումի պահանջքը որքան հոգեւորականներու, նոյնքան ալ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ աշխարհականներու համար։ Ուստի չի՛ բաւեր կարդալ, այլ կարդացուածը իւրացնելու, օգտագործուելու համար պէտք է նաեւ անոր վրայ մտածել, խորհիլ, խոկալ եւ խորհրդածել։

Կարդացուածը իւրացնելու հարցին, որքան պատշաճ է խոկալու համար, որպէս բացատրութիւն գործածել «միտքով որոճալ» խօսքը, քանի որ «որոճել»՝ եթէ կը նշանակէ «կերած խոտը՝ ետ բերել, կրկին ծամել եւ կլլել», կը նշանակէ նաեւ՝ «մտքին մէջ յեղյեղել խնդիր մը, հարց մը, զայն աւելի լաւ հասկնալու, իւրացնելու կամ մարսելու համար»։

Ուստի, խոկումը անհրաժեշտ է հարց մը հասկնալու, անոր մասին ամբողջական տեղեկութիւն ունենալու եւ վերջապէս լուծելու համար զայն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 13, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018