ՍԽԱԼՆԵՐԸ ՏԵՍՆՈՂՆ ՈՒ ԱՆՏԵՍՈՂԸ
Հայաստանի մէջ կայ խումբ մը, որ կը կարծէ, թէ սփիւռքահայերը թշնամութիւն եւ ատելութիւն ունի Մայր Հայրենիքի նկատմամբ։ Սակայն ցաւալին այն է, որ սփիւռքահայերուն կողքին շատ մը տեղացի հայեր եւս այդ ախտէն կը տառապին եւ Հայաստանը կը դիտեն որպէս «յետամնաց» երկիր։
Այս բողոքը ծնունդ կ՚առնէ հիմնական երկու պատճառներէ.
Ա- Շատեր տեսնելով կամ լսելով Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու «զարգացած» ընթացքը, նոյնը կ՚ուզեն Հայաստանի մէջ տեսնել եւ բողոքելով իրենց «զարգացած» ըլլալը փաստել կը փորձեն։ Թէ՛ սփիւռքահայեր եւ թէ՛ շատ մը տեղացիներ ամէն առիթի իրենց Եւրոպա գացած ըլլալը եւ կամ Եւրոպա ապրիլը ընդգծել կը փորձեն եւ այսպիսով բնականաբար Հայաստանն ու հայաստանցին յետամնաց կը թուին իրեն համար։
Նման երեւոյթ մը կը կարդանք Վահրամ Մավեանի աշխատութիւններէն մէկուն մէջ. Ամերիկայէն առաջին անգամ Հայաստան եկած հայորդի մը կը սկսի իր շուրջ տեսածները համեմատել Ամերիկայի հետ։ Պանդոկի սպասարկման թերութիւնները կը մատնանշէ՝ «Մեր մօտ այսպէս չէ» մը ըսելով։ Երբեւէ այդպիսի տպաւորութիւն մը չենք ուզեր ձգել, որ Հայաստանը թերութիւն չունեցող երկիր մըն է, սակայն կայ մեծ տարբերութիւն՝ թերութիւնը տեսնելուն եւ թերութիւնը խոշորացոյցով նայելուն մէջ, որովհետեւ ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը թերութիւնը տեսնելէ ետք անոր բարելաւման համար ճիգ թափելուն մէջ կը կայանայ, մինչ ծաղր ու ծանակով նայիլը թշնամութիւն ընելէ տարբեր բան մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։
Հայաստանի մէջ կը ճանչնամ երիտասարդ աղջիկ մը, որ միշտ եւ ամէն առիթի կը մեծարէ ռուսերը, կը խօսի անոնց զարգացած ըլլալուն մասին, կը կատարէ իր խօսքերով «հին գլուխ» հայերու եւ «լայնամիտ» ռուսերու համեմատականը եւ կը փորձէ հեռու մնալ հայահոծ շրջանակներէ։ Այս մէկը ինքնաբերաբար իր մէջ կ՚արթնցնէ զարգացած ըլլալու կեղծ զգացողութիւն մը եւ ինքզինք հաւասար դասել կը փորձէ ռուսերուն։
Բ- Կայ խումբ մը, որ առաջինին ըրածները չընելով հանդերձ կը բարձրաձայնէ բոլոր այն երեւոյթները, որոնք սխալ ու խորթ կը թուին։ Շատեր այս մէկը եւս թշնամութիւն կ՚որակեն, համոզուած ըլլալով որ սեփական տան մէջ մարդ սխալները տեսնելու փոխարէն զանոնք գոցելով պիտի զբաղուի։ Այնպէս ինչպէս մայր մը իր զաւակին մէջ սխալներ նկատելով նկատողութիւններ կ՚ընէ, նոյնպէս ալ հայրենասէր մարդը պարտի բարձրաձայնել խնդիրներն ու սխալները, որովհետեւ զանոնք անտեսողը կը նմանի այն մարդուն, որ տան յատակին աղբակոյտ մը տեսնելով անտարբերութեամբ կ՚անցնի կողքով։
Մարդ կրնայ բողոքել՝ իր հայրենիքին մէջի սխալներուն սրբագրութիւնն ու բարելաւումը տեսնելու համար, իսկ ուրիշ մը կրնայ բողոքել հայրենիքի վարկը արատաւորելու եւ օտարինը մեծարելու միտումով։ Շատեր սխալներու անտեսումն ու հայրենիքը կատարեալ վիճակի մէջ տեսնելը «հայրենասիրութիւն» կը նկատեն եւ անսխալականութիւնը պաշտպանելով լաւ բան մը ըրած կը կարծեն, առանց նկատի ունենալու որ իրենց այդ ընթացքը մոլորութեան մէջ գտնուողի մը գնահատելէն տարբեր բան մը չի կրնար ըլլալ։ Ամերիկացիին համար այսօր Ամերիկան կատարեալ երկիր մը չէ (հակառակ մեր կարծածին), եւրոպացին անգամ ունի իր բողոքները եւ բնական է որ ունենայ, որովհետեւ առանց բողոքի յառաջդիմութիւն ակնկալել կարելի չէ, որովհետեւ բողոքներն են որ սրբագրուելով ազգը դէպի աւելի առողջ միջավայր կը տանին։
Աշխարհի վրայ չյառաջդիմող պետութիւնները անոնք են, որոնք կառավարութեան մէջ չունին ընդդիմութիւն, որովհետեւ երբ չկայ բողոքող եւ պահանջող, այդտեղ ամէն բան ճահիճի կը վերածուի։ Ընդդիմադիր կողմն է որ իշխող կառավարութիւնը իր բողոքներով ու կեցուածքով գործի կը մղէ, հակառակ պարագային նայեցէք բռնատիրութեամբ ղեկավարուող երկիրներուն եւ տեսէք, թէ ինչ կ՚ըլլայ։
Պէտք է հասկնալ, որ բողոքելով անձ մը երեւոյթն է որ կ՚ատէ եւ ոչ թէ հայրենիքը։ Այսօր անձ մը կրնայ վարչապետը չսիրել, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ Հայաստանն է որ չի սիրեր, նոյնպէս անձ մը կրնայ օրուան կաթողիկոսը ատել, սակայն սիրել մայր եկեղեցին։ Տեղ մը սեփական սխալները բարձրաձայնելը քաջութիւն կը պահանջէ՝ եթէ այդ մէկը կատարուած է աւելի լաւ ու աւելի բարգաւաճ Հայաստան մը տեսնելու գնով։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -97-
Պատանի եղած ժամանակ լիբանանահայ աղջկաի մը հետ դուրս պիտի գայի տեսակցութիւն մը ունենալու։ Ինք եւս պատանի էր։
Սրճարանը՝ ուր հանդիպեցանք, հայկական էր։
Ճաշարանատէրը հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն միացուցած էր։ Աղջիկը երաժշտութենէն սրտնեղած սա՛ հայկական երգերէն ի՞նչ կը հասկնա՞ք», ըսաւ... «Արաբական երգերը տարբեր են»։
Այդ աղջիկը առաջին ու վերջին տեսնելս եղաւ...։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ