ԲԱՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
«Բանադատութիւնը խարտոց մըն է՝ որ կը յղկէ ի՛նչ որ կը խածնէ», կ՚ըսէ Լըկուվէ։ Իսկ Պուասթ, բանադատութիւնը «բարի զգացում» մը կ՚անուանէ, եւ կ՚ըսէ. «Բանադատութիւնը ո՛չ այլ ինչ է, բայց եթէ տրամաբանութեամբ կատարելագործուած բարի զգացում մը»։
«Գրական բանադատութիւնն ալ (critique esthétique ou littéraire) արուեստ մըն է՝ որով կը դատուի գրական ճաշակը, եւ կը յայտնուին հեղինակութեան մը գեղութիւնները եւ թերութիւնները», կ՚ըսէ ուրիշ հեղինակ մը՝ այս մասին։
Եթէ ճշմարիտ են այս բոլոր գաղափարները, ճշմարիտ է նաեւ հաստատել Պուալոյի հետ թէ.
«Բանադատութիւնը դիւրին է, այլ արուեստը՝ դժուարի՛ն»։ Ուստի տեսլականը եւ գործնականը բոլորովին տարբեր արժէքներ են, եւ երբեմն կրնան անհամապատասխան ըլլան իրարու նկատմամբ։
Ստուգիւ, բանադատութեան արուեստը դժուարին է, բայց այս բարեբեր արուեստին շնորհիւ, ժողովուրդի մը գեղեցկագիտակ զգացումներուն եւ ըմբռնումներուն, եւ յատկապէս գրականութեան յառաջդիմութեանը նպաստող, փրկաւէտ դերը անուրանալի է։ Ուստի բանադատութեան վրայ պէտք է տարակուսիլ, եւ ինչպէս բանադատելու, նո՛յնպէս բանադատուելու իրաւունքը եւ պարտաւորութիւնը ընդունելու է։ Ան բարեբեր պարտաւորութիւն մըն է, որմէ ո՛չ մէկ վնաս կը հասնի, այլ՝ օգուտ, անշուշտ եթէ անկեղծութեամբ, գիտութեամբ եւ բարենպատակ զգացումներով կատարուի ան։ Եւ այս միջոցով գրականութիւնը կը մաք-րըւի, կը զտուի եւ կը նորոգուի, թափ կը ստանայ յառաջդիմելո՛ւ։
Բայց բանադատութեան փորձառութիւնը կը կարօտի երկար տարիներու վարժութեան։
Եւ մանաւանդ բանադատութեան պատրուակով, վիճաբանութեան օրէնքը, կարգ եւ կանոնը պէտք չէ ոտքի տակ առնել։ Բանադատութիւնը եթէ կատարուի յետին նպատակներով եւ շեղի իր բարեմիտ եւ փրկաւէտ նպատակէն, խնդիրը բոլորովին մէկդի կը թողուի եւ կը մոռցուի սովորական ընթացքը։
Արդարեւ, յետին նպատակով կատարուած բանադատութիւնը կը նմանի Ապեղէսի կօշկակարին՝ կօշիկի մը թերութիւնը նշմարելով ամբողջ նկարը վերէն վար կը յանդգնի աչքէ անցընել, որուն, իրաւացիօրէն կը միջամտէ արուեստագէտը եւ կը յանդիմանէ ըսելով. «Դուն կօշիկէն վեր մի՛ ելլեր…»։ Ուստի, յետին նպատակով բանադատողներու բուն նպատակն է վարկաբեկել բանադատուողը, եւ ուրեմն շատ անգամ կը համարձակին «կօշիկէն վեր ելլել», յուսալով որ սխալ մը պիտի կարենան գտնել, առիթ մը վարկաբեկելու ենթական։
Բայց իր նպատակէն շեղած բանադատներ, յաճախ կ՚իյնան իրենց լարած ծուղակին մէջ։
Ուստի անոնց պէտք է հակազդել Ապեղէսին իմաստալից եւ նոյնքան ազդարարող խօսքով. «Կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր…»։
Ամէն մարդ ամէն բան հաւնելու ստիպուած չէ անշուշտ, բայց անպայման թերութիւն մը, սխալ մը գտնելու համար ճիգ թափելու պարտաւորութիւն մըն ալ չունի։ Մանաւանդ բանադատելու պատրուակով նախատել, վարկաբեկել եւ արժանապատուութիւն վիրաւորել բարեմիտ եւ ողջախոհ բանադատողի մը գործը չէ՛։ Ուստի, բանադատութիւնը ո՛չ «խածնել» է, ո՛չ «խծբծել», ո՛չ «բամբասել», ո՛չ «զրպարտել» եւ ո՛չ իսկ «ծաղրել», այլ՝ յղկել, թերութիւն մը երեւան հանել եւ քաջալերել զայն շտկելու եւ սրբագրելու, կատարելագործելու եւ օգնելու։
Չարամիտ բանադատողը ըստ երեւոյթի, չի զիջանիր կարդալու, բայց գաղտնօրէն կը կարդա՛յ. կը կարդայ, բայց ո՛չինչ կը հասկնայ, եւ առանց հասկնալու, առանց ըմբռնելու կը բանադատէ՝ պարզապէս վարկաբեկելու, նախատելու համար։
Բանադատութեան մէջ ամենէն վտանգաւորը՝ նախանձի զգացումէն մղուած բանադատե՛լն է. ախտաւոր, հիւանդ մարդու մը նման, նախանձոտ մարդը կը տառապի, կը չարչարուի նախանձի ախտէն՝ որուն դարմանը կը փտնռէ ուրիշը վարկաբեկելու, նախատելու մէջ, եւ ատիկա կ՚ընէ անարդար, անիրաւ բանադատութեա՛մբ։ Ան կը դիմէ ամէն միջոցի, եւ այդ իսկ պատճառով՝ ամենէն վտանգաւորը եւ վնասակարը կը հանդիսանայ բանադատողներու շարքին մէջ։
Արդար եւ շինիչ բանադատութիւնը ո՛րքան գիտութիւն, փորձառութիւն եւ հմտութիւն, նո՛յնքան ալ ազնուութիւն, անկեղծութիւն, փափկանկատութիւն, նրբութիւն կը պահանջէ։ Ուստի բանադատութեան էական նպատակը շինել է, եւ ո՛չ թէ քանդել։
Եւ այս բոլորը կը յանգի ի վերջոյ բարոյականութեան վրայ։ Փիլիսոփայութեան պատմութիւնը ակներեւ ցոյց կու տայ, թէ մարդկային մտքին զբաղած տիեզերական խնդիրներէն մին՝ եւ անոնց գլխաւորներէն է բարոյականի խնդիրը։ Այլ եւ այլ երեւելի հանճարներ, Սոկրատէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերու փիլիսոփաները յուզած է այս հարցը, իւրաքանչիւրը, իր մտքին զօրութեան եւ տարողութեան աստիճանին համեմատ քննելով այն բոլոր տարրերը եւ փաստարկումները՝ որոնք «բարոյականութիւն»ը կը կազմեն, մէյմէկ հետեւութիւն հանած եւ ըստ այնմ նպատակ մը նշանակած է անոր։
Գլխաւորաբար երեք կարգի կը բաժնուին այս փիլիսոփաները։
Ոմանք, ինչպէս Շէվթսպուրի, Հիւշըզըն, Ատամ Սմիթ, այլ եւ այլ հետեւութիւններով բարոյականի սկզբունք են նշանակած զգացումը՝ (sentiment)։ Ոմանք, ինչպէս Հոպ, Վոլնէյ, Տիտրօ եւ Հէլվէտիոս, եւ այլն, բարոյականին համար ուրիշ նպատակ ցոյց տուած չեն, բայց միա՛յն շահը՝ (intérêt)։ Ոմանք ալ, որ բազմաթիւ են եւ որոնք հոգեւորական փիլիսոփայութեան հետեւողներ կը համարուին, բարոյականի նպատակ կը նշանակեն ի՛նչ որ ինքնին «բարի» է, այսինքն բացարձակ բարի՛ն։ Բացարձակ բարին կ՚ընդունուի իբր բուն նպատակ բարոյականի՝ որ կը կռթնի երկու յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ.
ա) Բնական Օրէնք, եւ
բ) Մարդկային Ազատութիւն։
Արդարեւ «բացարձակ բարի»ն՝ «Souverain Bien», առանցք է մարդկային ամէն յարաբերութիւններու արդիւնաւոր կերպով մշակման՝ որոնցմէ է նաեւ արդար բանադատութի՛ւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
2018, Իսթանպուլ