ՀԱՅՈՒ ՏԽՐՈՒԹԻՒՆԸ…

Կը քալեմ Երեւանի փողոցներով եւ կը նկատեմ, թէ բոլոր սրճարանները, զուարճութեան վայրերն ու ճաշարանները լեցուն են օտարներով՝ մեծ մասամբ ռուսերով, որոնց համար կեանքը յաճախ աւելի արդար եղած է՝ քան մերը։

Մինչ անդին կը նշմարեմ մեր հայրենակիցները, որոնք Նոր տարուան մթնոլորտէն հեռու, քիչ մը գլխիկոր ու մտազբաղ գործէն տունին ճամբան կը բռնեն, վստահ ըլլալով որ տօնական այդ զուարճութիւնները յատուկ են բախտաւորներուն։

Ու այս պատկերին դիմաց կը յիշեմ, թէ ատենօք Նոր տարուան այս զուարճութիւններուն բոլորը աղքատներուն համար հաստատուած էր, մինչ այսօր ամբողջութեամբ հեռու են այդ մթնոլորտէն։

Փողոցներուն մէջ մարդոց աչքին մէջ փայլք չեմ նշմարեր. այդ փայլքին տեղ մտահոգութիւն, անարդարութեան բողոք ու ծանրաբեռնուածութիւն կը նկատեմ, ինչ որ կեանքի գունաւորութիւնը կը սպաննէ եւ մռայլ երկինք մը կը ստեղծէ մեր միջեւ։

Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ Նոր տարին կը նշուի արտառոց խանդավառութեամբ մը, մեր մօտ սակայն կեանքի հոգերով ծանրաբեռնուած յաջորդ օր դարձեալ կեանքի հոգերով տարուելու ծանրութիւնը կը տիրէ, Նոր տարուան առաջին օրն իսկ հաւասարեցնելով հինին, որովհետեւ այդտեղ ոչ մէկ նորութիւն կը նշմարուի։

Պատմութիւնը այնպիսի բեռ մը տուած է հայուն, որ պատմութեան ընթացքին յիշուի իր դժբախտութեամբ ու յայտնի մելամաղձոտ տրամադրութեամբ. ցեղասպանութիւն, երկրաշարժ, Արցախի պատերազմ եւ այս բոլորի կողքին աղքատութիւնը թախիծով մը օժտած է հայու սիրտը։ Ամենէն յայտնի տուտուկն անգամ թախիծ ու վիշտ առթած է անոր։ Ուրախութիւնը եղած է հեռու հայէն այնքան՝ ինչքան խիղճը մարդկութենէ։

Հայ մանուկներու մօտ եւս Կաղանդը տարբեր է եւ շատերու համար սովորական օրուան բնոյթը ունի, որովհետեւ ինչպէս ուրախութիւնը, բժշկութիւնն ու «արդարութիւն»ը, նոյնպէս ալ Նոր տարին հարուստներուն համար է. բոլոր մարդկութիւնը ուրախացնելու համար նախատեսուած այս օրը դուրս գալով իր նպատակէն դարձած է սեփականութիւնը ընտրեալներուն։

Դպրոցական տարիներուն սորվեցուցին «Կաղանդ պապա»յին ո՛վ ըլլալուն մասին, թէ ինչպէս նպատակ դարձնելով աղքատները զուարճացնել տունէ տուն շրջելով նուէրներ կը բաժնէ՝ չքաւոր մանուկներուն դէմքին ժպիտ մը ուրուագծելու նպատակով։ Ի՞նչ բանը փոխեց այդ նպատակը եւ յանկարծ աղքատները զուարճացնել նպատակադրող «Կաղանդ պապա»ն փոխեց իր առաքելութիւնը եւ դարձաւ հարուստներունը։

Այսօր գրեթէ ամէ՛ն բան կը պատկանի հարուստներուն՝ մինչեւ իսկ եկեղեցւոյ առաջին շարքերէն սկսեալ հասնելով «Արքայութիւն»։

Երնէ՜կ թէ այս Նոր տարին յոյսի, ուրախութեան խնդութեան փայլք մը տայ նաեւ մեր հայորդիներուն, որպէսզի աւանդականին հակառակ այս Նոր տարին բաժին դառնայ նաեւ անոնց, որոնք ակամայ կեանքի բեռը կը կրեն։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -123-

Պատանի եղած ժամանակ որոշեցի Նոր տարուան շրջանին Ազգային ծերանոց այցելել, տեսնելու եւ գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս կ՚անցընեն ծերունիները իրենց Նոր տարին։

Զիս առաջնորդեցին ծերանոցի ամեմէմ տարեց մայրիկներէն մէկուն մօտ։ Տեղեկութիւնը ցաւալի էր. ծերանոցի մեծամասնութիւնը Նոր տարուան գիշերը ժամը 7-8-ին արդէն իսկ քնացած կ՚ըլլայ։

Ամբողջ աշխարհ մը ուրախացած ժամանակ մեր մայրերն ու հայրերը կեանքի բեռան տակ կը փակեն իրենց աչքերը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022