ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ ԵՒ «ԳԵՂՈՒՀԻՆ»

Պետրոս Դուրեան, ծնած է 1851 թուականին, Սկիւտար եւ մահացած՝ շատ երիտասարդ՝ 1872-ին նոյն թաղը։ Ան եղած է ամենասիրելի դէմքերէն Հայ գրականութեան՝ իր դժբախտութեամբ, հանճարով, իր ժամանակի Պոլիսը հարազատօրէն արտայայտելու փաստով։

Ան, աշակերտ, ապա թատերագիր եւ դերասան, վաճառականի գրագիր, եւ վերջապէս անկողնի գամուած անգործ հիւանդ… ահա՛ մի քանի բառով կենսագրականը՝ քսանամեայ գոյութիւնը խոնարհ ընտանիքէ եւ միջավայրէ ծնած եւ հասած երիտասարդ Պետրոս Դուրեանին։

Պետրոս Դուրեանէն մնացած երեսունի շուրջ քերթուածներ, յաճախ սեւագիր՝ սեւ թանաքով գրուած ձեռագիր եւ առանց վերամշակումի, առանց բարեփոխելու մնացած, արդէն կը բաւեն իր անունը անջինջ պահելու համար՝ Հայ գրականութեան էջերուն։ Անոնք գրեթէ բոլորն ալ կը պատմեն իր դժբախտ գոյութիւնը, անպատասխան սէրերը, ըմբոստումները ճակատագրին դէմ։

«Գեղուհին»ը բխած է Պետրոս Դուրեանի գրչէն 1870-ի շուրջ։ Ան կը պատկանի արեւմտահայ բանաստեղծներու առաջին սերունդին՝ կազմուած Պոլիս, վիպապաշտ կամ «րոմանթիք», զգացական-գաղափարապաշտ սերունդին, իրենց յատուկ հակումին պատճառով։

Արդարեւ, այս գրական նկարագիրը կը բխի ազդեցութիւններէ, քանի որ անոնք շատ կը հետաքրքրուէին եւ կը կարդային եւրոպացի վիպապաշտներու՝ րոմանթիքներու գործերը, անշուշտ նաեւ իրենց «զարթօնքի սերունդ»ի հանգամանքէն, որ յատկանշական էր շատերուն համար։

Իսկ տխրութեան, տրտմութեան, սեւի եւ սուգի, «դժբախտութեան» որոշ մթնոլորտ մը կը բացայայտնուի, կեանքի ընդհանուր պայմաններով, որոնց կարգին ե՛ւ առողջական, մանաւանդ տնտեսապէս խոնարհ խաւին մօտ, որմէ եկած են իր ամենէն արժէքաւոր եւ յայտնի ներկայացուցիչները։

Եւ ահաւասիկ, այս բոլորը կ՚արտացոլան դեռատի բանաստեղծ Դուրեանի տողերէն։

«Գեղուհի»ն, Դուրեանի տեսիլքը «կնոջական տիպար գեղեցկութեան», կ՚երեւի իբր փխրուն, տկար էակ մը, բայց միանգամայն բուռն, զօրեղ՝ իր բնատուր եւ պարզ գեղեցկութեան մէջ՝ շնորհիւ զինք լեցնող կեանքի խոր ուժերուն։

ԳԵՂՈՒՀԻՆ

Երեկոյ է, բոցավառ է հորիզոն.
Կառք մը կ՚անցնի դագաղի պէս յամրընթաց։
Գեղուհի մը ընկողմանած տրոփէ հոն։
Վերջալոյսի աղջի՞կ մ՚է սա, ո՜վ Աստուած.
Եթէ նայի՝ 
Կ՚ըսես. «Հիմա կը մարի»։

***

Մեղրամոմէ անդրիանդի մ՚է հանգոյն. 
Ի՜նչ դալկահար… Կարծես հաջաղը վառէ
Պատան մ՚է նուրբ ներա վարդիցը տժգոյն։
Աստուած ըզնէ զոյգ մ՚աչերովն կը վառէ.
Եթէ ժպտի՝
Կ՚ըսես.- «Ո՜հ, հի՛մա կ՚անցնի»։

***

Նայիլ կ՚ուզէ, բայց աւելի կը նուաղի.
Սիրտը խունկի պէս կը մխայ սիրավառ։
Նէ շողերու, բոյրերու է թագուհի.
Խոնջ թիթեռնիկ մ՚որ կը խնդրէ ծաղկէ թառ.
Եթէ շարժի՝ 
Կ՚ըսես.- «Հի՛մա կը թռչի»։

***

Լանջն է յուզեալ Ովկիանի մը նման։
Կ՚ուզէ սիրել… համբոյրի մ՚հետ նուաղիլ.
Մաշիլ, խամրիլ, խոնջած ընկնիլ գերեզման,
Քամել սիրոյ կրակէ բաժկին հուսկ կաթիլ.
Եթէ շիկնի՝
Կ՚ըսես.- «Հի՛մա կը բռընկի»։

***

Սըրտի մեղո՛ւ, ինչպէս կոչեց Լամարթին,
Որուն ծընած ծաղիկը՝ սիրտ, մեղրն է սէր։
Ես կոչեմ գնէ կոյս՝ որուն սիրտն է երկին
Անհուն սիրոյ, որ հորիզոն չունի դեռ.
Եթէ խօսի՝
Կ՚ըսես.- «Հի՛մա կը հատնի»։

***

Նէ կը վառի, միշտ կը վառի, չի հատնիր
Տնանկ կընոջ տաճարն վառած ճրագին պէս.
Աստղերու նման գիշեր սիրէ բոցագէս…
Իսկ թէ մեռնի՝ 
Կ՚ըսես.- «Հի՛մա կը ծնի»։

Ի՜նչ մեծ հաճոյք է կարդալ Պետրոս Դուրեանը։

Բայց հարցում մը սիրելի՜ բարեկամներ։ Ի՞նչ կը խորհիք. Պետրոս Դուրեան եթէ այսպէս դժբախտ չըլլար իր կարճ կեանքին մէջ, արդեօք «ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ» մը կ՚ըլլա՞ր…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 1 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023