ՍԻՐՈՅ ՀԱԼՈՑԻՆ ՄԷՋ…
Մարդկային կեանքի մէջ շատ պակասներ կան անշուշտ, որոնց շատ ալ չեն անդրադառնար մարդիկ, տարուելով ամէնօրեայ զբաղումներու տարափէն։ Բայց միշտ կը զգացուի այդ պակասները լրացնելու պահանջքը։
Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ ամենէն շատ կը զգացուի անկեղծութեան պակասը՝ որ հետեւանքն է սիրոյ պակասին։ Եթէ մարդիկ սիրոյ հալոցին մէջ միաձուլուելու պատրաստակամութիւնը ունենային, արժէքը գիտնայի՜ն սիրոյ հրաշագործութիւններուն՝ որոնք կեանքեր կը ստեղծեն, կեանքեր կ՚անմահացնեն, մարդս հաւատարիմ եւ հաստատ կը պահեն իր սկզբնական կոչումին մէջ։ Մէկ խօսքով՝ սէրը կեա՛նք է եւ առանց սիրոյ կեանքը ոչնչութի՛ւն մըն է…։
Արդարեւ, մարդուս պէտք է ներշնչուի քաղաքականութիւն մը, կամ ըսենք, փիլիսոփայութիւն մը՝ որ կաղապարուի, ձեւաւորուի եւ մարմին ստանայ «սիրոյ հալոց»ին մէջ, ուր միաձուլուին զգացումներ, ազնիւ փոխյարաբերութիւններ, անկեղծ արտայայտութիւններ։
Ուստի, ինչպէս անհատական՝ նո՛յնպէս եւ հաւաքական բազմաթիւ հարցերու մէջ վըճ-ռական պատասխանը կու տայ միշտ սի՛րտը, եւ ո՛չ թէ միտքը։
Սիրտն է որ կը հակակշռէ միտքը, ցոյց կու տայ արդար լուծումը եւ պատասխանը հարցին։
Եւ այն լուսաւոր ճամբան, որ հանդուրժողութեան, փոխադարձ հասկցողութեան, հաշտութեան, խաղաղութեան եւ համբերատարութեան ե՛ւ գործակցութեան կ՚առաջնորդէ մարդս, տրամաբանութիւնը չէ՛, չոր եւ ցամաք պայմանադրութիւնը չէ, այլ՝ սիրտն է, ուրկէ կը բխի սէ՛րը։
Անկեղծութիւնը եւ անկեղծ բարեկամութիւնը արդէն ինքնին կը լուծէ ամէն հակառակութիւն, ամէն անհամաձայնութիւն եւ մինչեւ իսկ թշնամութեան թնճուկը։ Տաք եւ սրտաբուխ սէրն է, որ կը գործէ այդ հրաշքը՝ հրաշագործ սէրը, անկեղծ սէրը…։ Եւ այս իմաստով ատելութեան ախտին միակ դեղթափը սէ՛րն է։
Ուստի երբ մարդ իր նմանը ատէ, չի՛ կրնար սիրել։ Ուրեմն պէտք է սիրել, անկեղծ սիրով սիրել, որպէսզի ատելութեան վատ զգացումէն ազատի մարդ։ Ատելութիւն եւ սէր. կը նմանին լեղիի եւ քաղցրի, որոնք երբեք նոյն գաւաթին մէջ չեն դըր-ւիր, այլապէս անգործածելի կ՚ըլլայ այդ անբնական խառնուրդը, որ այլանդակ եւ անհամ բաղադրութիւն մը կ՚ըլլայ անիկա։
Այս ուղղութեամբ հակամարտ տարրերու բուժիչ դեղը կը գտնուի Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներու գրած առաջին նամակին ԺԳ գլխուն մէջ՝ ուր կը խօսի սիրոյ մասին. «Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն…» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 1)։ Առաքելական այս «քարոզ»ը ահաւասիկ շեշտը կը դնէ սիրոյ արժէքին եւ անոր անհրաժեշտութեան մարդկային կեանքին մէջ։
Նախապաշարումներ, կանխակալութիւններ, արհամարհանք, մեծամտութիւն, այս բոլորը արգելք են սիրոյ, կ՚արգիլեն մաքուր սիրտը ազնիւ զգացումներ արտայայտելէ, մութ եւ խաւար կը պատեն սիրտը։ Ուստի մարդ պէտք է թօթափէ իր մէջէն այս բոլոր վատ արգելքները, անշահ, վնասարար զգացումները ե՛ւ ատելութեան մահաբեր ախտը։
Դժուար կրնայ թուիլ ասիկա, նոյնիսկ անկարելի, բայց մարդոց համար անկարելին՝ Աստուծոյ համար կարելի՛ է։ Ուրեմն մարդ պէտք է պատեհութիւն, առիթ տայ Աստուծոյ, որպէսզի իրեն համար «անկարելի»ն կարելի՛ ըլլայ։
Աստուած կը խօսի երբ «Սէր» կ՚առաջարկուի որպէս սպեղանի վէրքերու, եւ որպէս լուծիչ եւ բուժիչ դեղը ատելութեան ախտին։
Եւ երբ կ՚ըսենք. «սիրոյ հալոցին մէջ միաձուլուիլ», կը հասկնանք «մէկ սրտով արտայայտուիլ», զգացումներու մէջ աններդաշնակ չըլլալ, նոյնը զգալ եւ նոյն կերպով՝ անկեղծութեամբ, սրտաբուխ արտայայտել զգացումները, հանդուրժող ըլլալ եւ զիրար հասկնա՛լ։
Նոյն մորմոքող սրտով խօսիլ եւ արտայայտուիլ անխտիր։ Հասարակաց զգացումով, միասիրտ վարուիլ նոյն երեւոյթի, նոյն դէպքին նկատմամբ։ Արդարեւ հասարակաց զգացումը կը գերազանցէ հասարակաց միտքը. քանի որ միտքեր կրնան փոխուիլ, բայց զգացումները միշտ նոյնը կը մնան բնական պայմաններու ներքեւ։ Եւ այս իսկ պատճառով, հասարակաց զգացումը միշտ կը հակակշռէ միտքը։ Սրտին խօսքը սիրոյ խօսքն է, եւ սէրը ամենամեծ արժէքն է կեանքին՝ ճշմարտութեա՛ն։
Որեւէ դէպքի մը հանդէպ նոյն զգացումներով վարուիլ բնական երեւոյթ մըն է, բայց որեւէ դէպքի նկատմամբ տարբեր մտածել, տարակարծիք ըլլալն ալ նոյնքան բնական է եւ մարդկայի՛ն։ Գեղեցիկին հանդէպ սիրով արտայայտուիլ բնական է, բայց նոյն գեղեցիկին հանդէպ տարբեր կարծիքներ ունենալն ալ նոյնքան բնական է։
Բոլոր այս իրողութիւնները ցոյց կու տան, թէ անփոփոխը զգացումներն են, եւ մանաւանդ ամենէն ազնիւ զգացումը՝ սէրը, եւ ուրեմն սիրտը՝ զգացումները՝ սէ՛րը ճշմարտութեան արտայայտութիւններն են, որոնք ընդհանրապէս չեն փոխուիր։ Բայց մտքի արտայայտութիւնները՝ կարծիքներ, համոզումներ, հաւատալիքներ միշտ փոփոխական են՝ զանազան եւ իրարմէ տարբեր։
Զոր օրինակ, մահը միշտ տրտմութիւն կը պատճառէ՝ ցաւ եւ վիշտ, մահուան ուրախանալ շատ անբնական զգացում մըն է։ Սակայն մահուան մասին ամէն մարդ նոյն կարծիքը, նոյն համոզումը եւ նոյն մտածումը կրնայ չունենալ։ Եւ այս ալ կ՚ապացուցանէ, թէ զգացումները՝ ընդհանրապէս հասարակաց են, իսկ մտածումները անհատական եւ ուրեմն տարբե՛ր։
Եւ ահա այս պատճառով, ինչո՞ւ զիրար չսիրենք։ Միայն մա՞հ պէտք է սիրած ըլլալու իրականութեան անդրադառնալու համար։ Միայն ցաւ եւ վիշտ պէտք է յիշելու համար որ պէտք է սիրել իր նմանները, քանի որ մարդուս նմանը՝ ուրիշ մէկը չէ՛, այլ նոյնինքն իր պատկե՛րը։
Երբ զգացումները հասարակաց է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ մտածումներն ալ նուազագոյն գծի մը վրայ չմիանան, «հասարակաց միտք» մը չկազմուի։
Անշուշտ նոյն կերպով խորհիլ կարելի չէ, քանի որ մարդ մտածող, դատող էակ մըն է, բայց գոնէ մտածումները գիտնայ հակակշռել զգացումներով եւ մանաւանդ սիրոյ մաղէն անցընելով։
Բնական է, մարդիկ կը տարբերին մտածումներով, կարծիքներով, համոզումներով, հաւատալիքներով, բայց մարդասիրական զգացումներով՝ ո՛չ։
Ուստի, ո՛չ թէ «գաղափարափոխութիւն», այլ «հոգեփոխութիւն» պէտք է մարդուս համար։ Երբ սէր կայ, ուրեմն ինչո՞ւ ատենք զիրար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 13, 2019, Իսթանպուլ