ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍԻՆ

Նորութիւնը գեղեցիկ է արդարեւ եւ յուսախաբութիւն չի պատճառեր, քանի որ նորը եւ նորութիւնը միշտ յոյս մը ունի իր մէջ։ Ուստի գեղարուեստի որեւէ ճիւղ ընդգրկել եւ անոր մէջ անուն մը ունենալ բաղձացող երիտասարդներ պէտք է նկատի ունենան այս իրականութիւնը։

Գեղարուեստը որքան գնահատողներ, նոյնքան ալ անոր հանդէպ անտարբեր գտնուողներ կան այս աշխարհի վրայ։ Կան, որովհետեւ ճաշակը յարաբերական արժէք մըն է, եւ մարդու համեմատ կը փոխուի։ Արդարեւ, լուրջ խորհողներու համար, որոնք իրենց ամբողջ խորհուրդը կը չարչրկեն՝ գեղարուեստի մը կամ արուեստագէտի մը իսկական հանգամանքը եւ գնահատումը, ստանձնած կոչումը ցուցադրելու համար, գովաբանութիւնը շատ դժուարին գործ մըն է։ Վերլուծուած գեղարուեստական գործերէ եւ անհատական միտումներէ ճշգրտութիւն մը կարենալ երեւան բերելու, եւ զայն անաչառօրէն պատկերացնելու համար, լուրջ գնահատող մը կը հարկադրուի յաճախ ինքզինք մոռնալ, ջնջել իր մտածումները, եւ ամբողջովին իր մէջ փոխադրել գնահատումի առարկայ եղող արուեստագէտին կամ գեղարուեստական գործին սկզբունքները, իւրացնել զանոնք օրուան մը կամ վայրկեանի մը համար, այնուհետեւ միայն կարենալ զանոնք մի առ մի քննելու, ուսումնասիրելու իրեն սեփական խորհրդածութեան լոյսով։

Իսկ ընդհակառակը, անոնց համար, որոնց մէջ լրջութիւնը գոյութիւն չունի, եւ խորհուրդը խուսափուկ՝ ակներեւութային լուսարձակով հազիւ կը լուսաւորէ ուղեղին խորշերը, գնահատումը ամենէն դիւրին սեռն է գեղարուեստին։

Հոս պէտք է մատնանշել, թէ՝ «գնահատում» չի նշանակեր «գովել»։

Անձի մը կամ գործի մը իրական գնահատումը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդկութեան մէջ ի՛նչ կ՚արժէ խնդրոյ նիւթ անհատը, թէ գեղարուեստի մէջ ի՛նչ կ՚արժէ քննադատութեան ենթարկուած գեղարուեստական գործը։

Արդարեւ, ամէն ձեռնարկ իր գնահատողները ունի։

Շուկան անգամ «գնահատող»ներու դասակարգ մը ունի իր մէջ, առեւտրական իւրաքանչիւր ճիւղի համար, որուն միակ գործն է «գնողին հաշուոյն գնահատել ապրանքները», դիւրացնելու համար վաճառականական գործը, եւ կատարուած ձեռնարկները փրկելու խարդախութիւններու վտանգէն։ Եւ եթէ կը գտնուին «գնահատող»ներ, որոնք մերթ չարաչար կը գործածեն՝ կը շահագործեն յաճախորդներու կողմէ յայտնուած վստահութիւնը, այդ զեղծանումը պատճառ մը չէ՛, որ մենք գէշ աչքով նայինք բուն իսկ գնահատելու անհրաժեշտ սկզբունքին եւ անոր կարեւորութեան, եւ գնահատողներու փորձառութեան կարողութեանը վրայ։

Արդարեւ, յաւիտենական եւ անայլայլելի ճշմարտութի՛ւն մըն է սկզբունքը՝ թէ «զեղծումը եղծում չի նշանակեր բնաւ»։

Առեւտրական հրապարակի վրայ, վաճառականական մեծ տուները եւ հաստատութիւնները ամենէն աւելի փոյթը ունին կարեւորութիւն չտալու ամէն հանդիպողի, որ «գնահատողի հանգամանք»ով մը կ՚ուզէ մտնել իրենց գործերուն մէջ։ Գնահատումի ձեռնհասութեան համար, կարգ մը պայմաններ կան, որոնց ամբողջական ստացումը միայն կրնայ իրաւունք տալ մարդու մը, «գնահատող»ի տիտղոսին արժանանալու համար։

Գեղարուեստական ասպարէզը, - աւելի մեր մէջ անշուշտ - միա՛կն է իր տեսակին մէջ, ուր գնահատողի համար պայման գոյութիւն չունի երբեք։ Մինչ այդ, պէտք է յիշել այն իրաւացի յանձնարարութիւնը՝ որ ծանօթ է բոլորիս.

«Կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր…»։

Երբ ճշմարիտ արուեստագէտներ հազիւ թէ մատի վրայ կը համրուին եւ նոյնպէս հազիւ թէ ունին իրենց անաչառ գնահատողները՝ որոնք կատարելապէս ձեռնհասութիւնը ունեցած ըլլան իրենց կոչումը արդարացնելու համար։ Այս ուղղութեամբ հազարաւորներ «կարծիք» միայն կրնան յայտնել, բայց անոնք կարծիքը չեն շփոթեր բնաւ իրական «գնահատում»ին հետ։

Բայց ընդհանրապէս, ամէն «կարծիք» իր կշիռը կը թուի ունեցած ըլլալ անձերու կամ գեղարուեստական գործերու դատաստանին մէջ։ Բայց յաճախ կը մոռնանք, որ «կարծիք» մը եւ «գնահատում» մը ո՛րքան կը տարբերին իրարմէ։

Կարծիքը բոլորովին անհատական, եւ ուրեմն ենթակայական համոզում մըն է, կանխակալութեամբ կամ զանազան նկատումներով ձեւուած, մինչ գնահատումը, ուղղակի՛ կապ ունի խնդրոյ նիւթ առարակային կամ անձին բնութեանը, կշիռին եւ արժէքին հետ, եւ այդ առարկային կամ անձին իսկական արժէքին նկատումին մէջ է իր գոյութեան ալ իրաւունքը։ Եւ այս իմաստով, գնահատումը առարկայական համոզում մըն է։

Ուստի, կը հետեւի, թէ «կարծիք» եւ «գնահատում» պէտք չէ որ նոյնացած բառեր համարուին։ Այս շփոթութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ կարծիքին, եւ ո՛չ գնահատանքին արդարացուցիչ պատճառները փնտռուին, որպէսզի կեղծ եւ կարծեցեալ գնահատանքներ չնուաստացնեն գեղարուեստական գործերու իրական արժէքը։ Ուստի «կարծիք»ներն ալ պէտք է հիմնուին բանաւոր հիմերու վրայ։

Արդարեւ, «կարծիք» յայտնելու համար ալ անհրաժե՛շտ է նուազագոյն տեղեկութիւն մը ունենալ կարծիք յայտնուած նիւթին կամ անձին մասին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 15, 2021, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021