ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Ահաւասիկ, տարի մը եւս կը գտնուինք կեանքի օրինադրեալ փոփոխութեան մը սեմին՝ Մեծ Պահքի մուտքին։ Եւ ահաւասիկ այս ըմբռնումով՝ մուտք գործելէ առաջ ներելի կը համարուին կերուխումի առատութիւնը, թերեւս քիչ մըն ալ անժոյժ եւ անչափ աստիճաններու մէջ, շռայլութեան հասնելու չափ։ Կերուխումի առատութիւնը եւ մարդուն իր վարմունքներուն մէջ ազատութիւնը «դրախտ»ի հոգեվիճակը կը ներկայացնէ, հոն՝ ո՛ւր մարդ ազատ էր, բայց եւ այնպէս իր ազատութիւնը «չափ» մը ունէր աստուածային արգելքով մը։ Բայց հոն ուր բանաւոր արգելք մը կայ, հոն կայ նաեւ իսկական ազատութիւն, քանի որ թոյլատրուած սահմաններուն մէջ մարդ ազատօրէն, առանց որեւէ արգելքի կրնայ գործածել եւ գործադրել իր կա՛մքը։

Ահաւասիկ, այս պայմաններու մէջ, Բարեկենդանը դրախտային կեանքին պատկերն է. այս շրջանին թոյլ կը տրուի, որ խստակրօն կեանքի պարտադրութիւնները մեծ մասամբ մեղմացուին, անշուշտ, առանց ելնելու թոյլտուութեան եւ թողութեան պատշաճ սահմաններէն՝ ինչպէս էր դրախտի մէջ։ Եւ այս իրողութեան մէջ կը խտանայ «Բարեկենդան»ի իրդարձութիւնը եւ իրականութիւնը։

Ուստի, դրախտային կեանք ապրիլ կ՚ենթադրէ չափ եւ սահմաններուն հաւատարիմ մնալով ազատութիւնը վայելել, եւ ո՛չ թէ շռայլօրէն ապրիլ կեանքը։ Եւ դարձեալ, այս իմաստով, ազատութիւնը երջանկութիւն կը ստեղծէ այնքան ատեն, որ չափաւոր եւ պատշաճ կերպով կը գործածուի։ Ազատութիւնը վայելել կը նշանակէ՝ օրինապահ ըլլալ եւ հնազանդիլ ազատութեան պայմանադրութիւններուն՝ հաւատարիմ մնալով անոր սահմաններուն։

Արդարեւ, ազատութիւնը, զայն վայելողին պատասխանատուութիւն մը կը բեռցնէ։ Եւ այսպէս պէտք է հասկնալ Բարեկենդանի եւ Մեծ Պահքի յաջորդականութիւնը՝ որ ներկայ իրադարձութիւններն են…

Ազգականներ, բարեկամներ ի մի հաւաքուելով՝ քրիստոսաւանդ սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մը մէջ վայելելու են այս շրջանը։ Պէտք չէ որեւէ խիստ չափ եւ սահման ըլլայ փոխյարաբերութիւններու եւ տեսակցութիւններու մէջ՝ անվերապահ եւ անկասկած՝ անկեղծ ընտանութիւն մը ըլլալու է բոլորին շարժուձեւին մէջ։

Եւ մէկ խօսքով՝ Բարեկենդանին իմաստին եւ նպատակին համեմատ եւ թափանցելով անոր խորհուրդին՝ պատրաստուելու է կեանքի փոփոխութեան մը՝ բարեփոխուելու, աւելի լաւ, աւելի աշխոյժ, աւելի ուշադիր ըլլալով մեր կոչումին իրականացման։ Լքելու է ինքնասիրութիւնը, ըլլալու՝ այլասէր. «սիրել զիրար, ինչպէս Յիսուս սիրեց եւ կը սիրէ մեզ…»։

Աւանդապահ ընտանիքներ, տուներու մէջ, Բարեկենդանի առթիւ զգալի փոփոխութիւններ, պատրաստութիւններ կ՚ընեն. զոր օրինակ, ամաններ, անօթներ խնամքով կը լուացուին եւ կը մաքրուին, այն մարգարէական պատգամին համաձայն, թէ կը պատուիրէ. «լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, սրբացէ՛ք»։

Սա, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը չունենալու հետեւանքը շատ ծանր է, ան որ պատասխանատուութեանը համաձայն չի վարուիր, ազատութեան սահմանները կ՚անցնի, անտարբեր կը գտնուի տուեալ կանոններու եւ օրինազանց կ՚ըլլայ՝ կը տուժէ, եւ թէ ծա՛նր կը տուժէ… Դրախտէն դժոխք, Բարեկենդանէն Մեծ Պահք՝ ապաշխարութեան շրջան։ Եւ այս կը նշանակէ՝ ուրախութենէն տանջանք։

Բարեկենդանը՝ Մեծ Պահքէն առաջ, անոր նախընթաց ազդարարութիւն մը, ինքնաճանաչութեան կոչ մըն է. մարմնականի եւ հոգեւորի անդրադարձո՛ւմ մը։

Արդարեւ, պատահական չէ այս Բարեկենդանի եւ Մեծ Պահքի յաջորդականութիւնը։ Պահքը կը սկսի, իր սովորական առումով եւ ընթացքով սեղաններու ժուժկալութենէն եւ մարմնի վերաբերեալ սանձումներէն՝ բարձրանալու համար հոգեկան համակարգութեան՝ տիսիփլինի, հոգեկան պահքի, պահեցողութեան։

Այսօր, ընդհանրապէս, պահքը չի պահուիր, որովհետեւ շատերէն կը նկատուի իբրեւ «արտաքին իրողութիւն» մը՝ մարմնին պարտադրուած «անիմաստ» բեռ մը, աննպատակ «աւանդութիւն» մը՝ անցեալէն մեզի ժառանգ մնացած «աւելորդապաշտութիւն» մը։

Ահաւասի՛կ, ազատութեան սահմանաւոր վայելք մը ըլլալու խորհուրդին թափանցած չըլլալու ցայտուն օրինակ մը. այն ի՛նչ որ մարմնին տրուած է որպէս ազատութիւն, ունի իր բանաւոր սահմանները եւ չափը՝ որուն պարտի յարմարիլ զայն վայելողը։ Ուստի, պահքը եթէ կրօնական արարմունք մըն է արտաքին ձեւով, իր խորքին մէջ Աստուծոյ երթալու պատրաստութիւնն է, առիթը հոգիի փրկութեան։ Մեր Եկեղեցւոյ հայրերու ամբողջութիւնը սակայն, որոնք մեր օրերու հմուտ բժիշկներուն չափ կը հասկնային մարմիններէն եւ աւելին՝ հոգիէն, պահքի դրութեան որդեգրումով կ՚ուզէին բուժել հոգին մարմինին միջոցաւ, այսինքն կազմակերպել մարմինը որպէսզի հոգիին ծաղկաւորման, ճիւղաւորման ասպարէզ բացուի։ Մարդը ռազմավայրն է իր հոգեկան եւ մարմնական հանդիպումներուն եւ բախումներուն։

Բացայա՛յտ է, որ Բարեկենդանը եւ Մեծ Պահքը կարեւոր եւ անուրանալի տեղ մը ունին մեր կեանքին մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 16 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2023