ԵՐԱՆԻ՜ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ԱՌԱՋ
Մարդկութիւնը վարակուած է հիւանդութեամբ մը՝ որուն ախտորոշումը տակաւին ընել չենք յաջողած։ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին ի նպաստ կատարուած դրամահաւաքը դարձեալ մեր դիմաց պարզեց այդ ախտանիշը, որ տրամաբանութեան սահմաններէն դուրս ըլլալ կը կարծենք։
Երկրաշարժէն վնասուող ընտանիքներու առ ի մխիթարանք ու օգնութիւն բազմամիլիոն գումար հանգանակեց թուրք պետութիւնը, որ ինչքան դրական, նոյնքան ալ որոշ ախտեր կը պարունակէ իր մէջ։
Մեր մարդկային մեծագոյն տկարութիւններէն մէկն է հիւանդը անտարբերութեամբ դիտել, սակայն մահանալէ ետք դեղ տալու համար մրցիլ, առանց տրամաբանելու, որ դեղը կենդանութեան պէտք է եւ ոչ յետ մահու։
Թուրք գործատէրեր մեծամեծ գումարներ նուիրելու մէջ մրցակցութեան անցան, սակայն պէտք է ուսումնասիրել, թէ անոնցմէ քանի՞ն նախքան երկրաշարժը հետաքրքրուած էր այդ մարդոց կենցաղով եւ որպիսութեամբ։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ հանգանակուած գումարով կարելի պիտի ըլլար ամրացնել շատ մը անկայուն շինութիւններ, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար փրկել նաեւ հազարաւորներու կեանքը։ Բազմահազար մարդոց կորուստէն ետք նիւթական մեծամեծ օգնութիւնները հիւանդին մեռնելէն ետք դեղ տալու չի՞ նմանիր։
Պէտք է անպայման ծա՞յր հասած ըլլայ, որպէսզի գիտակցինք, թէ հիւանդութիւն մը սկզբնական վիճակին աւելի յոյս ունի դարմանի՝ քան յառաջացած վիճակին մէջ։
Հայերս անմասն չենք այս մարդկային տարօրինակ երեւոյթէն. լաւապէս տեղեակ ըլլալով վարժարանի մը նիւթական դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն՝ կը շարունակենք օտար ու անտեղեակ ձեւանալ, սակայն դպրոցին փակուելու լուրը լսելուն պէս կը զարմանանք ու կը «ցաւինք» ու աւելին՝ մինչեւ իսկ կը բամբասենք։
Մեր հայկական հաստատութիւններէն շատեր այս պատճառով առ յաւէտ փակեց իր դռները, որովհետեւ մեր «ցաւող» ազգը միայն կորուստէ ետք մտաբերեց օգնութեան ձեռք երկարել։
Աստուած մի արասցէ նման երկրաշարժ մը պատահի մեր հայրենիքէն ներս, պատկերը տարբեր պիտի չըլլայ. մինչեւ օրս հայութեան համար ոչ մէկ բան ըրած մեծահարուստներ պիտի յայտնուին, եւ ի սէր իրենց անուան բարձրացման մեծ գումարներ շռայլեն։
Այսօր Հայաստանի ծայրամասերը կ՚ապրին ահաւոր թշուառութեան մէջ. անոնց նկարները համացանցի կամ հեռուսացոյցի ճամբով կարելի չէ տեսնել, որովհետեւ Հայաստանէն եւ հայութենէն կտրուած ու լքեալ կեանք մը կ՚ապրին։ Հոն կարելի է տեսնել դժբախտութեան բոլոր գոյները եւ տարիներ ետք, դժբախտ դէպք մը պատահելէ ետք Յակոբին կամ Սեդրակին նուիրած միլիոնները ոչ մէկ օգուտ կրնայ ունենալ։
Գնահատելի երեւոյթ է դժուարութեան պահին օգնութեան ձեռք երկարելը, սակայն ա՛լ աւելի գնահատելի է երբ ոչ թէ դժբախտութիւնը, այլ նոյն արիւնը կրելու զգացումն է, որ կ՚առաջնորդէ այդ քայլերուն։
Երանի՜ օր մը պատահելիք դժբախտութեան նուիրաբերուելիք գումարները հիմա ի մի հաւաքուին եւ անոնց օգնութեամբ բարելաւուի կեանքը անոնց՝ որ առանց երկրաշարժ ապրելու երկրաշարժի զոհի մը դժբախտ կեանքովը կ՚ապրին։ Երանի ամէն պետութեան նման Հայաստանը եւս դասեր քաղէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտէն, որովհետեւ հաւանականութենէ հեռու չէ որ նոյնը օր մը պատահի այստեղ։
Վերջապէս պետութիւններ սորվին, որ իրերօգնութիւնը միայն աղէտի մը ժամանակ չէ որ ի գործ պէտք է դրուի։ Մարդ ո՛չ թէ իր դժբախտութեան, այլ իր մարդ ըլլալուն համար է որ պէտք է արժեւորուի, գնահատուի եւ սիրուի։
Թող Աստուած մարդոց մեծահարուստներու բարերարութեան ենթակայ ու կարիքաւոր չձգէ, այն յոյսով որ մարդասիրութիւնը շարունակէ գոյութիւն ունենալ նաեւ դժբախտութիւններէն ետք ալ՝ մի՛շտ եւ ամէն տեղ։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -172-
Հանգուցեալ եկեղեցական մը ամէն անգամ Միացեալ Նահանգներէն Անթիլիաս գալով կը փորձէր այս կամ այն սարկաւագին ձեռքը գումար տալ, ինչ որ սկզբնական շրջանին կը դիտուէր որպէս առատաձեռնութիւն ու բարերարութիւն։ Ժամանակ մը ետք սակայն պատճառը պարզուեցաւ. եկեղեցականը ունէր այն համոզումը, որ անձի մը մի քանի «ղուրուշ»ով օգնելով կրնաս զայն քեզի «ենթակայ» դարձնել։ Գումարը ստացող սարկաւագը սրբազան հօր խնդրանքը որպէս հրաման պիտի ընդունէր եւ ամէն գործ մէկ կողմ ձգած պիտի «ծառայէր» իրեն, որովհետեւ վերջապէս դրամ տուած էր...
Այս մէկը ի գործ դրաւ յաճախ, մինչեւ որ այլեւս մարդ սկսաւ գումար չվերձնել սրբազանէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024