ԱՆ ՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՆՈՒՆՈՎ ԿՈՒ ԳԱՅ
Մեծ պահոց 40 օրուայ պահեցողութեան շրջանը երբ կը բոլորենք եւ օրերը կը հասնին իրենց լրումին, հաւատացեալներ ներհայեցողութեան միջոցով հոգեւոր հաշուեյարդար մը կը կատարեն եւ որոնք կարողացած կը զգան իրենք զիրենք նուազագոյն կերպով հաւատարիմ մնացած ըլլալ այս շրջանին իմաստին ու նպատակին, գոհութեան զգացումով կ՚ուրախանան։ Եւ ո՜րքան գեղեցիկ զգացում մըն է՝ պարտքն ու պարտականութիւնը կատարած ըլլալու այդ զգացումը։ Աշխատիլ, ի հարկէ յոգնիլ, բայց յետոյ, այդ գոհացումի քաղցր զգացումով տոգորուիլ, ահաւասիկ ա՛յս է Մեծ պահոց 40 օրերու վերջաւորութեան բնական ու բանական հոգեւոր ապրումը։
Արդարեւ մարդուս կեանքին մէջ անխուսափելի են գայթակղութիւններ, մեղքի շարժառիթներու ենթարկուիլ, սխալանքներ, բայց բոլոր ասոնցմէ ձերբազատուելու առիթ մը, միջոց մըն էր Մեծ պահքի 40 օրերու շրջանը՝ մեղքերը քաւելու համար ապաշխարութեան խոստովանութիւնը, զղջումը եւ մանաւանդ անդրադարձումը սխալներու, մեղքերու, ընդհանրապէս անհնազանդութիւններու։ Մեղքը, սխալանքը մարդուս համար անխուսափելի են, անոնք կը նմանին փոշիի եւ կամ աղտի, բիծի՝ որ կը տեղաւորուի կարասիներու վրայ, կամ մարդուս մարմնին վրայ եւ որ պէտք է յաճախ սրբել ու մաքրել զայն։ Ուստի կարեւորը աղտոտիլ կամ փոշոտիլն չէ՛, քանի որ բնական է այդ ե՛ւ անխուսափելի, կարեւորը սակայն աղտը սրբել, փոշին մաքրելն է եւ մանաւանդ սրբելէ եւ մաքրելէ երբեք չձանձրանալ, չվհատիլ եւ տեւական սրբել, տեւական մաքրել…։
Եւ ահաւասիկ Հայ Եկեղեցւոյ Օրացոյցին համաձայն Մեծ պահքի 40 օրերու վերջաւորութեան կը դիմաւորուինք Ղազարոսի մեռելներէն յարութեան հրաշալի՜ դէպքին յիշատակին։
Յիսուս երկրի վրայ ապրած իր 33 տարիներու ընթացքին եւ յատկապէ՛ս իր կեանքի վերջին երեք տարիներուն, որոնք եղան քարոզչութեան եւ աւետարանչութեան բեղուն շրջան մը, Աստուծոյ հետ մարդկութիւնը հաշտեցնելու տարիներ, աստուածային սիրոյ բոլոր սահմանները բացաւ մարդկութեան առջեւ։ Այս շրջանին է մանաւանդ, որ հիւանդներ բժշկուեցան եւ նոյնիսկ մահացածներ վերստին կեանքի կոչուեցան։ Քարոզչութեան այդ շրջանին, Յիսուս կապ հաստատեց նաեւ ընտանիքներու հետ, ինչպէս աշակերտներուն եւ բազմաթիւ հետեւորդներուն հետ։
Եւ ահաւասիկ այդ ընտանիքներէն էր Ղազարոսի ընտանիքը։ Այդ ընտանիքի անդամներն էին Ղազարոս, ինք, եւ երկու քոյրերը՝ Մարիամ եւ Մարթա։
Ըստ Յովհաննէս Աւետարանիչի վկայութեան՝ Ղազարոս հիւանդ էր եւ անոր քոյրերը մարդ կը ղրկեն Յիսուսի, որպէսզի անոր ըսեն, թէ իր սիրելի բարեկամը հիւանդ է։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Այս հիւանդութիւնը ո՛չ թէ մահուան, այլ Աստուծոյ փառքին պիտի ծառայէ եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 4)։ Եւ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ Ղազարոսին քով երթալու համար դէպի Բեթանիա մեկնեցաւ։ Բայց երբ հասաւ, արդէն իսկ Ղազարոս չորս օրէ ի վեր թաղուած էր։
Ղազարոսի քոյրը՝ Մարթա երբ լսեց, թէ Յիսուս կու գայ քարոզչութեան այս բեղուն շրջանին, բացի իր աշակերտներէն, Յիսուս հետաքրքրուեցաւ ամբողջ ժողովուրդին հետ՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքաբար։ Եւ դարձեալ, ահաւասիկ այս շրջանին է, որ Յիսուս վերստին կեանքի կոչեց Ղազարոսը, որ արդէն չորս օրէ ի վեր գերեզմանն էր։
Յարութեան այս հրաշքը, սիրելի՜ բարեկամներ, բացառիկ հրաշք մըն է, զոր գործեց Յիսուս իր քարոզութեան շրջանին։ Այս հրաշքը եզակի՛ է, քանի որ Յիսուս ապացուցուց, փաստեց, թէ ինք Աստուած է եւ ի՛նք միայն կարող է մեռեալները գերեզմանէն դուրս հանել եւ «նոր կեանք» պարգեւել անոնց։ Մինչ այդ մարդկութեան ամբողջ պատմութեան մէջ նման հրաշք չէ՛ր արձանագրուած։ Եւ այդ իսկ պատճառով ան «եզակի՛» է։
Խուզարկող, փնտռող եւ հետազօտող մարդկային մտքին համար բնական է հարցնել, թէ Յիսուս ինչո՞ւ կատարեց այդ հրաշքը։
Յիսուս կատարեց այդ հրաշքը, քանի որ Ան յաջորդ օրը մուտք պիտի գործէր Երուսաղէմ։ Ան որպէս արքայ եւ թագաւոր Իսրայէլի, արքայավայել կերպով պէտք էր մուտք գործել Երուսաղէմ՝ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ առաքուած մեսիա, այսինքն օծեալ Քրիստոս՝ սպասուած փրկիչը։
Եւ մարդիկ Փրկիչէն կը սպասէին, որ կեանք տայ, կեանքեր նորոգէ, վերակենդանացնէ, եւ ահաւասիկ Ան վերակենդանացուց չորս օրէ ի վեր թաղուած Ղազարոսը. իրապէ՛ս Ան սպասուած Փրկի՛չն էր…։
Ծաղկազարդի Կիրակի օրը, առաւօտ ժամերուն Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէ գիւղը, որ կը նշանակէ՝ «թզենիի տուն» եւ կը գտնուի Ձիթենեաց լերան կողին եւ Երուսաղէմէ երեք-չորս քիլօմեթր հեռու։ Տէրը ըսաւ իր աշակերտներուն. «Գացէք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ (աւանակ=իշաքուռակ՝ իշու ձագ), քակեցէ՛ք եւ ինծի բերէք։ Եւ եթէ մէկը առակրէ, ըսէք.- Տէրը պէտք ունի։ Եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 1-3)։
Յիսուս նստաւ կենդանիին վրայ եւ ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ։ Ճամբուն վրայ խուռներամ բազմութիւն հաւաքուած էր եւ կը փառաբանէին զԻնք։
Եւ այս ոգեւորութեան մէջ, Յիսուս մուտք գործեց Երուսաղէմ եւ գնաց տաճար՝ աղօթելու…։
Եւ դարձեալ, տեսնելով տաճարին մէջ կատարուածները, ընդհանուր տեսարանը, սիրտը ճմլուեցաւ, ցաւ ու վիշտ զգաց, եւ ինչպէ՛ս այսօր պիտի ըլլար, քանի որ Աստուծոյ տունը՝ որ աղօթքի տուն է, վաճառքի եւ առեւտուրի կեդրոնի էր վերածուած՝ անձնական շահերու բազմաճիւղ գործունէութեան վայր մը։
Յիսուս դո՛ւրս հանեց այնտեղէն բոլոր «առեւտրական»ները, աղաւնեվաճառները եւ լումայափոխները եւ քանդեց անոնց սեղանները։
Իմ շա՜տ սիրելի բարեկամներ, ամէն անգամ որ Ծաղկազարդը կը տօնենք, ցա՜ւ կը զգամ, աւելի լաւ է ըսել, ցաւս կը կրկնապատկուի, մանաւանդ կը կարդացուի Աւետարանի հատուածը։
Անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանելու քաջութիւնը ունենանք, սիրելի՜ներ, երբ այսօր ալ դիտենք մեր շուրջը, դիտենք Եկեղեցին, կը կարծէ՞ք տեսնել Յիսուսի շրջանէն տարբեր տեսարան մը հոն, կը կարծէ՞ք որ երբ Յիսուս յանկարծ յայտնուի հոն, տարբեր վարմունք պիտի ունենայ…։ Եւ կը ցաւինք, կ՚ափսոսանք երբ կը տեսնենք գրեթէ նոյն տեսարանը Եկեղեցւոյ մէջ, թերեւս ժամանակի ընթացքին քիչ մը փոխուած երեւոյթով, կ՚արտասուենք, արցունք կը թափենք, եւ կը խոստովանինք, որ զղջացած ենք Եկեղեցին այսքան մօտէն դիտելու, այդ բոլոր ցաւառիթ եղելութիւնները ապրելու ստիպուած ըլլալնուս։ Ուստի հաւատացեալի մը երեւակայացած ու ենթադրած Եկեղեցին այս չէ՛, հոն ուր շատեր՝ միա՛յն իրենց անձնական շահը կը հետապնդեն՝ բոլորովին շեղած Եկեղեցիի նպատակէն։ Մանաւանդ հոն՝ ո՛ւր սիրոյ, խաղաղութեան, անդորրութեան, զոհողութեան եւ մանաւանդ աղօթքի տեղ է եւ հոն՝ ուր, դժբախտաբար շահամոլութիւն, օգտապաշտութիւն, եսամոլութիւն եւ խռովութիւն, խառնակութիւն, քէն ու կռիւ կը տիրէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 29, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024