ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
Մեծ պահքի կիրակիներուն չորրորդը կը կոչուի «Տնտեսի Կիրակի», իր պատմութեան ընդհանուր բովանդակութեան պատճառով։ Այս պատմութեան մէջ կը պատմուի՝ մարդու մը խորագիտութիւնը կամ հնարամտութիւնը։ Հարցը սա է՝ երբ աշխարհային մարդիկ այսպիսի հնարքներ կը ստեղծեն եւ կեանքի մէջ «յաջողութիւն» ձեռք կը ձգեն, «լոյսի որդիներ», այսինքն երկնայիններ ալ պէ՛տք է հնարամիտ ըլլան, որպէսզի հոգեւոր կեանքի մէջ կատարեալ ըլլան։
Կեանքը տնտեսել, այսինքն տրուած շնորհները լաւ գործածել պէտք է եւ ամէն մարդ իր կարգին յատկութիւններ ունի, որը պէտք է լաւ տնտեսէ, օգտագործէ, որպէսզի իր բարի նպատակին հասնի։
Աշխարհայիններու հնարամտութիւնը օրինակ մըն է լաւ տնտեսութեան, լաւ օգտագործութեան առիթները։
Առակը լաւ հասկնալու՝ տրուած օրինակէն կարենալ օգտուելու համար, պէտք է նախ նկատի ունենալ՝ թէ «լոյսի որդի»ները անոնք են՝ որ ճշմարիտ լոյսով՝ Յիսուս Քրիստոսով լուսաւորուած են։ Ճշմարիտ լոյսով լուսաւորուած ըլլալ կը նշանակէ՝ իրենց կեանքը ըստ Յիսուս Քրիստոսի կանոնաւորել եւ կարգաւորել, Անոր համաձայն ապրիլ, կեանք վարել եւ հրաժարիլ ամէն տեսակ մոլութենէ, չար գործերէ։ Բարութեան ճամբան ընտրել, կը նշանակէ «լոյսի որդի» ըլլալ։ Անշուշտ ասիկա, դժբախտաբար կրնայ «միամտութիւն», «պարզամտութիւն» համարուիլ «աշխարհի որդի»ներու կողմէ։ Չէ՞ որ կեանքի մէջ երբ մէկը իրապէս «բարի» է, քիչ մը «միամիտ» կը համարուի ընդհանրապէս։ Ուստի կեանքի մէջ մարդ քիչ մը խորամանկ, քիչ մը հնարագէտ ըլլալու, մէկ խօսքով՝ «աչքը բաց» վարուելու է, կ՚ըսեն անոնք՝ որ կեանքը միայն «պայքար» մը կ՚ընդունին։
Որոշ չափով իրաւացի կարելի է նկատել այդպէս մտածողները, քանի որ ամէն պայքարէ միշտ ուղղամտութեամբ կարելի չէ յաղթական ելլել, պէտք է խորամանկ ըլլալ, չափել, կշռել ուժերը եւ ըստ այնմ շարժիլ։ Եւ այս գործընթացը, իր ընդհանուր առումով կը կոչուի «տնտեսե՛լ»։ Մարդ որքան լաւ տնտեսէ կեանքը, այնքան շատ կը հասնի իր նպատակին։
Հոգեւոր կեանքի մէջ ալ նոյնն է պարագան։
Հոգեւոր-երկնային կեանքն ալ մարդ պէտք է լաւ տնտեսէ, լաւ վարէ, այնպէս որ կարենայ օգտակարը վնասակարէն, բարին չարէն, գեղեցիկը տգեղէն զատել, որոշել եւ ըստ այնմ կշռել կեանքը, վարել կեանքի պայքարը։ Եւ եթէ կեանքը «կռիւ» մըն է, ապա ուրեմն պէ՛տք է ուժերը լաւ օգտագործել, այսինքն չափաւոր տնտեսել, հաւասարակշռե՛լ։
Եւ երբ «լոյսի որդի»ներ Յիսուսի ճշմարիտ լոյսը ընդունողներ, անով լուսաւորուողներ են, «աշխարհի որդի»ներն ալ, ընդհակառակը, կը նախընտրեն խաւարը, ասոր համար կը նախընտրեն կեանքի վայելքներ ձեռք ձգել, իրենց կեանքը ըստ վայելքներու վարել ու ապրիլ։
Աւետարանի պատմութեան մէջ՝ անիրաւ, խարդախ տնտես մը՝ որ կը ներկայացնէ «աշխարհի որդի»ն, զանազան հնարամտութիւններով կը խաբէ իր տէրը։ Տէրը կ՚անդրադառնայ եւ զայն կը հեռացնէ իր պաշտօնէն։
Բայց տնտեսը կը շարունակէ իր խարդախութիւնները, տեղեկանալով որ պիտի զրկուի իր դիրքէն, խորագէտ կը գտնուի, կը սկսի ճարեր ու ճամբաներ, միջոցներ խորհիլ իր ապագան ապահովութեան տակ առնելու համար եւ առիթներ կը ստեղծէ։ Եւ ան կը գտնէ միջոց մը. կը սկսի գործադրել իր «ստեղծագործութիւնը»՝ մտածումէ գործնականի վերածելով զայն։
Եւ իրեն մեղսակից-գործակից կը դարձնէ իր տիրոջ պարտականները՝ զեղչելով անոնց պարտամուրհակներու մէջ արձանագրուած գումարները՝ շահելու համար անոնց իբր թէ «բարեկամութիւն»ը՝ շահագործելու համար անոնք։ Երկկողմանի այս յանցանքը երեւութապէս կը գոհացնէ թէ՛ անիրաւ տնտեսը եւ թէ՛ պարտականները։ Այսպէս, անիրաւ տնտեսը ապահոված կ՚ըլլայ իր ապագան, քանի որ ան այլեւս անարգ է եւ անաշխատ եւ դասալիք մը։
Առաջին ակնարկով եւ ընդհանրապէս սխալ եւ անընդունելի է անիրաւ տնտեսին արարքը, քանի որ խարդախութեան եւ խաբէութեան վրայ հիմնուած «սուտ» մըն է ըրածը։
Բայց ընդունելութիւն կը գտնէ արարքը եւ Տէրը կը գովէ անիրաւ բայց նաեւ «իմաստուն» ծառային գործելակերպը։
Ահաւասիկ, հոս կը տեսնենք բացասական-գէշ օրինակի մը «լաւ օրինակ» ըլլալու երեւոյթը, հակառակ որ ոմանք կը պնդեն, թէ գէշ օրինակը՝ «օրինակ» չի կրնար ըլլալ։ Աւետարանական այս իրադարձութիւնը եւ Յիսուս Քրիստոսի եզրակացութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ երբեմն «գէշ օրինակ»ներ ալ կրնան «լաւ օրինակ» ըլլալ, բաւ է որ մարդ անկէ կարենայ դաս քաղել եւ օգտուիլ։ Զոր օրինակ, տղու մը ծոյլ մարդ մը ցոյց տալով՝ կարելի է լաւ օրինակ մը տալ, թէ՝ երբ ծոյլ ըլլայ տղան, այդ ծոյլ մարդուն կը նմանի՝ անօգուտ, ամուլ, անաշխատ եւ որ շատ բաներու կարօտին մէջ աննպատակ կ՚ապրի եւ անիմաստ կեանք մը կը վարէ, եթէ կարելի է այդ ապրածին «կեանք» ըսել…։
Ուրեմն, անիրաւ եւ խարդախ տնտեսին ըրածն ալ պէտք է օրինակ ըլլայ հոգեւոր կեանքը աճեցնելու, ապահովելու, տեւականացնելու համար. մարդ միջոցներ պէտք է որոնէ հոգին աւելի եւս ազնուացնելու, հոգեւոր կեանքը զարգացնելու, ճոխացնելու համար։ Խորամանկ ըլլալ անպայման գէշ ըլլալ չի նշանակեր, արդար նպատակի մը հասնելու համար մարդ կրնայ իրաւացի միջոցներ փնտռել եւ կատարելագործուիլ, կատարելագործել իր ընթացքը։
Արդարեւ, հոս նրբերանգի մը ուշադրութիւն պէտք է ընել՝ «գէշ օրինակ»ը նոյն ձեւով եւ բնութեամբ ո՛չ թէ ընդօրինակել, այլ՝ «գէշ օրինակ»էն օգտակար, նպաստաւոր, լաւ դասեր քաղել եւ օգտագործե՛լն է կարեւորը, թէ ոչ՝ Յիսուս ալ երբեք չ՚ըսեր լոյսի որդիներուն աշխարհի որդիներուն նման եղէ՛ք, այլապէս չարը՝ բարիէն, գէշը՝ լաւէն, վնասակարը՝ օգտակարէն զանազանել կարելի չ՚ըլլար եւ մարդ հակադրութիւններու մէջ անորոշ կեանք մը կ՚ապրի։
Արդէն կեանքի մէջ հակադիր արժէքները իրարմէ զանազանելու, կարենալ որոշելու չափով մարդ կրնայ կատարեալ ըլլալ, հասնիլ իր նպատակին։
Յիսուս չ՚ըսեր՝ խորագէտ ըլլալ ստախօսութեան մէջ, խաբէութեան մէջ, այլ՝ նոյնքան խորագէտ՝ ճշմարտութեան մէջ։ Ո՛չ թէ խորագէտ՝ անհաւատարմութեան մէջ, այլ՝ հաւատքի, հաւատարմութեան եւ պարտաճանաչութեան մէջ, ո՛չ թէ անիրաւութեան, այլ՝ իրաւավարութեան, իրաւունք հաստատելու մէ՛ջ։
Այս իմաստով, կեանքը աւելի՛ դիւրատար եւ ամէն ինչ շատ աւելի լաւ կ՚ընթանար, երբ «լոյսի որդիներ» աշխարհի որդիներու նման եռանդ, հաստատակամութիւն, հաստատամտութիւն եւ խորագիտութիւն ունենային եւ մանաւանդ գործադրէին այդ յատկութիւնները։ Ուստի անաշխատ, անգործ բարին որեւէ արժէք չ՚ունենար, «բարի» չ՚անուանուիր այդ որ չար չէ, չէզոք կամ միջակ է, այլ «բարի՛» է իսկապէս այն՝ որ բարիք կը գործէ, օգտակար է իր շուրջին, իր միջավայրին։ Ամլութիւնը, անաշխատութիւնը օգուտէ աւելի վնա՛ս կը պատճառէ մարդուն՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 13, 2017, Իսթանպուլ