ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Աւետարանական Օրէնքը իր մէջ կ՚ըմբռնէ «երկու ճամբաներ»ու միջեւ վճռական երկընտրանքը եւ գործադրութիւնը Քրիստոսի Խօսքերուն. ան կը համառօտուի «ոսկեղէն» հետեւեալ «կանոն»ով. «Ուստի, ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի՝ դուք ալ այնպէս ըրէք անոնց, որովհետեւ այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները». (ՄԱՏԹ. Է 12)։ Արդարեւ, ամբողջ աւետարանական Օրէնքը կը սեղմուի Յիսուսի «Նոր Պատուիրան»ին մէջ, որ սիրենք զիրար ինչպէս Ինք սիրեց մեզ. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34)։

Պատշաճ է Յիսուսի քարոզին կցել «Բարոյական վարդապետութիւնը առաքելական ուսուցումներուն, ինչպէս, (ՀՌՈՄ. ԺԲ-ԺԵ), (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ-ԺԳ), (ԿՈՂ. Գ-Դ), (ԵՓՍ. Դ-Զ)։ Սոյն վարդապետութիւնը կը փոխանցէ Յիսուս Քրիստոսի՝ Տիրոջ ուսուցումը առաքեալներուն իշխանութեամբ, մանաւանդ ցոյց տալով այն առաքինութիւնները՝ որոնք կը բխին հաւատքէն ի Քրիստոս եւ զորս կ՚ոգեւորէ սէրը՝ գլխաւոր պարգեւը Սուրբ Հոգիին։

«Ձեր սէրը թող ըլլայ անկեղծ … սիրեցէք զիրար եղբայրական փոխադարձ սիրով … ուրախ եղէք յոյսին մէջ, համբերող՝ նեղութեան մէջ, յարատեւող աղօթքին մէջ, մասնակից եղէք սուրբերուն կարիքներուն, ցոյց տուէք եռանդոտ հիւրասիրութիւնը». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 9-13)։

Այս վարդապետութիւնը կը սորվեցնէ մեզի նաեւ քննել խղճի պարագաները՝ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ հետ մեր յարաբերութեան լոյսին տակ։

«Նոր Օրէնք»ը կոչուած է «Օրէնք Սիրոյ», որովհետեւ ան գործել կու տայ Սուրբ Հոգիին զեղած սիրոյ միջոցով քան թէ վախով։

Նախնի քրիստոնեաներ, ժամանակ մը իրենց ունեցածները հասարակաց կը գործածէին, սակայն այս սովորութիւնը մասնաւոր պարագաներու համար էր, եւ չէր կրնար տեւողական ըլլալ։

Հիւրասիրութիւնը ունէր յատուկ իմաստ մը։

Ուր որ պանդոկներ չկան ճամբորդներու համար, ինչպէս կը վկայէ աւանդական պատմութիւնը եւ Սուրբ Գիրքը, հոն «հիւրընկալութիւն»ը յատկապէս պէտք է։ Ուստի, հիւրասիրութիւն ցոյց տալու է առատօրէն եւ անվերապահ կերպով եւ մանաւանդ զուարթութեամբ։ Սակայն երբ մէկը կրնայ ինքզինք հոգալ, իրաւունք չունի իր դրամին խնայելու համար ուրիշներէ պահանջել, որ զինք իբրեւ հիւր ընդունին, եւ ով որ այսպիսի նպատակով մը այս պահանջումը կ՚ընէ, պարտաւորութիւն չկայ այնպիսին հիւրընկալելու։

Հիւրասիրութիւնը իրաւունքներու եւ յարմարութեան վրայ հիմնուած կանոններու համեմատ ըլլալու է. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 13)։

Մենք որ մեր եղբայրներուն հետ միեւնոյն մարմնոյ անդամներ ենք, մասնակից պէտք է ըլլանք անոնց ուրախութեանը եւ տրտմութեանը։ Մանաւանդ, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ պէտք է կարելին ընենք անոնք ազատելու համար իրենց կրած նեղութիւններէն եւ ենթարկուած դժուարութիւններէն։

Ուրիշներու տրտմակից եւ ուրախակից ըլլալով՝ հաւատարիմ կ՚ըլլանք մեր սկզբնական կոչումին՝ իրերօգնութեան։ Մեր նմաններուն տրտմակից եւ ուրախակից ըլլալ՝ սրտին մէջ աստուածային շնորհքով տնկուած զգացում մըն է։

Ուստի, համակրական հասկացողութեամբ մօտենանք մեր նմաններուն՝ ուրիշներուն։ Ի՛նչ որ ձեզի համար կ՚ուզէք կամ կը խընդ-րէք, նո՛յնը խնդրեցէք ձեր եղբայրներուն համար։ Ձեր մէջ գաղափարի, կարծիքի ինչ տարբերութիւններ ալ ըլլան, Քրիստոսի փաստին համար «մէկ սիրտ», եւ «մէկ նպատակ» ունեցէք. (Բ ԿՈՐ. ԺԳ 11), (ՓԻԼ. Բ 2), (ՀՌՈՄ. ԺԲ 16)։

Անգլիական առած մը սապէս կ՚ըսէ. «Երբ մին չի կռուիր, երկուքը չեն կրնար կռուիլ»։ Բայց մարդիկ երբեմն այնպէս կռուասէր են եւ կ՚ուզեն այնչափ վնասել իր նմանը, որ կարելի չ՚ըլլար անոնց հետ խաղաղութեան մէջ ապրիլ. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 17-19)։ Սակայն երբ կը ստիպուինք մեր իրաւունքը պաշտպանել, վտանգի եւ վնասի չենթարկուիլ, պէտք չէ որ ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան հոգի ցոյց տանք, այլ որչափ հնար է, պէտք է համբերենք, որովհետեւ համբերութիւնը առաքինութիւն է, պէտք է համբերենք փոխանակ հատուցանելով։ Մեր դատը պէտք է թողունք Աստուծոյ, որ յարմար ժամանակին եւ ըստ իր կամքին պաշտպանէ մեր իրաւունքը։

Արդարեւ, ազնուագոյն յաղթութիւնը ա՛յն է, որ թշնամիներու սիրտերուն կը յաղթէ, եւ զանոնք մեզի եւ Աստուծոյ բարեկամներ կ՚ընէ։

Բարի՛ն է, որ կը յաղթէ չարին եւ ո՛չ թէ՝ չարը բարիին։

Ուրեմն մեր սիրտերը բանանք եւ հոն հիւրընկալենք ամբողջ մարդկութիւնը եւ Աստուած…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 13, 2021, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021