«ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՀԱՑԻՒ ԿԵՑՑԷ ՄԱՐԴ»

Անցեալը մի՛շտ ալ սիրած եմ, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ այդտեղ մարդ աւելի՛ մարդ էր՝ քան այսօր. կը հաւատամ, որ այդտեղ արուեստը, մշակոյթը, գիրը, գրականութիւնը շա՜տ աւելի արժէք ունէր քան այսօր:

Կարդալով անցեալը կը սքանչանամ այն մարդոց վրայ, որոնք նիւթական նեղ պայմաններու մէջ կրցած են կատարել այն բոլորը՝ որ մենք այսօր նիւթական լաւ պայմաններու մէջ կը դժուարանանք կատարել: Այս զաւեշտին պատճառը հաւանաբար այն է, որ անցեալին նիւթականը արուեստն ու մշակոյթը կը հարստացնէր, իսկ այսօր արուեստն ու մշակոյթը մարդը հարստացնելու կը միտին. այլ խօսքով նիւթականը միջոցէն դարձած է նպատակի եւ այսպիսով յեղաշրջած բոլոր արժէքները:

Այն ազգը որ նիւթական կը ծախսէր՝ մշակոյթով հարստանալու, այսօր մշակոյթ կը ծախէ՝ նիւթապէս հարստանալու համար եւ կամայ թէ ակամայ նիւթական շահը կը սկսի աւելի կարեւորութիւն ներկայացնել քան մշակութային հարստութիւնները ու այսպիսով մնայունը գնայունին հետ փոխելով օր ըստ օրէ աւելի կ՚աղքատանանք՝ գուցէ նիւթապէս հարստանալով:

Այսօր հպարտութեամբ կը խօսինք Թորոս Թորամանեանի եւ անոր ըրած գործունէութեան մասին. ճարտարապետը 14 փե-տըրւար 1905 թուականին Կիւմրիէն Նիկողայոս Մառին գրած մէկ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Երկար ժամանակ նամակիս անպատասխան մնալէն եւ իմ կարողութիւնս ու տառապանքս ծայրայեղութեան հասած ըլլալէն յուսահատած երէկ եւ այսօր սկսած եմ դիմումներ ընել ճանապարհածախսի մը համար վերջնականապէս մեկնելու դէպի բնակավայրս». իր կեանքը հայ ճարտարապետութեան ու մշակոյթին նուիրած անձնազոհ մը՝ որ իր բնակավայրը վերադառնալու գումար անգամ չունի: Ու ցաւալին հոն է, որ նման հայանպաստ աշխատանքի մը հայերը նպաստելու, օտար մը՝ Նիկողայոս Մառ ինք նիւթական ապահովութիւն կու տայ հայ ճարտարապետին, շարունակելու համար իր նուիրեալ աշխատանքը. Նիկողայոս Մառ կը խոստանայ ամսական 100 ռուբլի, գրելով «այս մէկը Ձեզ հնարաւորութիւն կու տայ ձեր աշխատանքները շարունակել առանց զրկանքի»:

Թորամանեանի ի դիմաց Նիկողայոս Մառի այս օգնութեան կը գրէ հետեւեալ տողերը. «Կրկին անգամ իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ այն մարդասէր հոգածութեան համար, որ ցոյց տուիր. Վերին աստիճանի յուսահատ դրութեան մատնուած էի...»:

Այս նամակագրութիւններէն 120 տարիներ ետք մեր մէջ բան մը փոխուած չէ... այսօր եւս եկեղեցին, կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, հիմնարկները հայորդիներէ գործ ու աշխատանք կը պահանջեն, առանց անոնց բնական մարդկային պէտքերուն մասին մտածելու, հաւատարիմ մնալով «Ոչ միայն հացիւ կեցցէ մարդ, այլեւ ամենայն բանիւ» խօսքին:

Եթէ Նիկողայոս Մառ չըլլար շա՛տ մեծ հաւանականութեամբ Թորամանեան յուսահատած պիտի վերադառնար իր բնակավայրը եւ վերջ տար բոլոր այն աշխատանքներուն՝ որոնք այսօր որպէս գանձ ու հարստութիւն կը յիշուին: Ու այս բոլոր նամակագրութեանց դիմաց միշտ նոյն հարցը կը ծագի մէջս. ի՞նչ օգուտ յետ մահու կանգնեցնել մարդու մը արձանը՝ որ կենդանութեան անտեսուած ու ամէն տեսակ դժուարութեանց մատնուած է: Վստահաբար երգիծանքով պիտի նայէին անօթութեան մէջ մեռնող բոլոր այն հա՛յ մշակներն ու գրողները, որոնք իրենց անունով մկրտուած փողոցներ ունին այսօր Երեւանի մէջ: Կենդանութեան գուցէ տուն մը չունեցած մշակը, այսօր ամբողջ փողոց մը ունի... մեր ազգին մէջ ապրելու համար՝ պայման է մեռնիլը:

Ի՜նչ ցաւ կը պատճառէ երբ բեմերէն լսեմ անտարբերութեամբ լեցուած այն ղեկավարներու խօսքերը, որոնք կ՚այպանեն նոր սերունդը մշակոյթէն, գիր-գրականութենէն հեռու ըլլալու համար. այն ղեկավարները՝ որոնք կը պահանջեն, առանց փոխադարձ պարտաւորութիւն մը զգալու:

Լիբանանի, Հայաստանի, Սուրիոյ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կան բազմատասնեակ խոստմնալից երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք պատրաստ են իրենց գիտութեամբ ծաղկեցնել հայ մշակոյթն ու մտաւորականութիւնը, սակայն նիւթական անապահովութեան պատճառով տարուած ուրիշ աշխատանքներով:

Մի քանի տարիներ առաջ մի քանի բարեկամներով որոշեցինք մշակել հայ երաժշտութեան ամենամեծ արխիւ հաւաքածոն եւ ներկայացնել հանրութեան: Այս ծրագիրի միջոցաւ աշխարհի ո՛ր տարածքին ալ գտնուի անձ մը, պիտի կարենար դիւրութեամբ ձեռք բերել իր ուզած երգի բառերն ու ձայնանիշերը եւ այսպիսով Ֆրանսա ապրող հայ երաժիշտ մը կարիք պիտի չունենար Երեւան ապրող բարեկամներու դիմել, որպէսզի անոնք երթալով Ազգային Գրադարան կամ երաժշտանոց փորձեն գտնել ուզուածը ու ղրկեն Ֆրանսա:

Այս աշխատանքը կեանքի կոչելու համար հաւաքեցինք 9858 երգի բառեր՝ սկսելով 1850-ական թուականներու երգարաններէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Աւելի քան 1200 եկեղեցական շարական իր աշխարհաբար թարգմանութեամբ պատրաստեցինք. անընթեռնելի ձայնանիշերը գրաշարեցինք ու սկսանք երեւան հանել մոռցուած Աշուղներ, որոնցմէ մէկն է Աշուղ Սերոբ, որուն մասին համացանցի ո՛չ մէկ էջի մէջ բան կարելի է գտնել: Բազմաթիւ են այն երգերը, որոնց բառերը միայն հասած են մեզի. երաժշտութիւնը կորսուած է. սկսանք գտնել երիտասարդ երաժիշտներ ու խնդրել կեանքի կոչել այդ գեղեցիկ բառերը:

Այս բոլորը իրագործելու համար դիմեցինք հայաստանեան եւ սփիւռքեան աւելի քան 8-10 բարեգործական հիմնարկներու, ներառեալ պոլսահայ կազմակերպութիւններ։ Մեծամասնութիւնը անպատասխան ձգեց մեր նամակները, իսկ անոնցմէ մի քանին յայտնեց, թէ երաժշտութիւնը իրենց աշխատութեան մաս չի կազմեր:

Բազմահազար երգեր ու ձայնանիշեր կը շարունակեն մնալ այդպէս, մինչ նոյն բարեգործական հիմնարկներու առաջնորդները կը շարունակեն մշակոյթի զարթօնքի կոչեր կարդալ:

Նիկողայոս Մառ փրկեց Թորամանեանը, սակայն բազմաթիւ երիտասարդներ չունենալով այդ փրկիչը հեռացան այն կոչումէն՝ որով կրնային ծաղկեցնել մշակոյթն ու ազգը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՄԱՆԵԱՆ
(1864-1934)

Մեր թուականէն 158 տարիներ առաջ՝ 18 մարտ 1864-ին, Շապին Գարահիսարի մէջ ծնած է գիտնական, ճարտարապետ, հնագէտ եւ լուսանկարիչ Թորոս Թորամանեան:

Թորամանեան իր փոքր տարիքէն կորսնցուցած է հայրն ու մայրը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մուշեղեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մեկնած է Պոլիս, ուսումը շարունակելու Պոլսոյ կայսերական գեղարուեստից ճեմարանի ճարտարապետական բաժնէն ներս:

Ուսումը աւարտելէ ետք Թորամանեան Պոլսոյ մէջ որոշ ժամանակ զբաղած է իր մասնագիտութեամբ եւ ապա մեկնած է Պուլկարիա, ուր զբաղած է շինարարութեամբ, շէնքեր նախագծելով ժամանակի հարուստ հայերուն: Թորամանեան Պուլկարիայէն անցած է Ռումանիա եւ հին ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրելու համար մեկնած է նախ Հայաստան, ապա Եգիպտոս եւ Իտալիա: Ապա անցած է Փարիզ, ուր ուսումը շարունակած է Սորպոնի համալսարանի մէջ, աշակերտելով ժամանակի յայտնի ճարտարապետներու:

Ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք Թորամանեան հայագէտ Կարապետ Պասմաճեանի հետ միասին մեկնած է Անի, հայկական ճարտարապետութեան մասին մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կատարելու. տեսնելով հայ ճարտարապետութեան հարստութիւնները՝ Թորամանեան որոշած է մնալ Անի, ուր ծանօթացած է հայագէտ ու հնագէտ Նիկողայոս Մառի հետ:

Թորամանեանի ամենէն կարեւոր գործերէն մէկը Զուարթնոց տաճարի պեղումի աշխատանքն է. ճարտարապետը ուսումնասիրելով եկեղեցւոյ շինութիւնը առաջարկած է տաճարի վերակազմութիւնը, որ այդ օրերուն վէճերու պատճառ եղած է, որովհետեւ մինչ այդ ոչ ոք նման եկեղեցւոյ շինութիւն տեսած էր: Զուարթնոց եկեղեցւոյ մասին Թորամանեան մանրամասն գրած է Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Մուրճ» պարբերականին մէջ: Թորամանեանի Զուարթնոց տաճարի կազմութեան տեսութիւնը հաստատուած է այն ատեն, երբ Նիկողայոս Մառ Գագիկաշէնի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պեղումներու ժամանակ յայտնաբերած է Գագիկ Ա. թագաւորի արձանը, տաճարի մանրակերտը ձեռքին:

Թորամանեան 1913 թուականին հրաւէրով մեկնած է Վիեննա, հայոց ճարտարապետութեան մասին աշխատութիւն մը գրելու նպատակով: Որոշ լրացումներ կատարելու համար վերադարձած է Հայաստան. այդ միջոցին սկիզբ առած է Համաշխարհային Ա. պատերազմը եւ Թորամանեան չէ յաջողած վերադառնալ Վիեննա եւ այսպիսով այդտեղ ձգած է իր աշխատութիւններէն մեծ մաս մը, որմէ օգտուելով Վեննայի պատմաբան Ժոզէֆ հրատարակած է երկու հատորներ, առանց յիշելու Թորամանեանի անունը: Մնալով Հայաստանի մէջ Թորոս Թորամանեան ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ, դասաւանդելով Հայաստանի ճարտարապետութեան պատմութիւն:

Թորամանեան հեղինակ է բազմաթիւ գիտական եւ ճարտարագիտական յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են զանազան պարբերականներու մէջ:

Ճարտարապետը մահացած է 1 մարտ, 1934-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022