ԳԱՐՈՒՆԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Զատիկէն յետոյ իրերայաջորդ կիրակիներուն՝ ընդհանրապէս կը ներկայացուի գարունը՝ որ վերակենդանութան, նոր կեանքի խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ։

Զոր օրինակ, ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձանք, Զատկին յաջորդող երկրորդ Կիրակին՝ որ է Յինանց երրորդ Կիրակին, աշխարհամատրան անունով կը յիշուի։ Այս տօնը յատուկ է Հայ Եկեղեցւոյ։ Այս տօնին ի՞նչ նպատակով սահմանուած ըլլալու մասին պատմական յստակ վկայութիւններ կը պակսին։ Կ՚ենթադրուի, թէ այս տօնը հաստատուած է եւ աւանդուած՝ այն պատմական Նաւակատիքի հանդիսութիւններէն, որոնք կը կատարուէին կառուցուած եկեղեցիներու աւարտումէն յետոյ՝ Կոստանդիանոս կայսեր կողմէ։ Ծննդեան, Յարութեան, Համբարձման եւ Վերնատան վայրերուն վրայ։

Ահաւասիկ, հաւանական է, որ Նաւակատիքի այս յիշատակն է, որ պահուած է Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ՝ «Աշխարհամատուռ» անունով։ Օրուան շարականներու բովանդակութիւնն ալ փաստարկումներ են այս իրողութեան։ Զոր օրինակ, օրուան «հարց» շարականը կ՚ըսէ. «Եկայք հաւատացեալք որք ի հեթանոսաց,- ցնծութեամբ տօնեսցուք զնաւակատիկս Ս. Եկեղեցւոյ…»։ Եւ նոյն գաղափարները կ՚արտայայտուին «Ողորմեա» եւ «Տէր յերկինց» շարականներուն մէջ։

Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ «Կիրակի»ի անուան եւ «Յինանց» գաղափարին միջեւ ներքին կապեր գոյութիւն ունին՝ Ս. Յարութեան Աշխարհամատրան տաճարին եւ Յինանցի հիմնական գաղափարին «Յարութեան» միջեւ, եւ նաեւ՝ Աշխարհամատուռին եւ Վերնատան միջեւ։

Նախապէս յիշեցինք. «Աշխարհամատուռ» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ «պազիլիկա», այսինքն՝ արքունի տաճար, երեւելի մատուռ կամ աւագ, մայր եկեղեցի։ Այս սահմանումը կը պատշաճի երկու եկեղեցիներու՝ Ս. Յարութեան Տաճարին, որ ըստ էութեան, եւ մանաւա՛նդ այդ շրջաններու չափանիշներով, համայն քրիստոնէութեան Եկեղեցի՛ն էր՝ ուր ուխտի կ՚երթային մարդիկ, աշխարհի ամէն կողմերէն, այսինքն բոլոր քրիստոնեաներուն եկեղեցին էր։

«Աշխարհամատուռ» սահմանումը առաւելապէս կը լրացնէ «Վերնատուն»ը, որ իսկապէս «համաշխարհային» հանգամանք ունի՝ Քրիստոսի կողմէ իբրեւ «Եկեղեցի» գործածուած միա՛կ վայրը, ուր Ան կատարեց իր վերջին Ընթրիքը եւ հաստատեց Հաղորդութեան Ս. Խորհուրդը։ Եւ ուրեմն ա՛յն եկեղեցին կատարուեցաւ առաջին Ս. Պատարագը՝ նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ։ Ուստի աւետարաններ, աշխարհամատուռը կը կոչեն. «Վերնատուն մի մեծ եւ զարդարեալ»։

Եւ այն առաքեալները՝ որ իր ձերբակալման գիշերը լքած եւ հեռացած էին Յիսուսը, Զատկին օրը արդէն իսկ հաւաքուած են այս վերնատան մէջ՝ ուր իրենց համար սովորական հաւաքատեղի կամ ժամադրավայր եղաւ։ Այս վերնատան մէջ անոնք ընդունեցին Սուրբ Հոգին։ Եւ վերջապէս հո՛ն է, որ հացը բեկանեցին եւ աղօթեցին հաւատացեալները։

Յինանց խորհուրդին եւ վերնատան միջեւ այն ներքին կապը հաստատուած է սա իրողութեան վրայ՝ թէ Յիսուս Քրիստոսի երկու «պաշտօնական» երեւումները տեղի ունեցան վերնատան մէջ եւ ցրուեցին ամէն տարակոյս Յարուցեալին նկատմամբ։

Ղուկաս աւետարանիչ բացայայտօրէն կը ներկայացնէ Քրիստոսի երեւումը. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 36-49)։

Աշխարհամատրան Կիրակին, ինչպէս նախապէս յիշեցինք, կը կոչուի նաեւ «Կանաչ» կամ «Կանանչ» Կիրակի. ասիկա ժողովրդային անպաշտօն անուանադրութիւն մըն է՝ գրեթէ զո՛ւրկ տօնական յատուկ նշանակութենէն։

Պատմական տեղեկութիւններ կը պակսին, թէ ե՞րբ, ի՞նչպէս, ի՞նչ նպատակով եւ նկատումով այս «գունաւոր անուն»ը մտած է եկեղեցական օրացոյցներու մէջ։ Այս պատճառով, օրացոյցներու մէջ այս «գունաւոր անուն»ը աւելի նպատակայարմար կ՚ըլլայ երբ դրուի եւ գրուի փակագի՛ծի մէջ, ինչպէս գրուած է Պատրիարքարանի օրացոյցին մէջ։

«Գունաւոր անուն»ը, մեծ հաւանականութեամբ, առնուած է Յինանց օրերուն մայր բնութեան պարզած գարնանային ակնապարար երեւոյթներէն։

«Կանաչ»ը կը մարմնաւորէ Յինանց գարնանային օրերուն տիրապետող համատարած զմրուխտ ղալարիքը՝ կանաչութիւնը, որով պատմուճանուած, ծածկուած կ՚ըլլայ բնութիւնը։ Գարնան օրերը արդարեւ, վերակենդանութեան, բնութեան արթննալու, զարթօնքի օրեր են։ Բայց, որքան ալ այս անուանումը ժողովրդային-մշակութային ծագում ունենայ, ըստ երեւոյթին, բոլորովին ալ դատարկ չէ՛ կրօնական երանգէ։ Արդարեւ, բնութիւնը կարելի չէ՛ անջատել կրօնական միջավայրէ. ուստի գարնան հետ կապ ունի «գոյն»ը եւ գարունը, զուրկ չէ՛ կրօնական իմաստէ։ Գարունը ըստ էութեան, բնութեան եւ ուրեմն կեանքի վերակենդանութեան նշանն է եւ շրջանը։ Գարունը գեղեցկութիւն է, գեղեցկութիւններու, քաղցրութեան ցուցադրութիւն մը, որ անտարբեր չի կրնար թողուլ որքան մարդուն մարմինը՝ աչքը, նո՛յնքան եւ աւելի միտքը եւ հոգեկան ներաշխարհը։ Գարնան ո՜րքան հաճելի է զգալ արեգակին գաղջ եւ քաղցր ջերմութիւնը, նոյնքան հոգեպարար է ման գալ եւ հանգչիլ վերազարթնող բնութեան ծոցին մէջ եւ զգալ հոգեկան բաւարարութիւնը եւ խաղաղութիւնը՝ որ կը թափանցէ մարդուս մտածումի եւ սրտի, զգացումի աշխարհէն ներս, բնութեան մէջ ապրիլ գեղեցկութիւնը, բարութիւնը եւ ճշմարիտ խաղաղ կեա՛նքը…։

Այս երեւոյթով կարծես հոգեբոյժ է բնութիւնը՝ խաղաղ, ապահով նաւահանգի՛ստ մը։ Կեանքի ամէն ժխտական, բացասական ճնշումներէ կարծես կը հեռանայ մարդ, որոնցմով բեռնաւորուած է իր ամբողջ մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքը։ Եւ ո՜րքան ծանր կը կշռեն յաճախ այդ բարոյական բեռները՝ որ անհրաժեշտութիւն մը կ՚ըլլայ պարպուիլ անոնցմէ։

Եւ գարնան, մարդ կը նորոգուի, նոր մարդ կ՚ըլլայ եւ կը պատրաստուի նոր կեանքի մը։

Գարնան բնութեան գեղեցկութիւններու մէջ բոլորովին կը մոռցուի մարդս տանջող ամէն մտահոգութիւն, մտատանջութիւն եւ մինչեւ իսկ մարմնական հիւանդութիւն՝ որոնց մեծագոյն մասին պատճառը եւ պատասխանատուն է մարդուս հոգեկան մշտապիրկ լարուածութի՛ւնը։

Բնութեան մէջ կատարուող կեանքի վերանորոգութեան բարեբեր շարժումէն կը վարակուին մարդիկ։

Հեթանոսութիւն չէ՛ երբեք բնութեան երեւոյթներով տպաւորուիլ, տարուիլ եւ համակուիլ, քանի որ Աստուած է արարիչը բնութեան. հեթանոսութիւն չէ՝ գարնան քաղցր եւ հոգեգրաւ երեւոյթներուն համակերպիլ՝ բացուիլ, ուրախանալ, ոգեւորուիլ. քանի որ բնութիւնը ինքզինք չէ՛ ստեղծած, այլ՝ Աստուծմէ ստեղծուած է, եւ ուրեմն բնութենէ ազդուիլ՝ Աստուծմով լեցուիլ կը նշանակէ եւ աստուածահաճոյ, աստուածամե՛րձ արարք մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 14, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018