ՅԻՍՈՒՍ՝ ԲԺԻՇԿԸ ԲՈԼՈՐԻՆ
Ինչպէս որ Տէր Յիսուս Քրիստոս, բժի՛շկ մեր հոգիներուն եւ մեր մարմիններուն, անդամալոյծին մեղքերը ներեց եւ մարմինի առողջութիւնը վերադարձուց, Ան ուզեց նաեւ որ Իր Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ՝ բուժումի եւ փրկութեան Իր գործը՝ առաքելութիւնը շարունակէ իր անդամներուն մօտ։ Այս նպատակը կը հետապնդեն բուժումի երկու սուրբ խորհուրդները՝ Ապաշխարութեան խորհուրդը եւ հիւանդներու Օծումը։
Արդարեւ, Քրիստոնեայ նախապատրաստումի սուրբ խորհուրդներով, մարդը Քրիստոսի նոր կեանքը կ՚ընդունի։ Այս կեանքը սակայն մենք կը կրենք «խեցեղէն անօթներու մէջ» (Բ ԿՈՐՆ. Դ 7)։ Ան ներկայիս տակաւին «Թաքնուած է Քրիստոսի հետ Աստուծոյ մէջ» (ԿՈՂ. Գ 3)։ Մենք տակաւին մեր երկրաւոր Բնակարանին մէջ ենք (Բ ԿՈՐՆ. Ե 1), ենթակայ՝ տառապանքին, հիւանդութեան եւ մահուա՛ն։ Աստուծոյ զաւակի այս «նոր կեանք»ը կրնայ տկարանալ եւ նոյնիսկ կորսուիլ մեղքով։
Յիսուս կը խնդրէ «որդիական թողլքում» մը՝ հանդէպ երկնաւոր Հօր Նախախնամութեան, որ կը հոգայ նուազագոյն կարիքները Իր զաւակներուն. «Դուք ուրեմն մի՛ մտահոգուիք եւ մի՛ ըսէք՝ ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք… Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր այս բոլոր կարիքները։ Դուք փնտռեցէք նախ Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը եւ այս ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (ՄԱՏԹ. Զ 31-33)։
Արդարեւ, Սուրբ Խորհուրդներուն, եւ նաեւ բուժումի Սուրբ Խորհուրդներուն մէջ, անոնց իւրաքանչիւրին իրականացման ընթացքին Քրիստո՛սն է, որ կը գործէ։ Ինք այս «Բժի՛շկ»ն է, որ Իրեն պէտք ունեցող ախտաւորներէն, հիւանդներէն իւրաքանչիւրին վրայ կը հակի զանոնք բուժելու համար, քանի որ պէտք ունին Իրեն։
«Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 14), «Մեծ բազմութիւն մը մօտեցաւ իրեն. անոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ, որոնք բերին եւ դրին Յիսուսի ոտքերուն առջեւ։ Եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 30), «Մարդիկ իրեն բերին բոլոր այն հիւանդները, որոնք կը տառապէին զանազան ցաւերէ եւ բարդութիւններէ, ինչպէս նաեւ դիւահարներ, լուսնոտներ, անդամալոյծներ եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք» (ՄԱՏԹ. Դ 24), «Ապա Յիսուս եկաւ Պետրոսի տունը, եւ տեսաւ որ անոր զոքանչը հիւանդ պառկած էր՝ տաքութեան պատճառով։ Յիսուս բռնեց անոր ձեռքէն, եւ տաքութիւնը անցաւ։ Անիկա ոտքի ելլելով սկսաւ սպասարկել իրեն» (ՄԱՏԹ. Ը 14-15)։
Ահաւասիկ մի քանի նմոյշ Յիսուսի բժըշ-կութիւններէն. Ինք կը վերականգնէ զանոնք եւ վերստին կ՚ընդունի «եղբայրական հաղորդութեան» մէջ։
Արդարեւ, կեանքը եւ առողջութիւնը ֆիզիքական թանկագին բարիքներ են, որոնք մեզի յանձնուած են Աստուծմէ։ Մենք, ուրեմն պարտականութիւն ունինք անոնց խնամք տածելու բանաւոր չափերով, նկատի ունենալով նաեւ ուրիշին կարիքները եւ հասարակաց բարիքը։ Մարդոց «առողջութեան հոգատարութիւն»ը կը պահանջէ ընկերութեան օժանդակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք ձգել կեցութեան այն պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան մեծնալ եւ հասնիլ հասունութեան տարիքին. այսինքն՝ սնունդ եւ զգեստ, բնակարան եւ խնամք առողջութեան, ընկերային օժանդակութիւն։ Ուստի իւրաքանչիւր անձ պէտք է հնազանդի առողջապահական օրէնքներուն՝ թէ՛ իրեն համար եւ թէ հասարակաց բարիքին համար։ Այս կէտին յատկապէս կարեւոր է իրերօգնութիւնը՝ որ մարդ կոչուած է իր ստեղծուած օրէն իսկ։ Ահաւասիկ, հոս է որ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ «ընկերային օժանդակութիւն»ը։
Բարոյականը թէեւ կոչ կ՚ընէ մարմնաւոր կեանքին յարգանքին, սակայն զայն չի դարձներ բացարձակ արժէք մը։
Քրիստոսի հիւանդներուն հանդէպ կարեկցութիւնը եւ ամէն տեսակ ախտաւոր, ախտավարակներու վրայ Իր կատարած բազմաթիւ բուժումները բացայայտ նշա՛նն են, թէ «Աստուած այցելած է Իր ժողովուրդին» (ՂՈՒԿ. Է 16) եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտալուտ է։
Յիսուս իշխանութիւնն ունի ո՛չ միայն բուժելու, այլ նաեւ մեղքերը ներելո՛ւ։ Ան եկած է բուժելու ամբողջական մարդը՝ հոգի եւ մարմին, Ան բժիշկն է՝ որուն կարիքն ունին հիւանդները։
Բոլոր ախտաւորներուն, տառապողներուն հանդէպ Անոր կարեկցութիւնը կ՚երթայ այնքա՜ն հեռու, որ Ինքզինք անոնց հետ կը նոյնացնէ. «Հիւանդ էի եւ այցելեցիք Ինծի» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 36)։
Յիսուսի նախասիրութիւնը հիւանդներու, ախտաւորներու, ցաւով տառապողներու հանդէպ դարերու ընթացքին շարունակեց քրիստոնեաներուն մասնայատուկ հետա-քըրքրութիւնը արթնցնել բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը չարչարուին, եւ կը տառապին իրենց մարմինին եւ հոգիին մէջ։ Եւ ահաւասիկ, ասիկա մեկնակէտն է զանոնք սփոփելու համար կատարուող անխոնջ ջանքերուն։
Յաճախ Յիսուս կը խնդրէ հիւանդներէն որ հաւատա՛ն։ Բուժելու համար՝ կ՚օգտագործէ նշաններ. թուք եւ ձեռադրում (ՄԱՐԿ. Ե 34-36, Թ 23), ցեխ եւ լուացում (ՅՈՎՀ. Թ 6-15)։ Հիւանդները կը փորձեն դպչիլ Անոր, «որովհետեւ ոյժ մը կ՚ելլէր Անկէ եւ կը բուժէր զանոնք» (ՂՈՒԿ. Զ 19)։
Արդարեւ, սուրբ խորհուրդներուն մէջ ալ՝ Քրիստոս կը շարունակէ «դպչիլ» մեզի՝ բուժելու համար մեզ։
Յուզուած ա՜յնքան տառապանքներու դիմաց, Քրիստոս ո՛չ միայն թոյլ կու տայ որ հիւանդները դպչին Իրեն, այլ անոնց խեղճութիւնները կը սեփականցնէ. «Ան մեր տկարութիւնները առաւ եւ մեր հիւանդութիւնները կրեց» (ԵՍ. ԾԳ 4), (ՄԱՏԹ. Ը 17)։
Ուրեմն մօտենանք Յիսուսի, դպչինք Անոր, հաւատանք ամբողջ սրտով, վստահինք առանց տարակուսելու, եւ պիտի բժշկը-ւի՛նք… հաւատա՛լ եւ վստահի՛լ, ահաւասիկ ասոնք են որ պիտի արժանացնեն մեզ Յիսուսի բժշկութեա՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 9, 2020, Իսթանպուլ