ԼԱՑՈՂ ԱՂՋԿԱՆ
Երէկ անդրադարձայ, որ մենք սկսած ենք մեր մէջէն կորսնցնել մարդկային ամենէն պարզ արժէքները, որոնց տեղը այսօր եկած են գրաւելու ուրիշներ՝ որոնք խոտոր են թէ՛ մարդկութեան եւ թէ՛ մեր ինքնութեան:
Երեւանի մէջ երէկ նստարանի մը վրայ նստած էի, երբ երիտասարդ աղջիկ մը եկաւ եւ նստարանին միւս կողմը նստելով սկսաւ արտասուել ու հեկեկալ ու այդտեղ անդրադարձայ, որ մեր մէջ պակսած է իրարու հանդէպ կարեկցանքն ու իրերօգնութեան ոգին: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, ամչցայ մօտենալու եւ հարցնելու իր վիշտին պատճառը, գէթ լսելով թեթեւցնելու անոր ցաւերը: Հոգիս լեցուեցաւ կարեկցանքի ամենէն զօրաւոր զգացումներով, սակայն լեզուս մնաց լուռ՝ հաւատարիմ մնալով ներկայ աշխարհի այն օրէնքին, որ «ամէն մարդ իր ցաւին դարմանը ի՛նք պէտք է գտնէ»:
Նկատեցի, որ մենք սկսած ենք ընել այն՝ ինչ որ պէտք չէ ընել, եւ չընել՝ ինչ որ պէ՛տք է ընել. սկսած ենք ամչնալ սովորական ու մարդկային բաներէն, սակայն անդին անմարդկայինը առանց ամչնալու է որ կ՚ընենք: Պահ մը ետք սկսայ ես ինծի համոզել այն սուտով, որ «եթէ հարցնէիր՝ կրնայիր արժանապատուութիւնը վիրաւորել եւ նեղ կացութեան մատնել զինք. ժամանակ մը ետք այս ալ կ՚անցնի ու կը մոռնայ...»: Հայերէն լեզուի մէջ կայ բառ մը, որ այսօր կնքած է իր մահկանացուն. սփոփա՜նք:
Այսօր կ՚ուզեմ ըսել այն բոլորը, որ այդ պահուն հոգիս կ՚ըսէր, սակայն լեզուս կը պապանձէր:
***
Քեզ չեմ ճանչնար, սակայն կեանքի դառն փորձառութեամբ գիտեմ, որ երբ ըսես «այս մէկը կեանքիս ամենէն դժուար պահն է», նորերը պիտի գան փաստելու անոր անճշդութիւնը եւ իրենց հետ բերեն նորերը, որ ինքնաբերաբար մոռցնել պիտի տայ հինը: Ամէ՛ն անգամ երբ ըսես, որ այլեւս ամէն ցաւ ու տառապանք տեսայ. ալ չե՛մ ցաւիր, նոր մը պիտի գայ ու այս երթը դանայեան տակառի մը նման վերջ պիտի չունենայ՝ մինչեւ հասնիս գերեզման:
Յաջորդ ցաւիդ (որ կրնայ շատ չուշանալ) պիտի անդրադառնաս, թէ ի՜նչ անիմաստ էր նախորդ նիւթին համար ապրած վիշտդ ու տառապանքդ, որովհետեւ ամէն նոր ինքնաբերաբար մոռցնել պիտի տայ հինը:
Եթէ այդ արցունքներդ պատճառ են սիրոյ հիասթափութեան՝ կրնաս վստահ ըլլալ, որ երբեք վերջինը պիտի չըլլայ. քանինե՜ր պիտի խոստանան քեզի սիրել մինչեւ մահ, խոստովանին, թէ առանց քեզի կեանք չկայ եւ ժամանակ մը ետք, ի՜նչ հրաշքով բան մը չեղածի պէս կարենան շարունակել իրենց կեանքը՝ առանց քեզի այս անգամ. «առանց քեզի չապրողները» պիտի տեսնես իրենց բնականոն կեանքին մէջ, որոնց քով դուն որպէս «կեանքի պատճառ» անցեալի յուշ մը մնացած պիտի ըլլաս միայն: Ժամանակ մը ետք այդ արցունքներդ ալ սիրտիդ մէջ տեղ մը պիտի թաղուին, սակայն գուցէ երբեք չմոռցուին, սակայն ամենէն պա՜րզ ու մարդկային ապրումներդ մէջդ խեղդելով պիտի շարունակես «ժպտալ» կեանքին, այն ալ բան մը չեղածի պէս, որովհետեւ այսօր կարօտը ամօթ մըն է մարդոց մօտ եւ մարդկային թշուառ մտածողութեամբ այդ կարօտը կ՚ապրի միայն տկարը: Պիտի խեղդե՜ս ձայնդ հոգիիդ խորերը:
Եթէ արցունքներդ իրաւազրկուածի արցունքներ են, ժամանակ մը ետք պիտի սորվիս, որ այս աշխարհի մէջ բարի ըլլալը այլեւս դրական շնորհք մը չէ. այդ մէկը վնաս է կեանքիդ: Փորձառութեամբ պիտի փաստես, թէ ինչքա՜ն իրաւացի էր Աւետիք Իսահակեանի «լուծ կամ լծկան պիտի լինիս...» խօսքերը եւ եթէ իրապէս բարի ես, դուն քեզ պիտի գտնես որպէս լծկան, որ պարտաւորուած է ամէն ինչ դարձեալ թաղել սիրտին ու հոգիին խորերը:
Այնպէս ինչպէս երկար տարիներ բանտի մէջ ապրող մը մտրակին զարկերը կը սկսի չզգալ, նոյնպէս ալ դուն պիտի սկսիս փորձառութեամբ տանիլ այն բոլոր հարուածները, որոնք երբեք վերջ պիտի չունենան: Այդ բոլորը քեզի պիտի սորվեցնեն չնուիրուիլ անմնացորդ՝ նոյնիսկ ամենահարազատին:
Հաւանաբար չխօսելուս պատճառը այն էր, որ ինչքա՜ն ալ անկեղծութեամբ պատմես ցաւերուդ մասին, միայն պիտի կարենամ «փորձել» հասկնալ, սակայն ո՜չ լիարժէք ըմբռնել անոնց առթած կսկիծը, որովհետեւ աշխարհի մէջ ամէն ցաւ միայն ապրողը ի՛նք լիարժէք կրնայ հասկնալ ու ըմբռնել:
Այնպէս ինչպէս չկայ ծով, ուր ալիք չըլլայ, նոյնպէս չկայ կեանք, ուր գոյութիւն չունենայ վիշտն ու տառապանքը, մարդ ընկերային ո՛ր դասակարգին ալ որ պատկանի:
Յաճախ մարդիկ տկարութիւն պիտի անուանեն արցունքներդ, սակայն դուն այն քաջերէն ես, որ անկեղծ ես բոլոր ապրումներուդ եւ զգացումներուդ մէջ. լալը ամօթ կը համարէ միայն այն՝ որուն մէջ մեռած են մարդկային արժէքները. յիշէ՛, Քրիստոս ի՛նք եւս լացաւ: Դուն ալ լա՛ց, որովհետեւ լացը հոգիդ կը բիւրեղացնէ. լա՛ց, որովհետեւ ժամանակ մը ետք կեանքի հարուածները լալը անգամ մոռցնել պիտի տան ու կամաց կամաց պիտի անդրադառնաս, որ ա՛յն բոլորին համար որ կու լայիր, դարձած են սովորական եւ դուն դարձած ես վիշտի մասնագէտ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
(1926-1996)
Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ՝ 18 ապրիլ 1926-ին Կիւմրիի մէջ ծնած է երաժիշտ ու երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեան (կարգ մը աղբիւրներու համաձայն ծնած է 14 ապրիլին):
Աւետիսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրէն ներս եւ 1949 թուականին հաստատուած է Երեւան, ուր շարունակելու համար իր ուսումը: Աւետիսեան երաժշտական մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս, ուր աշակերտած է երաժշտական յայտնի գործիչ Գրիգոր Եղիազարեանին: Աւետիսեան երաժշտական ուսում ստացած է նաեւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ներս, ուր աշակերտած է երաժշտահան Եդուարդ Միրզոյեանին. Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն Աւետիսեան շրջանաւարտ եղած է 1960 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք Աւետիսեան ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս, ուր վարած է քանոնի դասարանի ղեկավարի պաշտօնը:
Աւետիսեան 1951 թուականին մասնակցած է Պերլինի մէջ կայացած համաշխարհային փառատօնին, ուր անհատական կատարողներուն մէջ արժանացած է առաջնութեան մրցանակին, ինչպէս նաեւ ոսկէ մետայլի: Աւետիսեանի վարած քանոնի երաժշտական խումբը 1959 թուականին Մոսկուայի մէջ արժանացած է երրորդ մրցանակի:
Աւետիսեան 1958 թուականէն սկսեալ որպէս երաժշտութեան ղեկավար աշխատած է Հայաստանի Պարի խումբին մէջ:
Աւետիսեան երաժշտութեան հեղինակն է շարք մը յայտնի երգերու. ինչպէս՝ «Իմ անուշ տաւիղ», «Մախմուր աղջիկ», «Բալենի», «Կարապներու պար», «Յուշեր» եւ այլ երգեր, որոնք մինչեւ օրս կ՚երգուին ու կը սիրուին ժողովուրդին կողմէ:
Շնորհիւ իր վաստակին՝ Աւետիսեան 1965 թուականին ստացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչում, 1984 թուականին՝ Ժողովրդական արուեստագէտի կոչում, իսկ 1985 թուականին արժանացած է Պետական մրցանակի:
Երաժիշտը մահացած է 27 յունիս 1996-ին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 04/30/2025
- 04/30/2025