ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՆԳԻՍՏԸ ՎՏԱՆԳՈՂ ԱՐԺԷՔՆԵՐ
Խրիմեան Հայրիկ իր աշխատութեան 6-րդ գլուխին մէջ մանրամասն կը խօսի, թէ ի՞նչ պատճառներ մարդը հեռու կը պահեն ամուսնական կեանքէն, որովհետեւ մարդ արարածը ի բնէ կը սիրէ ամուսնութիւնը. «Մարդիկ ընդհանրապէս կը ցանկան ամուսնանալ, որդիս ծնանիլ, ընտանիք կազմել, միշտ կենդանի պահելով իրենց տան փառքն եւ տոհմական յիշատակն», կ՚ըսէ Հայրիկ:
Հայրիկի համոզումով՝ մարդը ամուսնական կեանքէն հեռու պահող պատճառները հետեւեալներն են.- սանձակոտոր ազատութիւն, անառակ կեանք, զեղխութեան պերճանք, չքաւորութիւն, ստրկութիւն, ծառայական վիճակ, պանդխտութիւն, քաղաքային օրէնք եւ երկրին հանգամանքները եւ այլ պատճառներ. այս շարքը կարելի էր երկարել, սակայն Հայրիկ կը բաւարարուի այսքանը յիշելով, խոստանալով իւրաքանչիւրին մասին մէկ առ մէկ խօսիլ. այսօր եւս մեր շուրջ կը տեսնենք մարդիկ, որոնք ամուսնութիւնը կը տեսնեն որպէս «ազատութեան կորուստ» եւ հետեւաբար այդ ազատութիւնը պահելու սիրոյն կը նախընտրեն հեռու մնալ ամուսնական կեանքէն, որովհետեւ ամուսնական կեանքը բնականաբար ազատութեան որոշ զոհաբերումներ կը պահանջէ. Հայրիկ կը մեղադրէ նման մարդիկ, համոզուած ըլլալով, որ շատ անգամ նման անձեր «պիղծ» կեանք մը կ՚ապրին եւ «կը գտնեն իրենց ցանկութեան կրից յագուրդ ու ճարակը»: Հայրիկ կը մեղադրէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ սանձակոտոր ազատութեան կեանքը ընտանեկան չէ եւ սուրբ չէ. ազատութեան կորուստի գաղափարը Հայրիկ կը կոչէ «շնական փիլիսոփայութիւն»:
Գուցէ Հայրիկ շատ խիստ կը դատէ եւ ամբողջութեամբ համաձայն չենք փոխանցուած մտածումներուն հետ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ որ ամուսնութենէն հեռու կ՚ապրի, պայման չէ որ զեխ կեանք մը ապրի եւ ազատութիւն ըսելով պայման չէ հասկնալ ազատութիւն մարմնական յարաբերութեան հանդէպ, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդու համար ազատութիւնը տարբեր տեսք ու համոզում կրնայ ունենալ:
Ընտանեկան կեանքը քանդող պատճառներէն մէկը Հայրիկ կը տեսնէ զեղխութեան հանդէպ շատերու ունեցած սիրոյն. այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին շատեր ամուսնական կեանքին կարեւորութիւնը որպէս վերացական արժէք ըմբռնելու փոխարէն կապած էին նիւթին։ Կարդանք Հայրիկի բառերը. «Ի՞նչ է նոցա սրտի եւ սիրոյ հաճոյք, գիտե՞ս. շքեղ տուն, թանկագին կահ կարասիք, կառք ու սիգաճեմ ձիեր, անբաւ զարդ, անհուն նորասիրութեան ձեւեր, սնապարծ ցուցամոլութիւն, զբօսասիրութիւն, ունայնամիտ տենչանք եւայլն»։ Ամուսնական կեանք ըսելով պէտք է հասկնալ ամբողջութեամբ ուրիշ բան՝ քան վերոյիշեալները, որոնք ամուսնական կեանքը խորտակելէ բացի ուրիշ բանի չեն ծառայեր։ Հայրիկի համոզումով՝ այդ բոլորն են որ կը սպառեն ամուսնական կեանքը, որովհետեւ հիմնական նպատակը անտես ընելով ժամանակաւոր ու աշխարհիկ արժէքներ կու գան գրաւել անոնց տեղը: Նման մտածողութեան տէր մարդիկ աւելի նախադաս կը համարեն հաճոյական կեանքը՝ քան ամուսնութիւնն ու ընտանիքը:
Մարդիկ ամէն ժամանակներուն եղած են նոյնը. «զարդասիրութեան բուռն տենչ՝ ամուսնասիրութիւնը մեռուցեր է», կ՚ըսէ Հայրիկ: Այստեղ Հայրիկ կը խօսի երեւոյթի մը մասին, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ որպէս հանելուկ. աւելի քան 150 տարիներ առաջ եւս աղքատ դասակարգի մարդիկ աւելիով կը սիրեն ամուսնութիւնը՝ քան անոնք, որոնք հարստութեան մէջ ապահոված են ընտանիք կազմելու «ապահովութիւն»ը. նոյն վիճակն է այսօր. կը տեսնենք, թէ նիւթապէս ապահով երկիրներու մէջ երիտասարդներ հեռու կը մնան ամուսնութենէն եւ կամ կը նախընտրեն աւելի ուշ ամուսնանալ, մինչ նիւթապէս աղքատ ու անապահով երկիրներու մէջ երիտասարդներ շատ շուտ կը պսակուին (այդ երկիրներէն մէկն է նաեւ Հայաստանը)։ Հայրիկ վստահաբար կը գիտակցի, որ ամուսնութեան հիմնական նպատակն ու արժէքը նիւթականին մէջ չի կայանար, սակայն այդ ամուսնական կեանքը դիւրացնող հարստութիւնը ունեցողները կը նախընտրեն հեռու մնալ. աղքատ ժողովուրդներու ամուսնութեան պարագան ու համոզումը Հայրիկ կը մեկնաբանէ հետեւեալ ձեւով. «Ամուսնանանք, հացն Աստուած կու տայ»: Սակայն Հայրիկ գովելի կը գտնէ ժողովուրդին այդ համոզումը, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ յետ ամուսնութեան Աստուծոյ օրհնութեան կ՚արժանանան եւ բազմաթիւ զաւակներու լոյս աշխարհ գալը ինքնաբերաբար կ՚ապահովէ իրենց հարստութիւնը՝ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս: Սակայն միշտ չէ որ այդպէս կը պատահի. «չքաւոր ընտանիքները թէեւ սիրեն ու բաղձան ամուսնութեան, այլ կարող չեն բարգաւաճել կամ ամուսնութիւն արգասաւորել», կ՚ըսէ Հայրիկ, յայտնելով որ փորձառապէս կը տեսնէ այդ բոլորը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ:
Այո, ամուսնութեան արժէքը աւելի վեհ է քան նիւթականը, սակայն պէտք է ըլլալ արդար ու ըսել, որ նիւթականը եւս իր կարեւոր դերը ունի ամուսնական կեանքին մէջ. նիւթական ըսելով մեծ հարստութեան մը մասին չենք խօսիր, որովհետեւ հարստութիւնը եւս ունի իր տարբեր մեկնաբանութիւնները. Հայրիկ այդ նիւթականին կարեւորութիւնը հետեւեալ պարզ տողերուն մէջ կը բացատրէ. «թէ որ հաց չը լինի՝ մայրերը անօթի կը մնան, եւ երբ մայրերը անօթի մնան, նորածին մանուկներու կաթ կը ցամքի». պէտք է ընդունիլ, որ աղքատութիւնն ու չքաւորութիւնը ընտանեկան խաղաղութիւնը խանգարող մեծագոյն թշնամիներէն մէկն է. «վասն զի տիրապետող չքաւորութենէն կը սպառին ու կը չքանան ընտանիքը ու հետեւապէս կը նուազի Հայոց հին ու բազմաճոխ ազգը», կ՚ըսէ Հայրիկ:
Բոլորն ալ լաւապէս կը գիտակցինք, որ ամուսնութեան ու ընտանիքի մը համար նիւթականը առաջնահերթ պէտք չէ ըլլայ, սակայն կեանքի փորձով կը տեսնենք, որ բազմաթիւ ընտանիքներ կը կործանին՝ նիւթական չքաւորութեան պատճառով, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ «մարդ միայն հացով չ՚ապրիր», սակայն ապրելու համար ալ հացի կարօտը ունի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ամուսնութեան մէջ նիւթականը կարեւո՞ր է:
Պատասխան. Նիւթականը կարեւոր տեղ ունի ամուսնական կեանքին մէջ, որովհետեւ ան կ՚ազդէ ամուսնական կեանքի տարբեր երեւոյթներու վրայ. ինչպէս օրինակ՝ ապրելակերպը, անվտանգութիւնը, որոշումներ կայացնելը եւ այլն: Նիւթական կայունութիւնը կը թեթեւցնէ հոգը եւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ կեդրոնանալ ընդհանուր նպատակներու վրայ: Սակայն նիւթականին կարեւորութիւնը կախուած է անհատական արժէքներէ եւ առաջնահերթութիւններէ: Զոյգերու համար կարեւոր է բացայայտօրէն անդրադառնալ նիւթական հարցերու, համագործակցիլ նիւթական նպատակներու շուրջ եւ մշակել նիւթականը միասին կառավարելու ռազմավարութիւններ, խթանելու համար իրենց յարաբերութիւնը, վստահութիւնն ու փոխըմբռնումը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան