ԸՍՏ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՕՐԷՆՔԸ ԴԵՌ ԱՆԿԱՏԱՐ Է

Աս­տուած՝ Ա­րա­րի­չը յայտ­նեց Իր Օ­րէն­քը Իր ժո­ղո­վուր­դին, այս­պէս պատ­րաս­տե­լով Յի­սուս Քրիս­տո­սի Գա­լուս­տը։ Ար­դա­րեւ Մով­սէ­սի Օ­րէն­քը կ՚ար­տա­յայ­տէ բազ­մա­թիւ ճշմար­տու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք բնա­կան­ա­բար մատ­չե­լի են բա­նա­կա­նու­թեան։

Այս ճշմար­տու­թիւն­նե­րը կը գտնուին հռչա­կուած եւ վա­ւե­րա­ցուած փրկու­թեան Ուխ­տին մէջ։

«Հին Օ­րէնք»ը ա­ռա­ջին վի­ճակն է յայտ­նեալ օ­րէն­քին։ Ա­նոր բա­րո­յա­կան պա­տուէր­նե­րը եւ հրա­հանգ­նե­րը հա­մա­ռօ­տուած են տաս պա­տուի­րան­նե­րուն մէջ։ «Տաս­նա­բա­նեայ»ին պա­տուէր­նե­րը հի՛մ կը ծա­ռա­յեն ըստ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին կեր­պա­ւո­րուած մար­դուն կո­չու­մին։

Այս պա­տուէր­նե­րը կ՚ար­գի­լեն ի՛նչ որ հա­կա­ռա՛կ է Աս­տու­ծոյ, Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման եւ գոր­ծադ­րու­թեան, եւ մեր­ձա­ւո­րին սի­րոյն ու կը պա­տուի­րեն ի՛նչ որ էա­կան է եւ պատ­շա՛ճ ա­նոր։

«Տաս­նա­բա­նեայ»ն ա­մէն մար­դու խղճմտան­քին ըն­ծա­յուած լո՛յս մըն է, յայտ­նե­լու հա­մար ա­նոր՝ Աս­տու­ծոյ կամ­քը, կո­չը եւ ճա­նա­պարհ­նե­րը, եւ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար զինք չա­րին դէմ.

«Աս­տուած, Օ­րէն­քին տախ­տակ­նե­րուն վրայ դրոշ­մեց ի­՛նչ որ մար­դիկ չէին կար­դար ի­րենց սրտե­րուն մէջ», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս։

Ար­դա­րեւ ըստ քրիս­տո­նեայ ա­ւան­դու­թեան, «սուրբ», «հո­գե­ւոր» եւ «բա­րի» Օ­րէն­քը տա­կա­ւին ան­կա­տա՛ր է։ Որ­պէս ու­սու­ցիչ, որ­պէս դաս­տիա­րակ, ան ցոյց կու տայ ի՛նչ որ պէտք է ը­սել, բայց ինք­նին չի տար Սուրբ Հո­գիին ու­ժը, շնորհ­քը՝ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար զայն։ Մեղ­քին պատ­ճա­ռաւ, զոր ան չի կրնար վե­րաց­նել, օ­րէն­քը կը մնայ «գե­րու­թեան օ­րէնք» մը։ Ըստ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի, Օ­րէն­քը յա­տուկ կեր­պով իբր պաշ­տօն ու­նի մատ­նա­ցոյց ը­նե­լու եւ «յայտ­նե­լու մեղ­քը», որ կը կեր­տէ մար­դուն մէջ «ցան­կու­թեան օ­րէնք» մը, կամ «կիր­քե­րու օ­րէնք» մը։ «Դո՛ւք՝ իբ­րեւ Օ­րէն­քին քա­ջա­ծա­նօթ մար­դիկ, չէ՞ք գի­տեր, եղ­բայր­նե՛ր, որ Օ­րէն­քը մար­դուն կը տի­րէ՝ որ­քան ա­տեն որ մար­դը կ՚ապ­րի…։ Այլ մե՛ղքն էր որ բա­րի պա­տուի­րա­նին մի­ջո­ցաւ ին­ծի մահ պատ­ճա­ռեց, նախ՝ որ­պէս­զի մեղ­քին ի՛նչ ըլ­լա­լը յայտ­նուի, եւ ա­պա՝ պա­տուի­րա­նին մի­ջո­ցաւ մեղ­քին ա­ռա­ւել ծան­րու­թիւ­նը յայտ­նուի» (ՀՌՈՄ. Է 1-13)։­

Օ­րէն­քը սա­կայն կը մնայ ա­ռա­ջին հանգրուա­նը՝ Ար­քա­յու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ։ Ան «ընտ­րուած ժո­ղո­վուրդ»ը եւ իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեան կը պատ­րաս­տէ եւ տրա­մա­դիր կ՚ը­նէ դառ­նա­լու եւ հա­ւա­տա­լո՛ւ Փրկիչ Աս­տու­ծոյ։ Ան կը հայ­թայ­թէ ու­սու­ցում մը՝ որ մշտա­կայ է Աս­տու­ծոյ Խօս­քին մէջ։

Այս ի­մաս­տով՝ Հին Օ­րէն­քը «պատ­րաս­տու­թիւն» մըն է Նոր Օ­րէն­քին՝ Ա­ւե­տա­րա­նին։

Ար­դա­րեւ Սուրբ Ե­րա­նոս Լիոն­ցի կ՚ը­սէ. «Օ­րէն­քը մար­գա­րէու­թիւն եւ դաս­տիա­րա­կու­թիւն է հան­դեր­ձեալ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ»։­

Ուս­տի Հին Օ­րէն­քը կը մար­գա­րէա­նայ, այ­սինքն ա­պա­գան կը տես­նէ եւ կը կան­խա­գու­շա­կէ մեղ­քէ ա­զա­տագ­րու­մը՝ որ պի­տի կա­տա­րուի Քրիո­տո­սով։ Հին Օ­րէն­քը՝ Նոր Օ­րէն­քին, Նոր Կտա­կա­րա­նին կը հայ­թայ­թէ պատ­կեր­նե­րը, մա­նա­ւանդ «տի­պար»նե­րը, խորհր­դա­նի­շե­րը, ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար կեան­քը ըստ Հո­գիին։

Օ­րէն­քը կ՚ամ­բող­ջա­նայ վեր­ջա­պէս ու­սու­ցու­մով ի­մաս­տու­թեան եւ մար­գա­րէ­նե­րուն գիր­քե­րուն, ո­րոնք կ՚ուղ­ղեն դէ­պի Նոր Ուխ­տը՝ Նոր Օ­րէն­քը եւ եր­կին­քի Ար­քա­յու­թիւ­նը։

Տես­նենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի Հին ու Նոր Ուխ­տի մա­սին.

«Հին Ուխ­տի վար­չա­կար­գին տակ ե­ղան մար­դիկ՝ ո­րոնք ու­նէին Սուրբ Հո­գիին սէ­րը եւ շնորհ­քը եւ կը ցան­կա­յին ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ հո­գե­ւոր եւ յա­ւի­տե­նա­կան խոս­տում­նե­րուն, ո­րոնց մի­ջո­ցով ա­նոնք կը կա­պուէին Նոր Օ­րէն­քին։ Ներ­հա­կա­բար՝ Նոր Ուխ­տին օ­րով ալ կան մարմ­նա­ւոր մար­դիկ, ո­րոնք տա­կա­ւին հե­ռու կը մնան Նոր Օ­րէն­քին կա­տա­րե­լու­թե­նէն։ Խրա­խու­սե­լու հա­մար զա­նոնք դէ­պի ա­ռա­քի­նի գոր­ծե­րը, պա­տի­ժին վա­խը, եր­կիւ­ղը եւ կարգ մը ժա­մա­նա­կա­ւոր խոս­տում­ներ անհ­րա­ժեշտ ե­ղան մին­չեւ իսկ Նոր Ուխ­տի ժա­մա­նակ։ Ա­մէն պա­րա­գա­յին, Հին Օ­րէն­քը նոյ­նիսկ ե­թէ սէ­րը կը պա­տուի­րէր, սա­կայն չէր տար Սուրբ Հո­գին, ո­րուն մի­ջո­ցով -սէ­րը կը սփռուի մեր սրտե­րուն մէջ-, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը (ՀՌՈՄ. Ե 5) իր նա­մա­կին մէջ»։

­Նոր Օ­րէն­քը կամ ա­ւե­տա­րա­նա­կան Օ­րէն­քը բնա­կան, բա­նա­կան եւ յայտ­նեալ աստուա­ծա­յին օ­րէն­քին կա­տա­րե­լու­թի՛ւնն է այս աշ­խար­հի վրայ։

Նոր Օ­րէն­քը գո՛րծն է Քրիս­տո­սի եւ կ՚ար­տա­յայ­տուի մաս­նա­ւո­րա­պէս «Լե­րան քա­րոզ»ին մէջ. (ՄԱՆԹ. Ե-Է)։ Նոր Օ­րէն­քը նաեւ գո՛րծն է Սուրբ Հո­գիին եւ Ա­նոր մի­ջո­ցով կը դառ­նայ «սի­րոյ ներ­քին օ­րէնք. «Իս­րա­յէ­լի տան հետ պի­տի կնքեմ Նոր Ուխ­տը…» (ԵԲՐ. Ը 8), եւ «Ի­րենց միտ­քե­րուն մէջ պի­տի դրոշ­մեմ իմ օ­րէնք­ներս, ի­րենց սիր­տե­րուն վրայ պի­տի դնեմ զա­նոնք. ես ի­րենց Աս­տուա­ծը պի­տի ըլ­լամ, եւ ի­րենք՝ իմ ժո­ղո­վուրդս…» (ԵԲՐ. Ը 10)։

­Նոր Օ­րէն­քը՝ Ա­ւե­տա­րա­նը Սուրբ Հո­գիին շնո՛րհքն է, որ տրուած է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ Քրիս­տո­սի մէջ հա­ւատ­քո՛­վը։ Ան կը գոր­ծէ սի­րո՛յ մի­ջո­ցով, կ՚օգ­տա­գոր­ծէ Տի­րոջ քա­րո­զը՝ ու­սու­ցա­նե­լու հա­մար մե­զի ի՛նչ որ պէտք է կա­տա­րել, եւ խոր­հուրդ­նե­րը՝ հա­ղոր­դե­լու հա­մար մե­զի՝ զայն կա­տա­րե­լու շնորհ­քը։ Եւ լսենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ այս մա­սին Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս.

«Ան որ պի­տի ու­զէ աս­տուած­պաշ­տու­թեամբ եւ զգօ­նու­թեամբ խորհր­դա­ծել այն քա­րո­զին մա­սին՝ զոր մեր Տէ­րը Յի­սուս Քրիս­տոս խօ­սե­ցաւ լե­րան վրայ, ինչ­պէս որ զայն կը կար­դանք Սուրբ Մատ­թէո­սի Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ, ա­նի­կա ան­տա­րա­կոյս հո՛ն պի­տի գտնէ քրիս­տոս­նեայ կեան­քին կա­տա­րեալ օ­րի­նա­գի­րը…։ Այս քա­րո­զը կը բո­վան­դա­կէ այն բո­լոր պա­տուէր­նե­րը՝ ո­րոնք յա­տուկ են ա­ռաջ­նոր­դե­լու քրիս­տո­նեայ կեան­քը»։ Ուս­տի ա­ւե­տա­րա­նա­կան օ­րէն­քը՝ հին օ­րէն­քը իր լրու­մին կը հասց­նէ, կը նրբաց­նէ, կը գե­րա­զան­ցէ եւ իր կա­տա­րե­լու­թեան կը հասց­նէ։

Լե­րան քա­րո­զին մէջ «Ե­րա­նու­թիւն­ներ»ու կար­գին, ան կ՚ի­րա­գոր­ծէ «աս­տուա­ծա­յին խոս­տում­նե­րը», բարձ­րաց­նե­լով ե՛ւ դա­սա­ւո­րե­լով զա­նոնք դէ­պի «Եր­կին­քի Ար­քա­յու­թիւն»ը։ Ան կ՚ուղ­ղուի ա­նոնց, ո­րոնք տրա­մա­դիր են հա­ւատ­քով ըն­դու­նե­լու այս «նոր յոյս»ը՝ աղ­քատ­նե­րը, խո­նարհ­նե­րը, սգա­ւոր­նե­րը, մա­քուր սրտե­րը, հա­լա­ծուած­նե­րը Քրիս­տո­սի դա­տին եւ սի­րոյն հա­մար, գծե­լով այս­պէս ա­նակն­կալ պատ­ճա­ռող Ար­քա­յու­թեան լոյս եւ յու­սա­լի մա­քուր ճա­նա­պարհ­նե­րը։

Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Օ­րէն­քը՝ Օ­րէն­քին պա­տուի­րան­նե­րը ի­րենց լրու­մին կը հասց­նէ։

Տի­րոջ քա­րո­զը, ո՛չ միայն չի ջնջեր եւ կամ չ՚ար­ժեզր­կեր Հին Օ­րէն­քի բա­րո­յա­կան պատուէր­նե­րը, այլ ա­նոնց­մէ կը քա­ղէ թա­քուն՝ գաղտ­նի եւ խորհր­դա­ւոր ու­ժե­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոնց­մէ կը ժայթ­քեց­նէ, կը բխէց­նէ նոր պա­հանջ­ներ, եւ կը յայտ­նէ ա­նոնց աս­տուա­ծա­յին եւ մարդ­կա­յին ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը։

Ան չ՚ա­ւելց­ներ ար­տա­քին նոր պա­տուէր­ներ, բայց կ՚եր­թայ մին­չեւ բա­րե­փո­խե­լու ա­րարք­նե­րու ար­մա­տը՝ սի՛ր­տը, հո՛ն ուր մարդ իր ընտ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ մա­քու­րին եւ ան­մա­քու­րին՝ բա­րիին ու չա­րին մի­ջեւ, ուր կը ձե­ւա­ւո­րուին, կը կազ­մուին հա­ւատ­քը, յոյ­սը եւ սէ՛­րը եւ ա­նոնց հետ միա­տեղ՝ միւս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը։

Այս­պէս ու­րեմն Ա­ւե­տա­րա­նը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ Օ­րէն­քը իր լիու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան, նմա­նե­լով երկ­նա­ւոր Հօր կա­տա­րե­լու­թեան, նե­րե­լով թշնա­մի­նե­րուն եւ ա­ղօ­թե­լով հա­լա­ծող­նե­րուն հա­մար, ըստ օ­րի­նա­կին աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­տա­բաշ­խու­թեան։

Նոր Օ­րէն­քը կը գոր­ծադ­րէ կրօ­նին ա­րարք­նե­րը՝ ո­ղոր­մու­թիւ­նը, ա­ղօթ­քը եւ ծո­մա­պա­հու­թիւ­նը, ուղ­ղե­լով զա­նոնք «Հօր՝ որ կը տես­նէ ծա­ծուկ», ներ­հա­կա­բար «մար­դոց­մէ տես­նուե­լու» բաղ­ձան­քին։ Իր ա­ղօթ­քը՝ «Հայր Մեր»ն է։ Նոր Օ­րէն­քը իր մէջ կ՚ըմբռ­նէ «եր­կու ճամ­բա­ներ»ու մի­ջեւ վճռա­կան եր­կընտ­րան­քը եւ գոր­ծադ­րու­թիւ­նը Տի­րոջ խօս­քե­րուն. ան կը հա­մա­ռօ­տուի «ոս­կե­ղէն» հե­տե­ւեալ «կա­նոն»ով. «Ուս­տի ի՛նչ որ կ՚ու­զէք որ մար­դիկ ը­նեն ձե­զի, նո՛յ­նը ը­րէք դուք ա­նոնց. ա՛յս է այն սկզբուն­քը որ իր մէջ խտաց­նէ Օ­րէն­քը ու մար­գա­րէ­նե­րու ու­սու­ցում­նե­րը» (ՄԱՏԹ. Է 12)։­

Եւ ի­րա­պէ՛ս «ոս­կի կա­նոն»ն է՝ որ կ՚ա­պա­հո­վէ եւ կը տե­ւա­կա­նաց­նէ ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը եւ կը հաս­տա­տէ խա­ղա­ղու­թիւ­նը՝ կա­նո­նա­ւո­րե­լով ա­մէն մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն։

Եւ այս «հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն»ը՝ «empathy»ն է ճա՛­րը ա­մէն ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 11, 2016, Իս­թան­պուլ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016