ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԷՆ ՀԻՆ ԷՋԵՐ

Ինչպէս յաճախ կ՚անդրադառնանք, պէտք է երբեմն նայիլ անցեալին եւ բաղդատել զայն ներկային հետ։

Արդարեւ, երբեմն ետ նայիլը երբեք յետադիմութիւն չէ՛, այլ՝ յառաջդիմութեան պայմաններէն մի՛ն։

Չէ՞ որ յառաջանալու՝ դէպի յառաջ նետուելու կամ ցատկելու ամենէն ապահով միջոցը մի քանի քայլ ետ երթալն է, ինչպէս բնազդաբար կ՚ընէ մարդ։ Ուրեմն բնական է երբեմն ետ նայիլ եւ մինչեւ իսկ ետ երթալ՝ ապագան լաւ տեսնելու եւ ապահով կերպով դէպի ապագայ յառաջանալու համար։

Ահաւասիկ, այս մտածումներով կը թղթատենք մամուլի հին բայց մշտանորոգ էջերը՝ նմանութեամբ մարդկային կեանքին, որ տեւապէս կը նորոգուի, եւ նորոգութեան անդրադառնալու համար պէտք է գիտնալ հին կեանքը՝ անցեալը, որ է՝ պատմութի՛ւնը։

Մեր գրասեղանին վրայ ունինք «ՄԱՍԻՍ»ի 3 Նոյեմբեր 1904 թուակիր օրինակը, ուր կը կարդանք «Խմբագրական նօթեր», որոնք կը փափաքինք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ նոյնութեա՛մբ։

«ԿԻԼԻԿԻՈՅ Ս. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ»

«Կիլիկիոյ Շնորհազարդ Կաթողիկոսը կը պատրաստուի մօտ օրէն մեկնիլ Մայրաքաղաքէս՝ իր Աթոռը վերադառնալու համար։ Այս առթիւ, Ն. Ս. Օծութիւնը կիրակի օրը Մայր Եկեղեցւոյ մէջ իր հրաժեշտի քարոզը խօսեցաւ, օրհնելով ժողովուրդը, շնորհակալութիւն յայտնելով իր գտած ընդունելութեանը համար, եւ բարեմաղթութիւններ ընելով Վեհ. Կայսեր արեւշատութեանը համար՝ երախտագիտական զգացմանց սրտազեղ արտայայտութիւններով։

«Խառն Ժողովը երկուշաբթի օրը Պատրիարքարանի մէջ նիստ ըրաւ, Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, յատկապէս զբաղելու համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Կ. Պոլսոյ Ազգ. Պատրիարքարանի հոգեւոր -  վարչական յարաբերութիւնները ճշդող ծրագրով։

«Թէեւ Ս. Կաթողիկոսն ալ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուիլ այս գումարման եւ պատգամաւորութիւն մը գնաց Երուսաղիմատուն, սակայն Ն. Ս. Օծութիւնը պատասխանեց թէ անձնական տկարութիւն ունենալուն չի կրնար երթալ, եւ թէ ինք իր տեսութիւնները գրաւորապէս պարզած ըլլալով՝ Վարչութիւնը անշուշտ գրաւորապէս պիտի հաղորդէ իր որոշումը։

«Օրաթերթերուն մէջ հրատարակուած տեղեկութեանց նայելով, Խառն Ժողովը իր այդ նիստին մէջ վերջնական բարեփոխութիւններով ու սրբագրութիւններով ընդուներ է 1881-ի ծրագիրը՝ ի մասին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Ազգ. Պատրիարքարանի հոգեւոր - վարչական  յարաբերութեանց, ջնջելով այն կէտերը, որոնք անյարմար ու անպատասխան են Կաթողիկոսութեան արդի վիճակին։

«Ընդունուած ծրագիրը կը տրամադրէ որ Կաթողիկոսը բնակի Սիսի մայրավանքը՝ որ ունենայ միաբանութիւն, վանական ժողով եւ ժառանգաւորաց վարժարան։ Կիլիկիոյ թեմական Սնտուկները՝ Սսոյ Աթոռին սահմանուած պտղիի եւ այլ գումարները անխափան հատուցանեն, տարին անգամ մը Կիլիկիոյ վիճակային առաջնորդները Սիսի մայրավանքին մէջ Ս. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ քննեն վանքին վիճակը ու ելեւմուտքը, զայն բարւոքելու համար պէտք եղած միջոցները խորհելով, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ հոգեւոր եւ կրթական գործերուն վրայ խորհրդակցելով։ Ս. Կաթողիկոսը կը կազմէ միաբանութիւնը, վանական կանոնագրութեան ծրագիր մը կը պատրաստէ, Կիլիկիոյ թեմերէն Աթոռին վճարուելիք գումարը կը սահմանէ, վանքին շարժուն եւ անշարժ գոյքերը երեւան կը հանէ ու կ՚արձանագրէ, վանքին նորոգութեան անհրաժեշտ եղող գումարը կ՚որոշէ եւ զայն հայթայթելու համար միջոցներ խորհելով՝ կը տեղեկագրէ Կեդրոնական Վարչութեան, որպէսզի պէտք եղածը խորհուի եւ որոշուի այստեղ։

«Ասոնք են ահա Խառն Ժողովին կողմէ ընդունուած ծրագրին գլխաւոր տրամադրութիւնները։

«Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Եպիսկ. Երէցեանի եւ Տ. Կարապետ ու Տ. Ներսէս վարդապետներու, երեքշաբթի օրը փոխադարձ այցելութեան գնաց Հայ Հռոմէականաց Կ.- Պատրիարք Տ. Սապպաղեան Սրբազանի եւ մեծարալից ու սիրալիր ընդունելութիւն մը գտաւ»։

Իսկ «Մասիս»ի 12 Նոյեմբեր 1904 թուակիր օրինակին մէջ կը կարդանք խմբագրական մը՝ Ս. Կաթողիկոսի մասին։

«ԿԻԼԻԿԻՈՅ Ս. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ»

«Կիլիկիոյ Շնորհազարդ Կաթողիկոսը, որ կը պատրաստուի մեկնիլ մայրաքաղաքէս՝ իր Աթոռը վերադառնալու համար, վերջին օրերս արժանացաւ Կայսերական նորանոր շնորհներու, որոնց համար երախտագիտութիւն յայտնելու գնաց ի Կայսերական Պալատ եւ պատիւ ունեցաւ, շաբաթ գիշեր, Իֆթարի սեղանին մասնակցելու, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Եպիսկ. Երէցեանի։ Սեղանէն յետոյ, Ս. Կաթողիկոսը՝ սենեկապետ Բարձր. Հաճի Ալի փաշայի միջոցաւ իր շնորհապարտ զգացմանց հաւաստիքը մատոյց յոտս Կայս. Գահոյից։ Սենեկապետ Փաշան վերադառնալով, Ս. Կաթողիկոսին հաղորդեց Ն. Վեհափառութեան Կայսերական բարեւները, եւ յարեց թէ իր ինչ ինչ խնդրանաց մասին եղած կարգադրութիւնը գրաւորապէս հաղորդուած է Դատական Նախարարութեան։

«Ամեն. Տ. Տ. Սահակ Ս. Կաթողիկոսին եղած շնորհներն են հետեւեալները, ինչպէս արդէն ծանուցին օրաթերթերը։ - Ամսական 3500  ղրշ. յատկացուած է Ն. Ս. Օծութեան, ինչպէս կը ստանար հանգուցեալ Մկրտիչ Կաթողիկոսը։ - Սիսի մայրավանքին ու եկեղեցւոյն վերանորոգութեան արտօնութիւնը շնորհուած է։ - Նոյնպէս, Կայսերական բարեհաճ Իրատէյի մը համաձայն, Սիսի վանքին շնորհուած է 200  ոսկիի պարտքը, զոր կալուածական տուրքերու հաշուէն ունէր պետական գանձուն։

«Ս. Կաթողիկոսը կիրակի առաւօտ քարոզ խօսելով Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Կայսերական այս շնորհներն աւանդեց եւ Վեհ. Սուլթանին արեւշատութեան համար ջերմագին բարեմաղթութիւններ ըրաւ, որոնց ձայնակցեցաւ ժողովուրդը -ամէն-ներով։ Ն. Ս. Օծութիւնը յայտնեց միանգամայն իր քարոզին մէջ,  թէ,- Խնդրած էի, որ Կիլիկիոյ Վիճակէն վեց տղաք ընդունուին պետական վարժարանները, եւ այս առթիւ ալ պիտի վայելենք Կայսերական շնորհը։

«Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը կը մեկնի, ուրեմն, լի երախտագիտութեամբ՝ Կայսերական շնորհներուն համար որոնց արժանացաւ, եւ միանգամայն գոհունակ տպաւորութեան մը տակ՝ այն ջերմագին համակրանքէն ու մեծարանքէն որ ցոյց տրուեցաւ իր ժամանման օրէն ի վեր թէ՛ եկեղեցական դասուն եւ թէ՛ Պոլսահայ համայնքին ամէն դասակարգերուն կողմէ անխտիր։ Այս համակրանքը արտայայտուեցաւ նաեւ դրամական նուիրատուութիւններով որոնք եղան մայրավանքին նորոգութեան ի նպաստ։

«Արդէն, Կիլիկիոյ ամէն կողմերէն, եւ մասնաւորապէս Սիսէն, երախտագէտ զգացմանց սրտազեղ արտայայտութիւններ կը հասնին հեռագրով ու նամակով, եւ Ս. Կաթողիկոսը՝ իր Աթոռը վերադարձին՝ պիտի կրնայ ձեռնարկել մայրավանքին նորոգութեան, ժառանգաւորաց նորահաստատ վարժարանին կազմակերպութեան, եւ եկեղեցաշէն ու կրթասիրական այն ամէն գործերուն, որոնք իր բաղձանքը եղած են Կիլիկիոյ հով-ւապետութեան պաշտօնին կոչուած օրէն։

«Ն. Ս. Օծութիւնը, որ երկուշաբթի օրը այցելած էր Պալաթի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցին, ուխտի համար, եւ յետոյ վարժարանը, ինչպէս նաեւ Խասգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին ու Գալֆայեան Որբանոցը, երեքշաբթի Բ. Դուռը երթալով՝ Երէցեան Սրբազանի ընկերակցութեամբ՝ հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ ու արժանացած շնորհներուն համար երախտագիտութիւն յայտնեց Բարձր. Մեծ - Եպարքոսին եւ Ներքին գործոց ու Դատական նախարարներուն, որոնք սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրին»։

* * *

27 Նոյեմբեր 1904 թուակիր «ՄԱՍԻՍ» կը գրէ.-

«Բերայի քարոզիչ Տ. Հմայեակ Եպիսկ. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ կիրակի օրը ներկայ գտնուեցաւ Բանայիա եկեղեցւոյն հիմնարկութեան հարիւրամեակի հանդէսին, եւ համակիր ընդունելութիւն գտաւ Յունաց Ս. Պատրիարքին եւ յոյն երեւելիներու կողմէ։ Այս եկեղեցական հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած մետալներէն հատ մը նը-ւիրուեցաւ Ս. Պատրիարք Հօր եւ հատ մըն ալ Տ. Հմայեակ Եպիսկոպոսի»։

* * *

«Պայրամի տօնին առթիւ չորեքշաբթի օրը Կայսերական Պալատ գացին ի շնորհաւորութիւն՝ Տ. Բարթուղիմէոս եւ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոսները, Երուսաղէմի Պատր. Փոխանորդ Տ. Երէցեան Սրբազան եւ Բերայի քարոզիչ Տ. Հմայեակ Սրբազան»։

* * *

Յ. Գ. Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Յակոբ Սրկ. Չաքարեանին՝ որ իր անձնական գրադարանէն մեր օգտագործութեան տրամադրեց «ՄԱՍԻՍ»ի հաւաքածոյին մէկ մասը։ Յատուկ շնորհակալութիւններ իր փափկանկատութեանը համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 10, 2018, Իսթանպուլ      

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018