ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՄԱՐԴԸ

Գիտութիւնը երբեք «օրէնք»ը խափանելու կամ փոխելու չի ձգտիր, որովհետեւ բացարձակապէս անկարելի է այդ, այլ կը ձգտի ինքզինք անոր յարմարցնելու, անոր հետ համերաշխ գործելու, եւ մէկ խօսքով՝ անոր բացարձակ հեղինակութիւնը, իշխանութիւնը ճանչնալու, եւ անոր հպատակելու։ Բնական օրէնքներու գերիշխանութենէն ազատագրուելու միակ կերպն է անոնց հպատակիլ։

Մարդ կրնայ, թէ որ ուզէ, ըմբոստանալ օրէնքի դէմ, բայց չի կրնար երբեք զայն կոտրել, այլ ան զինք կը կոտրէ։ Մարդուն ապստամբութեան պատճառով ֆիզիքական, բնական օրէնքները չեն վնասուիր, այլ մարդը ինք է, որ կը վնասուի։ Այս իմաստով, բնութիւնը իր ստրուկը կ՚ընէ մարդը, երբ ան անոր դէմ անհնազանդութիւն կը գործէ։ Իսկ միւս կողմէն բնութինը ինքզինք մարդուս տրամադրութեան ներքեւ կը դնէ, մարդուս սպասաւորութիւն կ՚ընէ, երբոր մարդիկ անոր հաւատարմութեամբ կը հպատակին, կը հնազանդին անոր մշտնջենական եւ անայլայլելի օրէնքներուն։ Մարդ կը գործէ բնութեան մէջ՝ բնութեան հետ՝ անոր օրէնքներուն համեմատ…։

Եւ այս սկզբունքային ճշմարտութիւնը ա՛լ աւելի եւս կը պարզուի երբ նկատի կ՚առնենք առողջապահական օրէնքները։ Մեր մարմինները որպէսզի իրենց առողջութիւնը, կենսունակութիւնը, ուժերը, կարողութիւնը, կորովը կարենան պահել, անհրաժեշտ է հնազանդիլ կարգ մը օրէնքներու, ապա թէ ոչ կը հիւանդանան՝ կը կորսնցնեն իրենց կենսունակութիւնը։

Ան որ առողջապահական օրէնքները չի ճանչնար, չի յարգեր, այլ անոնց դէմ կ՚ա-պըստամբի, անհնազանդ կը գտնուի եւ սանձ չի դներ իր կիրքերուն՝ իր ախորժակին, կանոնաւոր քուն չի քնանար, իր մարմինին մաքրութեան հոգ չի տանիր, չի խնամեր իր մարմինը, եւ ասոնց նման մեծ եւ պզտիկ հազար ու մէկ տեսակ կանոններ եւ օրէնքներ կը կոտրէ, անշուշտ պիտի տուժէ՝ իր առողջութիւնը, նոյնիսկ իր կեանքը վրայ պիտի տայ։

Առողջութիւնը շնորհ մըն է, պարգեւ մը եւ օրհութիւն է, զոր վայելելու միակ կերպն է առողջապահական օրէնքները ճանչնալ, զանոնք յարգել եւ անոնց հպատակիլ։ Եւ այս տեսակէտէն նայելով՝ օրէնքի հպատակիլ գերութեան կամ ստրկութեան պատճառ չէ երբեք, այլ ճշմարիտ ազատութի՛ւն. առողջութեան ազատութիւն, մարմնի գոյապահպանման եւ գոյատեւման ազատութիւն, որովհետեւ այդ կերպով է, որ մենք կրնանք ապահովել եւ վայելել մարմնական առողջութիւն՝ որ կը նշանակէ կեանքը ապահովել եւ վայելել երջանկութեա՛մբ։

Արդարեւ, ո՞վ կրնայ պաշտպանել կամ արդարացնել այն անհատը՝ որ օրէնքներու դէմ կը մեղանչէ։

Մարդ բնութեան դէմ չէ՛, այլ բնութեան մէջ, բնութեան մէկ մասը, եւ ուրեմն պէտք է մարդ համընթաց գործէ բնութեան հետ, անոր հետ միշտ հաշտ։ Եւ այն՝ որ չի համակերպիր բնութեան օրէնքներուն, առողջապահական օրէնքներուն, ինքզինք կ՚անպատուէ եւ կը ստորնացնէ։ Մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է առողջապահական օրէնքներու անհնազանդութիւն, մարդ որպէս անհատ ո՛չ միայն ինքզինք վտանգի կ՚ենթարկէ, այլ ամբողջ ընկերութիւնը՝ սկսելով իր անմիջական մերձաւորներէն։

Ուստի օրէնքներու հնազանդութեան հարցին, անհատը ո՛չ միայն իր անձին այլ ամբողջ ընկերութեան հանդէպ պատասխանատո՛ւ է։ Եւ այն անհատը որ այս պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունի, կատարեալ է որպէս անդամ ընկերութեան։ Եւ ինչպէս ընկերութեան հանդէպ պատասխանատու է անհատը, նո՛յնպէս պատասխանատո՛ւ է իր ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամին հանդէպ։

Օրէնքի հանդէպ ապստամբիլ, անհնազանդ ըլլալ՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքաբար ապահովութիւնը, խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը, ազատութիւնը եւ առողջութիւնը կը վտանգէ եւ փլուզումի կը մատնէ։ Ուստի զգոյշ պէտք է ըլլալ օրէնքներու հպատակութեան եւ հնազանդութեան այս կարեւոր հարցին նկատմամբ, քանի որ ան ո՛չ միայն անհատը, այլ հաւաքականութիւնը, ընկերութիւնը հետաքրքրող խնդիր մըն է։

Մեր ներկայ օրերուն մեծ եւ աններելի մեղքը կամ ըսենք, թերութիւնը միթէ այս չէ՞. հնազանդիլ, համակերպիլ առողջապահական օրէնքներուն, պատուէրներուն։ Պէտք է հաւաքաբար, ժողովուրդի ամէն խաւերուն մէջ տիրէ օրինապահութեան զգացումը, պէտք է պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը հաստատուի իւրաքանչիւր անհատի մէջ՝ գիտակցելով որ այդ պատասխանատուութիւնը ո՛չ միայն իր անձին հանդէպ է, այլ՝ ամբողջ ընկերութեան եւ պարագային համեմատ նոյնիսկ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ։ Այս մասին անտարբերութիւնը հաւաքական մեծ վնասներու պատճառ կրնայ ըլլալ, եւ ահաւասիկ այս գիտակցութիւնը պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր անհատ՝ որպէս ընկերութեան մէկ անդամը։

Եւ ահաւասիկ այս գիտակցութեան պակասին պատճառաւ է, որ ամէն կողմ կը տիրէ նեղութիւն, վտանգ, ցնցում, շուարում, տակնուվրայութիւն, անհասկցողութիւն, ցաւ եւ մտահոգութիւն…։

Եւ այս մտահոգութիւնը կը տարածուի գրեթէ ամէն մարզի մէջ՝ առողջապահական, տնտեսական, բարոյական, ընկերային, ընտանեկան եւ մինչեւ իսկ հոգեւոր կեանքի մէջ։ Այս իմաստով, եւ ընդհանրապէս, «անհնազանդութիւն»ն է, որ պատճառ կ՚ըլլայ ամէն տեսակ նեղութիւններու, մարմնական եւ հոգեկան վնասներու, նաեւ հիւանդութիւններու։ Ընդհանուր առումով օրինազանցութեան պատճառով է, որ կը ստեղծուին նեղութիւններ եւ վտանգներ։

«Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.

«-Քաջալերուէ՛, ո՛րդեակ, մեղքերդ ներուած են քեզի։

«Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք իրենց մտքէն ըսին.

«-Այս մարդուն ըրածը հայհոյութիւն է։

«Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ.

«-Ինչո՞ւ դուք ձեզի չար բաներ կը մտածէք։ Ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է. անդամալոյծին -Մեղքերդ ներուած են քեզի, ըսե՞լը, թէ.- Ել եւ քալէ՛, ըսելը։ Բայց պէտք է գիտնաք թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու։

«Ապա անդամալոյծին դառնալով ըսաւ.

«-Ե՛լ, մահիճդ ա՛ռ եւ տունդ գնա՛։

«Անդամալոյծը ոտքի ելաւ եւ տուն գնաց։

«Ժողովուրդը երբ ասիկա տեսաւ՝ զարմացաւ եւ կը փառաւորէր զԱստուած, որ մարդոց այսպիսի կարողութիւն կու տայ» (ՄԱՏԹ. Թ 1-8)։

Ուրեմն կը տեսնենք թէ ամէն հիւանդութիւն պատճա՛ռ մը ունի եւ այդ պատճառը կը ստեղծուի նոյնինքն ենթակային՝ հիւանդին սխալ մէկ արարքէն, ընդհանրապէս անհնազանդութենէն՝ որ մե՛ղք մըն է…։

Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ թէ՝ չկա՛յ բան մը որ իր գոյութիւնը չպարտի Արարիչ Աստուծոյ։ Արդարեւ աշխարհը սկսաւ երբ Աստուծոյ խօսքով ոչինչէն գոյացաւ. գոյութիւն ունեցող բոլոր էակները, ամբողջ բնութիւնը, մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կ՚արմատանան այս սկզբնական դէպքին մէջ։ Այս ծնունդով է որ աշխարհ գոյացած է եւ ժամանակն ալ սկի՛զբ առած է։ Աստուած Ի՛նքն է որ ստեղծեց տեսանելի աշխարհը իր ամբողջ ճոխութեամբ, զանազանութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ, եւ կը կատարելագործուի աստուածային ծրագրի մը համաձայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 12, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020