ԵԹԷ

«Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան

Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող»:

Այնպէս ինչպէս ծնունդէն ետք անխուսափելի է մահը, նոյնպէս յաղթանակէն ետք անխուսափելի է պարտութիւնը եւ պարտութենէն ետք՝ յաղթանակը փոխադարձաբար. երկուքն ալ մարդ արարածին համար են եւ այդ երկուքին միջեւ եղող տատանումն է, որ կը կոչուի կեանք, կը կոչուի գործ:

Յաղթելու մարմաջը մարդ արարածին մէջ մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է. նախամարդը նոյնիսկ ուզած է մի՛շտ յաղթել. վկայ Աբէլին սպանութիւնը իր եղբօր Կայէնի ձեռքերով. դրուագ՝ ուր յաղթուածն ու պարտուածը կու գան քով քովի:

Բանաստեղծը պարտութիւնն ու յաղթութիւնը «զոյգն այդ խաբող» կը կոչէ, որովհետեւ անոնք երկուքն ալ մնայուն չեն. այսօր յաղթողը կրնայ վաղը պարտուած դուրս գալ, իսկ պարտուածը՝ յաղթանակած. այդ իսկ պատճառով բանաստեղծը կը յորդորէ, որ յաղթութիւնը նոյնիսկ ընդունիլ այնպէս՝ ինչպէս մարդ պիտի ընդունէր պարտութիւնը:

Կեանքը կը փաստէ, որ երկուքն ալ մնայուն չեն եւ երկու պարագաներն ալ գործ կը պահանջեն. յաղթողը պէտք է աշխատի կարենալ պահելու համար յաղթանակը, իսկ պարտուածը դարձեալ պէտք է աշխատի դուրս գալու համար իր պարտուած վիճակէն: Այս մէկը բացատրելու լաւագոյն օրինակը Արցախեան վերջին պատերազմն էր. երեսուն տարիներ առաջ յաղթական էր Հայաստանը, իսկ ազէրին պարտուած. երեսուն տարիներ ետք պատկերը շրջուած կը տեսնենք. յաղթանակածը կը դառնայ պարտուած, իսկ յաղթուածը՝ յաղթական:

Մարդկային կեանքն ալ նոյնն է, այդ իսկ պատճառով պէտք չէ յուսահատիլ. պարտութենէն դէպի յաղթանակ տանող ճամբու միակ խոչընդոտը յուսահատութիւնն է, որովհետեւ այս օրերուն շա՜տ են այն մարդիկ, որոնք հաւատք չունին, թէ իրենք կրնան դարձեալ վերականգնել իրենց յաղթանակը եւ այդ յուսահատութեան տակ ընկճուած կը շարունակեն իրենց կեանքը հնազանդելով պարտութեան հոգեբանութեան:

Աւելին, պարտութիւնը անհրաժեշտութիւն է մարդոց համար, յետագային լաւապէս գնահատելու եւ վայելելու համար յաղթութիւնը, որ անձնական աշխատանքի պտուղը պիտի ըլլայ: Առանց պարտութեան յաղթանակած մարդը չի կրնար լաւագոյնս գնահատել իր յաղթանակը եւ անպայման օր մը կը յայտնուի պարտութեան գիրկը, որովհետեւ թէ՛ յաղթելը եւ թէ՛ պարտուիլը քիչ մը բախտէն աւելի բան մըն է:

Մենք՝ մարդիկս սովոր ենք յաղթութիւնները մեր սեփական ուժերուն վերագրել, սակայն պարտութիւնները բարդել բախտին գիրկը: Կարելի չէ մերժել «բախտ»ի մը գոյութիւնը, սակայն այդ բախտը չի կրնար աւելի գերիվեր ըլլալ քան մարդու կամքն ու ուժը, որովհետեւ անոնք որոնք չունին բախտը՝ պարտաւոր են ստեղծել զայն, պայքարիլ անոր համար. այդ մէկն է, որ այսօր կը կատարէ բանուորը՝ օր ու գիշեր աշխատելով:

Բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ իր որդիին գրած բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ.

«Յաճախ շուրջս աչք ածելով, այն մարդկանց եմ ես նախանձել,

Որոնց կեանքը հեշտ է անցնում - ասես կեանք չէ, այլ խճուղի...»:

Եւ բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ կը նախընտրէ իր որդիին կեանքը հեշտ չանցնի, որովհետեւ դժուարութեամբ ձեռք բերուածն է, որ կ՚արժեւորուի ու կը գնահատուի:

Հետաքրքրական է, որ բանաստեղծը չի խօսիր պարտութենէն ետք արձանագրուած յաղթութեան մասին, այլ կը կենդրոնանայ յաղթանակէն ետք եղած պարտութեան մասին. մարդիկ որոնք յաճախ պարտուած են, պարտութենէ ետք դարձեալ պարտութիւն մը կրնան շատ աւելի դիւրութեամբ տանիլ, քան մարդիկ, որոնք յաղթանակածի հոգեբանութենէն մէկ անգամէն յայտնուին պարտութեան վիճակին. այլ խօսքով՝ բացատրենք այսպէս. Նախապէս բանտարկուած անձ մը շատ աւելի հանգիստ ու պարզ քայլերով մուտք կը գործէ բանտ, քան անձ մը որ առաջին անգամ կը բանտարկուի եւ այս մէկը կը կոչուի փորձառութիւն:

***

«Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ».

Այսօր կեանքի մէջ դժուար է լսել ներքին ձայնը, որովհետեւ մարդոց ձայնը կու գայ խանգարելու այն բոլորը, ուր կ՚ուզես խօսիլ ու լսել քու անձիդ, խիղճիդ ու մտածումներուդ հետ: Ցաւ ի սիրտ, այսօր մարդ արարած իր ներքինէն աւելի կարեւորութիւն կու տայ շրջապատին ըսածներուն ու կարծիքներուն, որոնք յաղթանակի անուան տակ պարտութեան կ՚առաջնորդեն մարդը: Մենք մեր կեանքի ընթացքին յաճախ քայլեր կ՚առնենք, որ մեզի ուրախութիւն չի տար, պարզապէս շրջապատը հաճոյացնելու կը ծառայէ: Մինչեւ օրս, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ընտանիքներ միջամուխ կ՚ըլլան, թէ իրենց զաւակը ո՞վ պէտք է սիրէ, ի՞նչ ճիւղ պէտք է ուսանի, ո՞ւր եւ ե՞րբ պէտք է երթայ, որոնք երիտասարդին կամքով կրնան չըլլալ:

Կեանքի մէջ բախտաւոր կ՚ըլլայ այն մարդը, որ իր ներքին ձայնին ականջ կու տայ՝ նոյնիսկ եթէ այդ ներքին ձայնը զինք ձախողութեան առաջնորդէ, որովհետեւ անձնական սխալով ձախողութիւնը մարդ արարածին համար շատ աւելի ընդունելի է, քան ուրիշին առաջնորդութեամբ կատարուած սխալը, որուն հանդէպ ինքզինք պատասխանատու չի նկատեր:

Վա՜յ այն մարդուն, որ նեղացած է իր ներքին ձայնին հետ, որովհետեւ հաւատացէ՛ք, այդ ներքին ձայնը շատ անգամ հարազատներու կարծիքէն շատ շատ աւելի կարեւոր արդիւնաւէտ է:

•շարունակելի - 4

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԻԿԵԱՆ
(1889-1938)

Մեր թուականէն 84 տարիներ առաջ՝ 18 մայիս 1938-ին գնդակահարուած է իրաւագէտ, հրապարակախօս, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Հրանդ Գալիկեան:

Գալիկեան ծնած է 5 մարտ 1889-ին, Վանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա 1908 թուականին ընդունուած է Պոլսոյ Իրաւաբանական համալսարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1912 թուականին: Պոլիս գտնուած միջոցին գրող, փաստաբան եւ քաղաքագէտ Գրիգոր Զօհրապի հետ միասին մասնակցած է բազմաթիւ դատավարութիւններու եւ ձեռք բերած է իրաւաբանական փորձ եւ հմտութիւն:

Ուսումը աւարտելէ ետք Գալիկեան Վանի եւ Կովկասի մէջ աշխատած է որպէս իրաւագէտ, միաժամանակ երեւան գալով որպէս լրագրող:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ Գալիկեան մասնակցած է Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն: Պատերազմէն ետք 1919 թուականին Պոլսոյ մէջ խմբագրած է «Երկիր» օրաթերթը. 1922-ին Խորհրդային Հայաստան գալով արդարադատութեան մարմիններէն ներս ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ՝ ըլլալով գլխաւոր դատարանի անդամ եւ նախագահի տեղակալ: Գալիկեան եղած է նաեւ դատախազի տեղակալ:        

Գալիկեան 1924 թուականին Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, միաժամանակ նշանակուած է համալսարանի իրաւունքի ամպիոնի վարիչ. դասաւանդած է քաղաքացիական իրաւունք եւ տնտեսական իրաւունք նիւթերը: Իր դասաւանդութեան նիւթերը առանձին հատորներով հրատարակած է. ինչպէս՝ «Կանանց աշխատանքի պաշտպանութիւնը», «Հասարակական դատարաններ», «Խորհրդային դատարան», «Ժողովրդական ատենակալներ» եւ այլն:

Գալիկեան 1937 թուականին Ստալինի ցուցումով ձերբակալուած է եւ մեղադրուած՝ «եղափոխական, հակախորհրդային, ազգայնամոլ» գործունէութիւն ծաւալելու մէջ եւ յայտարարուած է որպէս «ժողովուրդի թշնամի». այս մեղադրանքներուն լոյսին տակ մահուան դատապարտուած եւ 18 մայիս 1938-ին գնդակահարուած է:

Գալիկեան արդարացած է յետ մահու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2022