ԱՊՐՈՒՄՆԵ՞ՐԸ՝ ԹԷ ՄԱՐԴԻԿ

Մեզ եւրոպացիներէն եւ կամ ամերիկացիներէն տարբերողը ո՛չ թէ մեր աշխարհագրութիւնն է, այլ նկարագիրի գիծերը, զգացումներն ու ապրումները, որովհետեւ անոնք ընդհանրապէս կ՚ապրին այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզեն, կը զգան, սակայն մենք կ՚ապրինք այնպէս՝ ինչպէս սորված ենք եւ կամ աւելի ճիշդ՝ սորվեցուցած են մեզի ապրիլ: Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ազատութիւնը մեզի համար ալ այնքան ազատութեան նմանութիւն չէ ունեցած, որովհետեւ հակառակ մեր կամքին, մենք ապրած ենք մեր սեփական եսը հաճոյացնելու փոխարէն ուրիշները հաճոյացնել:

Մենք մեր զգացումներն ու ապրումները արտայայտելու տարօրինակ ամօթխածութիւն մը ունինք. ամէն ձեւ կը փորձենք խեղդել ու մեր մէջ պահել ամենէն մարդկայինը՝ սէրը, կարօտը, արցունքը, ցաւն ու զգացումները, ապրումները ու քարասիրտ մարդու մը պատկեր կը փորձենք ստանալ:

Թէեւ զարմանալիօրէն անցեալը այդպէս չէր. կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ, սակայն անցեալի մարդիկ գուցէ աւելի քաջութիւնն ու ինքնավստահութիւնը ունէին իրենց զգացումները արտայայտելու՝ քան մերօրեայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները եւ ազատ արտայայտուիլը մերօրեայ «ազատամտութիւն» ըսուածին հետ երբեք պէտք չէ շփոթել, որովհետեւ յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի ապրումներուն եւ արարքներուն միջեւ: 

Յաճախ կը սքանչանամ կարդալով Դուրեանի կամ Մեծարենցի բանաստեղծութիւնները, ուր կայ քաջութիւն եւ ինքնավստահութիւն. յաճախ իրենց ապրումներն ու զգացումները արտայայտողները՝ մանաւանդ երբ յուսահատական ապրումներ են, տկարներ կը կոչենք, սակայն կ՚անգիտանանք, որ իրական տկարները անոնք են, որոնք այդ բոլորը խեղդել կը փորձեն՝ ի հեճուկս իրենց ապրումներուն, հասարակութեան մէջ «տղամարդկութիւն» կապկելու համար:

Մեր թուականէն 152 տարիներ առաջ, սիրահարուած Դուրեան իր պատասխան սիրոյն դիմաց կը գրէր.- «Ես ուզեցի պաշտել ըզնէ», «Ես ուզեցի միշտ քովն ըլլալ», «Ես ուզեցի քընար մ՚ըլլալ», «Ի զո՜ւր սիրտըս մըխաց առջին», մեր օրերուն անպատասխան սիրոյ դիմաց նման ապրումներ ունենալը տկարութիւն որպէս կ՚ընկալուի, սակայն քիչ մը տրամաբանութիւն պիտի բաւէ հասկնալու համար, որ տկարութիւնը ո՛չ թէ այս բոլորը ըսելու, այլ այս բոլորը պահելուն մէջ է:

Մարդուն իշխող մերօրեայ ԵՍը պատնէշ մըն է մարդուն իր սեփական ապրումներուն եւ զգացումներուն միջեւ, որովհետեւ տգէտ համոզումները տեղ գտած են բոլորին միտքերուն մէջ. ո՞վ գէթ մէկ անգամ չէ լսած «տղամարդը չի լար» արտայայտութիւնը. Դուրեան իր «Դրժել» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ, թէ իր սիրահարած աղջիկը հեռանալու ժամանակ կ՚ըսէ. «Բաւ սիրեցի քեզ, մնաս բարեա՜ւ». այս տողերով կը նկարագրէ իր լքումը Դուրեան. մերօրեայ լքուածները այդ մէկը ըսելու քաջութիւնը երբեք չունին, որովհետեւ ԵՍին դէմ է «լքուած» ըլլալու գաղափարը, որովհետեւ մերօրեայ մարդը կ՚ուզէ լքողը ըլլալ եւ ո՛չ լքուողը, կ՚ուզէ դրժողը ըլլալ եւ ո՛չ դրժուողը, որովհետեւ անոնք կ՚ապրին շրջապատի կարծիքին ու տպաւորութեան սիրոյն, մինչ Դուրեան եւ նմանները կ՚ապրին իրենց անձին, ապրումներուն ու զգացումներուն համար: Դուրեանին համար իր սիրտի ապրումները աւելի՛ առաջնահերթ են, քան օտարին անկարեւոր որակումներն ու կարծիքները:

Թող այսօր լքումի ցաւին չդիմացող երիտասարդ մը համարձակութիւնը ունենայ իր մօրը ըսելու «մա՜յր, սիրոյ լքումին ու ցաւին չեմ դիմանար». մերօրեայ մայրերուն պատասխանը պարզ ու յստակ է «ուրիշ աղջի՛կ մը չկա՞յ». այս արտայայտութիւնը ո՛չ թէ ցաւն ու ապրումները մեղմելու համար է, այլ շրջապատէն պաշտպանուելու, որպէսզի չըսեն «աղջիկը մերժեց ըսելով տղան ի՜նչ վիճակի մատնուեցաւ»:  

Պատանի եղած ժամանակ ես ալ բանաստեղծութիւններ գրեցի, սակայն նկատեցի, որ տողերու ետին ապրումներ գտնելու փոխարէն եզրակացութիւններ կը փորձեն գտնել ու որոշ ժամանակ ետք կը սկսիս ո՛չ թէ քու ապրումներուդ շուրջ, այլ անոնց եզրակացութիւնները նկատի ունենալով գրել. Դուրեան ազատութեամբ կը գրէր «Իմ մահը», «Նոր սեւ օրեր», «Պէտք է մեռնիլ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններ, ուր շրջապատը մոռցած լոկ իր զգացումներուն խնկարկումը կը կատարէր. Դուրեան յաճախ իր բանաստեղծութիւններուն մէջ իր մասին եղած կարծիքներու մասին ակնարկութիւն կ՚ընէ, սակայն կռիւով անոնց դէմ պայքարելու փոխարէն հաւատարիմ կը մնայ իր ապրումներուն:

Յաճախ ականատես եղած եմ, թէ իրապէս երկու սիրող զոյգերու բաժանումէն ետք մարդիկ մանկամիտ ձեւով հարց կու տան. «զինք կը յիշե՞ս» ու նոյնիսկ եթէ աչքերը «այո՛» աղաղակեն, ինք ինքնավստահ «ո՛չ» մը կ՚ըսէ, որովհետեւ անպատուութիւն է յիշելը, կարօտնալը, սիրելը, լալը, յուսահատիլը։ Զգացում, սիրտ ու ապրում չունեցող մեքենաներ պէտք է ըլլալ պարզապէս:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -245-

Մամուլի մէջ առաջին գրութիւնս հրատարակուեցաւ երբ 14 տարեկան էի. այդ տարիներուն միջդպրոցական մրցումներու մէջ աւելի քան հինգ առաջնութիւն ունեցայ: Այդ տարիներուն ի՜նչ մեծ հաճոյք էր ընթերցանութիւնը, շարադրութիւն ու բանաստեղծութիւն գրելը: Սակայն կեանքիս մէջ գոյութիւն ունէին երկու հակառակ նկարագիրի տէր անձեր:

Անոնցմէ մէկը դժոխքի թեկնածու սրբազան մըն էր. կու գար գրասեղանիս մօտ ու կը վերցնէր գրած բանաստեղծութիւններէս մին, անտարբեր դէմքի արտայայտութիւնով մը կը կարդար ու նոյն անտարբերութեամբ, քիչ մըն ալ հեգնական ոճով «ասի դո՞ւն գրած ես» կ՚ըսէր ու անտարբերութեամբ թուղթը կը ձգէր ձեռքէն՝ շատ անգամ նոյնիսկ գետին կը նետէր: Անոր հակառակն էր այլ եկեղեցական մը եւ երկու ուսուցիչ, որոնք շատ անգամ նոյնիսկ ընդօրինակել տալով օրինակ մը իրենց մօտ կը պահէին: Կը քաջալերէին, կը գնահատէին եւ տակաւին տարի մը առաջ անոնցմէ մին իր գրադարանին մէջէն բերաւ պատանեկութեանս գրած բանաստեղծութիւններէս մին՝ որ մինչեւ օրս պահած է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2023