ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կ՚ուզեմ որպէս հանդիսատես հեռուէն դիտել ընդհանրապէս բոլոր աշխարհին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաոսը, ուր «շունը տիրոջ չի՛ ճանչնար». ընդհանուր անհասկնալի վիճակ մը պարզապէս թէ՛ ազգային, թէ՛ քաղաքական եւ թէ հոգեւոր գետնի վրայ. մէկ կողմէն ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս մեր յաղթուած քաղաքական գործիչներն ու ղեկավարները իրենց մահամերձ ու խայտառակ վիճակը ծածկելով կը փորձեն ներկայացնել «յաղթական» իշխանութիւն մը, անտես առնելով թշուառութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ գաղթականները. միւս կողմէ կը տեսնենք, թէ հոծ բազմութիւն մը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ կը պայքարի ու կ՚ընդդիմանայ ներկայ իշխանութիւններուն, հակառակ Աստուածաշնչական այն խօսքին, որուն համաձայն «որ հակառակ կայ իշխանութեանն, Աստուծոյ հրամանին հակառակ կայ» (Հռ 13.2): Այս բոլորին կողքին կը տեսնենք երիտասարդութիւն մը, որ անտարբերութեամբ ականատես կ՚ըլլայ ազգային ու հոգեւոր արժէքներու աւերումին ու այդ բոլորին դիմաց անկարեկիր ու անփոյթ ընթացք մը կ՚որդեգրէ:
Մի քանի ամփոփ տողերու մէջ ա՛յս է մեր հայրենիքի ներկայ վիճակը. մեր ազգին մէջ ո՛չ մէկ ժամանակ այսքան քննադատներ եւ անոնց կողքին այսքան նեղմիտ հասարակութիւն մը ունեցած ենք։ Մէկը հոգեւորականը «գող» կ՚անուանէ, իսկ միւսը երկիրը ղեկավարող վարչապետին «բոզի զաւակ» որակումը կու տայ. մին իր կուսակցական մեծերուն ըսածներուն ծափ կու տայ (թէեւ առանց հասկնալու), իսկ ուրիշ մը այդ կուսակցութիւնները մեր կործանման հիմնական պատճառ կը գտնէ:
Այս բոլորին մէջ կը տեսնենք խումբ մը, որ կը հաւատայ, թէ հոգեւորականները իրաւունք չունին քաղաքականութեամբ զբաղուելու. անոնց համոզումով՝ հոգեւորականին միակ պարտաւորութիւնը հոգեւորով հետաքրքրուիլն ու լոկ Աստուծոյ ծառայելն է. նման տգէտ մտածողութեան մեղաւորը մեր կրթական համակարգն է, որ չի՛ յաջողիր բացատրել, թէ ինչո՞ւ համար մեր Եկեղեցին կը կոչուի «Ազգային Եկեղեցի»՝ ի տարբերութիւն աշխարհի երեսին գտնուող միւս բոլոր եկեղեցիներուն. մեր տգէտ ժողովուրդը պէտք է հասկնայ, որ մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցող հոգեւորականներ միեւնոյն ժամանակ եղած են ժամանակի ամենէն կարեւոր ազգային եւ ինչու չէ նաեւ քաղաքական գործիչները. ինչպէս օրինակ՝ Լուսաւորիչ, Սահակ, Մեսրոպ, Օձնեցի, Տաթեւացի, Շնորհալի հասնելով մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ եւ ուրիշներ:
Հարցս կ՚ուզեմ ուղղել բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, թէ Եկեղեցին եւ եկեղեցականը իրաւունք չունի քաղաքականութեամբ զբաղուելու. Խրիմեան Հայրիկ 1878 թուականին ի՞նչ գործ ունէր Պերլինի համաժողովին՝ որպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու ներկայացուցիչ. ինչո՞ւ համար Յակոբ Ե. Շամախեցի Կաթողիկոս հոգեւորին կողքին Հայաստանը պարսկական տիրապետութեան լուծէն ազատելու համար կապեր կը հաստատէր ժամանակի նշանաւոր գործիչներ Յովսէփ Էմինի, Վրաստանի Թէյմուրազ եւ Հերակլ երկրորդ թագաւորին եւ այլոց հետ:
Պէտք է հասկնալ, որ դարեր շարունակ Եկեղեցին եւ ազգը իրարմէ տարբեր ու անջատ չե՛ն եղած. Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի պայքարը եղած է մի՛շտ նոյնը. տեսնել Հայաստան մը, հայութիւն մը՝ հեռու ամէն տեսակ դժուարութիւններէ, տանջանքներէ. վկայ բոլոր այն եկեղեցական գործիչները, որոնք իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը ձգած բարձրացան լեռներ՝ օգնելու հայ ազատագրական պայքարին. վկայ բոլո՛ր այն բազմաթիւ հոգեւորականներ, որոնք բազմաթիւ մտաւորականներու կողքին զոհը դարձան Մեծ եղեռնին:
Եկեղեցին քաղաքականութեան մէջ գործ չունի ըսող տգէտները թող անգամ մը գոնէ փորձեն կարդալ Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»ը:
Մեր թուականէն քսանվեց տարիներ առաջ՝ 1998 թուականին, Արամ Կաթողիկոս Զիմպապուէյի մէջ ներկայ կը գտնուի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ութերորդ համաժողովին. ներկաներէն մէկը հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենայ. «Դուք` հոգեւորականներդ, պէտք է զբաղիք միայն երկինքի հարցերով...». Կաթողիկոսը կը պատասխանէ. «Որպէս քրիստոնեայ՝ դուք պէտք է գիտնաք, որ երկինքի մէջ հարցեր չկան, այլ միայն՝ երկրի վրայ, եւ այդ հարցերը հետեւանք են մարդու մեղքին, անարդարութեան ու մարդկային իրաւանց բռնաբարման». մենք այսօր նոյն այդ հարցերը ունինք մեր կեանքէն ներս: Այսօր ունինք բազմաթիւ գաղթականներ, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուին. ունինք թէ՛ բարոյապէս եւ թէ տնտեսապէս դէպի անդունդ առաջնորդուող հասարակութիւն մը. որպէս եկեղեցականներ պէտք է լո՞ւռ ու անտարբեր մնան նման հարցերու հանդէպ. հաւատացէ՛ք լուռ մնալու պարագային եւս պիտի մեղադրուին իրենց լռութեան պատճառով:
Պէտք է հասկնալ, որ մեր Եկեղեցին կը կոչուի «ԱԶԳԱՅԻՆ», որովհետեւ իր մէջ հոգեւորն ու ազգայինը միանալով ամբողջութիւն կը կազմեն. դարեր շարունակ մեր լեզուն, մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը պահողը եղաւ եկեղեցին. առաջին դպրոցներն ու համալսարանները հիմնեց եկեղեցին. մինչեւ օրս սփիւռքի տարածքին գործող դպրոցներու մեծամասնութիւնը ծնունդն են եկեղեցւոյ։ Մեր գիրերու ստեղծիչէն մինչեւ օրէնքները մշակողը, երաժիշտէն մինչեւ անգամ պատմագիրները եղած են եկեղեցականներ եւ այսօր անոնց շնորհիւ է, որ մենք ունինք նման հարուստ մշակոյթ եւ ժառանգութիւն մը. ինչո՞ւ համար ըրին այդ բոլորը՝ եթէ իրենց գործը պարզապէս եկեղեցական ծէսերն են. եթէ չըլլար Եկեղեցին, վստահաբար այսօր գոյութիւն չէր ունենար նաեւ բոլոր այն բոլորը՝ որ կը կոչուի հայկական եւ ազգային եւ նման զոհողութիւն ցուցաբերած Եկեղեցի մը ամէ՛ն գնով իրաւունք ունի խառնուելու քաղաքականութեան եւ իր սեփական ժողովուրդին ազգային կեանքին:
Ազգային ապերախտներ են բոլոր անոնք, որոնք Եկեղեցին կը դատապարտեն քաղաքականութեամբ զբաղելու համար, որովհետեւ Եկեղեցին քաղաքականութեան մէջ էր այն ժամանակ՝ երբ տակաւին չունէինք թագաւորութիւն ու պետականութիւն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Յիսուս Քրիստոս քաղաքականութեամբ զբաղեցա՞ւ:
Պատասխան. Պաշտօն զբաղեցնելու եւ կամ քաղաքական օրակարգեր առաջ մղելու իմաստով Յիսուս Քրիստոս քաղաքականութեամբ չզբաղեցաւ. անոր ուսուցումները, ինչպէս գրուած է Նոր կտակարանին մէջ, հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին բարոյական հարցերու վրայ՝ քարոզելով սիրոյ, կարեկցանքի, ներողամտութեան եւ արդարութեան սկզբունքները: Սակայն Յիսուս Քրիստոս յաճախ քննադատեց նաեւ ժամանակի կրօնական իշխանութիւններն ու օրէնքները: Անոր ուսուցումները յաճախ քաղաքական բնոյթ ունէին, մասնաւորաբար արդարութեան վերաբերեալ, որոնք երբեմն կը հակասէին թէ՛ կրօնական եւ թէ Հռոմէական իշխանութեան օրէնքներուն դէմ, որոնց պատճառով ալ խաչ բարձրացաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան