ՇԱԲԱԹԸ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

«Շա­բաթ» օ­րը եբ­րա­յա­կան շա­բա­թին 7-րդ օրն էր, երբ ա­մէն զբա­ղում եւ աշ­խա­տանք պէտք էր դադ­րէր։ Եւ ար­դէն «Շա­բաթ» եբ­րա­յե­րէն կը նշա­նա­կէ՝ հան­գիստ կամ դա­դար։ Ուս­տի Շա­բա­թը «սուրբ» օր էր, այ­սինքն Տի­րոջ նուի­րուած օր, եւ ա­մէն Հրեայ պէտք էր ժո­ղո­վա­րան եր­թար ա­ղօ­թե­լու եւ Սուրբ Գիր­քի ըն­թեր­ցու­մը եւ բա­ցատ­րու­թիւ­նը ունկնդ­րե­լու։ Երբ հար­ցը «շա­բաթ օ­րը յար­գել» է, այ­սինքն շա­բաթ օր ո՛չ մէկ աշ­խա­տանք ը­նել, ո՛չ մէկ բա­նով զբա­ղիլ, ա­պա ու­րեմն բա­րի գործ ալ պի­տի չկա­տա­րուէ՞ր…։

Այս մա­սին Յի­սու­սի խօս­քը շատ յստակ է, Ան կ՚ը­սէ, թէ ո­ղոր­մու­թիւն կ՚ու­զէ եւ ո՛չ թէ զոհ։ Այ­լա­պէս ան­մեղ­նե­րը դա­տա­պար­տել ճիշդ չէ, քա­նի որ Մար­դու Որ­դին Տէ՛րն է Շա­բա­թին։ Եւ դար­ձեալ  Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ՝ Շա­բաթ օ­րը մար­դուն հա­մար է, եւ ո՛չ թէ մար­դը՝ Շա­բաթ օ­րուան, ու­րեմն Մար­դու Որ­դին Շա­բաթ օ­րուան ալ Տէ՛րն է։ Այս իր ընդ­հա­նուր ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ թէ օ­րէն­քը մար­դուն հա­մար է եւ ո՛չ թէ մար­դը օ­րէն­քին հա­մար։ Երբ մար­դիկ օ­րէնք մը գոր­ծադ­րե­լու հար­կադ­րուած են, անհ­րա­ժեշտ է նախ մար­դուն օ­գու­տը նկա­տի ու­նե­նալ, քա­նի որ օ­րէն­քը մար­դուն օգ­տին հա­մար է, մար­դուն ի­րա­ւուն­քը, ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու, պահ­պա­նե­լու եւ ա­նոր գո­յա­տե­ւու­մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Ու­րեմն, օ­րէն­քը մի­ջոց է եւ մար­դը՝ նպա­տակ։

Ուս­տի օ­րէն­քը գոր­ծադ­րե­լու ժա­մա­նակ, պէտք է նախ նկա­տի ու­նե­նալ մար­դուն օ­գու­տը, մար­դուն բա­րի­քը եւ ըստ այնմ շար­ժիլ։ Օ­րէն­քի գոր­ծադ­րու­թեան մէջ ա­ռա­ձիգ ըլ­լա­լու է…։

Ար­դա­րեւ «Շա­բաթ»ը Իս­րա­յէ­լի օ­րէն­քին սի՛րտն էր։ Շա­բա­թը սրտի պէս կեդ­րոնն է Իս­րա­յէ­լի օ­րէն­քին։ Պա­տուի­րան­նե­րը պա­հել՝ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թեան մէջ։ Բայց Յի­սուս Քրիս­տո­սով եօթ­նե­րորդ օ­րը կ՚ա­ւար­տէ ա­ռա­ջին ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Իսկ ու­թե­րորդ օ­րով կը սկսի «նոր ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւն»ը։ Այս­պէս, «ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւն»ը կը հաս­նի իր բարձ­րա­կէ­տին՝ փրչա­գոր­ծու­թեան ա­ւե­լի՛ մեծ գոր­ծով։ Ա­ռա­ջին ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը Քրիս­տո­սով կը գտնէ իր ի­մաս­տը եւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տը նոր ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան մէջ, ո­րուն պայ­ծա­ռու­թիւ­նը կը գե­րա­զան­ցէ ա­ռա­ջի­նին պայ­ծա­ռու­թիւ­նը։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է, որ Շա­բա­թը կը դառ­նայ մի­ջո­ցի մը՝ մար­դուն փրկու­թեան, այ­սինքն բա­րի­քին հա­մար։ Ու­րեմն մար­դը Շա­բա­թին հա­մար չէ, այլ՝ Շա­բա­թը մար­դուն օգ­տին եւ բա­րի­քին հա­մար։

Յի­սուս Օ­րէն­քը կ՚ամ­բող­ջաց­նէ աս­տուա­ծա­յին մեկ­նա­բա­նու­թեամբ ցոյց տա­լով ա­նոր «դաս­տիա­րակ­չա­կան» ի­մաս­տը։

Այն­տեղ ա­հա­ւա­սիկ կը տես­նուի օ­րէն­քին իս­կա­կան նպա­տա­կը. աս­տուա­ծա­յին իշ­խա­նու­թեամբ Օ­րէն­քին վերջ­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը տա­լով, Յի­սուս կը բա­խի կարգ մը օ­րէնս­գէտ­նե­րու՝ ո­րոնք չէին ըն­դու­նիր Օ­րէն­քին նկատ­մամբ տուած Ա­նոր մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը՝ որ սա­կայն ե­րաշ­խա­ւո­րուած էր ա­նոր ըն­կե­րա­ցող «աս­տուա­ծա­յին նշան»նե­րով։ Եւ ա­սի­կա կը զօ­րէ մա­նա­ւանդ «Շա­բաթ»ի հար­ցին հա­մար. Յի­սուս յա­ճախ րա­բու­նա­կան փաս­տար­կու­թիւն­նե­րով կը յի­շեց­նէ, թէ Աս­տու­ծոյ կամ մեր­ձա­ւո­րին ըն­ծա­յուած ծա­ռա­յու­թիւ­նը, զոր կ՚ի­րա­գոր­ծեն իր բու­ժում­նե­րը, եր­բեք չի՛ խան­գա­րեր Շա­բաթ օ­րուան հան­գիս­տը, քա­նի որ կա­րե­ւո­րը մա՛րդն է՝ ա­նոր բա­րի­քը, ա­նոր օ­գու­տը եւ պահ­պա­նու­մը, փրկու­թիւ­նը։

Հոս, քա­նի որ «Շա­բաթ»ը հա­մա­զօր նկատուած է Օ­րէն­քին, ու­րեմն կ՚ար­ժէ խորհր­դա­ծել նաեւ «օ­րէնք»ի մա­սին։

Օ­րէն­քը, իր ընդ­հա­նուր ի­մաս­տով, կեն­ցա­ղի կա­նոն մըն է, հրա­հան­գուած պատ­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ, հա­սա­րա­կաց բա­րի­քին հա­մար, ո­րուն մէ՛ջն է նաեւ ան­հա­տա­կան բա­րի­քը։

Ար­դա­րեւ օ­րէն­քը կ՚են­թադ­րէ «բա­նա­կան կարգ»ը, որ Ա­րար­չին զօ­րու­թեան, ի­մաս­տու­թեան, կա­րո­ղու­թեան եւ բա­րու­թեան կող­մէ հաս­տա­տուած է ա­րա­րած­նե­րուն մի­ջեւ ա­նոնց բա­րի­քին հա­մար եւ ի նպաստ ա­նոնց վախ­ճա­նին։ Ա­մէն օ­րէնք «յա­ւի­տե­նա­կան օ­րէնք»ին մէջ կը գտնէ իր ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին ճշմար­տու­թիւ­նը։ Օ­րէն­քը հռչակուած եւ հաս­տա­տուած է բա­նա­կա­նու­թեան կող­մէ՝ ի­մաս­տու­թեամբ, իբ­րեւ մաս­նակ­ցու­թիւն մը կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեան՝ որ Ա­րա­րիչն է եւ Փրկի՛­չը բո­լո­րին։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս «բա­նա­կա­նու­թեան կար­գա­ւո­րու­թիւն»ը կը կո­չենք «օ­րէնք»։­

Եւ շնչա­ւոր, կեն­դա­նի բո­լոր ա­րա­րած­նե­րուն մէջ, մար­դը միա՛կն է, որ կրնայ հպար­տա­նալ, թէ ար­ժա­նի ե­ղած է հաս­տա­տել, ըն­դու­նիլ եւ հպա­տա­կիլ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ «օ­րէնք» կո­չուած բա­նա­կան կար­գա­ւո­րու­թեան մը։

Օ­րէն­քը մարդ, ինք կը հաս­տա­տէ՝ նոյ­նինքն հպա­տա­կե­լու, հնա­զան­դե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար։ Մարդն է, որ ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած՝ ա­տակ դա­տե­լու, ո­րո­շե­լու եւ կա­նո­նա­ւո­րե­լու իր ըն­թաց­քը եւ ամ­բողջ կեան­քը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ա­զա­տու­թիւ­նը, ի­մաս­տու­թիւ­նը եւ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը՝ հնա­զան­դե­լով ի­րեն յանձ­նուած կա­նոն­նե­րուն։

Ուս­տի օ­րէն­քին գոր­ծադ­րու­թեան շար­ժա­ռիթն է՝ սէ­րը։ Ար­դա­րեւ Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի կ՚ը­սէ.

«Օ­րէն­քը վի­ճա­կուած է մար­դէն հե­ռաց­նե­լու ի՛նչ որ ան­հաշտ է սի­րոյն հետ։ Օ­րէն­քը իբր նպա­տակ ու­նի հե­ռաց­նե­լու ա­մէն ինչ, որ կրնայ ար­գե՛լք գո­յաց­նել սի­րոյ ա­ճու­մին, նոյ­նիսկ ե­թէ ինք­նին հա­կա­ռակ չէ սի­րոյ»։

Իսկ Սուրբ Ֆրան­չիս­կոս Սա­լե­զա­ցի կը վեր­լու­ծէ օ­րէն­քին պա­տուէր­նե­րուն նպա­տա­կը՝ աս­տուա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թեան եւ հո­գա­ծու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

«Աս­տուած չ՚ու­զեր, որ ա­մէն մարդ ա­մէն խրատ գոր­ծադ­րէ, այլ միա՛յն ա­նոնք՝ ո­րոնք պատ­շաճ են ըստ տար­բե­րու­թեան ան­ձե­րուն, ժա­մա­նակ­նե­րուն, ա­ռիթ­նե­րուն եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ու տա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս որ սէ­րը կը պա­հան­ջէ զայն, քա­նի որ սէ­րը ինքն է, որ իբ­րեւ թա­գու­հի բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն, բո­լոր պա­տուի­րան­նե­րուն, բո­լոր խրատ­նե­րուն եւ վեր­ջա­պէս բո­լոր օ­րէնք­նե­րուն եւ քրիս­տո­նեայ բո­լոր ա­րարք­նե­րուն, կը նշէ մար­դուն եւ կնոջ յա­տուկ շար­քը, կար­գը, ժա­մա­նա­կը եւ ար­ժէ՛­քը», Ար­դա­րեւ, օ­րէն­քը կը պա­րու­նա­կէ ճշմար­տու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք դիւ­րա­տար կ՚ը­նեն մար­դուս կեան­քը։

Ու­րեմն բա­ցա­յայտ կեր­պով կը տես­նուի, որ օ­րէն­քին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ մար­դուն ի նպաստ, մար­դուն բա­րի­քը նպա­տակ ու­նե­նա­լով գոր­ծե­լու է ան։

Այն օ­րէն­քը, որ մար­դուն օգ­տին չի ծա­ռա­յեր, պատ­շաճ կեր­պով պէտք է փո­խուի՝ ի նպաստ մար­դուն եւ օգ­տա­կար ձեւ ստա­նայ։ Ար­դա­րեւ օ­րէն­քի մը մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ միշտ նկա­տի ու­նե­նա­լով մարդ եզ­րին բա­րի­քը, օ­գու­տը եւ բա­րո­յա­կան շա­հը։

Պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ այն օ­րէնք­նե­րը, ո­րոնք չեն ծա­ռա­յեր մարդ­կա­յին բա­րի­քին, ի վեր­ջոյ կը փո­խա­րի­նուին մար­դուն օգ­տին ծա­ռա­յող օ­րէնք­նե­րով։

Ու­րեմն, Յի­սուս երբ կ՚ը­սէ, թէ Շա­բա­թը մար­դուն հա­մար է եւ ոչ թէ մար­դը Շա­բա­թին հա­մար, երբ «Շա­բաթ»ը հասկ­նանք որ­պէք «օ­րէնք», ը­սել կ՚ու­զէ, թէ օ­րէն­քը պէտք է ծա­ռա­յէ մար­դուն, եւ ոչ թէ մար­դը օ­րէն­քին։ Քա­նի որ օ­րէնք­ներ կը փո­խուին, բայց մար­դը իր բո­լոր ար­ժէք­նե­րով ան­փո­փոխ կը մնայ…։

Բո­լոր այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը մեզ կը տա­նին այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ երբ օ­րէնք մը կը գոր­ծադ­րուի՝ նախ եւ ա­ռաջ պէտք է նկա­տի առ­նուի մա՛ր­դը՝ իր ար­ժա­նի­քով ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ, իր ի­րա­ւուն­քով ու ա­զա­տու­թեամբ եւ ըստ այնմ մեկ­նա-­բանուի օ­րէն­քը։

Օ­րէն­քի գոր­ծադ­րու­թեան մէջ մար­դուն բա­րի­քը ա­ռաջ­նա­կարգ դեր կը խա­ղայ։ Մար­դուն ամ­բող­ջա­կան էու­թիւ­նը միշտ ա­ւե­լի ծանր կը կշռէ, քան օ­րէն­քը իր ամ­բողջ գոր­ծադ­րու­թեամբ։ Ան­շուշտ այս օ­րի­նա­զանց ըլ­լալ, օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն չհա­պա­տա­կիլ կամ չհնա­զան­դիլ չի՛ նշա­նա­կեր, այլ՝ մեկ­նա­բա­նու­թեան եւ ու­ղի՛ղ գոր­ծադ­րու­թեան հարց մը կը ստեղ­ծէ, ի՛նչ որ բնա­կան է ա­մէն մարդ­կա­յին ա­րար­քի հա­մար։

Օ­րէն­քին նպա­տակն է՝ մար­դուն բա­րի­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 9, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015