ԳՐԻԳՈՐԸ ԵՒ ՏՐԴԱՏԸ
Պատմութեան ամէն շրջանին եղած են անձեր՝ որոնք դրական կամ բացասական, ընթացք տուած են ընդհանուր ընկերային կեանքին եւ նաեւ եկեղեցիին։ Անոնք երբեմն օգտակար, երբեմն վնասակար, երբեմն շահադիտութեամբ, երբեմն նուիրական ոգիով՝ ծառայասիրութեամբ դրոշմ եւ հետք թողած են ժողովուրդի մը ճակատագրին վրայ։ Եւ Եկեղեցին ալ, ամէն դարու եւ ամէն շրջանի ունեցած է «Գիրգոր»ներ եւ «Տրդատ»ներ՝ որոնք փոխած են եւ կը շարունակեն փոխել եւ յեղաշրջել հոգեւոր կեանքը, իրենց ազդեցութեամբ։
Բ եւ Գ դարերուն Կապադովկիայի բազմաթիւ քրիստոնեաներ հալածանքի ենթարկուեցան եւ ոմանք նահատակուեցան։ Մինչ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանեցին իրաւ եւ անձնուէր եկեղեցականներ, եկեղեցական հայրեր, որոնցմէ մին էր Փիրմելիանոս Եպիսկոպոս, որ Կեսարիայի Եկեղեցիին գլուխն էր. (233-269)։
Եւ ահաւասիկ այսպիսի ջերմ կրօնական միջավայրի մը մէջ Գրիգոր քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն ստացաւ։ Երբ չափահաս դարձաւ, ան ամուսնացաւ Մարիամ անուն աղջկան մը հետ, որուն եղբայրը Աթանագինէս, Սեբաստիայի քորեպիսկոպոսն էր։
Այս ամուսնութենէն Գրիգոր ունեցաւ երկու որդի՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս՝ որոնք ապագային, իրենց հօրը գործակից եւ յաջորդ դարձան։
Այսուամենայնիւ, Գրիգոր երկար ժամանակ չվայելեց ընտանեկան կեանք. քարոզութեան եռանդէն մղուած, եւ կամ ինչպէս Խորենացին կ՚ըսէ, իր հօր գործած յանցանքը քաւերու համար՝ Հայաստան եկաւ՝ ուր այդ ժամանակ պարթեւ Տրդատ Գ կ՚իշխէր (262-276), եւ անոր մօտ իբրեւ իրեն մերձաւոր, ծառայութեան մտաւ։ Նպատակն էր քարոզութեան սկսիլ արքունիքէն։ Այդ շրջանին, քաղաքական շփոթումներու պատճառով, Տրդատ ստիպուեցաւ հռոմէական կայսրութեան ապաւինիլ։ Անոր հետ Գրիգորն ալ փախստական գնաց եւ երկուքն ալ օտարութեան մէջ մնացին մինչեւ 287 թուական, երբ վերջապէս անձնական քաջութեամբ հռչակուած Տրդատը հռոմէական զօրքերու օգնութեամբ ետ ստացաւ իր հայրենի գահը։
Վերադարձի ժամանակ՝ երբ Տրդատ Անահիտի զոհեր կատարեց՝ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, պատուիրեց նաեւ Գրիգորի՝ որ ան ալ պսակ եւ ոստեր նուիրէ դիցուհիին։ Գրիգոր, որ երկար տարիներ հաւատարմութեամբ ծառայած էր Տրդատին՝ առաջին անգամ անլսող գտնուեցաւ իր տիրոջ հրամանին՝ յանուն իր հաւատքին։
Այս պարագան մեծապէս զայրացուց Տրդատը։
Ուստի Տրդատ ուզեց քաղցր խօսքերով համոզել եւ դարձի բերել Գրիգորը, եւ երբ չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, այն ատեն սոսկալի եւ ծանր պատիժներ սահմանելով ու գործադրելով աշխատեցաւ Գրիգորի համոզումը խախտել. բայց ի զուր…։ Եւ այսպիսի անյաջող փորձերէն ետք, Տրդատ միջոցներ կը խորհէր, ահաւասիկ ներկայացաւ Աշոցեան Տաճատ իշխանը՝ որ յայտնեց Տրդատին, թէ Գրիգորը՝ Խոսրովը սպաննող Անակի որդին է։ Եւ այս ծանր յանցանքին համար Տրդատ հրամայեց՝ Գրիգորը Արտաշատի ստորերկրեայ բանտը բանտարկել՝ 287 թուականին՝ որ մահապարտենրու համար սահմանուած էր։
Գրիգոր, սակայն մահուան չդատապարտուեցաւ, այլ 13 տարի անյայտնութեան մէջ մնաց՝ վայելելով թերեւս բանտապետին կնոջ խնամքը։ Թերեւս ալ, ինչպէս աւանդական պատմութիւնը կը վկայէ, Խոսրովադխտին պաշտպանութիւնը կը վայելէր, քանի որ հինէն ի վեր քրիստոնէութիւնը ընդունած էր ան։ Ուստի հռոմէական կայսրերու նման՝ Տրդատ անմիջապէս հրովարտակ մը հանեց, որով կը պատուիրէր իր հայ ժողովուրդին՝ ջերմեռանդ ըլլալ հայրենի չաստուածներու նկատմամբ, չբարկացնել զանոնք եւ չանպատուել՝ սպառնալով այսպէս վարուողներուն կեանքէն եւ գոյքերէն զրկել, ծանրապէս պատժել զանոնք։
Տրդատ հոգ տանելով այսպէս իր հայրենական պաշտամունքի պահպանութեան՝ միանգամայն աշխատեցաւ իր տէրութեան սահմանները ընդարձակել եւ շարունակ պատերազմներով պարսիկներու ուժը տկարացնել։
Այս ժամանակներուն, այսինքն 300-ական թուականներուն, Հայաստանի մէջ պատահեցաւ ուրիշ նշանաւոր դէպք մը՝ որ քրիստոնէութեան հաստատութեան համար վճռական նշանակութիւն ունեցաւ։ Այդ պատմական դէպքն էր՝ Հռիփսիմեանց նահատակութիւնը…։
Ուստի, կոյսերու եւ մանաւա՛նդ Հռիփսիմէի նահատակուիլը խորապէս ազդեց Տրդատի վրայ եւ ան ջղային ծանր հիւանդութեան մը ենթարկուեցաւ, որ հայ ժողովրդական զրոյցը «խոզակերպութիւն» կը կոչէ։ Խոսրովադուխտի կը յայտնուի տեսիլք մը՝ թէ հիւանդ Տրդատը կրնայ բժշկել միա՛յն Արտաշատի բանտը բանտարկուող Գրիգորը։ Ուստի Տրդատի ճակատագիրը, կը տեսնուէր որ Գրիգորի ձեռքն էր…։
Բայց ա՜յնքան տարիէ ի վեր Գրիգորի կենդանի մնալը, ապրած ըլլալը անհաւատալի կը թուէր։
Ուստի եւ Արտաշատ կ՚ուղարկուի Օտա Ամատունին՝ հանել բերելու համար Գրիգորը բանտէն, անշուշտ եթէ տակաւին կենդանի է եւ կ՚ապրի։
Դուրս կու գայ Գրիգոր իր բազմամեայ արգելանքէն՝ 301 թուականին եւ ախտաւոր՝ «խոզակերպութիւն» կոչուած հիւանդութենէ տառապող Տրդատը բուժելու համար, հանդիսաւոր կերպով կը մտնէ Վաղարշապատ։ Կը դիմաւորեն զայն ախտաւոր Տրդատը եւ մեծամեծները, եւ անկէ թողութիւն եւ բժշկութիւն կը խնդրեն իրենց մեղքերուն համար։ Եւ Գրիգոր կ՚աղօթէ անոնց համար…։
Վիրապէն՝ բանտէն դուրս եկած Գրիգորի առաջին գործը կ՚ըլլայ սուրբ կոյսերու մարմինները ամփոփել եւ ապա 66 օր շարունակ, հնձանի մէջ հայ ժողովուրդին ճշմարիտ աստուածպաշտութեան վարդապետութիւնը կ՚ուսուցանէ եւ հիւանդ Տրդատ թագաւորին համար կը շարունակէ աղօթել։
Հիւանդ Տրդատը եւ միւս մեծամեծները կը բժշկէ Գրիգոր։ Եւ այդ շրջանին, ահաւասիկ, Գրիգորի կը տեսնուի այն տեսիլքը՝ որ կը պատկերացնէ քրիստոնէութեան յաղթանակը եւ հաստատութիւնը Հայ Եկեղեցիին եւ անոր ապագայ վիճակը։ Այս տեսիլքին համաձայն՝ Լուսաւորիչ այնուհետեւ կը ձեռնարկէ երեք վկայարաններու շինութեան՝ մէկը Հռիփսիմէի, միւսը՝ Գայիանէի վկայուած տեղը, իսկ երրորդը՝ հնձանի մէջ։ Իսկ տեսիլքի պատահած գլխաւոր սիւնի տեղ խաչ կը կանգնէ՝ ուր աւելի յետոյ կը շինուի Սուրբ Էջմիածինը, որ հին ժամանակներուն լոկ «Կաթուղիկէ» կը կոչուէր։ Այսպէ՛ս ահա, հայոց արքունիքը եւ մեծամեծները կը խոնարհին Քրիստոսի խաչին առջեւ եւ Անոր աշակերտ կը դառնան…։
- «Հայոց Եկեղեցու Պատմութիւն» 1908, Ա. հատոր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 13, 2016, Իսթանպուլ