ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ

Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու անդամական՝ օրկանական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի են եւ հոգեւոր համախումբ մը, որ կը համընթանայ ժամանակին մէջ եւ ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։

Այս տեսանելի եւ հոգեւոր համախումբով, իւրաքանչիւր անհատ «ժառանգորդ» կարգուած է, կ՚ընդունի «մնաս»ներ, որոնք կը ճոխացնեն իր ինքնութիւնը եւ զորս պարտի շահագործել։ Իրաւամբ ուրեմն, իւրաքանչիւր անհատ պարտի անձնուիրում ունենալ այն հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնց մա՛ս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն իշխանութիւններուն, որոնք պատասխանատու են «հասարակաց բարիք»ին։

Արդարեւ, մարդ ստեղծուած, կոչուած եւ սահմանուած է հաւաքական-ընկերային կեանք ապրելու՝ իր նմաններուն օգնելու եւ օգնութիւն ստանալու։ Մէկ խօսքով՝ մարդ ընկերային միջավայրի մէջ ապրելու պայմանաւորուած արարած մըն է։ Ասիկա կը նշանակէ՝ թէ մարդ որպէս անհատ ինքնաբաւ չէ եւ ինքնակեդրոն, առանձին չի կրնար ապրիլ, այլ միշտ պահանջքը ունի հաւաքական-ընկերային կեանք ապրելու…։

Իւրաքանչիւր հասարակութիւն կը սահմանուի իր նպատակով եւ հետեւաբար կը հնազանդի յատուկ կանոններու. սակայն «մարդկային անձ»ը՝ է՛ եւ պէ՛տք է ըլլայ նախասկիզբը, ենթական եւ նպատակը ընկերային բոլոր հաստատութիւններուն։ Այս ընկերութիւններու կարգին է, զոր օրինակ, ընտանիքը, որ աւելի անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Ան անհրաժե՛շտ է մարդուն։

Ընկերութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդկային կոչումին իրականացումին համար։ Հասնելու համար այս նպատակին, հարկ է որ յարգուի «արդար դասակարգումը արժէքներուն», որոնք մարմնական եւ բնազդային տարածքը կ՚ենթակարգեն ներքին եւ հոգեւոր  տարածքին։ Ուստի, կեանքը ընկերութեան մէջ նկատի առնուելու է ամէն բանէ առաջ իբրեւ «հոգեւոր կարգի իրականութիւն» մը։

Ուրեմն, մարդկային անձը ինքզինք իր բնութեան համեմատ աճեցնելու համար, կարիքը ունի ընկերային կեանքին։ Եւ հարկ է քաջալերել մարդոց լայն մասնակցութիւնը ընտրովի կատարուող միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն մէջ։ Ընկերութիւնը նպաստաւորելու է առաքինութիւններուն գործադրութիւնը եւ ո՛չ թէ արգելք հանդիսանայ անոր։ Արժէքներուն արդար դասակարգումը ներշնչելու է զայն։ Աւետարանը լուծում կը բերէ ընկերային հարցերուն։

Ընկերութիւնը ընկերային արդարութիւնը կ՚ապահովէ, երբ կ՚իրականացնէ այն պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան համախմբումներուն եւ մարդոց իւրաքանչիւրին ստանալու ի՛նչ որ իրենց անկ է ըստ իրենց բնութեան եւ կոչումին։ Ընկերային արդարութիւնը զօդուած է հասարակաց բարիքին եւ իշխանութեան գործադրութեան հետ։ Ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել եթէ ոչ՝ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։

Մարդկային անձը կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան, որ անոր համեմատ կարգաւորուած է։

Ըստ մարդուն ընկերային բնութեան, անհատին բարիքը անհրաժեշտաբար կ՚առընչուի հասարակաց բարիքին հետ։ Ասիկա չի կրնար բնորոշուիլ եթէ ոչ նկատի առած մարդկային անձը. մարդ պէտք չէ ապրի կղզիացած՝ քաշուած ինքն իր վրայ, այլ պէտք է համախմբուի՝ փնտռելու համար այն ի՛նչ որ կը հայի հասարակաց բարիքին։

«Հասարակաց բարիք»ով պէտք է հասկնալ «ամբողջութիւնը ընկերային պայմաններուն, որոնք թոյլ կու տան թէ՛ խումբերուն, թէ՛ անոնց անդամներուն իւրաքանչիւրին, հասնիլ իրենց կատարելութեան աւելի ամբողջական եւ աւելի հեշտ կերպով։ Հասարակաց բարիքը կը շահագրգռէ կեանքը բոլորին։ Ան կը պահանջէ իւրաքանչիւրին խոհեմութիւնը եւ դեռ աւելի խոհեմութիւնը անո՛նց, որոնք կը վարեն իշխանութեան պաշտօնը։ Ուստի հասարակաց բարիքը կը բովանդակէ էական երեք տարրեր. «յարգանքը մարդու անձին», «ընկերային բարեկեցութիւնը եւ բարգաւաճումը» եւ «խաղաղութիւնը»։ Նոյնիսկ եթէ մարդկային իւրաքանչիւր հասարակութիւն կը վայելէ հասարակաց բարիք մը, որ թոյլ կու տայ իրեն ճանչնալու ինքզինք իբր այդ, սակայն քաղաքական հասարակութեան մէ՛ջն է որ կարելի է գտնել հասարակաց բարիքին՝ ամէն բարիքներու ամենէն ամբողջական իրականացումը։

Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը, իրարու համախմբելով, բնական հաւասար արժանապատուութիւն վայելելով, արարածները, յառաջ կը բերէ «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը։ Հասարակաց բարիքը ուզուած է մի՛շտ դէպի յառաջդիմութիւնը անձերուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 24, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 18, 2019