ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԸ

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կը տես­նուին եւ կը ճանչ­ցուին ի­րենց ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով, եւ շատ ան­գամ ծա­ծուկ կը մնայ ա­նոնց նե­րաշ­խար­հը։ Մինչ­դեռ մար­դուս նե­րաշ­խար­հը կը կազ­մէ «իս­կա­կան մարդ»ը՝ իր յու­զում­նե­րով, փա­փաք­նե­րով, կիր­քե­րով, մտա­ծում­նե­րով, մէկ խօս­քով՝ իր նկա­րագ­րո՛վ։

Ուս­տի, կա­րե­ւո­րը դուր­սէն տես­նուա­ծը չէ, մէ­կը հասկ­նա­լու հա­մար, այլ պէտք է ա­նոր նե­րաշ­խար­հը տես­նել եւ ճանչ­նալ՝ զայն ամ­բող­ջու­թեամբ եւ իս­կու­թեամբ ճանչ­նա­լու հա­մար։ Մեր բո­լո­րին ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ, կան մեր շուր­ջը բազ­մա­թիւ մար­դիկ, բայց ա­նոնք ո՞ր­քան ծա­նօթ են մե­զի, ա­հա­ւա­սիկ, խնդրա­կան է այդ, քա­նի որ զա­նոնք «կը տես­նենք» միայն, բայց «չենք հասկ­նար», չենք ճանչ­նար կա­տա­րե­լա­պէս։ Ար­դա­րեւ, կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ ե­թէ ո՛չ ա­մէն­քը, բայց շա­տեր չեն այն ան­ձը՝ զոր մենք ար­տաք­նա­պէս կը տես­նենք, չե՛ն այն՝ ի­՛նչ որ կ՚ե­րե­ւին։ Եւ այս պատ­ճա­ռով, յա­ճախ կը սխա­լինք եւ յու­սա­խա­բու­թեան կը մատ­նուինք…։

Ի­րա­պէ՛ս, շատ խորհր­դա­ւոր նե­րաշ­խարհ մը ու­նի մարդ՝ բար­դու­թիւն­նե­րով, զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րով լե­ցուն. հոն են հա­ւա­տա­ցեա­լը եւ նաեւ՝ ան­հա­ւա­տը, հոն տեղ ու­նին թէ՛ բա­րին, թէ՛ չա­րը, ա­ռող­ջը եւ ախ­տա­ւո­րը, խե­լա­ցին եւ ան­խո­հե­մը։

Մար­դուս նե­րաշ­խար­հին մէջ կա­րե­լի է գտնել նաեւ դրոշ­մուած շատ մը տպա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ ան­ցեա­լի մէջ կա­տա­րուած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն եւ ապ­րում­նե­րէն։ Մոռ­ցուած կը կար­ծուի շատ մը պա­տա­հար­ներ, դէպ­քեր, ապ­րում­ներ, յու­զում­ներ, սա­կայն բո­լո­րը կը կու­տա­կուին, կը դի­զուին նե­րաշ­խար­հին մէկ ան­կիւ­նը՝ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ծրա­րի մը նման։ Եւ մարդ, ան­գի­տակ­ցօ­րէն կ՚են­թար­կուի ա­նոնց ազ­դե­ցու­թեան։ Ժա­մա­նա­կի հո­լո­վոյ­թին մէջ ա­նոնք հե­տեզ­հե­տէ մար­դուս գի­տակ­ցու­թեան կը ներ­կա­յա­նան՝ մոռ­ցուած կար­ծուա­ծը կու գայ, իր տե­ղը կը գրա­ւէ ա­նոր կեան­քին մէջ։

Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է՝ որ են­թա­կան իսկ չ՚անդ­րա­դառ­նար ա­նոնց էու­թեան եւ ներ­կա­յու­թեան եւ օ­տար կը մնան «Ես»ին՝ դուրս մնա­լով ա­նոր սահ­մա­նէն։ Եւ երբ ան­ձը ան­ծա­նօթ է իր խորհր­դա­ւոր նե­րաշ­խար­հին, ա­պա ու­րեմն ու­րի­շը ի՞նչ­պէս ծա­նօթ ըլ­լայ, ճանչ­նայ եւ հասկ­նայ իր խօ­սա­կի­ցին նե­րաշ­խար­հը։ ԴԺուա՛ր է այդ…։

Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով, մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս յու­սա­խա­բու­թիւն­ներ կ՚ապ­րին ի­րենց բա­րե­կա­մա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Առ­հա­սա­րակ ը­սուա­ծը սա է. «սխալ ճանչ­ցեր եմ բա­րե­կամս…»։ Բայց եր­կու «սխալ» կայ այդ ար­տա­յայ­տու­թեան մէջ. նախ՝ «սխալ չես ճանչ­ցեր», այլ՝ պար­զա­պէս «չե՛ս ճանչ­ցեր» զայն։ Յե­տոյ՝ քու «բա­րե­կամ» կար­ծածդ, այդ­պէս ճանչ­ցածդ ար­դէն «բա­րե­կամ» չէ ե­ղեր, քա­նի որ մէ­կը «բա­րե­կամ կար­ծել» զայն «բա­րե­կամ»  չ՚ը­նե՛ր։ Ու­րեմն շտկենք նա­խա­դա­սու­թիւ­նը եւ ը­սենք յու­սա­խա­բու­թեան մատ­նուած ան­ձին բեր­նով. «չե՛մ ճանչ­ցեր այդ մար­դը»։

«Մարդ ճանչ­նալ», ար­դա­րեւ հմտու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Ո­մանք փոր­ձա­ռու­թիւն, կ՚ը­սեն, բայց փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հոս տեղ չու­նի, քա­նի որ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կրնայ դեր խա­ղալ միա՛յն նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ. իսկ մարդ ճանչ­նա­լը այդ­պէս չէ, քա­նի որ ա­մէն մէ­կուն նկա­րա­գի­րը, բնա­ւո­րու­թիւ­նը, խառ­նուած­քը տար­բեր է եւ ո՛չ մէ­կը կը նմա­նի մէկ ու­րի­շին, բաղ­դա­տել եւ հա­մե­մա­տել, նմանց­նել կա­րե­լի չէ մէ­կը միւ­սին հետ։

Ու­րեմն ողջմ­տու­թիւն, եւ ողջմ­տու­թեամբ գոր­ծադ­րուած հմտու­թիւ­նը վե­րո­յի­շեալ պա­րա­գա­նե­րուն մէջ զա­տո­րո­շիչ կ՚ըլ­լայ՝ չա­րը բա­րիէն, ցո­րե­նը ո­րո­մէն, օգ­տա­կա­րը վնա­սա­կա­րէն, ան­կեղծ բա­րե­կա­մը՝ կար­ծե­ցեալ բա­րե­կա­մէն զա­տե­լու դժուար գոր­ծին մէջ։ Եւ ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է այդ զա­տո­րո­շու­մը կա­տա­րե­լու գոր­ծը՝ մտա­պէս եւ հո­գե­պէս ա­ռողջ կեանք մը, եր­ջա­նիկ կեանք մը ապ­րե­լու հա­մար։

Երբ կը խօ­սինք ու­րեմն, խորհր­դա­ւոր նե­րաշ­խար­հի մա­սին պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ մարդ­կա­յին «են­թա­գի­տակ­ցա­կան ապ­րում»նե­րը եւս։

Ար­դա­րեւ են­թա­գի­տակ­ցա­կան ապ­րում­նե­րը կ՚ազ­դեն, կը տպա­ւո­րեն ա­կա­մայ, մար­դուս հո­գե­կան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քը։ Բայց ա­նոնք մար­դուս վրայ բռնա­նա­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նին։ Զար­մա­նա­լի է, որ մարդ­կա­յին հո­գին եր­բեք յոգ­նիլ չի գի­տեր, հանգ­չիլ չու­նի, այլ ան կ՚աշ­խա­տի ա­նընդ­հատ՝ քու­նի մէջ իսկ բե­մադ­րե­լով եւ ներ­կա­յաց­նե­լով զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­ներ, տե­սա­րան­ներ՝ ո­րոնց հան­դի­սա­տե­սը լոկ ին­քը կ՚ըլ­լայ միշտ։ Աս­կէ զատ, քա­նի՜­ներ արթն­նա­լով, ի­րենց ան­լու­ծե­լի, ա­նել հա­մա­րած խնդիր­նե­րը քու­նի մէջ լու­ծուած գտած են, մինչ ու­րիշ­ներ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, քու­նի մղձա­ւանջ­նե­րով, ի­րենց հար­ցե­րուն տա­կաւ ծան­րա­բեռ­նուի­լը կը զգան՝ կը շուա­րին յա­ճախ։

Իսկ մարդ­կա­յին ան­գի­տա­կից կեան­քի մա­սին կ՚ը­սուի, թէ այ­սօր գրե­թէ ա­պա­ցու­ցուած է, որ մա­նուկ­ներն իսկ բա­ցար­ձակ ան­գի­տա­կից չեն ի­րենց ա­րարք­նե­րուն մէջ։

Իսկ ե­րա­զի մա­սին պայ­ծառ եւ բա­ցա­յայտ մեկ­նու­թիւն մը գտնել դժուար է, քա­նի որ ան գի­տակ­ցու­թեան եւ ան­գի­տակ­ցու­թեան ճիշդ սահ­մա­նին վրայ կը գտնուի միշտ։ Եւ դար­ձեալ, մարդ իր ան­ցեա­լի գի­տա­կից յոյ­զե­րը, ապ­րում­նե­րը կրնայ վե­րա­կո­չել, յի­շել միայն, սա­կայն ան­գի­տա­կից­նե­րը՝ ո՛չ, ո­րով­հե­տեւ հո­գիին ալ­քե­րուն մէջ ո՛չ ան­ցեալ կայ եւ ոչ ալ ա­պառ­նի. աս­կէ զատ, բնա­կա­նոն եւ ախ­տա­ւոր ե­րե­ւոյթ­ներ իսկ՝ խառ­նի­խուռն դի­զուած են այն­տեղ, ո­րոնք «անդն­դա­յին ան­ցու­դարձ­ներ» կ՚ա­նուա­նուին։ Եւ բո­լոր այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, թէ մար­դուս նե­րաշ­խար­հը ո՜ր­քան խորհր­դա­ւոր է եւ հասկ­նա­լը դժուա՛ր։

Զոր օ­րի­նակ, «անդն­դա­յին ան­ցու­դարձ­ներ»էն մին է՝ «ստո­րա­կա­յու­թեան բար­դոյթ»ը։

Ա­սի­կա ան­գի­տա­կից մղում­նե­րու եւ գի­տա­կից ապ­րում­նե­րու խառ­նուրդ մըն է՝ ե­րե­ւոյթ մը, որ յա­ճախ ե­րե­ւան կու գայ մե­լա­մաղ­ձոտ խառ­նուած­քով ան­ձե­րու մօտ, եւ ու­րիշ բան չէ, բայց ե­թէ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ՝ ա­նի­րա­ւուած եւ չգնա­հա­տուած ըլ­լա­լու ա­նար­դար զգա­ցում մը, որ ծնունդ կ՚առ­նէ միշտ «ախ­տա­ւոր հո­գի»ի մը են­թա­գի­տակ­ցա­կան խա­ւե­րուն մէջ եւ կը յայտ­նուի իբր «ար­դար պա­հանջք» մը՝ բռնա­նա­լով բա­նա­կա­նու­թեան լո՛յ­սին վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 1, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016