ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը, որ կը յիշուի նաեւ «Վարդավառ» անունով, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է, որ այս տարի կը նշուի յուլիս 19-ին։
Պայծառակերպութիւնը կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է ե՛ւ Աստուած։ Այս տօնին թելադրանքն է՝ սիրել Աստուած, լսել Անոր պատուիրաններուն եւ իրականացնել Անոր կամքը։ Պայծառակերպութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ թէ Աստուած Լո՛յս է։ Յիսուս Քրիստոս, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներու հետ կը բարձանայ Թաբոր լեռը՝ աղօթելո՛ւ։ Աղօթքի պահուն Յիսուս անոնց առջեւ կը պայծառակերպուի, կամ կ՚այլակերպի. «Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց, իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան», կը վկայեն Աւետարանիչները. (ՄԱՏԹ. ԺԷ 2), (ՄԱՐԿ. Թ 2) եւ (ՂՈՒԿ. Թ 29)։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի տօնին «Վարդավառ» անունը կը բացատրէ Յիսուսի՝ վարդի հետ համեմատութեամբ. ինչպէս վարդը մինչեւ բացուիլը պահուած, ծածկուած է իր պատեանին մէջ եւ բացուեցով՝ կ՚երեւի, կը յայտնուի բոլորին, այնպէս ալ Յիսուսը միչեւ այլակերպութիւնը Իր մէջ կը կրէ եւ կը ծածկէ Աստուածութեան պայծառութիւնը, եւ պայծառակերպուելով՝ կը յայտնէ Իր Աստուածութիւնը։ Ուստի, ժողովուրդի մէջ Պայծառակերպութեան այս տօնը, աւելի շատ յայտնի է «Վարդավառ» անունով։
Արդարեւ, Պայծառակերպութեան պահուն աշակերտները յանկարծ նկատեցին Մովսէսը եւ Եղիան։ Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմերը կանգնած էին անոնք։ Պետրոս տեսիլքէն այլայլուած սկսաւ խօսիլ եւ ըսել. «Վարդապե՛տ, լաւ է, որ մենք այստեղ երեք վրաններ դնենք, մէկը քեզի, միւսը՝ Մովսէսի եւ երրորդը Եղիայի համար» (ՄԱՐԿ. Թ 5)։ Քիչ յետոյ սպիտակ ամպ մը եկաւ եւ ծածկեց Յիսուսը աշակերտներուն աչքերէն։ Ամպի մէջէն Սուրբ Հոգին հետեւեալը ըսաւ. «Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք». (ՂՈՒԿ. Թ 35)։
Ամպը եւ լոյսը. այս երկու խորհրդանիշները անբաժանելի են Սուրբ Հոգիին յայտնութիւններէն։
Հին Կտակարանին աստուածայայտնութիւններէն սկսեալ՝ «Ամպ»ը, երբեմն մութ, երբեմն լուսաւոր, կը յայտնէ կենդանի եւ փրկչագործ Աստուածը, քօղարկելով Անոր փառքին վերանցականութիւնը. մերթ Մովսէսի հետ՝ Սինա լերան վրայ, մերթ Վկայութեան Վրանին տակ, մերթ անապատին երթին, մերթ ալ Սողոմոնին հետ՝ Տաճարին նաւակատիքին։
Քրիստոս Սուրբ Հոգիին միջոցով այս նախապատկերները իրենց լրումին կը հասցնէ։
Սուրբ Հոգին է, որ Կոյս Մարիամին վրայ կ՚իջնէ եւ զինք «Իր հովանիին տակ» կ՚առնէ, որպէսզի ան յղանայ եւ ծնի Յիսուսը։
Ուստի Պայծառակերպութեան լերան վրայ Ի՛նքն է որ «կու գայ ամպին մէջ եւ Իր հովանիին տակ կ՚առնէ» Յիսուսը, Մովսէսը եւ Եղիան, Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, եւ «ամպին մէջէն կը լսուի ձա՛յն մը՝ որ կ՚ըսէ. «Ասիկա Իմ Որդիս է, Իմ ընտրեալս, ունկնդրեցէ՛ք զԻնք» (ՂՈՒԿ. Թ 35)։
Վերջապէս նոյն «Ամպ»ն է, որ Համբարձումին օրը աշակերտներուն «աչքերէն կը թաքցնէ, կը ծածկէ Յիսուսը»։
Իսկ Անոր Գալստեան Օրը պիտի յայտնէ Յիսուս Քրիտսոսը՝ Իր փառքին մէջ իբր Մարդու Որդի. (ՂՈՒԿ. ԻԱ 27)։
Արդարեւ, Սուրբ Հոգին Քրիստոսը ընդունելու կը պատրաստէ։ Երկու Կտակարաններուն այս ներդաշնակութիւնը կը յօդաւորէ Տիրոջ զատկական կրօնուսուցումը, ապա նաեւ առաքեալներուն եւ Եկեղեցւոյ Հայրերուն կրօնուսուցումը։
Ան կը քօղազերծէ Քրիստոսի խորհուրդը, որ թաքնուած կը մնար Հին Կտակարանին տառին տակ։ Այս կրօնուսուցումը կոչուած է «Տիպարագրական», քանի որ Քրիստոսի նորութիւնը կը յայտնէ՝ մեկնելով տիպարներէն կամ «պատկերներէն», որոնք առաջին Ուխտին դէպքերուն, խօսքերուն եւ խորհրդանիշերուն մէջէն Քրիստոսը կ՚աւետէին։ Ճշմարտութեան Հոգիով եւ Քրիստոսի առընչութեամբ կատարուած վերընթերցումներով՝ այս պատկերները կը բացատրուին։
Այսպէս, ջրհեղեղը եւ Նոյի տապանը նախապատկերներ են Մկրտութեամբ կատարուած փրկութեան, իսկ Ամպը ինչպէս նաեւ անցքը Կարմիր ծովէն եւ Ժայռին ջուրը՝ պատկերներն են Քրիստոսի հոգեւոր պարգեւներուն։ Մանանան անապետին մէջ նախապատկերն է Սուրբ Հաղորդութեան, որ «Ճշմարիտ Հա՛ցն է երկինքէն իջած» (ՅՈՎՀ. Զ 32)։ Այն օրէն սկսեալ երբ Պետրոս դաւանեցաւ, թէ Յիսուս Քրիստոս Որդին է կենդանի Աստուծոյ, Վարդապետը «սկսաւ յայտնել Իր աշակերտներուն, թէ Ինք պէտք էր Երուսաղէմ երթար, հոն չարչարուէր, սպաննուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 21)։ Պետրոս կը հակառակի այս տրուած լուրին, միւսներն ալ զայն աւելի լաւ չեն հասկնար։
Ահաւասիկ, այս շրջագծին մէջ է, որ կը տեղադրուի խորհրդաւոր դէպքը Յիսուսի Պայծառակերպութեան՝ կատարուած «բարձր լերան» մը վրայ, Իր ընտրած երեք վկաներուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի ներկայութեան։
Պահ մը միայն՝ Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ, հաստատելով այսպէս՝ Պետրոսի դաւանութիւնը։ Ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք մտնելու համար «Իր փառքին մէջ» (ՂՈՒԿ. ԻԴ 26), պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։
Մովսէս եւ Եղիա տեսած էին Աստուծոյ փառքը Լերան վրայ։ Օրէնքը եւ Մարգարէները աւետած էին Մեսիային չարչարանքները։ Յիսուսի մահուան չարչարանքը իրապէ՛ս Հօր կամքն է. Որդին կը գործէ իբրեւ Ծառան Աստուծոյ. (ԵՍ. ԽԲ 1)։
Ամպը ցոյց կու տայ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը։ «Ամբողջ Երրորդութիւնը երեւցաւ. Հայրը՝ ձայնով, Որդին՝ մարդուն մէջ, Հոգին՝ լուսաւոր ամպին մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Թովման Աքուինացի։
Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս պայծառակերպուեցաւ Լերան վրայ եւ աշակերտները իրենց կարողութեան եւ տարողութեան չափով հիացած դիտեցին Անոր փառքը՝ Քրիստոս Աստուա՛ծ, որպէսզի երբ օր մը զինք խաչուած տեսնեն, հասկնան, թէ Իր չարչարանքը կամովին էր եւ աշխարհի աւետեն, որ Ան ճշմարտապէս ճառագա՛յթն է Հօր։
Հրապարակային կեանքին սեմին՝ Մկրտութիւնը, իսկ Զատիկին սեմին՝ Պայծառակերպութիւնը։ Ուստի Պայծառակերպութիւնը «սուրբ խորհուրդն է երկրորդ վերածննդեան, մեր սեփական յարութեան», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Այժմէն իսկ մենք կը մասնակցինք Տիրոջ Յարութեան՝ Սուրբ Հոգիով, որ կը ներգործէ Քրիստոսի Մարմինին սուրբ խորհուրդներուն մէջ։
Պայծառակերպութիւնը կու տայ մեզի նախաճաշակը փառաւոր գալստեան Քրիստոսի, «որ պիտի վերանորոգէ մեր նուաստ մարմինը, որպէսզի ան կերպարանակից ըլլայ Անոր փառքի մարմինին» (ՓԻԼ. Գ 21)։
Պայծառակերպութիւնը կը յիշեցնէ մեզի նաեւ, թէ «հարկ է անցնինք բազմաթիւ նեղութիւններէ որպէսզի մտնենք Աստուծոյ Արքայութեան մէջ» (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։
Ուստի, մեր, դժուարութիւններու, յուսահատութիւններու պահուն չտկարանա՛նք. թո՛ղ Յիսուսի դէմքէն ճառագայթած լոյսը վերափոխէ մեր տխրութիւնը՝ ուրախութեան, վիշտը՝ մխիթարութեա՛ն։ Թո՛ղ Տիրոջ ողորմութիւնը եւ սէրը մեզ հետ ըլլայ միշտ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2020, Իսթանպուլ