ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ

Ռուս մեծանուն գրող՝ Թոլոսթոյ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կեանքի մասին հետեւեալ կարծիքը կը յայտնէ. «Ան՝ որ իր երջանկութենէն զատ ուրիշ նպատակ չունի՝ գէշ մարդ է, ան՝ որուն նպատակը ուրիշներուն բարի կարծիքն է՝ տկար մարդ է: Ան՝ որ որ ուրիշներուն երջանկութիւնը իրեն նպատակ ունի՝ առաքինի մարդ է, ան՝ որուն կեանքին առանցքը Աստուած է՝ մարդ է»:

Մարդկային տեսակը այս չորս տեսակներէն կը բաղկանայ եւ մեր այսօրուան նիւթը անոնց ուսումնասիրութիւնը պիտի ըլլայ.-

Ա.- «Ան՝ որ իր երջանկութենէն զատ ուրիշ նպատակ չունի՝ գէշ մարդ է». առանց առարկութեան պէտք է ընդունինք, որ մարդկութեան մեծամասնութիւնը այսօր այս խումբին մաս կը կազմեն՝ այսինքն գէշ են, որովհետեւ մերօրեայ մարդուն համար իր սեփական երջանկութիւնը վեր է բոլորէն եւ ամէ՛ն արժէքներէն. իր երջանկութեան ու հաճոյքին համար այսօրուան մարդը պատրաստ է զոհել սրբազան արժէքներ նոյնիսկ, որովհետեւ իր կեանքին նպատակը լոկ իր երջանկութիւնը ըլլալ կը կարծէ: Վստահաբար ամէ՛ն մարդու իրաւունքն է երջանկութիւն ուզելը եւ դժուար թէ գտնուի անձ մը, որ իր սեփական անձին համար դժբախտութիւն ցանկայ, սակայն երջանկութիւնը կեանքի մը նպատակը չի՛ կըր-նար ըլլալ, մանաւանդ այն ժամանակ երբ երջանկութեան ինչ ըլլալը որոշ յստակ պատկեր մը չունի:

Ամէն մարդու համար երջանկութիւնը տարբեր հասկացողութիւն մը ունի եւ շատ անգամ մէկուն համար երջանկութիւն կարծածը՝ ուրիշի մը համար կրնայ երջանկութիւն չի նկատուիլ: Երջանկութիւնը որպէս նպատակ ընդունիլը սխալ կը նկատենք, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, թէ երջանկութիւնը յաւիտենական ու մնայուն արժէք մը չէ։ Ռուբէն Սեւակ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Երջանկութիւն՝ կայ ու չի կայ...». եթէ կը կարծես նիւթականն է երջանկութիւնը՝ յայտնեմ, որ այսօր նիւթապէս հարուստ սակայն դժբախտ անձեր շա՜տ են աշխարհի երեսին: Եթէ երջանկութիւնը կեր ու խումն է, այսօր թագաւորներու վայել սեղաններու ետին նստող, սակայն հոգեպէս դժբախտներ շատ կան: Այդ իսկ պատճառով պէտք է յստակ գծել երջանկութեան ինչութիւնը: Ռուս մեծանուն գրողը նմանները գէշ կը կոչէ, որովհետեւ իր երջանկութեան համար ապրողը իր երջանկութիւնը ապահովելու համար պատրաստ է ամէն տեսակ գէշութիւն ու տմարդութիւն ընել, վիրաւորել ու վնասել ուրիշները՝ պարզապէս իր երջանկութիւնը ապահովելու համար:

Բ.- «Ան՝ որուն նպատակը ուրիշներուն բարի կարծիքն է՝ տկար մարդ է». գէշ մարդոց հաւասար մեր մէջ գոյութիւն ունին տակ մարդիկ, որոնք կ՚ապրին, կը գործեն ու նոյնիսկ շատ անգամ իրենք զիրենք կը դժբախտացնեն ուրիշներուն կարծիքներուն սիրոյն: Մեր շրջապատին մէջ վստահաբար լսած ենք «ուրիշներ ի՞նչ պիտի ըսեն», «ամօթ է», «մարդիկ ի՞նչ կը մտածեն» ու այս մտածումներուն լոյսին տակ կը զոհենք մենք մեզ, պարզապէս որպէսզի ուրիշներուն կարծիքը «լաւ» ըլլայ. նման մարդիկ տը-կար են, որովհետեւ չեն գիտակցիր, որ կեանքին նպատակը ուրիշները գոհացնելէ անդին արժէք մը կը ներկայացնէ: Մենք մարդիկ գոհացնելը զԱստուած գոհացնելէ աւելի առաջնահերթ կը նկատենք, որովհետեւ երեւոյթը մեզի համար աւելի կարեւոր է քան բանի մը էութիւնը:

Գ.- «Ան՝ որ որ ուրիշներուն երջանկութիւնը իրեն նպատակ ունի՝ առաքինի մարդ է». գուցէ ամենէն շատ նման մարդոց սովն է որ ունինք այսօր. այս խումբին պատկանողները հականիշն են առաջիններուն, սակայն ինչքան ժամանակը յառաջդիմէ, այնքան անոնց գոյութիւնը կը նուազի: Անոնց սովը կը զգանք ու կ՚ապրինք, սակայն պէտք է նաեւ մտածել պատճառներուն մասին. կը կարծենք մեծագոյն պատճառը անոնց պակասումին մարդոց բնաւորութիւնն ու ապրելաձեւն է, որովհետեւ ուրիշներուն երջանկութիւնը առաջնահերթ նկատող անձ մը կամաց-կամաց կը սկսի նկատել իր սեփական երջանկութեան զոհաբերումը: Բարիք մը կ՚ընես անձի մը, սակայն նոյն անձէն որոշ ժամանակ ետք հարուած մը կը ստանաս եւ այդ մէկը կամայ ակամայ մէջդ կը սպաննէ բարիք ընելու ցանկութիւնը եւ քեզ ուրիշներու երջանկութեան համար ապրելէն կ՚առաջնորդէ սեփական երջանկութեան համար ապրելու:

Առաքինութիւն բառը, որոշ այլ բառերու կողքին կամաց-կամաց կ՚անշնչանայ եւ կը վերացուի մեր կեանքին մէջէն. ողորմութիւն, առաքինութիւն, բարերարութիւն, բարեգործութիւն եւ նման բառեր կամաց-կամաց կը վերածուին բառարաններու յատուկ բառերու:

Դ.- «Ան՝ որուն կեանքին առանցքը Աստուած է՝ մարդ է». ռուս մեծանուն գրողը միայն այս խումբին պատկանող անձերը մարդ կը կոչէ, որովհետեւ նմանները գիտեն տարբերել ժամանակաւորը անժամանակէն, կարեւորը անկարեւորէն: Այն մարդուն կեանքին մէջ որ Աստուած գոյութիւն է, հոն առկայ է խաղաղութիւն: Այսօր սովը ունինք նաեւ նման մարդոց, որոնք հոգեւորը իրենց կեանքին առանցքը ընելով կ՚ապրին մարդավայել կեանք մը: Պէտք է նկատի ունենալ, որ երեւութապէս այս խումբին պատկանողները այսօր շա՜տ շատ են. անձեր՝ որոնք կ՚ուզեն գործադրել Աստուածային այն պատուիրանը, որ իրենց շահերը չի վնասեր:

Վերոյիշեալ մարդկային չորս տեսակներն ալ այսպէս կամ այնպէս գոյութիւն են մեր կեանքէն ներս եւ անոնք են, որ կը յաջողին մարդը զանազանել մարդէն: Թող Աստուած մեր հաւաքականութեան մէջ աճեցնէ վերջին երկու խումբերուն պատկանողները, որպէսզի կարենանք ունենալ մարդավայել երիտասարդութիւն մը՝ մարդավայել ապագայով:

Երեւան

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -293-

Դպրեվանքի մթնոլորտին մէջ դասընկերներով եղբայրական կեանք մը կ՚ապրէինք. նկատի ունենալով որ մի՛շտ միասին ենք, թէ՛ սենեակին, թէ՛ դասարանին, թէ՛ խաղասրահին եւ թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ, տեղ մը բարեկամութեան սահմանները անցնելով եղբայրական կեանք մը կը սկսի այդտեղ:

Աւարտելէ ետք սակայն եղբայրական վիճակը նոյնը չմնաց. շատեր կեանքի հոսանքին տարուելով սկսան ընել այն՝ ինչ որ կեանքը կը պարտադրէր: Անոնց մէջ կար երիտասարդ մը, որ դպրեվանքէն դուրս գալէ ետք մնալու տեղ չունենալով տունս ընդունեցի եւ աւելի քան տարի մը մնաց մօտս: Մի քանի տարիներ ետք երբ երկուքս ալ եկեղեցական եղանք, զգացի որ մեծագոյն վնասը կը ստանամ այն անձէն՝ որ փողոցէն փրկելով տուն-տեղ ու հանգիստ տրամադրեցի: Ինք երախտապարտ չէր. աւելին՝ համոզուած էր որ «լաւ» տեղ հասնելու համար պէտք է ոտնակոխ ընել ուրիշները: Կարծելովս մինչեւ օրս այդ քաղաքականութեամբ կ՚ապրի՝ առանց զգալու որ ուրիշները ոտնակոխ ընելով ի՛նք ոտնակոխ կ՚ըլլայ կամաց-կամաց եւ բարձրանալու փոխարէն կը նահանջէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2023