ԿՈՐՍՈՒԱԾԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ԿԵՐՊԸ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ կորսուած որեւէ բան աւելի մեծ արժէք կը ստանայ մարդուս համար, քան այն ինչ որ արդէն կայ եւ ներկայ է։ Եւ ահաւասիկ, Յիսուսի «Կորսուած ոչխարին առակը» այս ճշմարտութիւնը անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։
«Ինչպէս կ՚երեւնայ ձեզի. եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունըինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր եւ երթար մոլորածը փնտռէր։ Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ՚ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննուսնըիննին՝ որոնք մոլորած չէին…». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 12-13)։
Այո՛, կեանքէն առնուած այս օրինակը ապրած չենք մեր կեանքի ընթացքին գոնէ մի քանի անգամ։
Ահաւասիկ, Աւետարանը կեա՛նք իսկ է իր ամբողջ բովանդակութեամբ։
Հետաքրքիր է, որ վերոյիշեալ հատուածին սկիզբը սա խօսքերով կը սկսի. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը, քանզի կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է։ Վասն զի Որդի մարդոյ եկաւ կորսուածը փնտռելու եւ փրկելու…». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 10-11)։
Ուրեմն, հոս կայ կարեւոր կէտ մը՝ հաւասարութի՛ւն։ Արժէքի տեսակէտով պզտիկ-մեծ գոյութիւն չունի, ամէն անձ հաւասար է իրեն ընծայուելիք արժէքին նկատմամբ։ Յետոյ, երկրորդ կարեւոր կէտը՝ անխտիր, ո՛չ մէկը՝ պզտիկ կամ մեծ, պէտք չէ՛ անարգել, պէտք չէ՛ արհամարհել՝ անտեսել, եւ անգոսնել ներկայութիւն մը՝ պզտիկ կամ մեծ, արժէքաւոր կամ անարժէք կարծուած։ Քանի որ բան մը որ Աստուած ստեղծած է, ան անպայման արժէք մը ունի։
Ուստի, արհամարհուողը, անարգուողը ինքզինք մերժուած կը զգայ, քանի որ արհամարհուած ըլլալ վատ զգացում մը կը ստեղծէ անոր մէջ։ Ան կը յուսալքուի, կը մոլորի, կը հեռանայ եւ ի վերջոյ, իր ամենալայն իմաստով, կը կորսուի։ Այստեղ, պէտք է ուշադրութիւն դարձուի այն կէտին, թէ «կորսուիլ» եւ «կորսնցնել» թէեւ մերձիմաստ, սակայն իրարու նկատմամբ պատճառ եւ հետեւանքի ներքին յարաբերութիիւն մը ունին. բան մը կը կորսուի՝ որովհետեւ կորսնցնող մը ունի։ Եթէ բանի մը տէր չկանգնի, խնամք չտանի՝ կը կորսնցնէ զայն բնականաբա՛ր։
Վերոյիշեալ առակին մէջ «ոչխար»ը՝ ամբողջ մարդկութիւնը կը խորհրդանշէ՝ որմէ մոլորած է մէկ հատը, անտարբերութեան կամ անարգուելուն պատճառով։ «Ոչխար»ին օրինակը մեզի կը յիշեցնէ «հաւասարութեան» սկզբունքը, քանի որ հօտին մէջ բոլոր ոչխարները հաւասար են, եւ հաւասար խնամքի եւ հոգածութեան կ՚արժանանան։ Թէ ինչո՞ւ ոչխար։ Որովհետեւ «ոչխար»ը հեզութեան, խոնարհութեան, հնազանդութեան խորհրդանիշն է։ Բայց այս հեզութիւնը միայն իրենց հովիւին հանդէպ է…
Հեզութիւնը, խոնարհութիւնը եւ հնազանդութիւնը իր սահմաններուն եւ չափին մէջ արժանիք մը ունի եւ առաքինութիւն կը սեպուի. ուստի Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ խոնարհութիւնը եւ հեզութիւնը առաքինութիւն մըն է։ Այս իմաստով, չարին հնազանդիլ չարագործութի՛ւն է։
Ինչո՞ւ «ոչխար»ի օրինակը, եւ ոչ թէ «այծ»ի։
Այծը չարին խորհրդանիշն է. յամառ, անհնազանդ, խստերախ բնաւորութեամբ այծը օրինակ չէր կրնար ըլլալ, քանի որ ան հպարտ, գոռոզ է, եւ նաեւ՝ գարշահոտ, նողկալի… Ոչխարը աւելի օգտակար է մարդկութեան, մաքուր եւ միշտ նպատակ ունի մաքուր կանաչութիւններու մէջ փնտռելու իր սնունդը, ինչպէս մարդը, որ իր հոգեւոր սնունդը կը փնտռէ երկնային կանաչութիւններու մէջ։
Եւ հովիւը չ՚արհամարհեր, չ՚անարգեր իր ոչխարները, այլ հաւասարապէս կը խնամէ, կը հոգայ զանոնք՝ ըլլայ հարիւր, ըլլայ միայն մէկ ոչխար։ Ոչխարները ապահով եւ անվտանգ են, երբ իրենց հովիւը «Քաջ Հովիւ» է եւ տէր կը կանգնի անոնց առանց խտրութեան՝ հաւասարապէ՛ս։
Սիրելի՜ներ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին աղօթքին պէս աղօթենք. Աստուած բանայ թող մեր աչքերը, բայց նաեւ, մեր մտքի տեսողութիւնը, լայն տեսութեամբ, եւ այն ատեն միայն կ՚ըլլանք «Բանաւոր ոչխարներ»։
Արդարեւ, եթէ հոգին եւ միտքը համընթաց չըլլան՝ «ամբողջական մարդ»ը չի կազմուիր, չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Կատարեալ եղէք, քանի որ ձեր Հայրը կատարեա՛լ է»։
Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, Աւետարանէն էջ մը թող ծածկոց ըլլայ մեր վրայ ամէն գիշեր, որպէսզի մեր հանգիստ եւ հանդարտ, խաղաղ անկողնին մէջ սիրոյ ջերմութեան ներքեւ՝ ապահով եւ անվտանգ, միշտ գիտնալով որ ունինք վստահելի եւ հաւատարիմ երկնային Հայր մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2024, Իսթանպուլ