ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒՄԸ
«Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (ՄԱՏԹ. Դ 4)։
Տեսնել մէկը՝ որ անօթի է, անտարբերութեամբ եւ անհոգութեամբ անցնիլ ու երթա՞լ, թէ հոգածութիւն ցոյց տալ, կարելին ընել, մինչեւ իսկ իր ունեցածէն բաժին հանել անոր, որպէսզի անօթի չմնայ ան, գոնէ միջոցի մը համար։
Արդարեւ, անօթի մէկը կերակրել՝ աղօթքի, պաշտամունքի համազօր արարք մըն է, քանի որ Յիսուս ինք կ՚ըսէ, թէ՝ իր եղբայրներէն մէկուն հանդէպ կատարուած որեւէ օգտակարութիւն իրեն կատարուած օգտակարութիւն մը, ծառայութիւն մըն է։
Եւ հացին խորհուրդը իր կատարելութեան կը հասնի Յիսուսի սա խօսքերուն մէջ.
«Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։ Քանի որ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին» (ՅՈՎՀ. Զ 32-33)։ Եւ Յիսուս կը յայտնէ հացին խորհուրդը, երբ կ՚ըսէ. «Ես եմ կեանքի հացը» (ՅՈՎՀ. Զ 35)։
Արդարեւ, ծիսական խորհրդանիշներուն գլխաւորն է «հաց»ը՝ որ կը բաժնուի եւ «միութեան» կարեւոր ազդակներէն մին կը հանդիսանայ։
Մեր առօրեայ սեղաններու վրայ «հաց»ը կը բաժնուի եւ կերպով մը ընտանիքի անդամները կը միացնէ իր շուրջ՝ իր միջոցով։ Ուստի ամբողջ մը երբ բաժանուի եւ բաժ-նըւի, զայն օգտագործողներու մէջ ներքին-բարոյական մասնակցութիւն մը՝ միութիւն մը կը գոյանայ, ինչ որ ճաշասեղաններու վրայի հացը ճշմարիտ օրինա՛կն է այս իրողութեան։ Հացը կը բաժնուի եւ կը բաշխուի՝ անոր բաժինները ընդունող եւ օգտագործողներու միջեւ «միութիւն» հաստատելու, ներքին կապ մը ստեղծելու համար։ Ուրեմն, հացը կապ մըն է՝ յօդ մը՝ որ կը միացնէ հոգիները եւ անոնց միջոցով «միութիւն» մը կը կազմէ հոգեւոր։
Յիսուս, Իր Առաքեալները հաւաքեց Վերնատան մէջ, հացը առաւ ձեռքերուն մէջ՝ բեկանեց եւ բաժնեց անոնց։ Ուստի հացը բեկանել, եւ բաժնել կը նշանակէ միացնել այն ամէնը՝ որ բաժին ընդունած են «բեկանուած հացի մասեր»էն։
Եւ այս խորհուրդը ամբողջ քրիստոնեայ կեանքին աղբիւրը եւ գագաթնակէ՛տն է։
Հացի ե՛ւ գինիի ընծայումով ահաւասիկ, կը կատարուի Սուրբ Հաղորդութեան խորհրդակատարումը։ Արդարեւ «հաղորդութիւն» կը նշանակէ ներքին կապ հաստատել եւ միացնել անջատ տարրերը։ Եւ «հաց»ը որպէս խորհուրդ կը կատարէ անջատները միացնելու եւ միութիւն կազմելու դերը եւ պարտականութիւնը։
Եւ երբ մենք ամէն օր կ՚աղօթենք. «… զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր…» ըսելով, Աստուծմէ կը խնդրենք ո՛չ միայն նիւթական հացը մեր մարմնի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար այլ եւ մանաւանդ՝ այն խորհուրդը՝ այն բարոյական «հաց»ը՝ որ պիտի միացնէ մեզ բոլորս իրարու, եւ կը խնդրենք որ գոյապահպանուի, գոյատեւէ, անսասան մնայ մեր միութիւնը։
Արդարեւ, հասարակաց նպատակներն են որ իրար կը միացնեն մարդիկ, ուժեր կը միանան եւ «հասարակաց ո՛ւժ» մը կը գոյանայ՝ բոլորովին անջատ անհատական ուժերէ։ Եւ հացը, ընդհանրապէս մարդոց հասարակաց մէկ նպատակն է՝ որուն շուրջ միանալով կը զօրանան եւ իրենց գոյութիւնը կը պահեն եւ կը տեւականացնեն։
Հացը, ամէն շրջանի եւ ամէն շրջանակի, միշտ հասարակաց նպատակն է եղած մարդկութեան։
Մարդիկ հաւաքուած են «հաց»ին շուրջ՝ անով զօրանալու, անով կեանք ունենալու եւ ապրելո՛ւ համար։ Հացով զօրանալ՝ հացին հասնելու համար, հացի միջոցով միանալ՝ զօրանալու համար, որ հացի՝ մարդուս կարեւորագոյն եւ կենսական նպատակին կարելի ըլլայ հասնիլ։
Բաժնել՝ միանալու համար, եւ միանալ՝ կարելի ընելու համար հաց ունենալ, աւելի շատ կարենալ բաժնելու համար հացը՝ կեա՛նքը։
Ասիկա «ամուլ շրջանակ» մըն է՝ որուն «կեանք» կ՚ըսենք. զայն վայելելու համար «հաց»ը անհրաժեշտ է, կենսական հարց է հա՛ցը. ուրեմն պէտք է միացնել ուժերը, որպէսզի կեանքը շարունակուի, պահպանուի։ Բայց, որպէսզի ամէն մարդ օգտուի «հաց»էն, զայն պէտք է բաժնել ու բաշխել։ Միութիւն՝ բաժնելու համար եւ բաժնել՝ միութեան համար, եւ ահաւասիկ «ամուլ շրջանակ» մը՝ որ կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման համար անհրաժե՛շտ է։ Ուրեմն անիկա «ամուլ» եւ նաեւ՝ «արդիւնաբեր» շրջանակ մըն է՝ բեղուն, արդիւնալից եւ արտադրող «ամուլ» շրջանակ մը…։
Արդարեւ, ամէն «ամուլ» կարծուած ամուլ չէ՛, պէտք է գործունէութեանը վկայել եւ ապա եզրակացութեան մը յանգիլ։ Եւ «հաց»ը լաւագոյն օրինակն է՝ բաժնել-միացնել, միութիւն կազմել՝ աւելի շատ բաժնելու եւ բաշխելու համար։ Եւ ընտանիքներ կը հաւաքուին սեղաններու շուրջ՝ հաց կ՚ուտեն եւ ընտանիք մը՝ միութիւն մը ըլլալու զգացումը ամենէն շատ այդ հացի սեղանին շուրջ զգալի կ՚ըլլայ։
Արդարեւ, ընտանիքի մը ամենէն երջանիկ պահը՝ հացի սեղանին շուրջ հաւաքուած եւ իրապէ՛ս միութիւն կազմուած պա՛հն է։
Սուրբ Հաղորդութեան պարագային՝ հացին «գոյացափոխութիւն»ը կը կատարուի, այսինքն հացին ամբողջ գոյացութիւնը կը փոխուի Քրիստոսի Մարմինին գոյացութեան։ Այս կ՚իրագործուի Քրիստոսի խօսքին եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ Իսկ հացին բեկանումը չի կտրեր, չի վերջացներ Քրիստոսը՝ Ան լման եւ ամբողջական կը մնայ եւ ներկա՛յ՝ հացին իւրաքանչիւր մասին մէջ։ Եւ «բաժնել՝ միութիւն կազմելու համար», այս պատճառով է որ «խորհուրդ» մըն է. մին՝ միւսին պատճառը եւ արդի՛ւնքն է։
Ուրեմն սիրելի՜ բարեկամներ, կարեւորութիւն ընծայենք մեր ընտանեկան ճաշասեղաններուն՝ հաւաքուինք անոր շուրջ եւ զգա՛նք, թէ «ընտանիք» եւ «միութիւն» ենք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 16, 2017, Իսթանպուլ