ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ…

Մտասեւեռ հայեացքներ են դարձեալ այն հողին՝ ուր դեռ երէկ կեանք, իսկ այսօր լքում ու մահ կը բուրէ: Հայեացքերն են հաւատարիմ ա՛յն մարդոց, որոնք այժմ կը տեսնեն անշնչացումը իրենց վաստակին: Հողին վրայ ո՛չ մէկ շիրմաքար, ո՛չ մէկ գերեզման, սակայն հո՛ն են անոնք՝ որոնք իրենց արիւնով ոռոգեցին այդ հողը, ուրկէ մահը յարութիւն առաւ:

Հայեացքներու մէջ կը խեղդուի ամէ՛ն բան ու պահ մը ամէն մարդ կը նկատէ, որ վէրքերը որոնք սպի ըլլալ կը թուէին... տակաւին վէրքեր են, դեռ չեն գոցուած: Անոնց աչքերուն մէջ այլեւս լոյսը չի թափանցեր ու վաղուան տարակոյսը իրենց աչքերուն մէջ խարխափել դէպի գալիք, որուն հեռանկարին մէջ տժգոյն դառնութիւն մը կայ:

Ծերունի մը իր աչքերը կը յառէ այն պատին, որուն հովանիին տակ դեռ երէկ... տասնամեակ մը առաջ կեանքը կը խնկարկէր, իսկ այսօր աւերակ տաճարի մը պէս կը թողու անգղերուն յուսակտուր, որոնք իրենց խռովքը կ՚երգեն: Ինչպէ՞ս մոռնայ այն պատը, ուր ստացած էր սիրոյ առաջին խոստովանութիւնը, պատ՝ ուր եղած էր անջատուած, նետուած երազներու եւ ցնորքներու գիրկը ու հիմա արդէն յաղթուած կէս մութին մէջ ստուերներ փորձել կը կարծէ... հաւանաբար անո՛նք են, որոնց յիշատակը անմահ ըլլալ կը թուի:

Պատէն քիչ մը անդին դպրոցն է. հին օրերու ուխտավայր մը, ուր հայրենասիրութիւնը ծիլ կու տար. դպրոցի ճակատին աղօտ կը տեսնուի «Ճանաչել Զիմաստութիւն»ը, որուն հանդէպ հայերս մի՛շտ ալ օտար մնացինք եւ չուզեցինք ճանչնալ: Դպորցի բակը ամայի է այսօր. ո՞ւր են յիշատակներ քաղցր օրերու, ո՞ւր են վազող անմեղ մանուկները. ո՞ւր են անոնք՝ որոնք իրենց երազներուն առաջին երգը երգեցին հո՛ն, հայրենաշունչ այդ յարկին տակ, որ այսօր կարծես փլատակ՝ ինքն իր մահը կը սգայ:

Քիչ մը անդին տունն է ա՛յն մարդուն, որ իր ձեռքերով, քա՛ր առ քար բարձրացուց զայն գետնէն, անոր մէջ լո՛կ ուրախութեան երգը երգելու յոյսով, ուր սակայն այսօր ննջեցելոց մը կը լսուի պարզապէս: Տունը կերտողը կը շարունակէր նայիլ իր ձեռակերտին. քունը խոյս տուած էր աչքերէն։ Նուիրական ի՜նչ սուրբ ընտանիք կազմեց այդ տունէն ներս. հոն չէ՞ր որ առաջին անգամ անդրանիկ զաւակը սկսաւ քալել, սկսաւ վազել, սկսաւ խօսիլ, սկսաւ երգել... հոն չէ՞ր որ ապրեցան երջանիկ գիշերներ, որոնք հիմա անհետացող երազի մը պղտորութեամբ կամաց կամաց կը հեռանան միտքէն: Հեռանալէն առաջ կ՚ուզէր հրդեհել, սակայն դահիճի եւ զոհի ներքին պայքարն է որ կը սկսի. հոս ո՞վ էր զոհը եւ ո՞վ դահիճ. ինչպէ՞ս քանդէր այն պատերը, որոնք իրենց մէջ լացեր ու խինդեր ունին պահած. ինչպէ՞ս մահուան տար այդ բոլորը. սեփական «զաւակ»ի մահը ինչպէ՞ս տեսնէր:

Տուներէն քիչ մը հեռու գերեզմանատունն է, ուր մի քանի կիներ գացած թաղուած իրենց հարազատներու վրայ արդէն իսկ չորցած աչքերով իրենց վերջին արցունքները կը թափեն. ինչպէ՞ս պիտի ձգէին այդ ուխտավայրերը, ուր օր մը իրենք եւս թաղուելու յոյսովը կ՚ապրէին: Կը կարծուէր մահն է հրաժեշտը, սակայն անոնց համար մահէն ետք ալ հրաժեշտ մը կար. մարդը կու գար բաժնուելու քարէն՝ որուն տակ իր մայրը, եղբայրը, ամուսինն ու գուցէ զաւակը կը ննջէ: Յաջորդ մեռելոցին այդ ննջեցեալները առանձնութեան մէջ ի՞նչ պիտի ընէին. անոնց գլխին «Հայր մեր»ը անգամ մը եւս երբեւէ պիտի կարենայի՞ն լսել. խունկին բոյրը որ այնքա՜ն կը սիրէին... ո՞վ պիտի խնկէր: Գերեզմանները երբեք ալ ուրախ չեն եղած, սակայն այս անգամ տարբեր տխրութիւն մը կար այդտեղ. այս անգամ սգաւորներու կողքին քարերն ալ կ՚արտասուէին:

Մի քանի կիներ գիւղի միակ եկեղեցւոյ մէջ ծնրադիր վերջին ջանքով մը կը փորձէին իրենց աղօթքները առ Աստուած բարձրացնել. Աստուած խո՞ւլ էր՝ թէ իրենք ձայնելու անկարող... մարդ չի գիտեր: Մեծահասակ կին մը կ՚երթայ համբուրելու խորանն ու գետինը. չէ՞ որ այդ խորանին առջեւ ինք Քրիստոնեայ մկրտուեցաւ. չէ՞ որ այդ խորանին առջեւ ինք բարձրաձայնեց, թէ «հնազանդ» է եւ մի՛շտ ալ հնազանդ մնաց. չէ՞ որ այդ խորանին առջեւ է որ իր մեղքերը թողութիւն գտան: Գիւղէն դուրս գալէ ետք ուրիշ եկեղեցիներու մէջ պիտի կարենա՞ր գտնել ա՛յն Աստուածը՝ որ իրենց գիւղի եկեղեցւոյ մէջն էր, թէ ոչ Աստուածներն ալ ուրիշ են գաղթէն յետոյ:

Կեանքը իր լաւատես բարիքները մէկ կողմ դրած, դառն յուսախաբութեամբ կու գար գրկելու բոլորը, որոնք կամաց կամաց կը հեռանային իրենցմէ մասնիկ մը ձգելով այդտեղ. սակայն հեռանալով հանդերձ իրենց աչքերը չեն հեռացներ, որովհետեւ ցմահ կրնան անգամ մըն ալ չտեսնել եւ այդ անորոշութիւնն է որ կը խանձէ զիրենք: Մի քանի ծերունի սակայն կը յամառի մնալ այդտեղ՝ սպասելով մահուան, որ հիմա այնքա՜ն ցանկալի էր իրենց համար. չէ՞ որ հոգեպէս մեռնողը մարմնապէս կենդանի չի՛ կրնար ըլլալ:

Դատաւորի մը կարիքը կը զգացուի յանկարծ. հոգիով կ՚ուզեն դատի տալ զԱստուած, դատի տալ թշնամին, դատի տալ բոլո՛ր անոնց, որոնք դահիճն են այս բոլորին, սակայն աշխարհի երեսին ո՞ր դատաւորն ու դատարանը իրաւունք տուած է հասարակներուն, որոնք միշտ ալ պարտուածի կողմը ըլլալ վարժուած են:

Ա՛յս է տխուր պատմութիւնը մեր այսօրուան եւ ապրումները անոնց՝ որոնք ցմահ բանտարկուած պիտի մնան այդ բոլորին մէջ. կեանքը գուցէ հետաքրքրաշարժ ալ ոչինչ պիտի ունենայ իրենց դիմաց դնելու, որովհետեւ հոգին պիտի ըլլայ հոն՝ ուր երբեմնի երջանկութիւնն էր, որովհետեւ մարդու հոգին բանտարկուած կը մնայ հոն՝ ուր ինքզինք երջանիկ կը զգայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -21-

Երէկ Երեւանի մէջ ընտանիքի մը համար վարձով տուն փորձեցի գտնել. տանտիջոց բացատրեցի, որ մարդիկը տուն-տեղ կորսնցուցած, իրենց ունեցուածքը ձգելով կու գան Երեւան:

Նկատի ունենալով որ ամսուան կէսն ենք, մարդուն խնդրեցի, որ ժամանակ տրամադրէ, որպէսզի մարդիկ հաստատուին, իրենց տունը տեղաւորեն. առ այդ խնդրեցի, որ անտուն մնացած այս մարդոց տան վարձը սկսի գանձել ամսուան 1-էն սկսեալ:

«Բա իմ 10 օրականը ի՞նչ պիտի լինի», ըսաւ շուարած։ Նկատեցի, որ մարդոց մէջ կարեկցանքը վերացած է. մարդիկ կորնցուցած են իրենց ճակտի քրտիոնքով կառուցած տունը, այգին ու հանգիստը, սակայն հայրենակիցը մտահոգուած է ո՛չ թէ անոնց վիճակով ու ապրումներով, այլ 10 օրուան համար ստանալիք գումարով... այդ փոքր գումարին համար արժանապատուութիւնն ալ սկսած ենք ծախել:

***

Տուն-տեղ կորսնցուցած ընտանիքի մը տեղաւորման գծով օգտակար կը դառնանք. ինքնաշարժէն տան ապրանքները իջեցնելու պահուն տան մայրը կու լայ, որուն լալուն կը միանայ նաեւ տան կրտսեր աղջիկը: Բոլորս կը տեսնենք անոնց լալը, սակայն մարդ չի համարձակիր բան մը ըսել. անոնց լացը աւելի կը խօսի՝ քան խօսքը:

Արցունքներէն կը հոսին բողոք՝ դէպի անյայտ ապագան, դէպի գալիք անորոշութիւնը, սակայն կեանքի օրէնքին համակերպելով կը շարունակեն ապրանքները տուն մտցնել:

Հայուն տրուած է համակերպիլ ճակատագիրին. անոնք եւս լուռ կը համակերպին: Առանց խօսքի շա՜տ բան կը հասկնանք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022