ՉԱՐԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ

Յաճախ կը հարցուի՝ թէ քանի որ Աստուած բարի է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կ՚արտօնէ չարին։

Արդարեւ, որեւէ կասկած չկայ, որ Աստուած անհունօրէն բարի՛ է եւ Անոր բոլոր գործերը բարի՛ են։ Սակայն ո՛չ ոք զերծ կը մնայ տառապանքի փորձառութենէն եւ բնութեան մէջ առկայ չարիքներէն -որոնք հետեւանքն են արարածներուն յատուկ եղող սահմանափակումներուն- եւ մանաւանդ «բարոյական չարիք»ին հարցէն։

Ուրկէ՞ առաջ կու գայ չարիքը։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս (Confessiones) այս մասին սապէս կ՚ըսէ. «Կը փնտռէի, թէ չարիքը ուրկէ՞ կու գայ եւ լուծում չէի գտներ»։

Արդարեւ, դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ՝ հաւատալով»։ Ուրեմն, այս հարցումին պատասխանելու միակ ճամբան եւ միջոցն է՝ հաւատալ եւ հասկնալով հաւատալ, որուն այս կսկծալի եւ կասկածալի որոնումը վերջ պիտի գտնէ միա՛յն կենդանի Աստուծոյ անոր դարձով։ Քանի որ «խորհուրդը… անօրէնութեան» (Բ ԹԵՍ. Բ 7) չի լուսաւորուիր եթէ ոչ աստուածպաշտութեան խորհուրդին լոյսով. (Ա ՏԻՄ. Գ 16)։

Ուստի, Քրիստոսի մէջ աստուածային սիրոյն Յայտնութիւնը միանգամայն երեւան հանեց չարիքին տարածքը եւ շնորհքին լիառատութիւնը. (ՀՌՈՄ. Ե 20)։

Եւ ուրեմն, մենք չարին ծագումը՝ չարիքի գոյութեան հարցը քննելու ենք մեր հաւատքի ակնարկը եւ ուշադրութիւնը սեւեռելով Անոր վրայ՝ որ միա՛կ Յաղթողն է չարին. (ՂՈՒԿ. ԺԱ 21-22), (ՅՈՎՀ. ԺԶ 11), (Ա ՅՈՎՀ. Գ 8)։

Արդարեւ, մեղքը անուրանալի իրականութիւն մըն է մարդուս կեանքին մէջ. հոն ո՛ւր մարդ կայ՝ հոն կայ նաեւ մե՛ղք։ Այս իմաստով, մեղքը ներկայ է մարդուն պատմութեան մէջ եւ ուրեմն՝ չա՛րը անխուսափելի է։ Ընդունայն պիտի ըլլար փորձել անգիտանալ զայն կամ այս մռայլ եւ խաւար իրականութեան՝ ուրիշ անուն տալ։

Մեղքին կամ չարիքին ի՛նչ ըլլալը հասկնալու եւ ըմբռնելու՝ անոր թափանցել փորձելու համար հարկ է նախ ճանչնալ Աստուծոյ հետ մարդուն խորունկ կապը, քանի որ այս առընչուածութենէն դուրս՝ չենք կրնար իր ճշմարիտ իսկութեան մէջ դիմազերծել՝ դիմակազերծել մեղքին չարիքը, որ Աստուծոյ դէմ մերժո՛ւմ է եւ հակառակութիւն է եւ թէ կը շարունակէ իբր «բեռ» ճնշել մարդուն կեանքին եւ պատմութեան վրայ ընդհանրապէս։

Մեղքին ու չարին իրողութիւնը եւ աւելի յատուկ կերպով «սկզբնական մեղք»ին, չի՛ լուսաբանուիր եթէ ոչ աստուածային Յայտնութեան լոյսին տակ։ Առանց ճանաչումին, զոր ան կու տայ մեզի Աստուծոյ մասին, կարելի չէ յստակօրէն ճանչնալ եւ հասկնալ մեղքը եւ չարիքը։ Ահաւասիկ, այս պարագային՝ մարդս կը փորձուի բացատրել զայն միայն իբրեւ «աճումի թերութիւն», իբրեւ հոգեբանական տկարութիւն, իբր սխալմունք, իբր անխուսափելի հետեւանք ընկերային անհամապատասխան կառոյցի, եւ այլն։

Մարդուն մասին՝ միայն աստուածային ծրագրին ճանաչումը նկատի ունենալով կրնանք հասկնալ, թէ մեղքը զեղծո՛ւմն է ազատութեան՝ որմէ կը ծնի «չար»ը, զոր Աստուած տուած է ստեղծուած անձերուն, որպէսզի անոնք կարենան սիրել զԻնք եւ սիրեն զիրար։

Յայտնութեան յառաջխաղացքին հետ կը լուսաւորուի եւ կը բացայայտուի նաեւ մեղքին իրողութիւնը։ Ուստի, Աստուծմէ մարդուն շնորհուած «ազատ կամք»ին հետեւանքը կարելի է համարել մեղքը եւ չարիքը։ Արդարեւ, անբան-անասուն կենդանիներ չունին «ազատ կամք», չունին նաեւ Աստուծոյ ճանաչումը եւ անոնք մեղքի հաւանականութիւնն ալ չունին, չունին նաեւ «չար»ի, «չարիք»ի ըմբռնումը։ Աստուած կը թողու չարը, քանի որ տուած է մարդուն «ազատ կամք», բայց երբ կը պատահի չարը, մարդ պատասխանատո՛ւ է իր ստեղծած չարէն։ Աստուած կը հետեւի մարդուն արարքներուն՝ չարին կը հատուցանէ, իսկ բարիին կը վարձատրէ։ Մեղանչումին պատմումը. (ԾՆՆԴ. Գ) կը կիրարկէ պատկերաւոր լեզու, սակայն կը հաստատէ առաջնակարգ իրադարձութիւն մը եղող իրողութիւն մը՝ որ պատահեցաւ մարդկային պատմութեան սկիզբը։ Յայտնութիւնը Աստուծոյ, Անոր բարութեան, զօրութեան եւ գեղեցկութեան, կու տայ մեզի հաւատքին հայող ստուգութիւնը, թէ մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կը կրէ հետքը սկզբնական յանցանքին, որ ազատ կամքով գործուեցաւ մեր առաջին նախածնողներուն կողմէ։

Սատանային զօրութիւնը անսահման չէ՛, ան սոսկ արարած մըն է, հզօր՝ որովհետեւ զուտ հոգի է, սակայն կը մնայ սոսկ արարած մը, ան չի՛ կրնար խափանել Աստուծոյ Արքայութեան կերտումը։

Աստուածային թոյլտուութիւնը սատանայական գործունէութեան հանդէպ՝ մեծ խորհուրդ մըն է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 15, 2022, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022