ԴՐԱՄ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Երբ հարցը երջանկութեան մասին է՝ կ՚արժէ մտածել, թէ՝ երջանկութեան բուն ակը դրա՞մն է։ Շատեր կ՚ըսեն, թէ առանց դրամի երջանկութիւն չ՚ըլլար, եւ այնքա՜ն համոզուած են այն գաղափարին, որ դրամը համազօր կը նկատեն երջանկութեան։ Եթէ դրամ ունիս՝ երջանիկ ես, եթէ դրամ չունիս՝ դժբա՛խտ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ այս մտածումին ճշդութիւնը։ Կեանքի զանազան երեւոյթներ կարծես կը վկայեն այդ մտածումին կամ համոզումին իրականութեան, ճշդութեան։ Երեւութապէս իրաւո՛ւնք ունին այդ համոզումը ունեցողներ, քանի որ դրամի տէր անձեր իրապէ՛ս երջանիկ երեւոյթ մը կը պարզեն։
Բայց հարցը հոն է, թէ՝ արտաքնապէս, երեւութապէս «երջանիկ» երեւցող ամէն մարդ, ներքնապէս, իրապէս երջանի՞կ է, թէ՝ ո՛չ։ Եւ քանի որ երջանկութիւնը ներքին աշխարհը հետաքրքրող վիճակ մըն է, չի՛ բաւեր երեւութապէս երջանիկ ըլլալ, ապա ուրեմն «երջանիկ» կարծուած մէկուն, ներքնապէս երջանիկ ըլլալը կամ ո՛չ, կարեւոր է ե՛ւ իրատեսութի՛ւն։
Չեմ գիտեր, «դրամ-երջանկութիւն» փոխյարաբերութեան մէջ՝ որպէս դժբախտութիւններու մխիթարա՞նք կը պատմուի կարգ մը դէպքեր, որոնք ընդհանրապէս կ՚ապացուցանեն, որ «երջանկութիւնը դրամի կամ ստացուածքի մէջ չէ՛…»։
Կը պատմուի, թէ իմաստունի մը կը հարցուի այս հարցումը. «Ճի՞շդ է արդեօք այն կարծիքը, թէ երջանկութիւնը դրամի մէջ չէ՛»։ Իմաստունը առանց տարակուսանքի կը պատասխանէ. «Այո՛, բացարձակապէս ճի՛շդ է, երջանկութիւնը դրամի եւ ստացուածքի մէջ չէ՛»։ «Հապա ինչո՞ւ», կը հարցնեն դարձեալ։ Իմաստունը նոյն հաստատամտութեամբ կը պատասխանէ. «Երջանկութիւնը դրամի մէջ չէ՛, քանի որ մարդ դրամով կրնայ անկողին գնել, բայց ո՛չ՝ քուն»։ Ասոր վրայ դարձեալ կը հարցնեն. «Բայց քնանալու համար դրամով կարելի է դեղօրայք գնել, բժիշկի դիմել, ուրեմն ի վերջոյ դարմանը դրամի մէջ չէ՞»։ Իմաստունը կը պատասխանէ. «Դրամով կրնաք դեղօրայք գնել, բայց ո՛չ առողջութիւն, ինչպէս որ ամէն բժիշկի դիմող կրնայ չբժշկուիլ կամ չառողջանա՛լ, ուրեմն դրամը երջանկութեան ակը չէ՛…»։
«Դրամով կարելի է ուտելիք գնել, եւ կուշտ մարդը երջանի՞կ, է թէ՝ ո՛չ», դարձեալ կը հարցնեն իմաստունին։ Իմաստունը կը պատասխանէ անվարան. «Այո՛, իրապէս, դրամով կարելի է ուտելիք գնել, եւ կշտանալ։ Հապա ուտելու համար կարելի՞ է դրամով ախորժակ գնել…»։ Եւ իմաստունը առանց սպասելու նոր հարցումներու, կը շարունակէ. «Քնանալու համար ըսածներս կը կրկնեմ. կրնաք ախորժակի համար դրամով դեղօրայք գնել, բայց ո՛չ առողջութիւն։ Նաեւ՝ կրնաք դրամով աշխատաւորներ, սպասաւորներ ու ծառաներ վարձել, բայց ոչ երբե՛ք բարեկամներ։ Դրամի համար կրնաք նոյնիսկ ամուսնանալ, բայց սէրը դրամով չէք կրնար գնել, եւ եթէ առանց սիրոյ ամուսնացած էք, առանց սիրոյ միութիւն, ընտանիք կազմած էք, եթէ նոյնիսկ երեւութապէս երջանիկ էք, բացակա՛յ է ան ձեր ներաշխարհին մէջ, եւ եթէ ներքնապէս երջանիկ չէք՝ ապա դուք երջանիկ չէ՛ք։ Դրամով կրնաք շէնք, բնակարան գնել, բայց ո՛չ՝ ընտանիք, ընտանեկան օճախի մտերմութիւն ու ջերմութիւն։ Դրամով կրնաք շա՜տ ուսուցիչներ վարձել, բայց ո՛չ գիտելիք, ուսում, կրթութիւն…»։ Եւ իմաստունը հարցումով մը ընդմիջեց իր իսկ խօսքը, ըսելով. «Կ՚ուզէ՞ք շարունակեմ օրինակները»։ «Ո՛չ, հասկցանք, թէ իսկական երջանկութիւնը դրամի եւ ստացուածքի մէջ չէ՛», պատասխանեցին հետաքրքիր հարցում ուղղողները եւ մեկնեցան հոնկէ՝ ուրախ եւ երջանի՛կ…։
Ի՞նչ կ՚ըսէք, ի՞նչ կը խորհիք դուք՝ իմ սիրելի ընթերցող բարեկամներ. երջանկութիւնը դրամի՞ մէջ է, թէ՝ ո՛չ։ Եթէ այս մասին կասկած ունիք տակաւին, դիտեցէք ձեր շուրջը՝ կեանքեր պիտի տեսնէք, եւ թերեւս ձեր նախանձը պիտի շարժի անոնց վրայով, բայց մի՛ խաբուիք երեւոյթին, արտաքնապէս տեսնուածին, եւ փորձեցէք տեսնել անոնց ներաշխարհը՝ արդեօք իրապէս, տեսնուածին պէս երջանի՞կ են անոնք, թէ՝ ո՛չ։ Որոշումը դուք տուէք սիրելիներ։ Խնդրեմ, փորձեցէք անգամ մը…։
Անշուշտ այս չի՛ նշանակեր, որ դրամը դժբախտութեան պատճառ է, չի նշանակեր, որ դրամը երջանկութեան մէջ բաժին չունի։ Բայց դրամը ինքնին, լոկ երջանկութեան շարժառիթը չէ, այլ լրացուցիչ մը, ամբողջացուցիչ պատճառներէն մին, համադրութեան մը՝ երջանկութեան բաղադրիչ տարրերէն մին, բայց ո՛չ միակը…։
Վերջացնելէ առաջ ուրիշ պատմուածք մըն ալ ներկայացնենք մեր սիրելի բարեկամներուն։
Իշխանաւոր մը, կը պատմուի, թէ շատ դժբախտ է եղեր։ Ո՛չ ոք կրնայ դարման մը գտնել իրեն։ Բոլոր միջոցներ ապարդիւն կը մնան եւ իշխանաւորը երջանկացնել կարելի չ՚ըլլար…։
Յուսալքուած իշխանաւորին, օր մը կը ներկայանայ իմաստուն մարդ մը, եւ կ՚ըսէ, որ պէտք է հագնի երջանիկ մարդու մը շապիկը՝ ազատուելու համար դժբախտ հոգեվիճակէ եւ գտնելու համար երջանկութիւնը։ Իշխանաւորին սպասաւորները կը շրջին ամբողջ երկիրը եւ երջանիկ մարդ մը չեն գտներ։ Յուսահատ, վերադարձի ճամբուն վրայ կը լսեն մէկը՝ որ ուրախ ու զուարթ կ՚երգէ։ Խորհելով, որ իրապէս երջանիկ մէկն է երգողը, կը մօտենան, եւ կը դիմաւորուին իրապէ՛ս երջանիկ մարդու մը։ Անմիջապէս կը պատմեն անոր՝ թէ իշխանաւորը իրեն նման երջանիկ մարդու մը շապիկը եթէ հագուի, պիտի ազատի դժբախտ ու տրտում հոգեվիճակէ եւ պիտի ըլլայ երջանի՜կ։ Եւ կը պահանջեն երջանիկ մարդուն շապիկը՝ խոստանալով անոր վճարել ի՛նչ որ կը փափաքի։ Մարդը նոյն ուրախութեամբ կը նայի մարդոց, եւ զարմացած, քիչ մըն ալ ամօթով, կը պատասխանէ. «Կը տեսնէք, որ մերկ եմ, քանի որ շապիկ մը իսկ չունիմ, կը ցաւիմ, որ ձեզի պիտի չկարենամ օգնել այդ մասին…»։
Իշխանաւորներ ուրեմն կրնան շապիկներ ունենալ, բայց կրնան նաեւ դժբախտ ըլլալ, իսկ կրնան գտնուիլ մարդիկ՝ որոնք շապիկ մը իսկ չունի՛ն, բայց երջանի՜կ են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 11, 2015, Իսթանպուլ