ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼՈՒ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲԱՆ
Մարդկային կեանքը թուաբանական հաշիւ մը լուծելու կը նմանի. ամէն մարդ տարբեր ձեւով իր դիմաց դրուած հարցումին լուծում տալ կը փորձէ. իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւ ու մեթոտ կը կիրառէ, սակայն միեւնոյն ճիշդ պատասխանը կը փորձէ ունենալ:
Այսպէս.- երկուքին գումարած երկու՝ չորս կ՚ընէ. ութէն եթէ չորս հանենք դարձեալ չորս կ՚ընէ. իսկ ուրիշ մը մէկին երեք գումարելով կը փորձէ ձեռք բերել այդ չորսը: Այլ խօսքով՝ ձեւերը եւ միջոցները ինչ ալ ըլլան, մարդիկ կրնան ստանալ այդ չորսը՝ առանց միմեանց օրինակին հետեւելու: Մեր մարդկային կեանքը եւս նոյն թուաբանական հաշիւներու օրինակը կը ներկայացնէ: Գիւղացին ալ, քաղաքացին ալ, հայն ալ, արաբն ալ իրենց զաւակներուն համար մէկ հիմնական նպատակ կ՚ունենան. որպէսզի ՄԱՐԴ ըլլան (ինչ որ չորսն է այս պարագային), սակայն իւրաքանչիւրը տարբեր ճամբայ կ՚ընտրէ. անորոշ ու անյստակ ճամբայ մը՝ որ յաճախ կրնայ շեղիլ ու դուրս մնալ դէպի նպատակակէտ տանող ճամբայէն:
Ճամբաներու ընտրութիւնը երկու տարբեր ձեւով կը կատարուի. շատեր կը հետեւին այն ճամբուն՝ որուն մէջ իրենք առաջնորդուած են. այդպիսիներ կը հաւատան, որ գուցէ այդ է ճիշդ ճամբան՝ որով ինք առաջնորդուած է նախապէս իր ծնողներուն կողմէ, իսկ ուրիշներ այդ ճամբուն ամբողջութեամբ հակառակ, քննելով այդ ճամբու մէջ հանդիպող սխալները, ամբողջութեամբ այլ ճամբայ մը կը փորձեն որդեգրել՝ հասնելու համար նպատակակէտ չորսին:
Այդ տարբերութիւնները սակայն կրնան ամբողջովին իրարու հակառակ ըլլալ. այսպէս, աչքիս առջեւ ունիմ մեր փողոցին մէջ ապրող երկու հասակակից մանուկներ. իրարու հետ հասակ առնող այս մանուկները իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր ճամբաներով կը փորձեն հասնիլ նպատակակէտին. մին իշխանութեամբ, ջղայնութեամբ ու շատ անգամ մինչեւ իսկ ծեծով կը փորձէ այդ նպատակակէտին հասնիլ, շատ պարզ այն պատճառով, որ իրենք իրենց ծնողքէն տեսած են դաստիարակութեան այդ ձեւը, ինչ որ «լաւ մարդ» ըլլալու համար լաւ միջոց մը կը թուի ըլլալ իրենց համար: Միւս մանուկին ընտանիքը առաջինին ամբողջութեամբ հակառակ, թէեւ նոյն իշխանութեան, ջղայնութեան եւ ծեծի մէջ մեծցած, որդեգրած է ամբողջութեամբ այլ ճամբայ մը, պարզ այն մտածումով, որ իրենք իրենց զաւակին հետ պիտի չվարուին այնպէս՝ ինչպէս վարուած էին իրենց հետ նախապէս:
Որդեգրուած ձեւերը ամբողջութեամբ հակառակ են, սակայն հասնիլ ուզուած նպատակը միեւնոյնն է՝ ինչ որ շատ անգամ անկարելի կը դառնայ: Կը դիտեմ երկու մանուկներուն տարբերութիւնները. իշխանութեան ու ծեծի ազդեցութեամբ մեծցող մանուկը կը վախնայ եւ կը կատարէ մօր եւ հօր կողմէ հնչած բոլոր հրահանգները. եթէ մայրը ըսէ, թէ հիմա դաս պիտի ընեն՝ չեն կրնար հակառակիլ, մինչ միւս մանուկը առաջիններուն ամբողջութեամբ հակառակ, հեռու իշխանութենէն կամ ծեծէն համարձակութիւնը կ՚ունենայ առարկելու, հակառակելու եւ անկրթութեան հասնող աստիճանով շատ անգամ պատասխանել ծնողներուն:
Այս մէկը եւս հանելուկ է. կ՚ուզենք առաջին կարգին պատկանող մանուկներ ունենալ՝ երկրորդ ծնողքին օրինակով. մանկավարժութիւնը կը յորդորէ հեռու մնալ իշխանութիւն բանեցնելէ, ծեծելէ եւ կամ բարկութենէ, ինչ որ մենք եւս կ՚ընդունինք որպէս ճիշդ, սակայն այդ բոլորը տեսականին մէջ անուշ ու աղուոր կը հնչեն, որովհետեւ նման մթնոլորտի մէջ հասակ առած անկիրթ պատանի-երիտասարդներով լեցուն է աշխարհը այսօր: Տարօրինակ ձեւով կը քննադատենք հիներու մեթոտները, սակայն նոյն տարօրինակութեամբ կը գնահատենք անոնց զաւակներն ու անոնց ունեցած յարգանքը չէ՞, վիճակը դպրոցական կրթութեան պարագային. կը քննադատենք Տէր Թոդիկեան մեթոտը, սակայն սքանչացումով կը նայինք այդ կրթութեան խստութեան տակ հասակ առածներուն, որոնք երանելիներ կը թուին մեր աչքին:
Ընտանիքներէն դուրս կը տեսնենք, որ քաղաքակրթութիւններու պարագային եւս խստութիւնը յաճախ իր դրական դերը կը կատարէ. մեծագոյն օրինակը Միջին Արեւելքն է. յաճախ նախանձով կ՚արտայայտուինք, թէ Սուրիոյ մէջ ժողովուրդին սէրը եկեղեցւոյ եւ հաւատքին հանդէպ կենդանի է. այո՛, որովհետեւ այդտեղ հեռու է սանձարձակ ազատութիւնը. պատահականութիւն չէ, որ միջինարեւելքցին աւելի հայրենասէր ըլլայ՝ քան ամերիկացին կամ եւրոպացին, որովհետեւ խստութիւնը ունի այն առաւելութիւնը, որ կրնայ կենդանի պահել շատ մը արժէքներ:
Արդի մանկավարժութեան մեծագոյն կենդանի օրինակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնանք տեսնել. այդտեղ ի գործ կը դրուի ընդունուած մանկավարժութեան բոլոր արդի մեթոտները, սակայն արդիւնք... բոլորն ալ կը դժգոհին ներկայ երիտասարդութենէն: Չէ՞ք կարծեր, թէ այդ բողոքները ինքնաբերաբար այդ մանկավարժական մեթոտներուն ձախողութիւնը ցոյց կու տայ. ինչո՞ւ համար տակաւին կառչած կը մնան այդ բոլորին:
«Ծնողքը այսօր տէրը չէ իր զաւակին» խօսքը լսա՞ծ էք. եթէ այո, ապա պահ մը աչքէ անցուցէք Միջին Արեւելքի մէջ ընտանիքները եւ նայեցէք, թէ ինչպէս ծնողքը տէրն է իր զաւակին:
Մերօրեայ մեծագոյն թշնամին ազատութիւն կոչուածն է. այդ ազատութիւնն է, որ մեր թիւը աւելցուց միասեռականներու, այդ ազատութիւնն է որ, մեր պատանիներն ու երիտասարդները առաջնորդեց զեխութեան եւ այսօր նոյն այդ ազատութիւնն է, որ կը կործանէ մեր դէպի չորս տանող ճամբաները: Հետեւեցէ՛ք ամերիկեան լրատուութեան. ծնողներ այսօր փողոցներու մէջ ցոյց կ՚ընեն, որովհետեւ կը գիտակցին, որ այդ ազատութիւնը որ իրականութեան մէջ անփոխարինելի արժէք է, այսօր կը կործանէ մեր նոր սերունդը՝ ինչպէս նաեւ յառաջիկայ սերունդները:
Եթէ մտահոգուած էք, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ աշխարհի վախճանը՝ ըսեմ, թէ չեմ գիտեր, սակայն պարզ է, որ այդ վախճանին պատճառը պիտի ըլլայ ազատութիւնը, որովհետեւ վերջապէս մարդ արարածը յաջողեցաւ պղծել նաեւ Աստուծոյ կողմէ տրուած մեծագոյն պարգեւը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -345-
Հայաստանի մէջ հանդիպեցայ մօր մը, որ ամէն ձեւով իր զաւակը կը դաստիարակէր, որպէսզի չըլլայ մէկու մը «կը ներես» կամ «ներողութիւն» ըսէ, այն մտածումով, որ այդ բառերը գործածելը նուաստութիւն եւ տկար մարդոց արարք է։
Մանուկէն կը հնձես այն՝ ինչ ցանած ես։ Նոյն այդ մանուկը այսօր անկրթութեամբ մեծահասակներու հետ կը վիճի ու կը հակառակի եւ իր սխալներուն համար երբեք ներողութիւն չի խնդրեր։ Մանուկը մօրը համար գուցէ «զօրաւոր», սակայն ուրիշներու համար պարզապէս անկիրթ կը թուի ըլլալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան