ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ
«Հոգին է կենդանարար. մարմինը ոչ մէկ բան ընելու կարող չէ՛». (ՅՈՎՀ. Զ 63)։
Յաճախ յիշուած է, թէ՝ «մահ» բառին ստուգաբանութիւնն է՝ մարմին առանց հոգիի, նկատի ունենալով այս երեք բառերու առաջին տառերը՝ «մ», «ա», «հ»։ Եւ քանի որ հոգին անմահ է, ուրեմն մարմնական «մահ»ը վերջ մը՝ ոչնչացում մը չէ՛ երբեք։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ, Կորնթացիներու ուղարկած իր առաջին նամակին մէջ մէջբերում մը կ՚ընէ մարգարէութենէ, որ կ՚ըսէ. «Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ։ Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 54-55)։ Ուստի, մահը վերջ մը չէ՛ երբեք, այլ միջոցի եւ ժամանակի փոփոխութիւն մը՝ անցք մը՝ դէպի «նոր կեանք»ի բացուածք մը։ Մարմնաւոր կեանքէ՝ հոգեւոր կեանքի անցք մը, որ կը նշանակէ՝ մահով անմահութիւն ստանալ, ժամանակաւորէն անժամանակ վիճակի անցնիլ եւ փառաւորուի՛լ։
Խաչը մահու պատիժը գործադրելու պարզ գործիք մըն էր. սակայն Փրկչին Խաչը՝ խորհրդանշանը եղաւ, քրիստոնէութեան մէջ, Արդարութեան, Անմահութեան եւ Փրկութեան։ Այս ըմբռնումով է, որ քրիստոնէական հին եկեղեցիներ խաչը փառաւորեցին, եւ խաչի յատուկ տօներ՝ թանկագին եղան երկիւղած հոգիներու համար։
Քրիստոնեայ հաւատացեալներ, ի միջի այլոց Հայ ժողովուրդը մաքուր ջերմեռանդութեամբ տօնեց դարերէ ի վեր Խաչը եւ երգեց Արդարութեան, Անմահութեան եւ Փրկութեան յաղթանակը՝ իր կրօնական կեանքին մէջ։ Համակերպութեան ողջ եւ զօրեղ գիտակցութեամբ հաւատացեալներ կեանքի անխուսափելի դժուարութիւնները, նեղութիւնները եւ դառնութիւնները յաճախ նմանցուցին Խաչին եւ միշտ սիրով եւ համբերութեամբ, հանդուրժողութեամբ տարին զանոնք՝ ոչինչ համարելով մահը, ընդունելով, թէ «ա՛ս է իմ խաչը եւ պէտք է տանիմ» եւ «եղբա՛յր քու խաչդ շատ ծանր է», եւ այլն։
Խաչվերացի տօնին եւ անոր յաջորդող մեռելոց յիշատակի օրուան առթիւ, երբ կը խորհրդածենք մահուան եւ անմահութեան մասին՝ հաւատացեալներու հոգիները կը ճմլուին տարօրինակ, մեծ, շա՜տ մեծ, ծայրերը եւ ծագերը անչափելի խաչի մը անդիմադրելի եւ անտանելի ծանրութեան տակ…
Քրիստոս պահ մը ուժասպառ եղաւ, կքեցաւ ճամբուն վրայ խաչի ծանրութեան ներքեւ, բայց գտնուեցաւ Կիւրենացի մը՝ որու ուսերուն վրայ դրուեցաւ խաչը։ Ահաւասիկ, քրիստոնեայ հաւատացեալի ալ պարտքն է տանիլ այդ «խաչ»ը՝ սարսափելի ծանր խաչը, ո՛չ թէ դէպի Գողգոթա մը, այլ դէպի անորոշ հորիզոններ՝ իրաւազուրկ եւ մերժուած եւ հերքուած իր բոլոր կարելիութիւններէն եւ դիւրութիւններէն։
Դժնդակ է այս ճամբան՝ խաչի ճամբան, որ նոյնինքն կեա՛նքն իսկ է։ Եւ այս ճամբուն վրայ ոչ մէկ Կիւրենացի, չնչին օգնութեան մը համար։
Աս ի՜նչ Խաչ է։ Աստուա՜ծ իմ։ Մարդ մը որքա՞ն կրնայ տանիլ այս ծանրութիւնը՝ Խաչը. միթէ մարդուն ոսկորները, ջիղերը պողպատէ՞ են, երկաթէ թելեր են։ Բայց գիտնալ պէտք է որ Արդարութեան Խաչը թեթեւ չէ եւ անմահութեան շղթան՝ անտանելի։ Եւ տարուէ տարի աւելի եւս կը ծանրանայ այդ խաչը՝ կեանքի անհամար ճնշումներու, բեռներու, հոգերու պատճառով, բայց մինչեւ ե՞րբ։ Մինչեւ մա՛հ, այսինքն մինչեւ անմահութեան դուռը։ Որովհետեւ մահէն վերջ այլեւս մահ չկա՛յ, այլ՝ անմահութի՛ւն։ Եւ այդ անմահութիւնը երջանկութեան գագաթնակէտն է՝ երանութի՜ւն։
Բայց հաւատացեալը պէտք չէ՛ ընկճի, պէտք է շեշտէ իր տոկունութիւնը՝ հաստատ հաւատքը։ Ան պէտք է տանի այս ծանր խաչը համբերութեամբ, եւ ինչո՛ւ չէ՝ ուրախութեամբ, յոյսով… Մարդկային այս բանագործութեան եւ ողբերգութեան բոլոր աշխարհ՝ ականատես եւ ականջալուր մասնակից է։ Կարեկից սիրտեր կը բաբախեն. այլապէս պէտք է քա՛ջ ըլլայ մարդ խաչին այս ծանրութեանը տակ՝ պահելով իր անբիծ հաւատքը։
Արդարեւ, Խաչէն է որ պիտի բխի Արդարութեան եւ Անմահութեան արդար վճիռը եւ պիտի կնքուի Փրկութիւնը։
Խաչին տառապանքներուն մէջ ուրեմն պէտք չէ՛ մոռնալ Խաչին զօրութիւնը. համբերութեամբ սպասել, եւ անպայման պիտի յայտնուի Խաչին յաղթանակը՝ ո՛չ թէ մահուամբ, այլ՝ անմահութեա՛մբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16, 2023, Իսթանպուլ