ԳԵՐԶԳԱՅՈՒՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔԸ ԵՒ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ - Բ -

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել Տքթ. Գ. Ա­մա­տեա­նի «Գերզ­գա­յուն Խառ­նուածք»ի մա­սին բժշկա-հո­գե­բա­նա­կան-մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր բնա­տի­պին։

«Մե­ծե­րուն քով նուազ յա­ճա­խա­դէպ կ՚ըլ­լայ եւ սո­վո­րա­բար ա­ւե­լի՛ մեղ­մա­ցած։

«Գեր­յու­զա­կան կամ գերզ­գա­յուն տղա­քը հասկ­նա­լի է որ բա­ցո­րոշ կեր­պով ա­ւե­լի՛ ջղայ­նոտ կ՚ըլ­լան։ Սո­վո­րա­բար լաւ չեն քնա­նար եւ յա­ճախ գի­շե­րա­յին մղձա­ւանջ­ներ կ՚ու­նե­նան։ (Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն. «մղձա­ւանջ»=մտա­յին տագ­նապ՝ ստեղ­ծուած գի­շե­րա­յին ե­րազ­նե­րէ եւ կամ վա­խազ­դու պա­հե­րէ, ե­րե­ւոյթ­նե­րէ. յա­ճա­խանք, են­թա­կան ան­հանգս­տաց­նող տե­ւա­կան մտա­ծում)։

«Եր­բեմն ըն­դոստ կ՚արթն­նան գի­շե­րը եւ կը պո­ռան կամ ճիչ մը կ՚ար­ձա­կեն։ Ո­րե­ւէ մի­ջա­դէպ, օ­րի­նակ անն­շան դէպք մը, յան­դի­մա­նու­թիւն մը, վէճ մը զի­րենք տակն ու վրայ կ՚ը­նէ եւ եր­կար ժա­մա­նակ ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը չ՚անց­նիր եւ ա­նոր ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ կ՚ապ­րին ընկ­ճուած։

«Այդ կար­գի մի­ջա­դէ­պեր եր­բեմն ալ մեկ­նա­կէ­տը կ՚ըլ­լան ախ­տա­ւոր վա­խե­րու եւ մտալլ­կում­նե­րու։ Ինչ որ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ թէ՝ տէ­րը չեն ի­րենց ջղա­յին դրու­թեան։

«Այս խառ­նուած­քը, են­թա­կա­նե­րը հա­կա­մէտ կ՚ը­նէ անձ­կու­թեան ու մե­լա­մաղ­ձո­տու­թեան։ Ի­րենց մէ­ջը տար­տամ վախ մը եւ անձ­կա­գին վի­ճակ մը կայ որ ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ տե­ւա­կան կեր­պով։ Կը վախ­նան եւ կը կաս­կա­ծին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ, ար­կած­նե­րէ, մա­հէ, գա­լիք դժբախ­տու­թիւն­նե­րէ, ե­ւայլն։

«Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քը տե­սակ մը ջղայ­նո­տու­թեան կը մատ­նէ են­թա­կա­նե­րը։ Ան­սո­վոր աղ­մուկ մը, մին­չեւ ան­գամ դու­ռին զար­նուի­լը ի­րենց մերթ սրտի տրո­փում, մերթ դող եւ շփո­թու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ։

«Գէշ նա­խազ­գա­ցում­նե­րու ան­դո­հով, վա­խով կը շրջա­պա­տուին ո­չինչ պատ­ճառ­նե­րով։ Տե­ւա­կան թա­քուն վա­խի եւ յու­զում­նա­լից վի­ճա­կի մատ­նուած կ՚ապ­րին ա­նոնք։ Վա­խը կը տի­րա­պե­տէ ի­րենց կեան­քին։

«Հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու ա­պա­քի­նու­մի շրջան­նե­րը, ինչ­պէս ֆի­զի­քա­կան-մարմ­նա­կան, նո՛յն­պէս եւ հո­գե­կան տե­սա­կէ­տով տղոց մէջ կը սաստ­կաց­նեն գեր­յու­զա­կան վի­ճակն ու խառ­նուած­քը։ Այս պատ­ճա­ռով շատ զգոյշ պէտք է գտնուին մե­ծե­րը նման պա­րա­գա­նե­րու, որ­պէս­զի ա­ռիթ չտա՛ն գեր­յու­զա­կան խառ­նուած­քին ա­ւել­նա­լուն ու սաստ­կա­նա­լուն։

«Եր­բեմն ալ, այդ տղա­քը փո­խա­նակ ար­տա­քին տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ան­մի­ջա­կան դրսե­ւո­րե­լու ի­րենց ան­գի­տակ­ցա­կա­նին մէջ կը պա­հեն։ Այն ա­տեն ի­րենց վա­խը անձ­կու­թեան եւ գէշ նա­խազ­գա­ցու­մի ձե­ւով ինք­զինք կը յայտ­նէ։ Այս կեր­պով գերզ­գա­յուն մար­դը ինք­զինք կը մատ­նէ եւ գերզ­գայ­նու­թիւ­նը կը բա­ցա­յայ­տուի։

«Այս պա­րա­գան բա­ցո­րոշ կեր­պով հաս­տա­տուած է հո­գե­վեր­լու­ծում­նե­րով։

«Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քը են­թա­կա­նե­րը ո՛­չինչ պատ­ճառ­նե­րով կրնայ սար­սա­փա­հար վի­ճակ­նե­րու մատ­նել։ Վախն ու սար­սա­փը իր կար­գին են­թա­կա­յին այ­լե­ւայլ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը ո՛չ միայն կը խան­գա­րէ այլ ե՛ւ կրնայ լու­ծել ու կեց­նել։ Եր­բեմն ալ կրնայ շփո­թու­թեան, տա­րա­կու­սան­քի ու շուա­րու­մի մատ­նել։ Այս պա­րա­գա­յին են­թա­կա­նե­րը կը կորսնց­նեն ի­րենց դա­տո­ղու­թիւ­նը, եւ ա­ղօտ վի­ճակ մը կը ստա­նայ ի­րենց գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու կրնայ զի­րենք վտան­գա­ւոր ու վնաս պատ­ճա­ռող քայ­լե­րու մղել մին­չեւ իսկ։

«Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քը տե­սակ մը անբ­նա­կան վա­խով լե­ցուն վի­ճակ մըն է՝ ո­րուն մէջ վա­խի զգա­ցու­մը թէեւ տի­րա­պե­տո՛ղ, բայց ու­րիշ տար­րեր եւս կը բար­դուին։ Ա­նոնց մէջ, ինչ­պէս ը­սինք, կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւեն անս­տու­գու­թիւ­նը, տա­րա­կու­սան­քը, կաս­կա­ծը, ան­կա­յու­նու­թիւ­նը եւ գէշ նա­խազ­գա­ցու­մը։ Բայց գերզ­գա­յուն­նե­րուն մէջ տի­րա­պե­տող գի­ծը՝ վա­խը եւ երկ­չո­տու­թի՛ւնն է։ Ինչ­պէս ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով խօ­սած ենք ա­ռան­ձին յօ­դուած­նե­րով, վա­խի խան­գա­րող եւ ջլա­տիչ ազ­դե­ցու­թիւ­նը կա­րե­լի է զգալ են­թա­կա­յին վրայ՝ որ միշտ ազ­դե­ցու­թիւն մը ու­նի ա­նոր վրայ։ Ա­մե­նէն ա­ւե­լի ա­նոր մտա­յին ու հո­գե­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը բա­ցա­սա­կան կեր­պով կ՚ազ­դուին ու կը տպա­ւո­րուին ան­կէ։

«Բնա­խօ­սա­կան («Բնա­խօ­սա­կան»=physiologique, կեան­քի ե­րե­ւոյթ­նե­րու գործ­նա­կան պաշ­տօն­նե­րու գի­տու­թեան վե­րա­բե­րող. «ֆի­զիո­լո­ժիք») տե­սա­կէ­տով, գերզ­գա­յուն կամ գեր­յու­զա­կան խառ­նուած­քը նո­րա­ծին­նե­րու քով բնա­կա­նոն (=normale, բնա­կան վի­ճակ) կա­ցու­թիւն մըն է։ Այդ շրջա­նին եւ ման­կու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն փոք­րե­րը բո­լորն ալ գերզ­գա­յուն կ՚ըլ­լան։

«Սա­կայն մա­նու­կը մեծ­նա­լով, պէտք է աս­տի­ճա­նա­բար թօ­թա­փէ այդ վի­ճա­կը եւ դառ­նայ ա­ւե­լի՛ ան­վախ ու հա­մար­ձակ։ Թէ ո՛ր բնա­կան բա­րեշր­ջու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, հարց չկայ, սա­կայն երբ բնա­կան բա­րեշր­ջու­մը տե­ղի չու­նե­նայ եւ գեր­յու­զա­կան խառ­նուած­քը իր հե­տը հետզ­հե­տէ մեծ­նայ, այն ա­տեն ար­դէն անբ­նա­կա­նո­նին (=anormale, անբ­նա­կան, ան­կա­նոն) մէջ կ՚իյ­նանք։

«Այդ խառ­նուած­քին մե­ծե­րու մէջ յա­մե­ցու­մը եւ վե­րապ­րու­մը բո­լո­րո­վին անբ­նա­կան եւ մին­չեւ իսկ ախ­տա­ւոր պէտք է նկա­տուի։

«Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քը անն­պաստ պա­րա­գա­նե­րու բե­րու­մով, կրնայ եր­բեմն գե­տին պատ­րաս­տել, ա­ռիթ տալ ա­ւե­լի լուրջ մտա­յին ան­հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու եւ մին­չեւ ան­գամ մտա­յին խան­գա­րու­մի։ Ա­մէն պա­րա­գա­յի մէջ այդ խառ­նուած­քը՝ ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նայ միշտ երկ­չո­տու­թիւ­նը, յա­ճախ ար­գելք կ՚ըլ­լայ կեան­քի պայ­քա­րին մէջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­ներ ձեռք բե­րե­լու։

«Դար­մա­նա­կան տե­սա­կէ­տով, ա­ռանց ման­րա­մաս­նու­թեան մէջ մտնե­լու, կը յանձ­նա­րա­րուի փոքր տա­րի­քէն գերզ­գա­յուն­նե­րուն կամ­քը զօ­րաց­նել եւ հա­մար­ձա­կու­թեան վար­ժեց­նել։ Օգ­տա­կար են նոյն­պէս պար­բե­րա­բար տրուած ջի­ղե­րը հան­դար­տեց­նող դե­ղե­րը եւ ջրա­բու­ժու­թիւ­նը -douche-ի ձե­ւով. («douche»=ցնցուղ, ջրցան, տուշ)։ Ներ­ծոր գեղ­ձե­րու (=ներ­քին ծո­րում ու­նե­ցող սպուն­գան­ման գոր­ծա­րան, որ կ՚ար­տադ­րէ ու կ՚ար­տա­ծո­րէ լոր­ձունք, ար­ցունք, ե­ւայլն) ան­բա­ւա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­յին՝ պէտք է դի­մել հիւ­թա­բու­ժու­մի։ Տղա­յու­թեան շրջա­նին՝ պէտք չէ՛ այդ­պի­սի­նե­րուն հետ խիստ եւ բիրտ վա­րուիլ, որ կ՚ա­ւելց­նէ եւ կը սաստ­կաց­նէ վա­րա­նում­նե­րը, կաս­կած­նե­րը եւ կրնայ դժուա­րաց­նել հե­տա­գայ բու­ժում­նե­րը, ե­ւայլն»։

ՏՔԹ. Գ. Ա­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Նախ­կին Շէֆ տը Գլի­նիք

Ջղա­յին եւ Մտա­յին Հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու

Յու­լիս 9, 1938

- Յա­ջոր­դա­բար պի­տի շա­րու­նա­կուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 14, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016