ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՈԳԻՆ - Գ -

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ»ը՝ որ կը պատշաճի ներկայ «Մշակոյթի Շաբթուան» ոգիին, եւս կ՚անդրադարձնէ -Թարգմանչաց ոգիին- կարեւորութեան եւ մանաւանդ անհրաժեշտութեան մեր մշակութային-հասարակական կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման կենսական գործին։

Ուրեմն շարունակենք կարդալ, խորհրդածել եւ իւրացնել «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ»ը։

«Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, երկուքն ալ, որ հիմա այնքա՜ն խորին հիացումով կը թրթռացնեն մեր գիտակցութեան ձայնը, ու երախտապարտ զգացումներու բուռն արտայայտութիւններ կը խլեն մեզմէ, երկո՛ւքն ալ, առանց իրարու, մահականացուի մը, հասարակ մահկանացուի մը կեանքը ապրած պիտի ըլլային, թերեւս իրենց նմաններ շա՜տ պիտի գտնէինք, հիմակ որ միայն իրարո՛ւ նման են, եւ աննմա՜ն ուրիշներու։

«Յիշե՛նք Սահակի անձն ու պաշտօնը ներկայացնող պատմական նշանաւոր պարագայ մը։

«Միտք բերենք ուրեմն այն անմխիթար սուգը, որով համակուած՝ իր դժբախտ հօտի տխուր վիճակին ու մեծամեծներու անմիտ խորհուրդին համար շա՜տ մը օրեր իր խուցը քաշուած լացաւ ու հեծկլտաց, յետոյ իր շուրջը գոռացող անիրաւութիւններուն տեղի տալով՝ իջաւ այն աթոռէն, զոր փառասէր երէցներ կամ կնասէր ասորիներ բռնակալեցին։ Եթէ ամէնն ալ այս ըլլար, գուցէ իրաւունք պիտի ունենայինք - իր արցունքները չմոռնալով հանդերձ - տարտամ գաղափար մը շինելու իր մեծութեանը վրայ։

«Յիշենք նաեւ Մեսրոպի կեանքէն պատմական իրողութիւն մը։

«Ինքն աշխարհայինն ու գործնականը թողած, առանց մեծ պատճառի, կը հեռանայ վեհաշուք հաստատութեան մը յարկէն եւ աւագ պաշտօնէ մը, երթալ խառնուելու համար - ի կարգ միայնակեցաց-, լլկելու համար իր մարմինը քաղցով ու ծարաւով, անքուն հսկումներով զոհելու համար գիշերներու հանգիստը։ Եթէ ամէնն ա՛յս ըլլար, գուցէ իրաւունք պիտի ունենայինք - իր բարեպաշտ հոգին մեծարելով հանդերձ - թեթեւ գաղափար մը կազմելու իր ամբողջ հանճարին վրայ։

«Ինչ որ ալ ըլլայ ուրեմն, երկո՛ւքն ալ - Մեծ - տիտղոսին անարժան պիտի մնային, եթէ Պարթեւ ազնուականն ու Տարօնի գիւղացին Աւետարանի բեմին առջեւ իրարու չհանդիպէին, եւ իրարու չգործակցէին այն չքնաղ արուեստովն՝ որով Տիրի մեհեանին բոլոր ճարտարութիւնը Տիրոջ տաճարին մէջ փոխադրեցին։

«Երկրորդ կէտը՝ որուն մտադիր պէտք է ըլլալ՝ ո՛չ այնչափ Աստուածաշունչի թարգմանութեան գործն է՝ որչափ այն լեզուն՝ որով թարգմանեցին Սահակ եւ Մեսրոպ։

«Ստո՞յգ է արդեօք ոմանց կարծիքը, թէ այդ լեզուն անիմանալի մնացած ըլլայ նոյնիսկ Ե. դարուն մէջ ապրող հայերուն, ինչպէս հիմա՛։

«Ո՛չ մէկ ապացոյց կարելի չէ գտնել այսպիսի ենթադրութեան մը հաստատութիւն տալու համար։

«Բայց եթէ հակառակն եղած ըլլար, այդ մեծ վարդապետներն իրենց համբաւէն ու հրապոյրէն շա՜տ բան պէտք էր որ տուժէին, եթէ իրօք չկրցան հասկնալ որ ժողովուրդին կրօնական զարգացումը իր մայրենի լեզուին բնական բացատրութիւններովը միայն կրնար իրականութիւն գտնել։ Սակայն աւելորդ է տարակուսիլ. ա՛յդ իսկ էր -երկուց հաւասարելոց - իղձն ու նպատակը։

«Այդ թարգմանութեան լեզուն արուեստ ունէր, բայց ո՛չ երբեք արուեստականութիւն։

«Գուցէ շա՜տ ետքը ձախող քայլեր առնուէին անո՛նց կողմէն՝ որոնցմէ մին համարձակեցաւ գրելու թէ.- մեր արուեստին անտեղեակ էին Սահակ եւ Մեսրոպ։

«Աղեքսանդրիոյ ճեմարանական մակացութեանց վրայ պարծող, ու մեծ թարգմանիչներէն գեր ի վերոյ ներկայանալու յաւակնութիւն ունեցող այդ ծածկանուն գիտնականը, ո՛վ որ ալ ըլլայ, (հաւանաբար Սիւնեաց դպրոցին վերաբերող մը) թէ՛ ինքն ու թէ՛ իրեն տեսութիւններովն սնած մտքերն՝ Աստուծոյ խօսքը ժողովուրդին ամէն դասակարգին յարմար ու հասկնալի գործելէ գուցէ շա՜տ հեռանային. սեթեւեթեալ ու խառնակ լեզու մը յօդուածոյ ձեւերուն տակ՝ անոնց ձեռքով թարգմանուած Ս. Գիրք մը նոյն օրին պէտք կրնար ունենալ նոր թարգմանիչներու։

«Իսկ Սահակ եւ Մեսրոպ, ընդհակառակն, խօսուն լեզուին համակ պարզութեամբը -շատ քիչ բացառութեամբ թերեւս - ի գլուխ հանեցին իրենց հսկայ ձեռնարկութիւնը, հին թարգմանիչներու հարիւրամեայ դպրոցին աւանդական ուղղութեանը հետեւելով։

«Իսկ հիմա՞, գոհ կրնան ըլլալ Սահակ եւ Մեսրոպ քանի որ այդ լեզուն ա՜լ խուժդուժ բան մը դարձեր է հայ ականջներու, եւ ղօղանջող պղինձի մը պէս կը հնչէ այն. ալ դադրեցա՞ւ ուրեմն իրենց պաշտօնը.- բայց ինչո՞ւ մռայլ ստուեր մը կը սահի անոնց դէմքին վրայէն։ Մի՛, մի՛ խռովիք դուք, ո՛վ պատուական գլուխներ, ո՛չ մէկը կրնայ կապտել ձեր ճակտին շողերը՝ որոնք ամէն տարի պէտք է՛ որ աւելնան. վասըն-զի դուք բնականն ու իրականը գործեցիք. այսուհետեւ ձեզի հաւատարմութեամբ հետեւողներուն ու փառքին նախանձաւորներուն կը մնայ, ձեր ու իրենց սիրած Եկեղեցիին պէտքերուն համաձայն մտածել, ինչպէս դուք ըրիք. այն է՝ ժողովուրդին ընտանի ընել կենդանի Գիրքը Աստուծոյ, գիտութեան աղբիւրները բանալ ամենուն, մէկ խօսքով՝ շարունակել ձեր գործը, առանց մատնելու զայն մոռացութեան, ու անվախճան դարերուն հնչեցնել ձեր անունը.

Սահակ եւ Մեսրոպ»։

Հոս պէտք է յիշեցնել, որ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան գրած է այս տողերը երբ ան վարդապետ էր։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է հաւատարմութեան ոգին եւ ա՛յս է դարձեալ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը՝ պահելու եւ տեւականացնելու անգին ժառանգը Թարգմանիչներուն, որուն շնորհիւ է որ կը կարդանք, կ՚աղօթենք հայերէն եւ մանաւա՛նդ կը գրենք հայերէն։

Ամենապարզ կերպով խորհինք, եթէ չըլլար հայ գիրերու գիւտը, պիտի կարենայի՞նք ձեզ՝ սիրելի՜ բարեկամներու արտայայտուիլ այս սիւնակներուն մէջ, հայերէ՛ն գիրերով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 12, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017