ՄԱՐԴԸ Կ՚ՈՐՈՇԷ ՏԵՂՒՈՅՆ ԱՐԺԷՔԸ

Կան մարդիկ, որոնք կ՚երթան հոն՝ ուր որ կը յուսան գտնել երջանկութիւնը, կան մարդիկ, որոնք արդէն երջանիկ են, բայց չեն անդրադառնար իրենց երջանկութեան, կան դարձեալ մարդիկ, որոնք ո՛ւր որ երթան, հոն երջանկութիւն կը բերեն իրենց հետ, եւ վերջապէս կան մարդիկ, որոնք եթէ մեկնին եւ հեռանան իրենց գտնուած տեղէն, հոն երջանկութիւնը կու գայ անմիջապէս։

Ասիկա, արդարեւ, մարդուն նկարագրին՝ բնաւորութեան եւ համակրելի ըլլալու եւ չըլլալու հետ կապուած երեւոյթ մըն է։ Եւ երբ ընդհանրապէս քննադատուին հակակրելի անձեր, անոնց արդարացումը արդէն պատրաստ է. «Ի՞նչ ընենք, ես ա՛յս եմ, զիս այսպէս ընդունեցէ՛ք»։

Բայց այս արտայայտութիւնը արդարացում մը չի կրնար ըլլալ, պարզապէս՝ պատրուակ մը ուրիշները իրենց հպատակ դարձնելու եւ իրենք զիրենք պարտադրելու որ իրենց քայլ յարմարցնեն։ Այսպիսիներ կը շահագործեն թէ՛ ընկերութիւնը, թէ՛ բարեկամութիւնը եւ թէ՛ ամէն անոնք, որոնք իրենց կը մօտենան մարդկային բարի եւ ազնիւ զգացումներով։ Թո՛ղ ներուի մեզի, բայց անոնք «մակաբոյծ»ներ են ընկերային-հասարակական կեանքի մէջ։

Այդ «մակաբոյծ»ներուն եսամոլութեան զոհ չերթալու համար, ուրեմն, պէտք է ուշադիր եւ շատ զգոյշ ըլլալ։

Այդ մակաբոյծներուն կարելի է հանդիպիլ յաճախ եւ ամէն տեղ։ Անոնք, միշտ, առաջնակարգ ըլլալու համար գրաւել կ՚ուզեն առաջին տեղերը։ Մինչդեռ տեղը չէ՛ որ կ՚որոշէ մարդուն արժանիքը, այլ՝ մարդն է, որ կ՚որոշէ տեղւոյն արժէքը։

Եթէ մէկը բազմած է «առաջին տեղ»ը իր կարծիքով, բայց անարժանաբար, այդ տեղը առաջին տեղ չ՚ըլլար, որովհետեւ ամէն մարդ արժանի է իր տեղւոյն։ Իսկ արժանաւոր մէկը, ուր որ ալ բազմի, այն տեղը կ՚ըլլայ առաջի՛ն տեղ։ Զոր օրինակ, արժանիք ունեցող մէկը երբ գտնուի պարզ եւ համեստ միջավայրի մը մէջ, կը կորսնցնէ՞ իր արժանիքէն որեւէ բան, ընդհակառակը, այդ պարզութեան եւ համեստութեան մէջ կ՚աւելնայ, կը բարդուի իր արժանիքը։

Արդարեւ, «արժանիք» ըսուածը մարդոց, ուրիշներու կողմէ չի տրուիր, միայն արժանիքը կը գնահատուի եւ կը վկայուի, եւ ա՛յդքան։ Արժանիքը սերտօրէն կապուած է ենթակային անձին հետ, այնպէս որ ան ինքնութիւն մը, իւրայատուկ, անձեռնմխելի հանգամանք մըն է՝ ընդոծին շնորհք մը, պարգեւ մը։

Մարդ ինքն ալ չի կրնար ստանալ արժանիքը, եթէ ան ինքնաբուխ չէ անոր մէջ։ Եւ այս իմաստով, ո՛չ մէկ դիրք, ո՛չ մէկ աստիճան, ո՛չ մէկ ընկերային դասակարգ մարդս արժանաւոր կ՚ընէ, այլ արժանաւոր մէկը կը տիրանայ այդ բոլորին։ Եւ երբ իրապէս արժանաւոր մէկը արդար կերպով տիրանայ դիրքի մը, աստիճանի մը եւ կամ ընկերային դասակարգի մը, ա՛ն է որ կը բարձրացնէ դիրքը, աստիճանը եւ ընկերային դասակարգին արժէքը։

Որեւէ պաշտօնի արժանաւորապէս կոչուած մէկը, պաշտօնին կարեւորութիւնը եւ արժէքը կ՚աւելցնէ, եւ ո՛չ թէ պաշտօնի կոչուելով մէկու մը արժէքը կ՚աւելնայ, եւ կամ եթէ անարժան է՝ արժանաւոր կը դառնայ։

Ի հեճուկս բոլոր այս ճշմարտութիւններու, մարդիկ ընդհանրապէս եւ դժբախտաբար, դիրքը, աստիճանը եւ ընկերային դասակարգը կ՚ընդունին իբրեւ չափանիշ արժանիքի եւ իր դիրքով կ՚որոշեն մէկու մը արժէքը։

Փոխանակ արժանաւոր դիրքի մը համար արժանիքի տէր անձի մը, հասարակ մարդու մը համար, չըսելու համար բոլորովին անարժան, արժանաւոր պաշտօն կը ստեղծուի։ Եւ այդպէս կը փորձուի համեստ արժանիքի տէր մէկու մը արժանիքը աւելցնել, եւ կամ աւելի ցաւալին՝ անարժան մէկու մը արժանիք վերագրել՝ «արժանիք ստեղծել»։

Կարծեցեալ արժանիքը «արժանիք» չէ՛, ինչպէս ինքնակոչ արժանաւոր մը «արժանաւոր» չէ։

Սակայն, այստեղ, սապէս հարց մը կը ծագի. կարելի՞ է որ անարժան մէկը, իր ճի՛շդ իմաստով «արժանաւոր», արժանիքի տէր մէկը դառնայ։

Ասիկա, «ներքին մարդ»ուն վերաբերող հարց մըն է. եթէ մարդ ուզէ իրապէս արժանաւոր եւ արժանիքի տէր մէկը դառնալ, կրնայ, բայց քանի որ այդ «ներքին մարդ»ու եւ «ներքին աշխարհ»ի հարց մըն է, պէտք է նա՛խ ենթական անկե՛ղծ ըլլայ իր իսկ հանդէպ։ Սրտով, հոգւով եւ միտքով ուզէ, ի՛նչ որ աշխատանքի, ջանադրութեան, հաստատակամութեան կը կարօտի։ Մա՛րդ «ես արժանաւոր եմ», ըսելով արժանիքի տէր չի կրնար դառնալ։ Պէտք է մարդ իր բոլոր ուժերը եւ զօրութիւնը, մտային եւ հոգեկան կարողութիւնները տրամադրէ արժանիքի տիրանալու նպատակին։ Մարդ պէտք է որոշէ իր տեղը, ո՛չ թէ արժանիք ստանալու, այլ՝ արժանաւոր դարձնելու համար զայն։

Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կրնա՞յ փոխուիլ մարդուս նկարագիրը, կրնա՞յ չարը բարի ըլլալ, կրնա՞յ անարժանը արժանաւոր ըլլալ։

Աւետարանը մեզի կը պատուիրէ «կատարեալ» ըլլալ, ուրեմն մեզմէ ակնկալուածը փոխուիլ է՝ բարեփոխուիլ, եւ «նոր մարդ» ըլլալ։

Սիրելի՜ներ, ամէն մարդու տրուած է այդ առիթը, փոխուելու եւ կատարեա՛լ ըլլալու, եւ այդ կարողութիւնը եւ տարողութիւնը ամէն մարդ ունի, բաւ է որ կամենայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 10 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2022