ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

Մեր թուականէն աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ գրականագէտ, բանաստեղծ, արձակագիր ու լրագրող Պեպօ Սիմոնեան կը բարձրաձայնէր մեքենաներու մարդոց վրայ ունենալիք ապագայ յաղթանակին մասին. Սիմոնեան այս հարցին մասին կը գրէր այնպիսի թուականի մը, ուր տակաւին արհեստագիտութիւնը այսքան յառաջդիմած ու զարգացած չէր, կազմուած չէր արհեստական բանականութիւնը եւ այնքան մեծ վտանգ գոյութիւն չունէր՝ ինչքան այսօր:

Թէեւ շատեր կը հաւատան, որ արհեստական բանականութեան գոյութիւնը մարդուն կեանքը միայն դէպի լաւ կրնայ առաջնորդել, սակայն ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս մեր շուրջ շատ մը պաշտօններ կը փոխարինուին արհեստական բանականութեամբ՝ ինչ որ պատճառ կ՚ըլլան շատ շատերու անգործութեան եւ աշխատազուրկ ըլլալուն:

Հայաստանի մէջ անոր վերջին վառ օրինակը տեսայ օդանաւակայանի մէջ. ինչպէս գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ եւս օդանաւակայանի մեքենաներու կայանատեղին վճարովի է. անցնող տարիներուն ելքին մօտ կ՚աշխատէին մօտաւորապէս վեց-եօթ պաշտօնեայ: Վերջին անգամ տեսայ, թէ այդ պաշտօնեաները փոխարինուած են մեքենաներով, որոնք կրնան ստուգել կատարուելիք վճարումները, ստանալ գումարը եւ կատարել այն բոլորը՝ որ կը կատարուէր մարդու կողմէ: Նոյնն էր վիճակը ներսը. անցեալին անցակէտի մօտ ճամբորդներու փաստաթուղթերը կը ստուգուէր մարդոց կողմէ, սակայն այսօր անձնագիրը ներկայացնելով մեքենային նոյն գործողութիւնը մեքենաներու կողմէ կը կատարուի:

Տակաւին մի քանի օրեր առաջ կը հետեւէի ամերիկահայ գործարարի մը հարցազրոյցին, որ իր արտադրանքներէն մին ցոյց տալով հպարտութեամբ կ՚ըսէր. «Տակաւին մինչեւ չորս տարի առաջ այս մէկը արտադրելու համար մօտաւորապէս հարիւր աշխատողներու կարիքը ունէինք. այս մեքենայի շնորհիւ այսօր մեր աշխատողներու թիւը երեք է»:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր մեքենաները գոյութիւն են գրեթէ բոլոր ոլորտներէն ներս. այսօր Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունին մեքենաներու կողմէ կառավարուող ճաշարաններ ու հիւրանոցներ։ Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կատարելագործելու համար առանց վարորդի կառավարուող փոխադրամիջոցները. այսօր լրատուական վերջին տեղեկութիւնները երկվայրկեաններու ընթացքին արհեստական բանականութեան կողմէ կը գրուի՝ առանց լրագրողի եւ կամ սրբագրողի մը ներկայութեան կարիքը զգալու։ Մերօրեայ արհեստական բանականութիւնը աշխատանքի ոլորտէն ներս գրեթէ կը յաջողի կատարել այն բոլորը՝ որ մարդ արարածը կը կատարէ:

Եթէ մեր թուականէն դար մը առաջ աշխատաւոր դասակարգին բողոքներն ու դժգոհութիւնները աղաներն ու հարուստ դասակարգն էր, ապա այսօր պէտք է ըլլան մեքենաները, որովհետեւ այդ մեքենաները պարզապէս հարուստը աւելիով հարստացնելու կը ծառայեն՝ կեղծ խորագիրով մը՝ որպէս թէ մեր կեանքը դիւրացնելու կը ծառայեն:

Մեքենաներու գոյութիւնը աւելի ձեռնտու է գործատէրերու համար՝ քան մարդոց, որովհետեւ մեքենան մէկ անգամ կազմելով կարելի է մի քանի տարիներ շարունակ օգտագործել՝ առանց ամսական աշխատաւորի գումար տալու. աւելին՝ եթէ մարդ արարածը մօտաւորապէս ութ ժամ կ՚աշխատի, մեքենաները ի վիճակի են աշխատելու կրկնակի կամ եռակի անգամ աւելի:

Այս հարցով մի քանի անգամ դիմած եմ արհեստական բանականութեան. անոր առաջարկը միշտ ալ եղած է նոյնը. «Մարդ արարածը պէտք է նոր աշխատանքներու կարելիութիւններ ստեղծէ»:

Այս բոլորին լոյսին տակ մերօրեայ երիտասարդութիւնը աւելիով կը գիտակցի ուսումի կարեւորութեան՝ մանաւանդ արհեստագիտութեան ոլորտէն ներս. այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող պատերազմները եւս արհեստական բանականութեան շնորհիւ տեղի կ՚ունենան. վկայ Արցախի վերջին պատերազմին օգտագործուող անօդաչու սարքերը:

Աւելի քան դար մը առաջ ուսումը անկարեւոր նկատելով շատեր վաճառականութիւնը կը մեծարէին. շատ ծնողներու համար իրենց զաւակին վաճառական հմտութիւններ ձեռք բերելը աւելի կարեւոր էր քան գիտութիւնն ու կրթութիւնը. սակայն մերօրեայ ծնողքը ամբողջութեամբ հակառակ համոզում ունի, որովհետեւ վերջաւորութեան առանց ուսումի մնացած զաւակը կրնայ զոհը դառնալ արհեստական բանականութեան: Գուցէ այդ բոլորը ի մտի ունենալո՞վ հարուստ մարդիկ յաճախ ուսման անկարեւորութիւնը կը շեշտեն. այսօր աշխարհը լեցուն է հարուստներով, որոնք դպրոցական եւ համալսարանական կրթութիւնը աւելորդ կը նկատեն, որպէս թէ սեփական կեանքը օրինակ բերելով, որ առանց դպրոցի կամ համալսարանի կրթութեան յաջողած են մեծ գումարներ վաստակիլ:

Այս բոլորը կը գրենք, այն ցաւով ու մտածումով, որ մեր թուականէն յիսուն տարիներ ետք եթէ մէկը կարդայ (եթէ անշուշտ հայերէն կարդացող գոյութիւն ունենայ աշխարհի երեսին) ցաւը չապրի իր թուականին, ուր ամէն բան շատ աւելիով մեքենայացած պիտի ըլլայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -371-

Լիբանանի հայկական հաստատութիւններէն մին ունէր պահակներ, որոնք շէնքին ու կառոյցին հսկողութիւնը յանձն կ՚առնէին: Ժամանակ մը ետք վարչութիւնը աւելորդ նկատեց անոնց գոյութիւնը, որովհետեւ արդի արհեստագիտութեան շնորհիւ ամէն բան 24 ժամ տեսագրութեան ճամբով կը հսկուէր. գողութեան կամ արտառոց դէպքի մը պարագային ինքնաբերաբար շէնքի զանգերն ու կանչերը կը հնչէին եւ ոստիկանութեան սարքերու ճամբով հաղորդում կը փոխանցուէր: Այս բոլորէն ետք ի՞նչ պէտք կար պահելու երկու-երեք պահակներ՝ որոնք իրենց ընտանիքին հաց կը տանէին այդ պաշտօնի շնորհիւ: Այսօր անոնց փոխարէն մեքենաներ կան այդտեղ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023