ԿԵԱՆՔԸ ՆՊԱՏԱԿ ՄԸ ՈՒՆԻ

Ա­մէն պահ որ կ՚ապ­րինք, ա­հա­ւա­սիկ այդ պա­հե­րուն ամ­բող­ջու­թիւ­նը «կեանք»ն է։ Ու­րեմն մենք «կեանք»ին մէջն ենք, ա­նով է որ կը շա­րու­նա­կենք մեր ըն­թաց­քը։

Ար­դա­րեւ «մարդ»ը՝ որ կեան­քը կ՚ապ­րի, «անձ» մըն է, այ­սինքն էու­թիւն մը աշ­խար­հի վրայ՝ «էակ» մը, որ գի­տա­կից է իր էու­թեան, ա­զատ է եւ պա­տաս­խա­նա­տու՝ իր գի­­տակ­ցա­բար շար­ժում­նե­րուն, գոր­ծե­րուն, հա­ղորդ՝ ար­տա­քին աշ­խար­հին, իր շրջա­պա­տին եւ յա­րա­բե­րա­կից իր նման­նե­րուն հետ։

Աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր «ծրա­գիր»ին մէջ մար­դը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան «գլուխ գոր­ծոց»ը եւ կամ «թագ»ը կը հա­մա­րուի։ Մար­դը որ­պէս ա­րա­րած, ա­րա­րած­նե­րու եւ բնու­թեան իշ­խան կո­չուած է։

Ու­րեմն «կեանք»ը նախ պատ­ճառ մը ու­նի, յե­տոյ՝ նպա­տակ մը, ո­րոնք կը կազ­մեն ա­նոր ի­մաս­տը։

Ար­դա­րեւ, մար­դուն ա­րար­չու­թիւ­նը պա­տա­հա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ, այլ՝ բա­նա­ւոր պատ­ճա­ռի մը բնա­կան ար­դիւն­քը, որ ի վեր­ջոյ կը հաս­նի իր նպա­տա­կին։

Ու­րեմն կեան­քը նպա­տակ մը ու­նի, ինչ որ կը նշա­նա­կէ՝ «ի­մաստ մը ու­նե­նալ»։ Կեան­քը հա­յե­ցու­թիւ­ն մը, տե­սա­կէտ մը ու­նի, եւ այդ հա­յե­ցու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ կ՚ըն­թա­նայ՝ իր վերջ­նա­կան նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար։ Եւ ո՛չ մէկ կեանք, այս ի­մաս­տով «պա­տա­հա­կան» է, եւ ո՛չ մէկ ծնունդ, մարդ­կա­յին էու­թիւն դի­պուած է՛։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ ա­մէն էու­թիւն, աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ դեր մը ու­նի։

Ան­շուշտ ա­մէն շրջա­նի եւ մշա­կոյ­թի մէջ տար­բեր ըմբռ­նուած է կեան­քին ի­մաս­տը։ Նոյ­նիսկ «Կեան­քը ի­մաստ մը ու­նի՞» հար­ցու­մին տար­բեր, եւ եր­բեմն ալ հա­կա­սա­կան պա­տաս­խան­ներ տրուած է։ Զոր օ­րի­նակ, մա­հուան ճշմար­տու­թիւ­նը, յա­ճախ կաս­կած կը ստեղ­ծէ մար­դուս մէջ եւ կը խոր­հի, թէ կեան­քը ի­մաստ մը չու­նի, ե­թէ ու­նե­նար, մա­հը ար­գելք չէ՛ր ըլ­լար ա­նոր ի­րա­կա­նաց­ման, եւ քա­նի որ մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս կը հե­ռա­նան կեան­քէն, ա­ռանց հաս­նե­լու ի­րենց նպա­տա­կին եւ ա­ռանց ի­րա­կա­նաց­նե­լու ի­րենց փա­փաք­նե­րը։

Եւ դար­ձեալ, եր­ջա­նիկ մէ­կու մը հա­մար կեան­քը ի­մաստ մը կը ստա­նայ, նպա­տակ մը կ՚ու­նե­նայ, ո­րուն հա­սած է «եր­ջա­նիկ մարդ»ը։

Եւ շա­տեր ա­նո­րոշ եւ եր­բեմն ալ ան­տար­բեր են կեան­քի վերջ­նա­կան հար­ցե­րու մա­սին։

Զոր օ­րի­նակ, նիւ­թա­պաշտ մար­դուն հա­մար կեան­քին նպա­տակն է՝ շա­հիլ, եւ շա­հե­լու հա­մար՝ գոր­ծել, ու­տել, քնա­նալ, վա­յե­լել։ Եւ եր­բեմն ոտ­նա­կոխ իսկ կ՚ը­նեն մար­դիկ բա­րո­յա­կան ա­մէն օ­րէնք, հաս­նե­լու հա­մար ի­րենց նպա­տա­կին։ Ա­նոնց հա­մար կա­րե­ւո­րը միայն «ԵՍ»ն է, շա­հը։

Բայց շատ ան­գամ «շա­հող»ներ չեն տես­ներ իսկ ի­րենց «վնաս»նե­րը, երբ կը կար­ծեն թէ շա­հած են։ Այս ի­մաս­տով, կեան­քը շա­հե­րու եւ վնաս­նե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ան­վերջ աշ­խա­տանք մըն է։ Ո­մանք կը շա­հին, կամ շա­հած կը կար­ծեն ի­րենք զի­րենք, ո­մանք կը կորսնց­նեն կամ կը վնա­սուին։

Ա­հա­ւա­սիկ մշտնջե­նա­ւոր շար­ժու­մը կ՚ո­րո­շէ կեան­քին նպա­տա­կը եւ կ՚ի­մաս­տա­ւո­րէ ա­նոր էու­թիւ­նը։ Ու­րեմն, «կեանք»ը պատ­ճառ մը, նպա­տակ մը եւ ի­մա՛ստ մը ու­նի։

Այս նպա­տա­կը, ո­մանց հա­մար շա­հիլ է, ու­րիշ­նե­րու հա­մար չվնա­սուիլ, չկորսնց­նել։ Մէ­կը շա­հը հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւելց­նէ, միւ­սը շա­հը պահ­պա­նե­լու կ՚աշ­խա­տի, ու­նե­ցա­ծով կը գո­հա­նայ եւ դիր­քը պա­հել կ՚ու­զէ, կո­րուստ եւ վնաս չ՚ու­զեր որ պա­տա­հի։

Եւ մարդ միշտ ինք­զինք հե­ռու կը պա­հէ, հե­ռա­նա­լու կ՚աշ­խա­տի մա­հէն եւ մա­հուան գա­ղա­փա­րէն։ Մար­դուս հա­մար ա­մե­նա­մեծ կո­րուստն է՝ մա՛­հը, որ­մէ ա­զա­տուիլ կա­րե­լի չէ։ Ու­րեմն կեան­քը չու­նի ո­րե­ւէ նպա­տակ, ու­նի մտա­ծում մը, հոգ մը, որ է՝ չկորսնց­նել, չվնա­սուիլ, եւ ա­մե­նէն ա­ւե­լի կը մտա­հո­գուի այս մա­սին մա­հուան գա­ղա­փա­րին նկատ­մամբ, քա­նի որ մա­հը թէ՛ ան­ձին իր կեան­քին կո­րուստն է, եւ թէ՛ իր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն, իր սի­րե­լի­նե­րուն կո­րուս­տը…։ Եւ այս կո­րուս­տէն հե­ռու մնալ, հե­ռա­նալ մար­դուն նպա­տակն է, քա­նի որ մարդ երբ շա­հի կեան­քը ծնուն­դով, պի­տի կորսնց­նէ զայն՝ մա­հուամբ։

Ու­րեմն մարդ տե­ւա­պէս յոյ­սով, սպա­սում­նե­րով, ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով, փա­փաք­նե­րով կ՚ապ­րի։ Մարդ միշտ «նպա­տակ» մը ու­նի՝ իր առ­ջեւ բան մը ու­նի, ո­րուն կ՚ու­զէ հաս­նիլ, ո­րուն կ՚ու­զէ տի­րա­նալ։ Մին­չեւ հոս բնա­կան է։ Բայց մարդ երբ կը հաս­նի իր նպա­տա­կին եւ կամ կը տի­րա­նայ իր փա­փա­քա­ծին, չի գո­հա­նար, այլ՝ նոր նպա­տակ­ներ, նոր փա­փա­քե­լի նիւ­թեր կը փնտռէ։

Ա­հա­ւա­սիկ այս հո­գե­վի­ճա­կը մարդս կրնայ ան­կու­մի տա­նիլ եւ կրնայ նաեւ քաշուիլ դէ­պի «Վե­րին»ը։ Ե­թէ մարդ իր ան­վերջ փա­փաք­նե­րը գտնէ այդ «Վե­րին»ին մէջ, իր գո­հա­ցու­մը կը գտնէ Աս­տու­ծոյ մէջ եւ երբ Ա­նոր առ­ջեւ, Ա­նոր մէջ կ՚ապ­րի իր փա­փաք­նե­րուն գո­հա­ցու­մը, ա­պա կը գտնէ ներ­քին կա­տա­րեալ եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Եւ ե­թէ եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ կա­տա­րե­լու­թեան հաս­նիլ է, ու­րեմն Աս­տու­ծոյ հաս­նիլ, աս­տուա­ծան­ման ըլ­լալ եր­ջան­կու­թեան վեր­ջին աս­տի­ճանն է՝ որ ե­րա­նու­թիւն կը կո­չուի։

Ը­սինք, որ նոր փա­փա­քե­լի նիւ­թեր եւ նպա­տակ­ներ փնտռել՝ մար­դուս ան­կու­մին ալ պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ։ Հար­ցու­մով մը բա­ցատ­րենք այս ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Մար­դիկ այ­սօր ան­ցեա­լի մէջ, հի­նե­րու չու­նե­ցած­նե­րը ու­նի, շատ մը փա­փաք­ներ ի­րա­կա­նա­ցած է, շատ մը նպա­տակ­նե­րուն հա­սած է մարդ այ­սօր։ Ա­ւե­լիով ու­նի ա­մէն ինչ։ Սա­կայն մարդ­կու­թիւ­նը ա­սոնց­մով ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ, աշ­խարհ ա­ւե­լի խա­ղաղ ե­ղա՞ծ է։

Ա­նար­դա­րու­թիւն, չա­րու­թիւն, ա­տե­լու­թիւն, մարդ­կա­յին զա­նա­զան ցա­ւեր, վիշ­տեր, եւ վեր­ջա­պէս ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ մահը հե­ռա­ցա՞ծ է մար­դոց­մէ։ Ո՛չ։ Ու­րեմն մարդ պէտք է եր­ջան­կու­թիւ­նը փնտռէ կեան­քի նպա­տա­կին եւ ի­մաս­տին մէջ՝ Աս­տու­ծո՛յ մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 10, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016