ՔՆՆԱԴԱՏՈՂ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
Վերջին տասնամեակին, մանաւանդ շատ մը երիտասարդներու մօտ յատուկ սէր մը ծնունդ առած է քննադատութեան հանդէպ, սխալ այն ըմբռնումով, որ քննադատող անձը կրնայ հանրութեան կողմէ որպէս «գիտուն» կամ «իմաստուն» դիտուիլ: Ցաւ ի սիրտ, համացանցը բեմ կը հանդիսանայ նման երիտասարդներու եւ «ազատութեան» գաղափարին շուրջ պատսպարուած անոնք ազատ-անկախ կը կատարեն իրենց ցեխարձակումները՝ քննադատութիւն անուան տակ:
Որոշ ժամանակ քննադատելը տրուած էր մեծահասակներուն, որոնք փորձառութեամբ եւ հեռուէն նայողի աչքերվ կրնային քննել եւ պահանջել հարկին քննադատել այն, ինչ որ սխալ է իրենց համար։ Մերօրեայ քննադատները սակայն սխալները սրբագրելէ եւ առողջ քննադատութիւն մը ընելէ աւելի հեղինակութիւն մը պահելու եւ ընկերութեան մէջ «տեղ գրաւել»ու մարմաջէն կը տառապին. արեւմտահայ գրող, ուսուցիչ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշական իր «Արեւելահայ դէմքեր» աշխատութեան մէջ խօսելով գրող, մտաւորական, գրաքննադատ եւ պատմաբան Վրթանէս Փափազեանի քննադատի յատկութիւններուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Գիտէ՞ք աւելի նպաստաւոր պայմաններ հեղինակութիւն ապահովելու համար։ Չէ՞ որ քննադատութիւնը, նոր սահմանադրութեամբ մը, ծերակուտականներուն, ճերմակ մազերովներուն մենաշնորհը դարձած է»:
Այդ ծերակուտականներուն մօտ կար առողջ քննադատութիւն մը, որովհետեւ մարդիկ կը քննադատէին այն երեւոյթները՝ որոնք սխալ կը նկատէին, մինչեւ մեր օրերուն քննադատութիւնը փոխուած է ատելութեան ցեխարձակումի, որովհետեւ մարդ տեսնուած սխալը չէ որ կը քննադատէ, այլ անձն է որ այդ քննադատութեան թիրախ կը դարձնէ եւ այդ քննադատութեան յետին նպատակը երբեք ալ սրբագրել չ՚ըլլար, այլ ի ցոյց մարդկանց այպանել ու բարձրաձայնել դիմացինին թերութիւնները:
Վերջերս Գանատա ապրող երիտասարդի մը «ելոյթ»ները տեսայ համացանցի վրայ. 19-20 տարեկան պատանին ինքնավստահութեամբ համացանցի վրայ կը համարձակի քննադատել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, երկու կաթողիկոսները, կուսակցութիւնները եւ գրեթէ ամէ՛ն բան. երիտասարդին «ելոյթ»ները սկիզբ կ՚առնեն «այսօր միասնաբար պիտի վերլուծենք»ով՝ ինք իր անձին վերլուծաբանի հովեր տալով: Երիտասարդը ինքզինք ի վիճակի կը զգայ քննադատելու գրեթէ ամէն բան՝ փաստօրէն դիտում հաւաքելու եւ գիտուն ձեւանալու սիրոյն:
Ներկայիս որպէս թշնամութիւն եւ կռիւ նկատուող քննադատութիւնը անցեալին գրականութեան ամենէն սիրուած ու լաւագոյն ճիւղերէն մէկն էր, որուն ճամբով մայրենի լեզուն կը բիւրեղանար, սխալ գաղափարներու եւ ըմբռնումներու դէմ պայքար կը մղուէր եւ ճիշդն ու ճշմարտութիւնը հրապարակ հանելու կը ծառայէր:
Այսօր կռիւի մէկ ձեւ մըն է քննադատութիւնը մարդոց մօտ. կուսակցութիւններ միմեանց սխալներն ու թերութիւնները առանց սրբագրելու եւ առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելու միտում ունենալով. շատ անգամ քննադատութեան սէր ունեցողը կը տեսնէ իր մտերիմ-գաղափարակիցին սխալները, սակայն երբեք քննադատելու կարիքը չի զգար, որովհետեւ մերօրեայ տրամաբանութեամբ կարելի է քննադատել անոր՝ որ մրցակից կամ թշնամի է: Այս մտայնութիւնն է որ կ՚աղքատացնէ քննադատութեան որակը եւ դուրս կը բերէ իր հիմնական նպատակէն, վերածելով ցեխարձակման:
Քննադատութեան աղաւաղութեան դիմաց վերացաւ նաեւ քննադատութիւնը տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ընդունելու եւ վերլուծելու գաղափարը, որովհետեւ թշնամութեամբ գրուած քննադատութեան դիմաց ծնունդ առաւ նաեւ թշնամիի դէմ ի գործ դրուող պաշտպանութիւնը։ Քննադատուողներ սկսան քննադատութեան մէջ ըսուածներուն ուշադրութիւն չդարձնել եւ անոր ետին տրամաբանական կէտ մը չփնտռել, որովհետեւ մարդկային տկար միտքով այդ մէկը անմիջապէս թշնամական կեցուածք առնելով փորձեցին պաշտպանողական դիրք մը բռնել:
Իրականութեան մէջ հրաշալի բառակազմութիւն մը ունի քննադատել բառը. քննել եւ դատել, այսինքն առաջ որ մարդ խօսի պարտի քննել, ուսումնասիրել ու ճշդել եւ ապա կարծիք յայտնել ու դատել։ Մերօրեայ քննադատներուն մօտ քննելը չկայ. անոնք մասնագիտացած են դատելու բաժնին վրայ, որովհետեւ հակառակ գաղափարի տէր մարդու մը գոյութիւնը բաւարար է առանց քննելու դատելու անցնելու։
Մեր իրականութեան մէջ ունինք մեծ թիւով «քննադատ»ներ, որոնք հակառակ իրենց մասնագիտութեան կրնան քննադատել ամէն բան՝ բժշկութեան ոլորտէն սկսեալ մինչեւ գիտութիւն, աստղագիտութենէ մինչեւ ղեկավարութիւն։
Մեր մօտ քննադատութիւնը շատ անգամ սեփական թերութիւնները ծածկելու լաւագոյն ձեւն է, որովհետեւ բարձրաձայն ուրիշներուն թերութիւնները մատնանշելը արդարացում կու տայ սեփական թերութեանց։
Երանի՜ կարենանք բոլոր քննադատութիւնները ոչ թէ կռիւով, այլ իմաստութեամբ յաղթել, որովհետեւ տկարն է որ ուժի կը դիմէ, մինչ ինքնավստահ մարդը լոկ իր խելքով կը պայքարի։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -98-
Թերթի մէջ ամենէն առաջին յօդուածս որ ստորագրած եմ, եղած է քննադատութիւն մը, որուն դիմաց ստացած եմ փոխադարձ քննադատական պատասխան եւ այս վիճակը տեւած է չորս ամիս։ Սակայն երբեք քննադատ մը ըլլալու փափաքը չեմ ունեցած՝ նկատելով անոր դժուարին եւ պատասխանատու պարտաւորութիւնները։
Քննադատութեանս առաջին յօդուածը գրած եմ գրչանունով որ կրնայ յաւիտեան մնայ գաղտնի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ