ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կը խոստավանի եւ կ՚ըսէ. «Ո՛վ Քրիստոս, Դուն ինծի հետ էիր, բայց ես՝ ո՛չ»։
Երբ եկեղեցի կու գանք, կը մասնակցինք Ս. Պատարագի, պահ մը կը հեռանանք աշխարհային ամէն զբաղումէ, ամէն մտահոգութենէ եւ հոգեպէս կը հաղորդուինք, կը միանանք Քրիստոսի։ Իսկ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալով՝ մարմնապէս կը միանանք Յիսուսի։ Ուստի, պէտք է զգոյշ եւ զգօն մօտենանք Սուրբ Հաղորդութեան՝ որ հացը Յիսուսի Մարմինն է եւ գինին՝ Սուրբ Արիւնը։
«Հաղորդութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ յարաբերութիւն, հաղորդակցութիւն, մասնակցութիւն, կցորդութիւն, միացում։ Եւ ահաւասիկ, այս վերջին իմաստը կը համապատասխանէ Սուրբ Հաղորդութեան նեղ ու յատուկ առումին։
Արդարեւ, Սուրբ Հաղորդութիւն կը կոչենք Ս. Պատարագի արարողութեան ընթացքին օրհնուած «հաց»ը եւ «գինի»ն, որոնք Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ «կը գոյափոխուին» մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան։ Օրհնուած հացին եւ գինիին ճաշակումով հաւատացեալները կը հաղորդուին, կը յարաբերին եւ կը միանան իրենց Փրկչին հետ։
Յիսուս ներկա՛յ է գոյափոխուած հացին եւ գինիին մէջ՝ որ ճշմարտապէ՛ս իր Մարմինը եւ Արիւնն է։ Եւ հետեւաբար ո՛վ որ ճաշակէ եւ ըմպէ Յիսուսի Մարմինը եւ Արիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդունած կ՚ըլլայ իր ներսիդին եւ կը դառնայ տաճար Աստուծոյ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 16-17), (Բ ԿՈՐՆԹ. Զ 16)։
Սուրբ Հաղորդութեան զգալի նշաններն են բաղարջ հացը (անխմոր հաց) եւ անապակ գինին (ջինջ, անխառն, զուտ գինի), որոնք պատարագիչ քահանային աղօթքովը սրբագործուելով՝ կը փոխարկուին Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան, սակայն հացը եւ գինին իրենց նիւթը չեն փոխեր, այլ Փրկչին հոգեւոր ներկայութիւնը միայն կ՚ընդունին իրենց մէջ։
Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուող գոյափոխութիւնը եւ հաղորդուող հաւատացեալին Քրիստոսի հետ միացումը չենք կրնար տեսնել մեր մարմնական աչքերով, այլ կ՚ըմբռնենք հաւատքով եւ հոգիի աչքերով միայն։ Նոյնպէս կը զգանք նաեւ Քրիստոսի ներկայութիւնը, զօրութիւնը եւ ճաշակող հաւաատցեալներուն ստացած շնորհները։ Բա՛ւ է որ Սուրբ Հաղորդութիւնը ստացուի գիտակցութեամբ եւ ո՛չ թէ որպէս ձեւակերպութիւն մը…
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս պաշտօնապէս հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը վերնատան մէջ, երբ վերջին ընթրիքը կը կատարէր Իր աշակերտներուն հետ։ Եւ Յիսուս պատուիրեց, որ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը ընդմիշտ կատարեն զԻնք յիշելու համար։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ կենդանի հացը որ երկինքէն իջայ. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի. եւ այն հացը զոր ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է։ Զայն պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար». (ՅՈՎՀ. Զ 51-52)։ Եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսմ ձեզի. եթէ Որդւոյ Մարդոյ մարմինը չուտէք եւ Անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար…». (ՅՈՎՀ. Զ 54-58)։
Արդարեւ, Սուրբ Հաղորդութեան պէտք է մօտենալ մաքուր խղճմտանքով, խոստովանութեամբ, երկիւղածութեամբ եւ զգուշութեամբ։
Այս կէտին կարեւոր է յիշել, որ կիները գլուխնին գոց եւ ծածկուած հագուստով ըլլան եւ այնպէս մօտենան Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին։
Ուստի, ով որ անարժանաբար կը մօտենայ եւ կը ճաշակէ Յիսուսի մարմինը եւ արիւնը՝ իր մեղքերուն վրայ աւելի՛ ծանր մեղք կ՚աւելցնէ եւ կը պատժուի. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 27-30)։
Յիսուս Քրիստոս ներկա՛յ է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Սուրբ Հաղորդութեան ճաշակումով հաւատացեալը Քրիստոսի ներկայութիւնը ընդունած կ՚ըլլայ իր ներսիդին եւ կը սրբուի եւ կը մաքրուի իր մեղքերէն։ Կը զօրանայ Սուրբ Հոգւոյն շնորհներովը՝ սատանային՝ «չար»ին եւ մեղքին չարութիւնը յաղթելու համար։ Յիսուս Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց, որպէսզի շարունակուի Խաչին վրայ իր կատարած փրկագործութեան խորհուրդը։
Ահաւասի՛կ, այս պատճառով, հաւատացեալը պէտք է մասնակցի Ս. Պատարագի եւ յաճախ հաղորդուելու է, նամանաւանդ տօնական օրերուն։
Որեւէ ատեն հաւատացեալ մը երբ փափաքի, հոգեպէս պահանջքը զգայ, կրնայ հաղորդուիլ։ Հայ Քրիստոնեայ հաւատացեալը ամէն տարի նուազագոյն հինգ տաղաւարներուն հաղորդուելու է։
Քրիստոնեայ անհատը գոնէ տարին մէկ անգամ անպայմա՛ն պէտք է հաղորդուի։ Ո՛վ որ չի հաղորդուիր, ինքնաբերաբար ինքզինք դուրս ձգած կ՚ըլլայ Քրիստոնեայ հօտէն եւ միութենէն։
Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի արարողութիւնը շարունակութիւնը եւ յիշատակութիւնն է Գողգոթայի Խաչին վրայ կատարուող միակ պատարագին։ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին արարողութիւնը «անարիւն պատարագ» է եւ մատուցանող քահանան ալ կը կոչուի «պատարագիչ»։ Եւ հաւատացեալը «մասնակի՛ց» է Ս. Պատարագին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 16, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/21/2024
- 11/21/2024